ԱՆՑԵԱԼԻ ՄԷՋ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ
17 Սեպտեմբեր 1911 թուակիր Հայ Մամուլին մէջ կը հանդիպինք «Բաց-հարցարան» նամակի մը՝ ուղղուած Պատկառելի Կրօնական Ժողովին՝ Մանուկ Դանիէլեանի կողմէ, ուր պատասխան կը սպասուի կարգ մը քահանաներու զեղծարար եւ աններելի յանցանքներով պատճառ դարձած գայթակղութիւններուն մասին։ Մանուկ Դանիէլեանի ստորագրութեամբ յանձնուած այս գրութեան մէջ, այդպիսի քահանաներ կ՚անուանուին՝ «գիժ-տէրտէրներ»։ Ուրեմն տեսնենք, թէ այս գրութեամբ ո՞ր հարցումներուն պատասխան կը սպասուի։
ԲԱՑ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ ՊԱՏԿ. ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
Ցաւերով եւ արիւն-արցունքով իր օրական հացը ճարող ժողովուրդը տակաւին կ՚ապրի իր պապենական մաքուր հաւատքով եւ կրօնական ջերմեռանդ սիրով։ Եւ սակայն շինական (=գիւղացի, ռամիկ) աշխարհի մէջ կան եւ կը գտնուին գիժ-տէրտէրներ (=անխելք, խենթ, յիմար-քահանայ), կրօնի անարժան պաշտօնեաներ, որոնք իրենց զեղծարար ընթացքով, եւ աններելի յանցանքներով գայթակղութեան պատճառ կը դառնան շինական այս հաւատաւոր ժողովուրդին, կը պղտորեն անոր մաքուր հաւատքը եւ կրօնական զգացումները, ու այսպէս կը պաղեցնեն զայն Եկեղեցիէն ալ, եկեղեցական սրբութիւններէն ալ։
Այս տխուր պարագաները կը թելադրեն զիս հրապաարակային քանի մը հարցումներ ընելու Կրօն. Ժողովի Պատ. Հայերուն։ Կը յուսամ եւ մանաւանդ վստահ եմ որ գոհացում պիտի տրուի մեր այս անկեղծ փափաքին, նոյնպէս հրապարակաւ, եւ մամուլի միջոցաւ։ Տրուելիք հրապարակային լուսաբանութիւնները շատերուն համար ալ օգտակար պիտի կրնան ըլլալ։
1.- Երբ մարդ մը, առանց որ եւ է ժողովուրդի մը հաւանութեան եւ խնդրանքին, ինք իր գլխուն կեղծ եւ շինծու հանրագրութիւններ (=անհատներէ ստորագրութիւն հաւաքել՝ իբր բողոք կամ խնդրանք իշխանութեան մը դէմ) կը պատրաստէ եւ քահանայ կը ձեռնադրուի՝ Ազգն ալ, Եկեղեցին ալ եւ ձեռնադրող Եպիսկոպոսն ալ խաբելով, իրապէս կրնա՞յ քահանայ կոչուիլ։ Ժողովուրդը պէ՞տք է եւ պարտակա՞ն է զինքը իբրեւ օրինաւոր քահանայ ընդունիլ եւ յարգել։ Եթէ այո՛, ի՞նչ ապացոյցներով եւ օրինական փաստերով, իսկ եթէ ոչ, ուրեմն ի՞նչ ընել պէտք է այս տեսակ խաբեբայի մը։ Բռնութեամբ եւ խաբեբայութեամբ կատարուած պսակները չեղեալ եւ լուծեալ կը համարուին, սակայն խարդախութեամբ ձեռք բերուած քահանայութեան ի՞նչ ընելու է։
2.- Երբ լքուած, երեսի վրայ թողուած կնոջ մը նախկին ամուսինը իր կինը չուզէ արձակել որ եւ է փոխարինութեամբ, առջի «նիքեահ»ը «նիքեահ» (=ամուսնութիւն, կարգուիլ) մնալով, երկրորդ մըն ալ չի կատարուիր, մինչեւ որ առաջին «նիքեահ»ը չջնջուի։ Այս պարագային, կը դիմեն Հայ քահանայի մը, կինը եթէ քրիստոնեայ չէ, մկրտել կու տան, կը հայացնեն։ Այսպէս «նագլի մէզհէպ» (=հաւատափոխ, դաւանափոխ) ընելով նախկին «նիքեահ»ը կը ջնջուի, եւ այդ կինը կրկին իր կրօնին դարձնելով՝ երկրորդ անգամ «նիքեահ» ընել կու տան։
Ա՛րդ, քահանայ մը, երբ այս նպատակով, դրամի եւ շահու համար, ոչ-քրիստոնեայ կինը կը մկրտէ եւ կրկին իր կրօնին դարձնել կու տայ, կրօնքը եւ կրօնական սրբութիւնները գործիք եւ խաղալիկ դարձնելով վաւաշոտ (=լկտի, հեշտասէր, տռփոտ) կիրքերուն, ի՞նչ ընել պէտք է։ Հայրապետադիր օրէնքներով՝ ներելի չէ՛ սրբալոյս Միւռոնը նոյնիսկ մարմնական բժշկութեան գործածել. ուրեմն ի՞նչ ընել հարկ է քահանայի մը, երբ այս տեսակ աղտոտ միջոցներու եւ լպիրշ (=լիրբ, անամօթ, լկտի) նպատակներու կը գործածէ սրբալոյս Միւռոնը։ Այս տեսակ գիժ-տէրտէրներուն համար օրինական ի՞նչ պատիժներ կան։
