ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Մարդ կը փափաքի ըլլալ բնութեան հետ, բնութեան մէջ, պարզ եւ հարազատ, քանի որ ան ալ բնութեան մէկ մասն է եւ բնութենէն Աստուծմէ ստեղծուած։ Մարդ բնութեան կողմն է միշտ, բայց իր ընտրած եւ կեցած կողմը արգելք մը ունի, որ կը հեռացնէ զայն բնութենէն՝ ուրկէ եկած է ան։

Այս արգելքը «քաղաքակրթութիւն»ն է, որ չի ձգեր որ մարդը երթայ միանայ բնութեան հետ։ Հարուածով մը, ան, մարդը կ՚անցընէ բնութեան կողմէն իր կողմը, անշո՛ւշտ, յաճախ ակամայօրէն գէթ մարդու պարագային։ Արդարեւ, բնութեան եւ քաղաքակրթութեան միջեւ սահման մը կայ, շեշտակի գիծ մը, որ կը բաժնէ երկու աշխարհները՝ բնականը եւ արուեստականը, կերպով մը՝ բնածինը եւ ստացականը։ Քաղաքակրթութիւնը մարդ ի՛նք ստեղծեց եւ այնքա՜ն զարգացուց զայն, որ ի վերջոյ քաղաքակրթութիւնը «տէր», մարդը «ծառայ» եղաւ…։

Ուստի հակասութիւն մըն է իր ստեղծածին եւ զարգացուցածին ծառան ըլլալ, բայց իրականութիւն է ասիկա, քանի որ մարդուն բոլոր կեանքը, մտադրութիւնները, ծրագիրները սկսան կատարուիլ քաղաքակրթութեան չափանիշներուն եւ ցուցմունքներուն համաձայն։ Մարդը, այսպէս, սկսաւ հպատակիլ քաղաքակրթութեան՝ հնազանդիլ անոր օրէնքներուն եւ կանոններուն։ Մարդ հետզհետէ սկսաւ հեռանալ եւ լքել բնութիւնը, հրաժարիլ բնութեան բարիքներէն, բնական օրէնքներէն եւ իր բոլոր ուշադրութիւնը եւ միտքը կեդրոնացուց «քաղաքակիրթ» ըլլալու, փոխանակ «բնական» ըլլալու վրայ։

Բնութիւնը իր օրէնքներով եւ օրէնքներուն գործադրութեամբ միշտ արդար է։ Քաղաքակրթութիւնն ալ իր չափանիշներով արդար է եւ ան կը յաւակնի այնքան «արդար» ըլլալ, որ չի ճանչնար դատաւոր եւ ատեան՝ որոնց մարդ կարելի ըլլայ տանիլ իր բողոքը եւ գանգատը, եւ ստանալ արդար վճիռ։ Եւ այս իմաստով, քաղաքակրթութիւնը բացարձակ, անվիճելի եւ անքննադատելի արժէք մըն է։

Քաղաքակրթութիւնը կը պարտադրէ, եւ մարդը հաւատարմութեամբ կը գործադրէ անոր հրամանը։ Արդարեւ, քաղաքակրթութեան օրէնքները անգիր են, անոնք կը յայտնուին որպէս աւանդութիւններ եւ մարդ հաւատարիմ աւանդապաշտութեամբ մը կը հնազանդի այդ աւանդութիւններուն եւ կը կատարէ անոնց պահանջները։

Պահ մը խորհինք. եթէ քաղաքակրթութիւնը գոյութիւն չունենար մարդուս կեանքին մէջ, եւ մարդ մնար բնութեան մէջ իր բնական վիճակով, ի՞նչ կը պատահէր։ Հաւանաբար մարդ կը մնար իր նախնական վիճակին մէջ, յետամնաց, եւ կը հաւասարէր անոնց՝ որ ընդհանրապէս սովորութիւն է եղած կոչել՝ «անբան կենդանի»։ Ուրեմն, մարդը իր արժանի դիրքին բերողը, անոր արժանապատուութիւն տուողը քաղաքակրթութի՛ւնն է։ Եւ մարդ շա՜տ բան կը կարօտի քաղաքակրթութեան, որքան որ ան զինք կերպով մը կաշկանդած եւ ազատութիւնը սահմանափակած ըլլայ։ Արդէն ազատութիւնն ալ անսահման արժէք մը չէ, մարդ այնքան ազատ է, որքան կը յարգէ ուրիշին ազատութիւնը…։

