ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՄԱՍԻՆ - 1
Մխիթարեան լիսէի աշակերտութեան շրջանին մեր գրականութեան ուսուցիչը՝ հոգելոյս Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Այանեան, այլ գրական դէմքերու կարգին Հայ գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն Եղիա Տէմիրճիպաշեանի կեանքին եւ գրական վաստակին մասին տեղեկութիւններ փոխանցած էր։ Լիսէի գրասեղաններուն վրայ ստացուած տեղեկութիւններու վրայ բարդուած էին Գատըգիւղի եւ Պէշիկթաշի յուշամատեաններու պատրաստութեան ընթացքին բոլորովին նոր գիտելիքներ, որոնք յիրաւի զարմանք պատճառած էին։
Թէ ի՞նչ էր զարմանքի պատճառը։ Եղիա Տէմիրճիպաշեան Հայ գրականութեան պատմութեան անդաստանին մէջ ծանօթ էր որպէս գրչի մշակ, որպէս խմբագիր, որպէս ուսուցիչ, որպէս բանախօս, որպէս մտաւորական անձնաւորութիւն։ Մեր ի ձեռին ունեցած արձանագրութիւններուն լոյսին տակ նշմարեցինք, որ համայնքային վարչամեքենայէն ներս եւս ունեցած էր նաեւ վարչական գործունէութիւն, թէեւ ոչ երկարատեւ։
Եղիա Տէմիրճիպաշեանի կեանքը ընդելուզուած էր Պէշիկթաշի, Ենիգիւղի, Խասգիւղի, Գատըգիւղի եւ Բերայի թաղերուն հետ։ Եթէ նկատի չունենանք արտերկրեայ կեանքի օրերը, այս հինգ թաղերուն մէջ թողած էր յիշատակելի հետքեր։ Պէշիկթաշի մէջ 8 մայիս 1851-ին սկսած կեանքի օրերը իրենց վախճանին հասած են 6 յուլիս 1908-ին, Բերա, Ասմալըմեսճիտ, Հելլէն Նիսսընի բնակարանին մէջ, յետ անձնասպանութեան։
Պէշիկթաշի հետ առընչուած կապը նախ եւ առաջ ընտանեկան էր։ Ան, թոռն էր Պէշիկթաշի աւագերէց եւ Կարապետ ամիրա Պալեանի տաներէց՝ Յովհաննէս Աւագ Քահանայի։ Իր մկրտիչ քահանան ալ Պէշիկթաշի քահանայից դասէն՝ Բարսեղ Քահանայ Փափազեան։ Եղիա Տէմիրճիպաշեան Պէշիկթաշի իր մանկական յիշատակները կը փոխանցէր հետեւեալ տողերով, ուր կը նկարագրէր թաղեբնակ գաղթականներու հաւատաւոր կեցուածքը, որ ինքնին գնահատական արտայայտութիւն մըն էր.
«Ես երբ որ տղայ էի, (Պէշիկթաշ կը բնակէինք), ամէն առտու կանուխ եկեղեցի կ՚երթայի։ Մեծ հօրս առջեւ կը կենայի, Պէշիկթաշի աւագերէց Տ. Յովհաննէս քահանային, որ տաներէցն էր Կարապետ ամիրային, որ կառուցած էր այն եկեղեցին, մայրաքաղաքիս առաջին տաճարն ըստ գեղոյ ճարտարապետութեան։ Այն տաճարին չորս անկիւններն, այն տաճարին դուռն ու կեդրոնն այն ժամանակ դուք կը գրաւէիք ու մինչեւ այսօր ալ դուք կը գրաւէք, էրկրէն էկած մեր սիրական ախպըրտա՛նք, որ շալվար կը հագնիք` եամալը շալվար, որ շան խշտեակներու մէջ կը բնակիք, այլ որ շատ սիրելի էք ինծի ու շատ հաճոյ Աստուծոյ։ Պարզ հոգինե՛ր, զորս աւագերէց հաւս ամէն կիրակի իրեն սեղանակից կ՚ընէր, ձեր ամէնուդ գլխուն վրայ ամէն ատեն կը տեսնայի աննիւթական աղաւնին, որուն աչքերէն, որուն թեւերէն կը հոսէ յաւէտ շնորհքն աստուածային։ Ու եկեղեցին, երբ որ աղօթք կ՚ընէիք, ձեզի մտիկ կ՚ընէի, ու անո՜ւշ ինձ այն աղօթքները կը թուէին՝ առտուան այն եկեղեցւոյ աղօթերգերուն ու գիշերուան իմ մանկատի երազներուս մէջ տեսած թեւաւոր լուսատեսիկ էակաց նուագաձայնութեանց նման։ Իմ մանկական սուրբ ու սուր ականջներովս, ո՛ գաւառացի հաւատացեալ եղբա՛րք, մտիկ կ՚ընէի ձեր հառաչաձայն աղօթից խօսքերուն ընդ Աստուծոյ»։
Ենիգիւղը իրեն համար եղած էր երկրորդ բնակութեան վայր։ Ան բնակած էր հօրենական մեծ հօր՝ Գալուստ աղայի եւ հօրեղբօր՝ Ենովք Տէմիրճիպաշեանի տուներուն մէջ։ Այս թաղը եղած էր նաեւ իր կրթութեան առաջին օրրանը։ Յովհաննէս Պատուելիի դպրոցին աշակերտ Եղիան, հոս կը լրացնէր մայրենի լեզուի առաջին գիրքը, Չալըխեանի քերականութիւնը։ (Ֆէնէրճեան Գեղամ, Պետրոսեան Հրաչեայ, «Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Իր կեանքը եւ իր գործը», Կ.Պոլիս, 1921, էջ՝ 11)
Խասգիւղը եղած էր իր մտաւոր զարգացման վայրը։ Նախնական ուսումը Յովհաննէս Պատուելիի դպրոցին մէջ ստանալէ յետոյ աշակերտած էր Խասգիւղի Ներսէսեան եւ Նուպար Շահնազարեան վարժարաններուն մէջ։ Խասգիւղը եղած էր այն թաղը, ուր առած էր ուսուցչական ասպարէզի իր առաջին քայլերը, տակաւին երբ աշակերտ էր Նուպար Շահնազարեան վարժարանի։
Եղիա եղած էր նաեւ գատըգիւղաբնակ, ուր կորսնցուցած էր մայրը, մնալով՝ առանձին։ Իր տունը կը գտնուէր յունաբնակ թաղամասի մը մէջ եւ իր դրացիները չէին զբաղեր իրմով եւ զինքը կը կոչէին «ֆիլօզօֆօս»։ Եղիա, սիրահար մըն էր Մոտայի գեղատեսիլ տեսարանին, ուր կը նախընտրէր գիշերները բարձրանալ Մոտայի ժայռին գագաթը։ Այս մասին գրուած է. «Իրիկնամուտէն կէս ժամ ետքը, երբ Մօտայի Գաղղիական Եկեղեցւոյն անճէլիւսը սկսի հնչել եւ երեկոյեան աստղը փալփլիլ, Եղիա անվրէպ այս հրուանդանին ծայրն է միշտ»։
Գատըգիւղի մէջ էր, որ «մուրացկանի մը զգայնութիւնը ունենալ ուզելով» թիթեղէ տուփ մը ի ձեռնին ցնցոտիներու մէջ եկած էր Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ դրան առջեւ եւ այլ եօթը մուրացիկներու հետ սկսած՝ մուրալ։ Երբ կին մը, որ եկեղեցիէն կ՚ելլէր, չէր կրցած ութը մուրացիկին բաժնել իր տասնոցը եւ անով փոկեղ մը գնելով, անոր ութը կտորներէն մին տուած էր Եղիայի, չկարենալով աւելի կենալ։ Նոյն Եղիան, ապա մաքուր զգեստներով գացած էր Աբիկ Ունճեանի ապարանքը, ընդառաջելով եղած հրաւէրին եւ «աւուր պատշաճի ճառախօսած՝ ի ներկայութեան բազմականաց»։
Գատըգիւղը եղած էր նաեւ այն վայրը, ուր Եղիա Տէմիրճիպաշեան հոգեկան տագնապի հետեւանքով երկու անգամ անձնասպանութիւն փորձած էր, առաջինը՝ 1874-ին, իսկ երկրորդը՝ 31 մայիս 1893-ին։ Երկու դէպքէն ալ ազատած էր ու արժանացած՝ իր բարեկամներուն ասպնջականութեան։
Իր վարչական գործունէութիւնը երկու գլխարկման ներքեւ կ՚ամփոփուի, ազգային երեսփոխանի եւ թաղային խորհուրդի անդամակցութեան հանգամանքներով։ Առաջին անգամ 5 սեպտեմբեր 1882-ին Սթէնիա-Ենիգիւղ միացեալ թաղէն ընտրուած էր Ազգային երեսփոխան։ Իր մասնակցած առաջին նիստին մերժուած էր իր խօսելու խնդրանքը եւ այս պատճառաւ դառնանալով ներկայացուցած էր իր հրաժարականը։ Այդ նիստը իրեն համար եղած էր վերջին նիստ ու վերջնականապէս հրաժարած՝ 8 յունիս 1883-ին։ Հինգ տարի յետոյ այս անգամ 1888-ին Սամաթիոյ թաղէն ընտրուած էր Ազգային երեսփոխան։
Եղիա Տէմիրճիպաշեանի Պէշիկթաշի թաղային խորհուրդի անդամակցութիւնը կեանքի կը կոչուի 2 նոյեմբեր 1880-ին։ Սակայն առողջական պատճառներով Գատըգիւղ փոխադրուած ըլլալով 28 Դեկտեմբեր 1880-ին կը հրաժարի։ Երկրորդ անգամ, 1884-ին դարձեալ կ՚ընտրուի, հակառակ անոր որ Խասգիւղ կը բնակէր։ Արդէն իսկ առաջին նիստին կը բացակայի եւ անկէ յետոյ ալ իր անունին չենք հանդիպիր։
1880-ին, նախքան թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը գրի առած էր «Շրջագայութիւն իմ թաղիս մէջ» խորագրեալ հետաքրքրական գրքոյկ մը։ Հետաքրքրական էր նաեւ անոր համար, որ այս գրքոյկը գրի առնուած էր «Շարժեանց» ծածկանունով, ձօնուած՝ տիկին Մաքրուհի Պալեանի յիշատակին։ Հեղինակը որպէս նախաբան գրի առած էր երեք տող միայն.
Իմ նախաբանս, եւ իմ վերջաբանս, բառ մ՚է միայն։
Ո՞րն է այդ բառն։
ԴՊՐՈՑ։
ՇԱՐԺԵԱՆՑ
Հասգիւղցի
Պէշիկթաշ, 7 մայիս 1880
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