ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ ՇԻՐՎԱՆԶԱՏԷ (1858-1935)

7 օգոստոս 1935 թուականին, 83 տարի առաջ, Երեւանի մէջ մահկանացուն իր կեանքը կը կնքէր Հայ վիպական եւ թատերական գրականութեան յայտնի դէմքերէն Շիրվանզատէ գրչանունով Աղեքսանդր Մովսէսեան։

Աղեքսանդր Մովսէսեան 1858 թուականին ծնած էր Շիրվան՝ ուրկէ եկած է իր գրչանունը՝ Շիրվանզատէ։ Հազիւ տասնհինգ տարեկանին, գաւառական վարժարանէն ընթացաւարտ, ան կը մեկնի Պաքու «մի կտոր հաց շահելու»։

Ան քարտուղարական պաշտօն կ՚ապահովէ նահանգային վարչութեան մէջ, միաժամանակ հետեւելով շրջանի Հայ մամուլին՝ «ՄՇԱԿ», «ՄԵՂՈՒ», «ԿՌՈՒՆԿ»։ Տկար է եղած իր հայերէնը պատանութեան օրերուն, սակայն, Պաքուի «Մարդասիրական ընկերութեան» մէջ գրադարանապետի իր պարտականութիւնը առիթ է տուած, որ շուտով զօրացնէ մայրենի լեզուն։

Կարճատեւ շրջան մը գրագրային պաշտօն վարելէ ետք Պաքուի նաւթային ընկերութիւններէն մէկուն մէջ՝ կը հարկադրուի լքել այդ գործը, որովհետեւ Ձարական իշխանութիւնները կը կասկածէին իրմէ, Ռուսաստանէն դէպի Կովկաս աքսորուած ուսանողներու եւ իր միջեւ «կապեր» տեսնելով…։

1878-1898, քսան տարի, խմբագրական եւ քարտուղարական զանազան պաշտօններ վարելէ ետք Պաքուի եւ Թիֆլիզի շրջաններուն մէջ, Ղազարոս Աղայեանցի եւ «Հնչակեան» կարգ մը այլ դէմքերու հետ կ՚աքսորուի՝ Օտեսա՝ իբրեւ «քաղաքական կասկածելի»։ Աքսորավայրէն Թիֆլիզ կը վերադառնայ 1905 թուականին։ Հայ եւ թաթարական ընդհարումներու շրջանին եւ կ՚անցնի Փարիզ՝ ուր մինչեւ 1911 կը հետեւի Սորպոնի գրական դասընթացքներուն։

1911-էն մինչեւ 1919 Հայաստան է Աղեքսանդր Մովսէսեան, իսկ 1919-1926 վերստին արտասահման՝ Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, աւելի յետոյ 1926-1935 դարձեալ Հայաստան՝ ուր պիտի կնքէր նաեւ իր մահկանացու կեանքը 7 օգոստոս 1935 թուականին։

1878-էն մինչեւ 1935, աւելի քան յիսունեւհինգ տարի, Շիրվանզատէ եղաւ եւ մնա՛ց արձակին, պատմուածքին, վիպակին, վէպին, եւ թատրերագրային արուեստի աշխատունակ մշակը։

Խմբագրի, աշխատակցի, գրագէտի թէ քարտուղարի իր բոլոր տքնութիւններուն մէջ՝ հաւասար տաղանդով արժեւորած է իր կարելիութիւնները, կարողութիւնները, իբրեւ քանակ թէ որակ պատկառելի՜ վաստակով մը։