Բայց արդեօք քաղաքակրթութիւնը, որ մարդը հեռացուց բնութենէն, հեռացո՞ւց նաեւ Աստուծմէ։ Այս դժուար հարցին մեկնաբանութիւնը կը թողունք «մասնագէտ»ներու եւ կ՚անցնինք մեր նիւթին ու պարզամտօրէն կը խորհրդածենք։

Կային ժամանակներ՝ երբ մարդիկ կը ճամբորդէին գրաստով՝ ջորի կամ ձիով եւ կամ քալելով, այն ատեններ հեռուն՝ մօտ էր։ Ուստի ջորին եւ ձին թէ՛ բնութեան բարեկամ էին եւ թէ՛ մարդուն։ Քաղաքակրթութեան բերած արագութիւնը առաւ մարդ էակը Աստուծոյ ձեռքէն եւ ի՛նք ձեւակերպեց, ծրագրեց զայն, եւ ահա այս իրականութենէն կարելի է հետեւցնել, թէ ջորիի մը կամ ձիու մը կռնակը նստած մարդը, եւ քաղաքակրթութեան թեւերուն վրայ նստած մարդը՝ նոյն էակները չեն։ Այս դրութեամբ, հեռուները կը մօտենան՝ մարդոց սիրտերը իրարմէ կը հեռանան. սաւառնակով հազարաւոր մղոններու հեռաւորութիւններ կը կտրուի, բայց «սիրտ»եր իրարմէ հեռո՜ւ կը մնան։ Միջոցը կարելի կ՚ըլլայ կտրել սաւառնակով, բայց սիրտերը կարելի չ՚ըլլար քայլ մը իսկ իրարու մօտեցնել։

Քաղաքակրթութեան ուրիշ մէկ յօրինուածքը՝ բջիջային հեռաձայնը, որուն շատեր կ՚ըսեն «գրպանի հեռաձայն» թարգմանաբար, ան թէեւ մօտեցուց հեռուինները բայց հեռացուց մօտինները. մարդ երբեմն հեռաձայնով հեռաւոր մէկ բարեկամին հետ, կ՚անտեսէ անմիջապէս մօտը գտնուող բարեկամը, խօսած ատեն տարուած՝ զանց կ՚առնէ նոյնիսկ բարեւ մը, գլխի պարզ շարժում մը՝ դիմացը կանգնող բարեկամին։

Ուստի, ինչպէս ամէն գործիք, քաղաքակրթութեան պարգեւած գործիքներն ալ երբ տեղին գործածուին արժէք կը ստանան եւ օգտակար կ՚ըլլան, այլապէս՝ միայն ու միայն վնաս կը պատճառեն մարդուն, թէ՛ իրեն եւ թէ՛ մարդկային յարաբերութիւններուն։ Ամէն գործիք իր նպատակին համապատասխան գործածուելու պարագային լաւ է եւ օգտակա՛ր։ Գործիքը, արդարեւ, գործածողին համեմատ կը գործէ։

Եզրակացնելով, ուրեմն, բնութիւն եւ քաղաքակրթութիւն պէտք է համընթաց ըլլան եւ միշտ հակակշռեն իրար՝ մէկը միւսին պակասը լրացնելով եւ ամէն ինչ «մարդ»ուն համար է. օրէնքը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին համար, եւ նոյնպէս, քաղաքակրթութիւնն ալ մարդուն համար, մարդուն օգտին եւ բարիքին համար միջոց մըն է, եւ ո՛չ թէ մարդը քաղաքակրթութեան համար։ Մարդ չեղած բնութիւն կար, բայց մարդ չեղած քաղաքակրթութիւն չկա՛ր, չէ՛ր կրնար ըլլալ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 31, 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2022