ԽԱՉՎԵՐԱՑ՝ ՏԱՂԱՒԱՐ ՏՕՆԸ
Հայ Եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւար տօնն է Խաչվերացը։ Տարուայ այս վերջին տաղաւար տօնը նուիրուած է Խաչին եւ կոչուած՝ Խաչվերաց։ Ինչպէս միւս տաղաւարներուն եւ տօներուն, այս տօնն ալ յիշատակն է պատմական եղելութեան մը՝ որուն վրայ հիմնուած է ան։
613 թուականին պարսիկներու Խոսրով Շահը, իր մեծ զօրքով կը յարձակի Բիւզանդիայի վրայ։ Ան կը հասնի Կ. Պոլիս քաղաքի դարպասներուն, ապա կը դառնայ եւ կ՚ուղղուի դէպի հարաւ, կ՚արշաւէ Երուսաղէմ, կը գրաւէ քաղաքը, եւ բազմաթիւ գերիներու հետ գերի կ՚առնէ նաեւ Քրիստոսի խաչափայտը՝ մեծ անարգանք հասցնելով քրիստոնեաներուն։
Այդ թուականէն տասնհինգ տարի վերջ՝ 628 թուականին, Հերակլ կայսրը, մեծ քանակութեամբ բանակ մը կազմելով, կը յարձակի պարսիկներու երկրին վրայ, եւ կը յաջողի գերութենէ ազատել Քրիստոսի Խաչափայտը։ Ապա մեծ փառքով ու պատուով կը վերադաձնէ ան Երուսաղէմ՝ ցուցադրելով զայն քրիստոնեաներուն։
Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Հերակլ կայսեր զօրքին միացած էր նաեւ հայոց բանակը՝ Մժեժ Գնունի իշխանի գլխաւորութեամբ։
Հին աշխարհի մէջ, Պարսկաստանէն մինչեւ Բիւզանդիոն, Հռոմէական կայսրութեան մէջ, խաչը գործածած էին իբրեւ պատժի, մահուան գործիք, եւ բոլոր մահուան դատապարտուածները կը խաչուէին։
Երբ Պիղատոսի մօտ բերին Յիսուսը, մոլեգնած հրեաներու բազմութիւնը գոռաց. «Ի խաչ հան զդա», այսինքն՝ խաչ բարձրացուր անիկա։ Եւ ամբոխին այդ փափաքին համաձայն ալ խաչեցին Յիսուս Քրիստոսը։
Հին աշխարհը կը սարսափէր խաչէն՝ իբրեւ մահուան գործիք, բայց Քրիստոսի խաչելութեամբ, խաչը դադրեցաւ չարչարանքի, տանջանքի եւ մանաւանդ մահուան սարսափազդու գործիք մը ըլլալէ՝ իմաստափոխուեցաւ եւ դարձաւ նշան փրկագործութեան եւ խորհրդանիշ յաղթանակի։
Եւ այսօր համայն քրիստոնեայ աշխարհը հպարտութեամբ իր կուրծքին վրայ կը կրէ խաչը, կը զարդարէ եկեղեցիները խաչերով, խաչի նշաններով, եւ մանաւանդ Հայ Եկեղեցին՝ խաչքարերով՝ նուրբ քանդակուած խաչաձեւ հրաշալիքներով կը ճոխացնէ իր մշակոյթը՝ արուեստի միջոցով յայտնելով իր հաստատ հաւատքը։
Ամէն քրիստոնեայ իր բոլոր ազնիւ գործերուն, կեանքի պայքարներուն կը սկսի ինքզինք խաչակնքելով։
Եւ դարձեալ իւրաքանչիւր հաւատացեալ, նոյնպէս, աղօթել կը սկսի խաչակնքումով, քանի որ խաչը այլեւս ո՛չ թէ պարտութեան, չարչարանքի, այլ՝ փրկութեան եւ յաղթանակի նշա՛ն է իրեն համար։
Քրիստոնէութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին՝ խաչի իմաստը նոյնը եղաւ, անայլայլելի՝ աշխարհի բոլոր քրիսոտնեաներուն համար։
Եւ յատկապէ՛ս, հայ ժողովուրդը, իր պատ-մութեան ամենաանյուսալի պահերուն միշտ ապաւինեցաւ խաչի զարմանահրաշ եւ հրաշագործ զօրութեանը։ Եւ այդ զօրութիւնը անբաժան մնաց իր բոլոր ապրումներուն մէջ։ Խաչը եւ անով սրբագործուած հայ ժողովուրդին հաւատքը պահուեցաւ, պահպանուեցաւ եւ վերընձիւղեց զինք։
