ԵՐԿՈՒ ԱԹՈՌԷՆ՝ ՄԷԿ ԱԹՈՌ (Դ.)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր անդրանիկ խօսքին մէջ եւս կը յիշէ երկու աթոռներու համագործակցութիւնը։ Ան իր խօսքին մէջ կ՚ըսէ. «Ս. Էջմիածնի նախամեծար Մայր Աթոռին հետ մեր գործակցութիւնը պիտի ըլլայ անմիջական ու ամբողջական: Հայաստանն ու Արցախը պիտի դառնան մնայուն ու առանցքային ներկայութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ»: Այս ելոյթին մէջ այլ տեղ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը ուղղելով Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կը շարունակէ. «Եղբայրական սիրով կ՚ողջունեմ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը եւ հանդիսաւոր սա պահուն իրեն կ՚ըսեմ սրտիս բովանդակ անկեղծութեամբ.- մենք միասին պիտի գործենք, ձեռք ձեռքի, սիրտ-սրտի՝ ի խնդիր մէ՛կ եկեղեցւոյ, մէ՛կ հայութեան ու մէ՛կ հայրենիքի համայնական կեանքին մէջ ու նոյն եւ մէկ առաքելութեան ճամբուն վրայ»:

Թէ՛ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ընտրութեանց ժամանակ կը տեսնենք երկու աթոռներու համագործակցութեան շուրջ դրական մթնոլորտը՝ նշանաբան ունենալով «Հայաստանեայց Եկեղեցին մէ՛կ է իր կաթողիկոսական ու պատրիարքական աթոռներով» հաստատումը:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» ամսագիրը եւս իր 1995 թուականի օգոստոս-սեպտեմբերի (ԾԲ. տարի) թիւին մէջ կը յիշէ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի Անթիլիաս մեկնումն ու կաթողիկոսական ընտրութեան մասնակցիլը։ Ամսագիրը կը յիշէ, թէ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերակցէին օրուան Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Եպսկ. Մարտիրոսեան, «Էջմիածին» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Տ. Ասողիկ Եպսկ. Արիստակէսեան, Տ. Վազգէն Աբեղայ Միրզախանեան, Տ. Գրիգոր Վրդ. Չիֆթճեան:

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Լիբանան ժամանելուն կու տայ մամլոյ ասուլիս մը. այդտեղ խօսելով Հայաստանի եւ Հայաստանի մէջ տիրող հոգեւոր կեանքի վիճակին մասին, կը խօսի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերին մասին եւ կ՚ըսէ-. «Սուրբ Էջմիածինէն յետոյ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեր Եկեղեցւոյ ամենէն նուիրական եւ կարեւոր կեդրոնն է եւ այդ հանգամանքը խնդրոյ առարկայ չի կրնար դառնալ»: Յստակ է, որ երկու կողմերն ալ «եղբայրական» դեր խաղալով հանդերձ կամայ թէ ակամայ յառաջ կը քշեն գերակայ ըլլալու երեւոյթ մը եւ այդ մէկը առաւելաբար կը տեսնենք Սուրբ Էջմիածնի կողմէ: Նախապէս տեսանք «Նախամեծար» բառը, որ գործածեց նաեւ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իսկ այստեղ կը տեսնենք «Սուրբ Էջմիածինէն յետոյ» արտայայտութիւնը, որոշ տարբերութիւն ու կարեւորութիւն դնելով երկու աթոռներու միջեւ:

Սակայն, հակառակ այս տարբերութիւններուն, եղբայրական կոչերը շարունակուեցան. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ կ՚ըսէր. «Թող եղբայրութեան եւ միութեան եւ գործակցութեան նշանաբանը դառնայ մեր բոլորի ճակատի վրայ գրուած անջնջելի ոսկեղէն գիր», որուն իբր պատասխան Արամ Ա. Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Երկու աթոռները իրենց գահակալներով, իրենց միաբանութեամբ եւ իրենց ժողովուրդով միասնական պիտի ըլլան, միասնաբար պիտի գործեն, համայնական մէկ ամբողջութեամբ շրջագծեն ներս, որ է մեզ համար Եկեղեցի, ազգ եւ հայրենիք»:

Այսօր շատ մը Էջմիածնապաշտպան անձեր կը նեղանան, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար գործածուի «Մայր Աթոռ» արտայայտութիւնը, սակայն կը տեսնենք, թէ «Էջմիածին» ամսագիրը կաթողիկոսական օծման օրը նկարագրելու համար Անթիլիասը կը կոչէ «Մայր Աթոռ»։ Պէտք է յստակ ըլլայ, թէ «Մայր Աթոռ» արտայայտութիւնը աւելի բարձր ըլլալու նշանակութիւն մը չունի. ո՛չ Էջմիածինը «Մայր Աթոռ» կոչելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աթոռի արժէքը կը նուազի եւ ո՛չ ալ հակառակ:

Վերջապէս պէտք է յստակ ըլլայ, թէ կաթողիկոսական այդ օծումը ապօրինի գործողութիւն մը չէր։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կողքին ներկայ էին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Վերջապէս պահը խորհրդաւոր էր. լրագրողի բառերով. «Յուզիչ եւ պատմական էր պահը: Առաջին անգամ ըլլալով, Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր ձեռքով կ՚օծէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը»:

Որպէս վերջաբան կ՚ուզենք յիշել օծման ժամանակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի արտասանած խօսքը.

«Թող Աստուած օրհնէ այս կաթողիկոսական օծումը եւ այն վերածէ մեր ժողովուրդի մէջ աղբիւր ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւասութեան սահմաններուն մէջ, այլեւ ամբողջ Հայ Եկեղեցւոյ համար»:

Կը կարծենք շարունակաբար մեր հրատարակած չորս յօդուածները իրենց պատմական մէջբերումներով ու յիշատակումներով բաւարար եղած ըլլան փաստելու, որ «անկանոն» օծում մը տեղի չէ՛ ունեցած, այլ երկու աթոռները միասնաբար խորհրդակցելով, միասնաբար կատարած են ընտրութիւնն ու օծումը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Դաստիարակութեան մէջ ծեծը անհրաժե՞շտ է:

Պատասխան. Դաստիարակութեան մէջ ծեծը անհրաժեշտ չէ. ընդհակառակը վնասակար է: Ֆիզիքական պատիժը կրնայ վախի մթնոլորտ ստեղծել մանուկին մօտ, նուազեցնել անոր ինքնագնահատականը եւ վնասել ծնողք-զաւակ եւ կամ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնները: Այդ մէկը կրնայ ստեղծել նաեւ հոգեբանական խնդիրներ եւ յառաջացնել վարքագծային խնդիրներ: Հակառակը, հաղորդակցութեան ճամբով կրթելը կ՚օգնեն խնդիրները աւելի դիւրաւ հասկնալու եւ արդիւնաւէտ միջավայր ստեղծելու: Կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլան զանոնք ուղղորդելու, ոգեշնչելու եւ ոչ վախցնելու եւ պատժելու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2024