Արդարեւ, գործին արժեւորումը կատարելով ի՛ր ժամանակին մէջ եւ աննկատ թողլով արդար թէ անտեղի վերագրումներ մարդկային իր տկարութիւններուն մասին, պարտաւոր ենք հաստատելու իր գործը՝ վիպողի արտակարգօրէն ցայտուն իր շնորհները, տիպարներու ընդմէջէն բարքեր տարածելու մարդուն եւ կեանքին պայքարով «նկարագիրներ» յայտնաբերելու գրագիտական բացառիկ տաղանդը։ Ուստի, քիչեր իրեն չափ արդիւնաբեր եւ օգտակար կրցած են ըլլալ, եւ շա՜տ աւելի քիչեր՝ իրեն չափ վիպելու «թեքնիկ»ին հաղորդ։

1878-ին սկսած է աշխատակցիլ Ռուսական եւ Հայ թերթերու։ Պաքուի աշխատաւորական կեանքէն պատկերներ է հրատարակած նախ՝ «ՄՇԱԿ»ի մէջ՝ 1880-1881 տարիներուն։ 1883 թուականին, երբ Թիֆլիզ է արդէն, դարձեալ «ՄՇԱԿ»ի էջերուն լոյս ընծայած է «Հրդեհ Նաւթագործարանում» եւ «Գործակատարի Յիշատակարանից» վիպակները։

1884 թուականին, «Գործ» եւ «Արձագանգ» հանդէսներուն մէջ «Նորերից Մէկը» եւ «Օրիորդ Լիզա» վիպակները, իսկ 1885-ին վիպական իր առաջին նուաճումը՝ «Նամուս», Թիֆլիզի «Հրատարակչական ընկերութեան» միջոցաւ։

1886-ին խմբագրական քարտուղարն է «ԱՐՁԱԳԱՆԳ»ի. յաջորդաբար կը գրէ եւ կը հրատարակէ իր ծանօթ պատմուածքներէն եւ վէպերէն «Խնամատարը», «Արամբի», «Զուր Յոյսեր»։

1889-1892՝ «Մուրճ» ամսագրի մէջ կը հրատարակէ «Արսէն Դիմաքսեան» անուն յայտնի վէպը, 1896-ին՝ «Կրակը», եւ 1898-ին «Քաոսը»։

Թատերական իր գործերէն «Արմենուհի»ն, «Կործանուածը» եւ «Աւերակների Վրայ»ն գրած է 1906-1911 հնգամեակին, Փարիզի մէջ, երբ ունկնդիր-ուսանող էր Սորպոնի։

1911-1919 տարիներուն հրատարակած է «Ցաւագարը», «Չար Ոգին», «Ո՞րն է Մայրը», «Հերոսի Վերադարձը» եւ «Ալինա» վիպական գործերը։

Սիրային թէ բարացուցական իր վիպակները ուժգին հակազդեցութիւններու տեղի տուած են 1880-ական եւ 1890-ական թուականներուն, որովհետեւ գրագէտը աննկատ կը թողուր շրջանի բարոյական, ընտանեկան, ընկերային եւ ընդհանրապէս աւանդական ըմբռնումները՝ իր ստեղծած գրական թէ՛ բացասական եւ թէ՛ դրական տիպարներուն մէջ հոգեբանախօսական եւ բնազդային հակումներուն նախապատուութիւն տալով մանաւանդ, սիրային կեանքէ թելադրուած «էնթրիկ»ներու՝ մեքենութիւններու, կնճիռքներու եւ կամ պայքարներու մէջ սեռայինը մեկնակէտ նկատելով տիպարային սկզբունքային վերլուծումներու։

Արդարեւ, Գաբրիէլ Սունդուկեանցի հետ՝ Աղեքսանդր Մովսէսեան՝ Շիրվանզատէ արեւելահայ վէպի ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկն է անկասկա՛ծ։

Ուստի պէտք է ճանչնալ եւ պատեհ առիթներով յաճախ յիշել մեր արժէքները՝ որոնց գործերուն վրայ կը կանգնի ընդհանուր մշակոյթը եւ անոնցմով կը զարգանայ։ Երախտագիտութեան պարտք մըն է նաեւ անոնք յիշել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 7, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 16, 2018