ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ խորհուրդները չեն արդիւնագործեր՝ զանոնք մատակարարող կամ զանոնք ընդունող արդար մարդուն արդար վիճակին զօրութեամբ, այլ՝ զօրութեամբն Աստուծո՛յ։ Երբ սուրբ խորհուրդ մը կը հանդիսակատարուի, Քրիստոսի եւ Անոր Հոգիին զօրութիւնը կը գործէ անով եւ անոր մէջ, պաշտօնեային անձնական սրբութենէն անկա՛խ։ Սակայն սուրբ խորհուրդներուն պտուղները կախում ունին նաեւ զանոնք ընդունող անձին տրամադրութենէն։ Հաւատքով արժանաւորապէս հանդիսակատարուող սուրբ խորհուրդները կու տան շնորհքը՝ զոր կը նշանակեն։ Անոնք կ՚արդիւնագործեն, որովհետեւ անոնց մէջ Քրիստո՛սն է որ կը գործէ։

Աստուած Ամենակալ Հայրն է։ Անոր հայրութիւնը եւ զօրութիւնը փոխադարձաբար զիրար կը լուսաւորեն։ Արդարեւ, Աստուած ցոյց կու տայ Իր «հայրական ամենազօրութիւն»ը հոգալով մեր կարիքները (ՄԱՏԹ. Զ 32), մեզի տալով որդեգրութիւնը. «Ես պիտի ըլլամ ձեզի հայր եւ դուք պիտի ըլլաք Ինծի համար տղաներ եւ աղջիկներ, կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը», (Բ ԿՈՐՆ. Զ 18), եւ վերջապէս զայն ցոյց կու տայ Իր անհո՜ւն ողորմածութեամբ, քանի որ գերագոյն չափով կը յայտնէ Իր զօրութիւնը, երբ ազատակամ կը ներէ մեղքերը։

Արդարեւ, աստուածային Ամենազօրութիւնը ամենեւին կամայական չէ, ինչպէս կը հաստատէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի. «Աստուծոյ զօրութիւնը եւ էութիւնը, կամքը եւ իմացականութիւնը, իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը նոյնն են, այնպէս որ ի՛նչ որ կայ աստուածային զօրութեան մէջ, ըլլալո՛ւ է Աստուծոյ արդար կամքին կամ Անոր իմաստուն իմացականութեան մէջ»։

Ամենակալ, Ամենազօր Հօր Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը կրնայ ենթարկուիլ փորձութեան, ի դիմաց չարին եւ չարչարանքին։ Երբեմն կրնայ թուիլ, թէ Աստուած «բացակայ» է մեր շուրջ եւ «անկարող», «անզօր»՝ խափանելու չարը։ Սակայն Հայր Աստուած Իր Ամենակալութիւնը, Իր Ամենազօրութիւնը կը յայտնէ ամենախորհրդաւոր կերպով՝ Իր Որդիին կամովին ունայնացումով եւ Յարութեամբ, որոնց միջոցով Ան յաղթեց չարին։ Այսպէս, խաչեալն Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնն է. «Որովհետեւ, Աստուծոյ յիմարը աւելի իմաստուն է քան մարդիկ, Աստուծոյ տկարը աւելի հզօր է քան մարդիկ», (Ա ԿՈՐՆ. Ա 25)։ Քրիստոսի Յարութեամբ եւ Անոր փառաւորութեամբ է որ Հայրը «ծաւալեց սաստկութիւնը Իր ուժին» եւ յայտնեց, թէ «մեզի՝ հաւատացեալներուս համար Իր զօրութիւնը ի՛նչպիսի արտակարգ մեծութիւն կը զգենու», (ԵՓՍ. Ա 19-22)։

Այս իմաստով, ոչինչ աւելի ատակ է ամրացնելու եւ հաստատելու մեր հաւատքը եւ մեր յոյսը քան մեր հոգիներուն մէջ խորապէս դրոշմուած այն համոզումը, թէ Աստուած Ամենազօր է, եւ Անոր համար անկարելի բան չկա՛յ։

Ուստի, միակ «անկարելի»ն՝ անկարելիութիւնն է Ամենակալ եւ Ամենազօրին համար։

Միայն հաւատքը կրնայ մատչիլ Աստուծոյ Ամենազօրութեան խորհրդաւոր ուղիներուն։ Այս հաւատքը կը պարծենայ իր տկարութիւններով՝ Քրիստոսի զօրութիւնը իրեն քաշելու համար։

Այսպիսի հաւատքին գերագոյն տիպարն է Աստուածամայրը՝ Կոյս Մարիամը, որ հաւատաց թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ», (ՂՈՒԿ. Ա 37) եւ կրցաւ մեծացուցանել Տէրը. «որովհետեւ Հզօրն սքանչելիքներ ըրաւ ինծի եւ սուրբ է Անոր անունը», (ՂՈՒԿ. Ա 49)։

Առանց հաւատալու, թէ Աստուծոյ Սէրը Ամենազօր է, ի՞նչպէս հաւատալ, թէ Հայրը կրցաւ մեզ ստեղծել, Որդին՝ մեզ փրկել, Սուրբ Հոգին՝ մեզ սրբացնել։ Արդարեւ աստուածային Ամենազօրութեան գաղափարը ունենալով է, որ մարդ դիւրութեամբ եւ առանց ո՛չ մէկ տարակոյսի եւ ո՛չ մէկ վարանումի պիտի հաւատայ Աստուծոյ։

