ԼՈՅՍԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Լոյսը եւ խաւարը, աշխարհի ստեղծագործութենէն իսկ գոյութիւն ունէր եւ մարդկային կեանքի վրայ ազդող, անոր ընթացք տուող երկու հակադիր ուժեր, զօրութիւններ են։ Լոյսը եւ խաւարը միշտ կար եւ միշտ ալ գոյութիւն պիտի ունենայ, քանի որ անոնք ստեղծագործութեան նախնական եւ էական տարրերն են։
Աստուածաշունչ Մատեանի մէջ, ստեղծագործութեան մասին երբ կը խօսուի, լոյսի եւ խաւարի համար սապէս կ՚ըսուի. «Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է եւ Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց» (ԾՆՆԴ. Ա 4)։
Ինչպէս ըսինք, լոյսը եւ խաւարը միշտ կար եւ Աստուած զանոնք զատեց, իրարմէ բաժնեց, քանի որ տեսաւ թէ՝ լոյսը բարի՛ է։
Արդարեւ Յիսուս կը յայտարարէ, թէ՝ Ի՛նք է աշխարհի լոյսը, երբ կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՚առաջնորդէ» (ՅՈՎՀ. Ը 12)։ Իսկ երբ դատապարտութեան մասին կը խօսի Յիսուս, կ՚ըսէ. «Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։ Սակայն ով որ կը կատարէ ի՛նչ որ ճշմարիտ է, լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են» (ՅՈՎՀ. Գ 13-21)։
Ուստի Յիսուս եկաւ եւ աշխարհի վրայ հաստատեց Իր Լոյսը՝ որ կը համապատասխանէ Սիրոյ թագաւորութեան ու Խաղաղութեան։
Հետաքրքրական է պատմուածքը Աւետիք Իսահակեանի «Ամենապիտանի բանը» խորագրեալ։
«Ժամանակին, արեւելքի հրաշագեղ աշխարհի մը մէջ, արդարամիտ եւ խելացի մարդ մը կայ եղեր։ Թագաւոր մըն է եղեր այդ արդարամիտ մարդը։
«Թագաւորը ունեցեր է երեք որդի։ Երբ թագաւորը ծերացեր է, փափաքեր է, որ տակաւին կենդանի, երկրին կառավարութեան ղեկը յանձնէ իր ժառանգորդներէն անոր՝ որ աւելի ընդունակ կ՚ըլլայ այդ դժուարին ու ծանր գործը կատարել։
«Ուստի օր մը կը կանչէ իր երեք որդիները եւ անոնց կ՚ըսէ.
«Իմ սիրելի որդիներ, կը տեսնէք, որ ձեր հայրը ծերացած է այլեւս եւ կարող չէ կառավարել երկիրը։ Ես շատ առաջուընէ իջած կ՚ըլլայի իմ գահէն, եթէ կատարուած տեսնէի այն փափաքս, որ երկար տարիներ պաշարած էր հոգիս։ Եւ հիմա, ահաւասիկ, ձեզմէ ով որ կարողանայ իմաստուն կերպով իրականացնել այդ իր ցանկութիւնը, ան կը ստանայ իր թագը եւ կը կառավարէ իր ժողովուրդը։
«Որդիները մէկ մէկ կը համբուրեն իրենց հօր ձեռքը եւ ճամբայ կ՚ելլեն։
«Աշխարհէ աշխարհ, երկրէ երկիր ման գալէ եւ թափառելէ առաջ, թագաւորին երեք որդիները կը համաձայնին իրենց հօր առաջարկին եւ կ՚ուզեն հասկնալ, թէ ի՞նչ է իրենց հօր փափաքը։
«Հայրը ցոյց կու տայ մեծ շտեմարան մը եւ կը յանձնարարէ անոնց լեցնել այնտեղ աշխարհի ամենապիտանի բանով, որով կարելի ըլլար երջանիկ դարձել իր ժողովուրդը։
«Եւ ահաւասիկ անոնք գործի կը լծուին։
«Երկրին ամէն կողմը շրջելէ, շատ մը օտար երկիրներ ալ այցելելէ ետք, թագաւորին որդիները կը վերադառնան տուն եւ կը յայտնեն, թէ ամէն մէկը գտած է աշխարհի ամենապիտանի, ամենահարկաւոր բանը։
«Շտեմարանի մուտքին կը կանգնին թագաւորը, պալատականները, որդիները եւ ամբողջ ժողովուրդը ու անհամբերութեամբ կը սպասեն, թէ անոնք ի՞նչ են բերած որպէս ամենապիտանի բան։
«Որդիներէն մէկը գրպանէն կը հանէ բուռ մը («բուռ»=ափի պարունակածը, ափ) հացահատիկ եւ լեցնելով շտեմարանին մէջ, կ՚ըսէ, որ հացով կը լեցուի այն, որմէ անհրաժեշտ ուրիշ բան չէ գտած։
«Միջնեկ որդին գրպանէն կը հանէ բուռ մը հող եւ լեցնելով շտեմարանին մէջ, կ՚ըսէ, որ հողով կը լեցուի այն, քանի որ անկէ աւելի պիտանի եւ անհրաժեշտ ուրիշ որեւէ բան չէ գտած։
«Կրտսեր որդին հօր հարցումը կը պատասխանէ, թէ՝ ԼՈՅՍՈՎ ԿԸ ԼԵՑՆԷ ԱՅՆ։ Քանի որ անոր ձեռքը պարապ է։ Եւ կը շարունակէ խօսիլ.
