ԱՂՕԹՔԻ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Աղօթքը սրտին եռանդն է. պարզ նայուածք մը ուղղուած դէպի Երկինք… գոչ մը գիտակցութեան եւ սիրոյ՝ ցաւի եւ վիշտի ծոցէն, նմանապէս ուրախութեան ծոցէն, բաներ մը մեծագոյն՝ որ կ՚ընդլայնէ եւ կը միացնէ մեզ Յիսուսի»։
STE THERESE DE LİSİEUX
Հաւատքը կը զօրացնէ յոյսը՝ յոյսը կը զօրացնէ ե՛ւ կ՚ամրացնէ հաւատքը. հաւատքը եւ յոյսը կ՚աճին եւ կը զարգանան սիրոյ մէջ։ Ուստի, աղօթքի մէջ կա՛յ հաւատք, յոյս եւ սէր, որոնք հոգեւոր կեանքի անբաժան սիւներն են։
Յաճախ կը խօսինք «մարդասիրութեան» կարեւորութեան վրայ, բայց ասիկա բաւական չէ մարդոց գոյապահպանման եւ կեանքին գոյատեւման համար։ Ուստի, մարդուն ստեղծման էական պատճառներէն եւ նպատակներէն առաջնակարգն է՝ իրերօգնութիւնը։ Այս իմաստով՝ մարդասիրութենէն առաջ կու գայ իրերօգնութեան գիտակցութիւնը՝ որուն կոչուած է մարդ։ Ուրեմն, «մարդասիրութիւն» մըն է իրերօգնութեան կոչումը, եւ հետեւանք՝ մարդուն ստեղծման պատճառներէն մէկուն։
Աղօթքը, ուրեմն, պէտք է ըլլայ հասարակաց բարիքին հաստատման նպատակով։ Չէ՞ որ աղօթքները կ՚արտասանուին միշտ յոգնակի կերպով, երբ կ՚ըսենք. «մեզի…»։ Բացառութիւն է՝ Ներսէս Հայրապետի «Աղօթք իւրաքանչիւր անձին հաւատացելոց ի Քրիստոսով»ը, այսինքն՝ «Հաւատով խոստովանիմ»ը…
Երբ կ՚աղօթենք, ո՞ւրկէ կը խօսինք. մեր հպարտութեան եւ մեր կամքին բարձունքէ՞ն, թէ խոնարհ եւ զգացեալ սրտի մը «խորունկ ծալքերէն» եւ «խորութիւններէ՞ն». (ՍԱՂՄ. ՃԻԹ 1)։ Ան որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ կը բարձրանայ։ Խոնարհութիւնը նախահիմն է աղօթքին։ Ինքնահաւանութեամբ, մեծամտութեամբ, հպարտ ոգիով արտասանուած աղօթքը կարելի չէ «աղօթք» անուանել՝ աղօթքի իսկական իմաստով։
Աղօթքին «յոգնակի» կերպով արտասանելու հիմնական պատճառներէն մէկն է Յիսուսի խօսքը՝ թէ ո՛ւր որ երկու կամ աւելի հաւատացեալ հաւաքուած է Հայր Աստուծոյ աղօթելու Իր անունով, Ինք անոնց մէջ է, անոնց հետ, որ հիմը կը կազմէ «Եկեղեցի» ըմբռնումին եւ իրականութեան։
Արդարեւ, մեծ է հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյ խորհուրդը՝ որոնք կ՚ամբողջացնեն զիրար։ Եկեղեցին այս իրականութիւնը կը դաւանի «Հաւատոյ Հանգանակ»ին մէջ՝ որպէսզի հաւատացեալներու կեանքը համակերպ ըլլայ Քրիստոսի՝ Սուրբ Հոգիին մէջ, ի փառս Հօր Աստուծոյ։ Այս հաւատքի խորհուրդը կը պահանջէ, որ հաւատացեալները հաւատան անոր, հանդիսակատարեն զայն, պաշտամունք կատարեն, եւ անով ապրին կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուծոյ հետ կենդանի եւ առանձնական յարաբերութեան մը մէջ՝ միշտ հաւատարիմ մնալով իրերօգնութեան կոչին՝ որ պատճառը եւ նպատակն է ստեղծագործութեան։ Ահաւասիկ, այս յարաբերութիւնը «աղօթք»ն է…
Աղօթքը հրաշալիք մըն է։ Աղօթքին սքանչելիքը կը յայտնուի ջրհորհի եզերքին, ճիշդ ո՛ւր որ մենք կու գանք մեր կենսաբեր, կենսատու ջուրը փնտռել։ Հո՛ն է՝ որ Քրիստոս կը դիմաւորէ ամէն մարդկային էակին, Ինքն է որ նախ կը փնտռէ մեզ եւ Ինքն է որ «ջուր» կը խնդրէ մեզմէ։ Յիսուս ծարաւի է, Անոր ծարաւի խնդրանքը կը բարձրանայ մեզ՝ բաղձացող Աստուծոյ խորութիւններէն։
Աղօթքը, գիտնանք կամ ո՛չ, հանդիպումն է Աստուծոյ ծարաւին եւ մեր ծարաւին միջեւ։ Արդարեւ, Աստուած մեր ծարաւնալուն ծարաւը ունի, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
«Դուն Անկէ պիտի խնդրէիր եւ Ան քեզի պիտի տար կենդանի ջուրը». (ՅՈՎՀ. Դ 10)։ Մեր աղաչական աղօթքը տարակարծօրէն նաեւ Անոր տրուած պատասխան մըն է. պատասխան՝ կենդանի Աստուծո՛յ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 15, 2023, Իսթանպուլ