Աստուծոյ զօրութեան իմանալի յայտարարութիւնն է մարդը։ Ո՞վ կրնայ զօրութեան դէմ թումբ ըլլալ։ Ծով եւ ցամաք կը խոնարհին զօրութեան առջեւ։ Եւ եթէ հովը, որ Աստուծոյ ծառաներէն մէկն է, այսպէս անդիմադրելի զօրութիւն մըն է, որքան աւելի, եւ անհունօրէն աւելի զօրաւո՛ր է Ինքն՝ Աստուած, որովհետեւ Ա՛ն է աղբիւր եւ բաշխիչ զօրութիւններու, որոնք կը յայտնուին շնչաւոր եւ անշունչ բնութեան մէջ։ Եւ եթէ Աստուած է նաեւ զօրութիւն, զօրութիւնը միշտ «բարի» է, քանի որ ա՛յդ է Աստուծոյ նկարագրին էութիւնը։

Զօրութիւնը սակայն կրնայ «չար»ին ձեռքը «չարիք» ըլլալ։ Զօրութիւնը կամ «բարիի գործակից» է կամ «չարիք»ի, ըստ բարութեանը կամ չարութեանը զօրութիւնը գործածող ձեռքին - զոր օրինակ, մարդուն։ Ուստի զօրութիւնը ըստ էութեան բարի՛ է, բայց մարդն է որ կրնայ չար նպատակներով գործածել եւ «չարի գործակից» դարձնել։ Բայց ասիկա չի փոխեր զօրութեան բնոյթը եւ նկարագիրը, քանի որ ըստ էութեան ան միշտ «բարի» է։

Արդարեւ, Աստուած իր զօրութիւնը տուած է մարդուն գործածելու համար զայն Իր կամքին եւ ծրագրին համաձայն. բայց Աստուծոյ այդ պահանջը Բռնադատեալ պահանջք մը չէ՛։ Աստուած Իր զօրութիւնը մարդուն տրամադրութեան տակ դրած է, առանց միջամտել ուզելու «իր սեփական կամքին ազատութեան»։ Մարդուն կամքի ազատութիւնը՝ այսպէս որեւէ տեսակ զօրութեան մը գործածութեան պատասխանատուութիւնը իր վրայ կը դնէ։

Բնութեան մէջ հովերը կամք չունին։ Անոնք անկամ՝ առանց կամքի ծառաները, գործադրողներն են Աստուծոյ կամքին եւ ծրագրին, ուրկէ անոնք չեն կրնար որեւէ կերպով խուսափիլ։ Անոնք կ՚ընեն ի՛նչ որ Աստուած կը հրամայէ իրենց ընել։ Բնութեան անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր օրէ՛նքն է ասիկա։

Աստուած մարդոց ալ կը հրամայէ, բայց կը յարգէ անոնց ազատութիւնը՝ հնազանդելու Իր հրամանին։ Մարդ իր ազատ կամքով կ՚ընտրէ Անոր հրամանին հնազանդելու ճամբան կամ անսաստելու։

«Զօրութիւն»ը՝ նոյնը, «գործադիր»ը՝ տարբեր. ահա՛ թէ ինչո՞ւ այնքան աննման են գործադրուած զօրութեան արդիւնքները, այնքան աննման՝ ո՛րքան է բարին՝ չարէն։

Բնութեան զանազան երեւոյթները, զոր օրինակ, հովերը, Աստուծոյ ձեռքին մէջ «խարազան»ներ են՝ բնութեան ընթացքը պահելու անշեղ իր ուղիին մէջ։ Աստուած Իր զօրութիւնը կը գործադրէ բնութեան երեւոյթներու միջոցով։ Երբ ամպերը կը կուտակուին տեղ մը՝ պատրաստ բանալու եւ վար տեղացնելու իրենց ջրամբարներուն պարունակութիւնը տեղ մը, որ սակայն նախասահմանուած չէ ջրուելու, մարդ կը սկսի իր թոքերը ուռեցնելու, որպէսզի ներշնչէ հովին շունչը, եւ հովերը կը փչեն, ցրուելու համար ամպերը եւ փոխադրելու ուրիշ հեռաւոր վայր մը, ուր հողը ծարաւի է եւ անհամբեր կը սպասէ անոնց երկնայորդ եւ կենսատու ջուրերուն։

Ահաւասիկ տեսանելի ապացոյց մը աստուածային զօրութեան, որ կը յայտնուի բնութեան երեւոյթներու միջոցով։

Եւ կամ երբ աշնան ծառերը կը մերկանան, հովերը, դարձեալ իրենց շունչը սրած յօտոցներու կը վերածեն, եւ կը կոտորեն, գետին կը թափեն բոլոր չորցած ճիւղերը, եւ այդպէս մեռեալը կը զատեն, կը հեռացնեն կենդանութենէն։

Հովերու կատարած այս աւերումը՝ այսօր, վաղուան համար շինարարական կ՚ըլլայ։

Ուստի, մարդ երբ դիտէ իր շուրջը, դիտէ բնութիւնը, հոն պիտի վկայէ աստուածային զօրութեան, որ ամէն տեղ է եւ ամէն ատեն կը յայտնէ ինքզինք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 10, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020