«Աշխարհ ման եկայ, լոյսէն անհրաժեշտ ո՛չինչ գտայ։ Լո՛յսն է ամենապիտանի բանը աշխարհի մէջ։ Առանց լոյսի հողը հաց չ՚ըլլար, առանց լոյսի հողի վրայ կեանք չ՚ըլլար։ Շատ թափառեցայ, շատ աշխարհներ, երկիրներ տեսայ եւ գտայ, որ գիտութեան լո՛յսն է ամենապիտանի բանը, եւ միա՛յն գիտութեան լոյսով կարելի է կառավարել աշխարհը։
«Ապրի՛ս, կը գոչէ ուրախացած հայրը.- Քեզի արժանի է իմ գահը, քանի որ լոյսով եւ գիտութեամբ պիտի լեցնես երկիրը եւ Թագաւորութիւնը։
«Եւ բոլորը ուրախացած ողջունեցին նոր, երիտասարդ, երկիրը լոյսով լեցնող թագաւորը»։
Արդարեւ այն մարդիկ, որոնց գործերը եւ ցանկութիւնները հակառա՛կ են Աստուծոյ կամքին, չեն կրնար դիմանալ Յիսուսի խօսքերէն ճառագայթող ճշմարիտ լոյսին, եւ այդ իսկ պատճառով է որ կը մերժեն լոյսը եւ կը նախընտրեն խաւարը։
Ուստի, ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը, չկա՛յ խաւար, որ բոլորովին մութ ըլլայ եւ անպայման անոր մէջ կը գտնուի լոյսի շող մը, ճառագայթ մը, որ կը փայլի խաւարին մէջէն։ Ահաւասիկ ա՛յդ թէեւ աննշան բայց կենսատու, փրկարար շողը յոյսի, ճշմարտութեան ճառագայթն է, որ պատրա՛ստ է դուրս գալ մութէն, եւ լուսաւորել մարդը…։
Անշուշտ ամէն խաւար ցաւառիթ է, վնասակար եւ անպիտան։ Բայց ինչպէս ըսինք, ամէն խաւարի մէջ կա՛յ լոյս մը, յոյս մը, ելքի ճամբայ մը։
Կայ սակայն ամենավտանգաւոր ու վնասակար խաւարը՝ մտքի խաւարը, սրտի մութը, որոնք կը կործանեն մարդուն ո՛չ միայն ներկան, այլ բոլոր մարդկութեան ապագան, վնասելով եւ վիրաւորելով սերունդներ։ Մտքի խաւարը ամենէն յատկանշականօրէն կը յայտնուին մարդոց «նախապաշարումներ»ուն մէջ։ Նախապաշարումներ, կանխակալ կարծիքներ առիթ կ՚ընծայեն մտային խաւարի՝ ուր լոյսը չի կրնար թափանցել։ Եւ մտային խաւարը յետադիմութեան, ամլութեան կ՚առաջնորդէ մարդը, եւ կը հակադրէ ամէն յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան։ Խաւարամած միտքեր, խաւարամիտ մարդեր, մարդկութեան ամենամեծ վտանգներն են՝ որոնք «լոյսը կ՚ատեն եւ խաւարը կը մեծարեն…»։
Մինչդեռ լոյսը ճշմարտութի՛ւն է, լոյսը կեա՛նք է, եւ ինչպէս Աստուածաշունչ Մատեանը կը վկայէ, Աստուծոյ խօսքին համաձայն «բարի՛» է։
Մարդկութիւնը կոչուած է յառաջդիմութեան, բարեփոխութեան եւ լուսաւորութեան, մանաւանդ հոգեպէս եւ մտապէս, եւ մարդկութիւնը պէտք ունի կատարելագործուելու, եւ այդ իսկ պատճառով՝ ստեղծագործութիւնը չէ՛ վերջացած, դէպի կատարելութիւն կ՚ընթանայ, որուն ուղեգիծը պէտք է լուսաւոր ըլլայ, լոյսով լեցուի…։
Ուստի մարդ պէտք է տեւական արդար պայքար մղէ խաւարին դէմ եւ ձգտի միշտ լոյսին, որուն միջոցով է որ միայն կրնայ հասնիլ կատարելութեան։
Արդարեւ, խաւարին հետամտող, այսինքն չարին իշխանութեան ամբողջութեամբ ենթարկուած մարդուն ողբերգական կացութիւնը, կեանքը կը վերածէ տեւական պայքարի մը։ Մարդոց ամբողջ պատմութեան մէջէն կը ծաւալի անողոք պայքար մը. պայքա՛ր մը ծնած սկիզբէն իսկ, եւ որ պիտի տեւէ մինչեւ վերջին օրը, ինչպէս Տէրը ըսաւ մեզի։
Լծուած այս պայքարին, մարդը պարտի անդադար մաքառիլ՝ յարելու համար բարիին՝ լո՛յսին։
Ի գին մեծ ճիգերու, եւ Աստուծոյ շնորհքով, մարդ կրնայ իր ներքին միութիւնը եւ խաղաղութիւնը իրագործել։ Ուստի Յովհաննէս իր առաջին ընդհանրական նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Թէպէտ ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ ըլլայ, մենք գիտե՛նք թէ Աստուծմէ ենք։ Եւ գիտե՛նք՝ թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու բացաւ մեր միտքերը, որպէսզի ճանչնանք ճշմարիտ Աստուածը» (Ա ՅՈՎՀ. Ե 19-20)։
Լոյսը կ՚առաջնորդէ ճշմարտութեան՝ որ է Աստուած, Ստեղծիչը լոյսին եւ ամէն բանի…։
- Մասամբ օգտուեցանք՝ Յովսէփ Ա. Քհնյ. Յակոբեանի «Լոյսի շողեր» գիրքէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 18, 2016, Իսթանպուլ