3.- Տակաւին երիտասարդ, այրիացեալ քահանաներուն ներելի՞ է ժողովուրդին մէջ մնալ եւ քահանայագործել։
4.- Կրօնական Ժողովներէ եւ Եպիսկոպոսէ դատապարտուած, փիլոնազրկութեան (=քահանայական պաշտօնէ զրկուած՝ որպէս պատիժ) ենթարկուած քահանայ մը կրնա՞յ քահանայագործել, Խորհուրդներ կատարել տակաւին իր դատապարտութեան պայմանաժամը չաւարտած։ Եւ երբ Եպիսկոպոսին, Կրօնական Ժողովներուն արդար եւ իրաւացի որոշումներուն չանսայ եւ չհնազանդի քահանայ մը, ի՞նչ ընել հարկ է իրեն օրինական տեսակէտով։
5.- Երբ քահանայ մը կը դաւաճանէ իր Եկեղեցին եւ եկեղեցականները, երբ քահանայ մը կը մատնէ իր ազգն ու ազգակիցները, պէ՞տք է զինքը ընդունիլ իբրեւ կրօնի պաշտօնեայ։
6.- Ի՞նչ ընել հարկ է այն քահանային, որ «տէրէպէյի»ներուն ապաստանելով, անէծք մը, կատարեալ փորձա՛նք մը կը դառնայ Ազգին եւ ժողովուրդին գլխուն։
7.- Ի՞նչ պէտք է ընել այն քահանային, որ փոխանակ իր քահանայական գործերով պարապելու, կախարդութեամբ, վհուկութեամբ եւ «թուղթ ընել»ով իր ժամանակը կ՚անցընէ։
Եկեղեցական օրէնքները, հայրապետական կանոնները կախարդ եւ «թուղթ բացող» կղերներուն համար ի՞նչ տեսակ պատիժներ որոշած է։
Կը սպասենք սոյն հարցումներու հրապակային լուսաբանութեան։
ՄԱՆՈՒԿ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ (1911)
Երբ կը կարդանք այս տողերը՝ պէտք է նկատի ունենանք, որ այդ բոլոր հարցերը կը պատկանին աւելի քան դար մը առաջուան։ Ուրեմն այսօր նոյն հարցումները ուղղել էապէս կարելի չէ՛, քանի որ ընդհանուր պայմանները բոլորովին, կամ ըսենք մեծ մասամբ փոխուած եւ բարեշրջուած են։ Ուստի ժամանակի ընթացքին այդ բարեշրջումը բնական է, քանի որ բնութիւնը միշտ ընթացքի մը մէջ է, ընթացք մը՝ որ միշտ կը յառաջանայ դէպի լաւը, դէպի կատարեալը։ Մարդկային ընկերութիւնն ալ եւ անոր անմիջական մասը՝ Եկեղեցին ալ ենթակայ է այս բարեշրջման, այս դէպի կատարեալ ընթացքին։ Եւ ուրեմն անցեալ մէկ դարու ընթացքին անշուշտ որ բարեփոխուած է պայմանները։
Պէտք է ընդունիլ եւ խոստովանիլ, որ այսօր ժողովուրդը այնքան միամիտ կամ պարզամիտ չէ, եւ բնա՛ւ չէ, որ քահանայի մը խաբէութիւններուն խաղալիկ ըլլայ։ Իսկ քահանայութիւնը, այսօր, իրապէս նոր նկարագիր մը, նոր կեցուածք մը ստացած է՝ շնորհիւ բծախնդիր ընտրութիւններու։ Այսօր կարելի իսկ չէ հանդիպիլ վերոյիշեալ «բաց-հարցարան»ին մէջ յիշուած քահանայի տիպարներու։ Անցեալ մէկ դարը իրապէս շատ բան փոխած է՝ թէ՛ ժողովուրդին տեսակէտէ եւ թէ հոգեւորականի, եկեղեցականի տեսակէտէ։
Բայց մենք կ՚ուզենք գիտնալ, թէ ի՞նչ եղած է այդ թուականի Կրօնական Ժողովի պատասխանը։ Մենք չհանդիպեցանք որեւէ լուսաբանութեան այս մասին, առնուազն մօտաւոր թուականներու հրատարակուած թերթերու մէջ, մամուլի էջերուն մէջ։
Անշուշտ հետաքրքրական պիտի ըլլայ սորվիլ, եթէ առիթը տրուի, նոյն թուականի Կրօնական Ժողովի որոշումները ուսումնասիրելով գտնել եւ գիտնալ որոշում մը այդ մասին, անշուշտ եթէ կա՛յ…։
Ուրիշ հարց մըն ալ սա է. այսօր կարելի՞ է աշխարհականի մը համար վերոյիշեալ «բաց-հարցարան» մը ուղղել ներկայ Կրօնական Ժողովին՝ օրուան եկեղեցական հարցերու շուրջ։ Եթէ կարելի է, ապա ուրեմն անոր պատասխանելն ալ կարելի պէտք է ըլլայ։ Բանականութիւնը այդ ցոյց կու տայ…։
Այսօր, օրուան հարցերու շուրջ, աշխարհական մը, կամ բանիմաց, բծախնդիր պարզ եկեղեցական մը, եթէ հարցումներ ուղղէ Կրօնական Ժողովին, ան կը պատասխանէ՞, եւ ի՞նչպէս կը պատասխանէ։
Պարզապէս հասկնալ կ՚ուզէինք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 6, 2016, Գնալը կղզի