ԻՆԿԱԾՆԵՐԸ՝ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐ
Մարմնավաճառութիւնն ու պոռնկութիւնը բարոյակա՞ն հարց է՝ թէ ընկերային, տակաւին յստակ չէ. սակայն պատահականութիւն մը չէ, որ նիւթապէս աղքատ երկիրներու մէջ անոնց գոյութիւնը աւելի կը տեսնենք։ Աղքատ երկիրներու մէջ պոռնկութեան աճը լուրջ ընկերային ու տնտեսական հարց մըն է. հոն՝ ուր հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, կրթութիւնը թերի՝ պոռնկութիւնը բարոյական անկում ըլլալէ աւելի գոյատեւման պայքարի կը վերածուի: Հոն ուր գոյութիւն ունի նիւթական անապահովութիւն, անկայունութիւն ու անհաւասարութիւն, պոռնկութիւնը կը դառնայ անխուսափելի. թէ՛ այսօր, թէ՛ անցեալին եւ գուցէ ապագային եւս այս մէկը ըլլայ դժբախտ իրականութիւն:
Այն երկիրներու մէջ, ուր քաղաքական ու տնտեսական համակարգերը չեն կրնար ապահովութիւն ստեղծել իրեն հպատակ ժողովուրդին համար, կամայ թէ ակամայ ի յայտ կու գայ մարմնավաճառութեամբ «արագ» դրամ շահելու գրաւչութիւնը. հետեւաբար այդ մէկը բարոյական խնդիր ըլլալէ առաջ պէտք է դիտել աղքատ երկիրներու մէջ նիւթական զրկանքներու անխուսափելի հետեւանք:
Ցաւ ի սիրտ, մեր ժողովուրդը եւս այս դժբախտութեան մէջ ունեցած է իր բաժինը. մանաւանդ անցեալին՝ պատերազմական թէժ տարիներուն նիւթական անապահովութիւնը յառաջ բերած է հայ մարմնավաճառներ. այս նիւթին մասին սրտցաւ խմբագրական մը կը գտնենք «Հայ կին» կիսամեայ հանդէսի 1 մարտ 1920 թուին մէջ (Ա. տարի, թիւ9)։ «Անկեալ կիներու հարցը» խորագրեալ խմբագրականին մէջ կը կարդանք. «Մեզի համար Ընդհ. Պատերազմի պատճառած թերեւս ամենէն մեծ աւերն է կանանց եւ մասնաւորապէս հայ կանանց անկումի հարցը, բարոյական, ընկերային եւ ֆիզիքական առումներով»: Խմբագիրը կը հաւատայ, որ պատերազմը մեզմէ բազմաթիւ զոհեր խլեց, սակայն անոնց չափ եւ աւելի բարոյական զոհեր տուաւ. 1915 թուականէն ետք շատ մը հայ կիներ օտար ափեր հասան ո՛չ միայն հոգեպէս, այլ բարոյապէս մեռած վիճակով: Այս բոլոր դժուարութիւններուն մէջ գոյութիւն ունէր մահու եւ կենաց պայքար մը եւ ի գին այդ պայքարին՝ շատ մը հայ կիներ եւս յանձն առին բարոյապէս յաղթուիլ՝ մարմնապէս գոյատեւելու համար: Խմբագիրը տեսնելով այդ հայ կիներուն վիճակը կը գրէ. «Փողոցները կը վխտան հայ կիներ ու աղջիկներ, որոնք պատերազմի ընթացքին սա կամ նա կերպով մոլորած՝ անդունդին մէջն են այսօր». արդէն իսկ «բարոյականութիւն» բառը չի հրապուրեր զիրենք:
Ներկայիս այդքան հետաքրքրուող չկայ, սակայն անցեալին այդ մէկը ազգային արժանապատուութեան հարց մըն էր. այդ իսկ պատճառով խմբագիրը կը հաւատար, որ ազգը կարիքը ունի «երկաթէ ձեռքեր»ու, որոնք կրնան հայ կինը դուրս քաշել այդ տիղմէն: Խմբագիրը չի՛ մեղադրեր այդ կինը, այլ մեղաւոր կը նկատէ ամբողջ հայութիւնը:
Այդ ընկերային ու բարոյական անկումը, ցաւ ի սիրտ, վերջ չունի եւ ամէ՛ն օր տեղի կ՚ունենայ. նման ոլորտի մը մէջ աւելցողները աւելի են՝ քան պակսողները. ցաւ ի սիրտ, ականատես կ՚ըլլանք, որ որքա՛ն անոնց թիւը աճի՝ նոյնքան անոնց տարիքային սահմանները կը նուազին. շատեր այս հարցը կը նկատեն համամարդկային, սակայն մենք կը խօսինք մե՛ր մասին, մեր հայորդիներուն մասին, որոնց խոցելի արարքը կը շարունակէ մնալ ազգային արժանապատուութեան լուրջ խնդիր մը:
Մարմնավաճառութեամբ զբաղող կիներու հանդէպ ունինք ազգային ատելութիւն մը, մոռնալով որ ատելութիւնը չէ՛ որ զիրենք կը փրկէ ու կը վերականգնէ ազգային արժանապատուութիւնը. հայ գրողներէն Վահան Մալէզեան իր «Տարագիրի յուշագիրը» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ինկածե՜ր: Եւ չենք խորհիր վայրկեան մը իսկ անոնք վեր վերցնել գետնէն, ցեխին մէջէն՝ ուր մխրճեր է իրենք անզգամին մէկը, հիմա երջանիկ մը, գուցէ պատուաւո՜ր մը՝ կեղծիքներէ շղթայուած ընկերութեան մէջ, որուն անոնք խորթ զաւակներն են, նախատադրոշմ պիտակները...»: Այդ կիները Մալէզեան կը նմանեցնէ ծաղիկի մը, ըսելով. «-Ճմռթկուած ծաղիկ մը, զոր պժգանքով կը նետենք, առանց անիծելու ճմռթկող ձեռքը»: Գրողը կը յորդորէ. «մի՛ քամահրէք ինկածները»:
Նոյն այդ ինկածները բազմաթիւ են այսօր հայրենիքէն ներս. զանոնք կարելի է տեսնել օր ցերեկով՝ առանց ամօթի, առանց զգացումի, կեղծ գեղեցկութեամբ մը շպարուած. գոյութիւն ունի՞ եւ կամ արդեօք երբեւէ ունեցա՞ւ այդ երկաթէ ձեռքը, որպէսզի զիրենք դուրս բերէ այդ տիղմին մէջէն. այսօր շատեր շատ պարզ մօտեցում ունին նման հարցի մը շուրջ, որովհետեւ կը տեսնեն, թէ ամբողջ աշխարհը նոյն հարցով կը տառապի. պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ նման ինկածներ եւս մայրեր են եւ ուզենք թէ ոչ, ապագայ սերունդ պիտի դաստիարակեն: Օտարամոլութիւնը մեր մէջ կը ստեղծէ անբարոյականութեան նոր հոսանք մը. այսօր համացանցի մէջ ունինք բազմաթի՜ւ կէս ինկածներ, որոնք օտարներու ցոփութիւնները ընդօրինակել կը փորձեն: Թէ՛ պետութիւնը եւ թէ եկեղեցին պէտք է լուրջ աշխատանք տանին նման հոսանքի մը դէմ՝ որպէսզի ինկածները փրկելու փոխարէն նոր ինկածներու հոսանքին ականատես չըլլանք:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Զգայուն ըլլալը լա՞ւ բան է, թէ ոչ:
Պատասխան. Զգայուն ըլլալը ունի թէ՛ իր լաւ եւ թէ վատ կողմերը. դրական կողմը այն է, որ զգայուն մարդուն համար նշանակութիւն ունի յոյզերը եւ իր ազդեցութիւնը ունի ուրիշներու հետ յարաբերուելու ընթացքին: Զգայուն ըլլալը կրնայ խթանել ստեղծագործական միտքը. բայց եթէ զգացումները մարդը կը ճնշեն, ժխտական հետեւանք կ՚ունենայ. հիմնականը պէտք է գիտնալ հաւասարակշռել զգացումները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան