ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՉԱՓԱՀԱՍՈՒԹԻՒՆ

Առ հասարակ ընտանիքը, ընդհանուր դաստիարակութիւնը, մարդս արտաքնապէս շրջապատող հանգամանքները, հասարակական շրջանը, մանաւանդ բարոյական եւ մտաւոր զարգացումը, ընդհանրապէս աւանդութիւններ, սովորութիւններ, մեզ կը տպաւորեն եւ մեծ ազդեցութիւն կը գործեն մեր ընդհանուր խորհելակերպին, գործունէութեան եւ ընթացքին վրայ։ Աւանդաբար փոխանցուած սկզբունքներ, հաւատալիքներ, ըմբռնումներ ընթացք կու տան կեանքին։ Եւ այս բոլորը մեծ ազդեցութիւն ունին նաեւ մարդուս մտքի եւ կամքի ազատութեան վրայ։

Արդարեւ, ամէն տեսակ գործի եւ ձեռնարկութեան մէջ, ո՛րքան առաւել եւս մեծ ազդեցութիւն ունին այդ բոլորը մանաւանդ՝ ամուսնութեան խնդիրը լուծելու ժամանակ, այդ նշանաւոր քայլը դնելու ատեն, երբ յաճախ կը պայքարին մտքի եւ կամքի դէմ սրտի զգացումները եւ հոգեկան գրգիռները։

Մարդու մտքի եւ կամքի սահմանափակ ազատութիւնը աւելի եւս սահմանափակ կ՚ըլլայ, եթէ ամուսնացողը չունի հարկաւոր եղած հասունութիւնը, ֆիզիքական-մարմնական եւ մտաւոր կատարեալ զարգացումը, չունի, մէկ խօսքով, «չափահասութիւն»։ Որովհետեւ «անչափահաս»ը՝ մանուկը կամ պատանին միշտ կ՚ենթարկուի իր ծնողներուն եւ անմիջականօրէն շրջապատողներու, մերձաւորներու ազդեցութեան, աւելի շուտով կը խաբուի կամ կը սխալի, չի կարողանար հեռատեսութեամբ եւ շրջանկատողութեամբ նախագուշակել իր գործողութեան բոլոր բարի կամ չար հետեւանքները, ընդհանրապէս չունի ան «մտքի եւ կամքի լիակատար ազատութիւն»ը։ Ուստի, այդպիսի դրութեան մը մէջ կարելի չէ կատարեալ իրաւունքով պահանջել մարդոց պատասխանատուութիւնը իր գործողութեան համար եւ ան միշտ իրաւունք պիտի ունենայ հասուն միտք եւ ազատ կամք ստանալէ յետոյ փոխե՛լ իր գործողութիւնը։

Բայց որովհետեւ ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղ ամուսնութեան էական նպատակներէն մին կը համարուէր երկու ամուսիններու՝ այր ե՛ւ կնոջ յարատեւ ցմահ կենակցութիւնը, ուստի պէտք էր ջանալ այնպիսի հիմունքի վրայ հաստատել ամուսնութիւնը, որ կարելի չափով անխա՛խտ, անսասան պահպանուէր այդ նպատակը, որ ամուսինները՝ այրը եւ կինը հիմնաւոր պատճառ չունենային բաժնուելու իրարմէ։

Այս է ահա՛ պատճառը, որ այն օրէն, երբ գոյացաւ ամուսնութեան հաստատութիւնը, անոր հետ միասին յառաջ եկաւ ուրիշ մի քանի պայմաններու հետ ե՛ւ ամուսնական չափահասութեան պայմանը։

Եւ դարձեալ, այս է պատճառը, որ բոլոր հին եւ նոր ազգերու կրօնական եւ աշխարհական քաղաքական օրէնքները հարկաւոր կը համարէին միշտ պահանջել ամուսնութեան օրինաւորութեան համար «ամուսնական չափահասութիւն»ը եւ որոշել պարտաւորուած էին «հասակ», տարիք կամ սահման այդ «չափահասութեան» համար։

Եւ որովհետեւ ամուսնութեան արտաքին գլխաւոր նպատակն է «որդեծնութիւն»ը, իսկ այդ կարելի է ըլլալ միայն ամուսնական յարակցութեամբ, եւ այս պատճառով ամուսնական չափահասութիւնը կապուած է, սովորաբար, ամուսնական յարակցութեան ընդունակութեան կամ կարողութեան հետ։ Երբ անհատ մը՝ արու կամ էգ, տղայ կամ աղջիկ, այր կամ կին, մարմնական զարգացմամբ եւ բնութեան ազդեցութեամբ կը ստանայ ընդունակութիւն կամ կարողութիւն կատարել ամուսնական յարակցութիւնը կամ «սերմանել»՝ «seminare» կամ «generare», (Մխիթար Գօշ), ան կը համարուի «չափահաս» ամուսնանալու համար։ Այս պատճառով, հին ժամանակներուն չկար նախապէս որոշուած հասակ կամ տարիք ամուսնական չափահասութեան համար ընդհանրապէս իբրեւ ընդհանուր կանոն, այլ ամէն անգամ կ՚որոշուէր ամէն մէկ արու կամ էգ անհատի համար առանձին՝ նայելով անոր արտաքին ֆիզիքական-մարմնական զարգացման վրայ։ Իբրեւ արտաքին նշան մը կամ ապացոյց այդպիսի զարգացման կամ չափահասութեան՝ կը համարուէր մազերու բուսնիլը, տեսնուիլը մարմնի մի քանի տեղերու վրայ։ Եւ այդ արտաքին նշանով կ՚որոշուէր ամուսնական չափահասութիւնը՝ մինչեւ իսկ միջին դարերուն, երբ չկար ուրիշ աւելի հաստատ ապացոյցներ, հաւաստի տուեալներ։

Բայց ամուսնական չափահասութեան որոշուելու սովորական կանոնն էր՝ զննել ամուսնացողներու կազմուածքը, սակայն քանի որ այդ կերպով կը շօշափուէր ամուսնացող պատանիի եւ մանաւանդ աղջկայ բարոյականութիւնը եւ ամօթխածութիւնը, ուստի շուտով ամէն տեղ ընդունուեցաւ այդ կանոնի փոխարէն՝ փոխանակ այդ կանոնի որոշեալ հասակ կամ տարիք։

Հին ժամանակներուն, երբ մարդկային կեանքը աւելի մօտ էր բնական պարզութեան, երբ կլիմայի եւ բնութեան այլ երեւոյթներու ազդեցութեան տակ առաւելութիւն ունէր մարդու ֆիզիքական զարգացումը, մարմնական կազմուածքը, քան թէ մտաւորականը. ամուսնական չափահասութիւնը աւելի շուտով կը հասնէր, այսինքն՝ ամուսնական յարակցութեան ընդունակութիւնը կամ կարողութիւնը կ՚արթննար եւ կը զարգանար աւելի շուտով, մանաւանդ տաք երկիրներու մէջ։ Եւ ա՛յդ է պատճառը, որ տաք երկիրներու մէջ սովորական էր ամուսնացնել մինչեւ իսկ 8-10 տարեկան մանուկներ։

Երբ մարդիկ չունէին հաստատ միջոցներ, ամուսնական չափահասութիւնը կ՚որոշուէր, մարմնի ֆիզիքական զարգացմամբ եւ կամ արտաքին նշաններով, իսկ յետոյ՝ ամէն տեղ սկսան սահմանել որոշ հասակ կամ տարիք մը։ Եւ թէպէտ զանազան ժամանակ եւ զանազան երկիրներու մէջ կը փոխուէր ամուսնական չափահասութեան տարիքը, յետոյ գրեթէ միշտ եւ ամէն տեղ կը մնար 12-15 տարեկան հասակի շուրջ։

Այսպէս ուրեմն, թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ պետական-աշխարհական օրէնքներ ամէն տեղ հարկաւոր կը համարէին սահմանե՛լ եւ նշանակել որեւէ միջոց՝ որոշեալ հասակ մը ամուսնական չափահասութեան համար, որպէսզի ամուսնութեան արատքին երկու գլխաւոր նպատակը՝ որդեծնութիւն եւ ցմահ կենակցութիւն, կարելի չափով ապահովուած ըլլան։

Հայ ազգային-եկեղեցական իրաւաբանութեան մէջ՝ մինչեւ չորրորդ դար եւ այդ դարուն իսկ 12 տարեկան հասակը համարուած էր ամուսնական չափահասութիւն տղայի համար։

Անչափահասներու պսակը եւ ամուսնութիւնը կ՚արգիլէ Եկեղեցին։ Անչափահասներու պսակը կարելի է լուծուիլ եւ ամուսիններ չափահասութիւն ստանալէ յետոյ կրնան ամուսնանալ ուրիշի հետ, եթէ չկամենան մնալ իրենց ամուսնութեան մէջ՝ ըստ Մխիթար Գօշի եւ Յովհաննէս Երզնկացիի կանոնով։

Ամուսնական չափահասութիւնը լայն ուսումնասիրութիւն պահանջող կարեւոր հարց մըն է…։

- Օգտուեցանք՝ Վահան Վարդապետ Բաստամեանցի «Կանոնագիտական Երկեր» գիրքէն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Հրատարակութիւն, Ս. Էջմիածին, 2015, էջ՝ 258-294։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 4, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019