Խաչը, արդարեւ, եղաւ անայլայլելի խորհրդանիշը հայ ժողովուրդին անսասան հաւատքին։
Եւ երբ կը լսենք շարականի արտասանութիւնը, ուր կ՚ըսուի. «Եւ սովաւ յաղթեսցուք անօրէն թշնամւոյն», կ՚անդրադառնանք այն ճշմարտութեան, որ խաչը քրիստոնեայի կեանքին անբաժան ուղեկիցն է եղեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ կը շարունակէ ըլլալ պաշտպանն ու պահապանը իւրաքանչիւր հաւատացեալի մշտնջենաւորապէ՛ս։
Ինչպէս անհատական, նո՛յնպէս եւ ընտանեկան եւ ընկերային կեանքը ունի ելեւէջներ, երբեմն կարելի է մատնուիլ ալեկոծութիւններու եւ անձկութեամբ փնտռել խաղաղութեան նաւահանգիստ մը, լուծում մը իր նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն, արդար պահանջներուն եւ մղուիլ մեծ պայքարի մը՝ «կեա՛նք» կոչուած անհուն դաշտին վրայ։
Ո՞վ պիտի տայ նեղութեան մէջ տառապող շուարած, անել դիրքի մատնուած հաւատացեալին «խաչի ցո՛լք»ը՝ որպէսզի կարողանայ անոր շնորհիւ փնտռել եւ գտնել ճշմարիտ ճանապարհը՝ խաչի պայծառ լոյսով տեսնել իր ապագան եւ իրականացնել իր բոլոր երազներն ու նպատակները։
Արդարեւ, սխա՛լ է այն կարծիքը, թէ քրիստոնէութիւնը նահանջի կրօն է. տեղատուութեան եւ հաշտուողականութեան դրութիւն մը։
Այդպէս չէ եղած եւ պիտի չըլլայ երբեք։
Պատմութիւնը կը վկայէ հերոսական դըր-ւագներու, երբ «վասն հաւատի եւ վասն հայրենիքի մարտնչած են» հաւատացեալներ, եւ այդ իսկ հաւատով ներշնչուած քաջարի քրիստոնեայ հաւատացեալներ թշնամիի ճիրաններէն ազատած են եւ պահպանած իրենց հաւատքը, արժէքները, Եկեղեցին, որոնցմով ալ գոյապահպանուած եւ գոյատեւած է հաւատի ամենաամուր սիւնը։ Ուստի քրիստոնէութիւնը, իր խաչին զօրութեամբ, երբեք նահանջի կրօն չէ՛ եղած, չէ՛. քրիստոնէութիւնը արդար պայքարի կրօն է՝ յաղթանակի կրօն՝ չարի, անիրաւութեան, անարդարութեան եւ բռնութեան դէմ մար-տընչելու եւ յաղթութեան կրօ՛ն է։ Եւ անոր յաղթութեան խորհրդանի՛շն է Խաչը…։
Այո՛, սիրելի՜ բարեկամներ, չարը վերջնականապէս կը խոնարհի, կը պարտուի խաչի լուսափայլ ճաճանչներուն առջեւ։ Եւ եթէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իսկապէ՛ս հաւատայ անոր եւ անոր հրաշագործ զօրութեան, եթէ իսկապէս եւ անկեղծութեամբ մանաւանդ կատարենք աստուածային պատուիրանները, եթէ իսկապէս եւ ճշգրտօրէն Քրիստոսի նման երթանք նաեւ դէպի զոհողութիւններ եւ անձնուիրութիւններ… ահաւասիկ այն ատեն կը նմանինք Քրիստոսի եւ կ՚առնենք Խաչը մեր ուսին ու կը հետեւինք Անոր։
Ինչպէս անցեալին, ա՛յսօր եւս խոր իմաստ ունի խաչը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար՝ որ ո՛չ թէ անուանեալ, այլ իրապէ՛ս քրիստոնեայ է։
Ուստի խաչը, իրար ագուցուած՝ իրար միացուած սովորական երկու փայտերէ բաղկացած «առարկայ» մը, նշան մը չէ՛. խաչը պարզապէս հորիզոնական եւ ուղղաձիգ երեւոյթ մը, տեսք մը չէ ճշմարիտ քրիստոնեային համար։ Արդարեւ, ո՛չ միայն մարմնական, այլ՝ հոգի՛ի աչքով կը նայի ճշմարիտ քրիստոնեան խաչին եւ հոն կը հասնի իրական իմաստին։ Եւ ահաւասի՛կ այն՝ ի՛նչ որ կ՚իմաստաւորէ խաչը, եւ այն՝ ի՛նչ որ կը տեսնէ հոգիի աչքով նայող քրիստոնեան։
