ՅՈՅՍԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Յոյսը զօրութիւն մըն է՝ անոր միջոցով է, որ կեանքը կը գոյատեւէ եւ դարձեալ անոր միջոցով է, որ մարդ կրնայ պայքարիլ կեանքի զանազան նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն դէմ եւ ի վերջոյ յաղթութեամբ դո՛ւրս կու գայ ամէն փորձանքէ։
Արդարեւ, յոյսը, մարդուս կը սորվեցնէ ճշմարտութիւն մը՝ թէ չկա՛յ գիշեր մը, որու յաջորդած չըլլայ առաւօտը։ Եւ այն որ յոյսը չի կորսնցներ, գիտէ, որ կրնան գիշերները երկարիլ, բայց անպայման առաւօտը պիտի յաջորդէ։
Արդարեւ, կեանքի մէջ չկայ յաղթութիւն առանց պայքարի, ինչպէս գագաթներ առանց ժայռերու եւ վարդեր առանց փուշերու։ Ահաւասիկ, յո՛յսն է, որ մարդը կը զօրացնէ իր այս պայքարին մէջ։ Եւ ամէն յաղթանակի գլխաւոր դերակատարն է յոյսը՝ առանց որու անտանելի կ՚ըլլայ պայքարը։
Մարդիկ, ընդհարապէս մտահոգ են իրենց կեաքէն եւ հեւքոտ վիճակ մը ունին,
երբ յոյս չունին։ Իսկ անոնք որ յոյս ունին, երբ արեւը չի փայլիր, չեն մտածեր իսկ, թէ արեւը գոյութիւն չունի, ինչպէս երբ զԱստուած չեն տեսներ, չեն տարակուսիր թէ Ան գոյութիւն չունի։ Ուստի չտեսնել՝ բոլորովին ենթակայական վիճակ մըն է, երբ մարդ չի տեսներ կամ չի կրնար տեսնել որեւէ բան, որ գոյութիւն ունի, այդ չի նշանակեր, որ այդ մէկը գոյութիւն չունի։ Եւ արեւը օրինակ մըն է. մարդ երբեմն ամպերու պատճառով չի կրնար տեսնել արեւը, եւ կամ գիշեր ատեն չի տեսներ արեւը, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ արեւը գոյութիւն չունի, արեւը միշտ կայ, մարդն է, որ անիկա չի կրնար տեսնել։
Ահաւասիկ, յոյսը՝ ամպերու ետեւ արեւին գոյութիւնը զգալ եւ այդ մասին որեւէ տարակոյս չունենալ կը նշանակէ։ Յոյսը՝ խաւարին մէջ լոյսի նշոյլ մը, շող մը տեսնել կը նշանակէ։ Ան որ մութին մէջ այդ նշոյլը չի տեսներ, այդ կը նշանակէ, որ ան յոյս չունի, յոյսին զօրութենէն զրկուած է, անյոյս է եւ արդէն պատրաստ՝ պարտուելու կեանքին պայքարին մէջ…։
Արդարեւ, չկա՛յ ձախողութիւն մը այնքան կատարեալ, քան՝ «յաջողութիւն» մը, որ յոյսի արդիւնք չէ եւ զԱստուած դուրս կը թողու։
Յոյսը սա գիտնալ է. երբ Աստուած մարդը կ՚անցընէ քարքարուտ ճամբաներէ, վըս-տա՛հ ըլլալ, չերկմտիլ եւ չտարակուսիլ՝ թէ Ան անպայմա՛ն պիտի հայթայթէ նաեւ տոկուն կօշիկներ։
Արդարեւ, մեծ միտքեր գիտեն յոյսին կարեւորութիւնը, եւ յոյսով կ՚ապրին, յոյսով կը պայքարին կեանքի դժուարութիւններու դէմ։ Գիտակից մարդը միշտ ապագայի նկատմամբ յոյսի զօրութեամբ կը խորհի, կը ծրագրէ եւ լաւատեսութեամբ կ՚ընտրէ հեռանկար մը։ Այս իմաստով, «մեծ միտքեր» կը սերտեն գաղափարներ, միջակ միտքեր կը սերտեն դէպքեր. իսկ պզտիկ միտքեր կը սերտեն անձեր։ Եւ յո՛յսն է, որ գաղափարներ կը ստեղծէ եւ մարդուս լա՜յն խորհելուն պատճառ կ՚ըլլայ։
Յոյսը մարդուս առջեւ հորիզոններ կը բանայ, հեռանկարներ կը ստեղծէ։
Աստուած երբ մարդուն կը յայտնուի եւ կը կանչէ զայն, մարդը չի կրնար իր սեփական ուժերով լիօրէն պատասխանել աստուածային սիրոյն։ Ան պէ՛տք է յուսայ։ Պէտք է յուսայ, թէ Աստուած իրեն կարելիութիւնը պիտի տայ զինք փոխադարձաբար սիրելու եւ գործելու սիրոյ պատուէրներուն համաձայն։
Յոյսը՝ վստահութեամբ սպասումն է աստուածային օրհնութեան եւ Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան։ Ան նաեւ երկիւղն է Աստուծոյ սէրը վիրաւորելու եւ պատիժը գրգռելու։
Թէ ի՛նչ է յոյսը։
Յոյսը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է, որով մարդ կը բաղձայ իբր իր երանութիւնը ունենալ՝ երկինքի Արքայութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը, իր վստահութիւնը դնելով Քրիտսոսի խոստումներուն վրայ եւ ապաւինելով ո՛չ թէ իր ուժերուն, այլ Սուրբ Հոգիին շնորհքին օգնութեան։
«Պահենք մեր դաւանութիւնը յոյսին հանդէպ, որովհետեւ ան որ խոստացաւ՝ հաւատարի՛մ է», կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ. (ԵԲՐ. Ժ 23)։ Ան կ՚ըսէ նաեւ. «Հայրը՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, առատօրէն զեղուց այս Հոգին մեր արտերուն մէջ, որպէսզի արդարացած շնորհքովն Քրիստոսի, յո՛յսով ընդունինք ժառանգութիւնը յաւիտենական կեանքին» (ՏԻՏ. Գ. 6-7):
Յոյսին առաքինութիւնը կ՚ընդառաջէ երանութեան տենչանքին՝ զոր Աստուած դրած է ամէն մարդու սրտին մէջ։ Ան կը ստանձնէ յոյսերը, որոնք կը ներշնչեն մարդոց գործունէութիւնները. կը մաքրէ զանոնք եւ կը հունաւորէ դէպի երկինքի Արքայութիւնը։ Ան մարդը կը պաշտպանէ վհատութենէն, անոր թիկունք կը կանգնի լքումի վայրկեաններուն մէջ, կ՚ըդարձակէ սիրտը դէպի սպասումը յաւիտենական երանութեան։
Յոյսին տուած թափը՝ մարդս զերծ կը պահէ «եսասիրութենէն» եւ կ՚առաջնորդէ սիրոյ երանութեան։
Քրիստոնեայ յոյսը կը վերադարձնէ եւ իր լրումին կը հասցնէ «ընտրեալ ժողովուրդ»ին յոյսը՝ որ իր ծագումը եւ տիպարը ունի Աբրահամին յոյսին մէջ, որ Աստուծոյ խոստումներուն լիացումը գտաւ Իսահակի մէջ եւ մաքրուեցաւ զոհի փորձութեամբ (ԾՆՆԴ. ԺԷ 4-8), (ԾՆՆԴ. ԻԲ 1-18)։ Պօղոս Առաքեալ յոյսի մասին կ՚ըսէ.
«Յուսալով հակառակ ամէն յոյսի, ան հաւատաց եւ եղաւ հա՛յր բազմաթիւ ժողովուրդներու» (ՀՌՈՄ. Դ 18)։
Արդարեւ, քրիստոնեայ յոյսը ծաւալ կ՚առնէ Յիսուսի քարոզութեան սկիզբէն իսկ՝ երանութիւններուն հռչակումին մէջ։ Ուստի, «երանութիւններ»ը կը բարձրացնեն մեր յոյսը դէպի՜ Երկինք իբրեւ դէպի՛ խոստացուած «Նոր Երկիր»ը։
«Համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (ՀՌՈՄ. Ե. 4-5)։
Յոյսը, արդարեւ, չտեսնուածներու մասին տեսնուածի պէս, եւ ակնկալուածներու նկատմամբ իրականացած ըլլալու վստահութի՛ւն է։ Յոյսը որեւէ տարակոյս չ՚ընդունիր, եւ այս պատճառով, այն որ յոյս ունի, ինքզինք ապահով կը զգայ։
«Ահա թէ ինչու՝ սիրտս ուրախ է, լեզուս ցնծութեամբ կ՚արտայայտուի, եւ մարմինս կեանքի յոյսով պիտի հանգչի», կ՚ըսէ Դաւիթ նոյնինքն Յիսուսի մասին. (ԳՈՐԾ. Բ 26):
Յոյսը՝ ուրախութիւն է, ապահովութիւն է՝ ուժ է, զօրութիւն եւ կարողութի՛ւն, որ մարդը կը զօրացնէ կեանքի պայքարին մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 12, 2020, Իսթանպուլ