Խաչի՝ երկինքէն երկիր իջնող՝ վերէն վար ուղղաձիգ թեւը ցոյց կու տայ Աստուծոյ էջքը, եւ շնորհը՝ բերուած աշխարհին եւ մարդկութեա՛ն։
Խաչը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ սէրը՝ որպէս «նշան» եւ գրաւական՝ տրուած համայն մարդկութեան, Իր Որդւոյն միջոցով եւ Անոր էջքով դէպի աշխարհ։
Իսկ խաչի հորիզոնական թեւը կը խոր-հըրդանշէ ամբողջ մարդկութեան զԱստ-ւած ճանչնալու մշտնջենական ձգտումը եւ իղձը բոլոր ժամանակներու ընթացքին։ Այս կը նշանակէ՝ երկինքէն էջքը աշխարհ եւ Աստուածորդիին եւ Աստուծոյ ճանաչումը։ Արդարեւ մարդ էակին ամենամեծ ձգտումն է ճանչնալ իր Արարիչը եւ պատասխան փընտ-ռել իր էութեան պատճառին եւ նպատակին։
Աստուած երկինքէն երկիր կ՚իջնայ, իսկ մարդիկ երկրէն երկինք բարձրանալ կ՚ուզեն՝ Աստուծոյ հասնելու՝ Անոր միանալո՛ւ համար։ Ուստի հորիզոնական գիծով կարելի չէ՛ բարձրանալ երկինք, այս պատճառով, Աստուած Ի՛նք կու գայ երկինքէն երկիր, եւ այդպիսով կը կազմուի խաչի նշանը։
Խաչը կը զօրացնէ մեզ, որպէսզի կեանքի մէջ չվախնանք չարէն՝ քա՛ջ ըլլանք, հաւատանք խաչի զօրութեան, խաչի պահպանիչ ուժին, խաչի առաջնորդող խորհուրդին։ Մենք, որպէս քրիստոնեաներ՝ ո՛չ անուանեալ, այլ ճշմարիտ քրիստոնեաներ, հպարտութեամբ կը խաչակնքենք ամէն օր, յատկապէս եւ անպայմա՛ն ամէն առաւօտ եւ երեկոյ՝ աղօթելէ առաջ։
Խաչի նշանը մեզի համար զօրութիւն է եւ ամրոց, եւ մեզ կը պահպանէ ամէն տեսակի վտանգներէ. խաչը կ՚արգիլէ, որ չարը եւ սատանան մօտենան մեզի եւ տիրապետեն մեր վրայ չարութեամբ։
Ուստի, սիրելի՜ բարեկամներ, խաչի զօրութիւնը մե՛ծ է եւ այդ զօրութեան գիտակցութիւնը՝ գեղեցիկ եւ յուսադրող գիտակցութիւն է։ Ամէն մարդ կեանքի մէջ իր պարտականութեան հանդէպ ունեցած պատասխանատուութեան գիտակցութեանը չափով կը կրէ իր խաչը։ Ժողովուրդը ի զուր չէ ըսած. «Ամէն մէկ քրիստոնեայ եւ ամէն մարդ ի՛ր խաչը ունի այս աշխարհի վրայ»։ Ամէն ոք ի՛ր խաչը կը տանի դէպի Գողգոթա՝ ուր իր կեանքով եւ մահով, իր զոհողութեամբ պիտի կարենայ արդարանա՛լ, սրբուիլ եւ արժանանալ Աստուածորդիին յաւիտենական փառքին եւ Անոր լուսեղէն տեսութեանը։
Արդարեւ, ամէն անհատ, այս կեանքին մէջ իր պարտականութիւնը եւ իր պարտականութեան համապատասխան պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունի։ Այսինքն՝ ամէն մարդ իր խաչը ունի իր ընտանիքին, իր սիրելիներուն, իր բարեկամներուն, իր Եկեղեցիին, իր ազգին եւ ամբողջ մարդկութեան հանդէպ. ո՜վ որ այս գիտակցութիւնը ունի իր ամենատարածուն, ամենաբովանդակալից իմաստով, ա՛ն ուսին դրուած խաչին ծանրութիւնը կը զգայ, եւ այն խաչը միշտ ծա՛նր է բայց տանելի։ Եւ այդ ծանրութիւնը չի թեթեւնար երբեք, բայց միա՛յն նոյնինքն խաչո՛վ եւ սրտաբո՜ւխ աղօթքներով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 7, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024