ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Բոլորս ալ կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ չենք գիտեր դժբախտութի՞ւն թէ բախտաւորութիւն կարելի է նկատել։ Կամայ թէ ակամայ ականատես կ՚ըլլանք մարդկութեան ու արհեստագիտութեան զարգացման՝ միաժամանակ ականատես ըլլալով զարգացող այդ մարդկութեան յետընթացին։

Աւելի սարսափելին, ականատես կ՚ըլլանք հայոց պատմութեան ամենէն վտանգաւոր ու յատկանշական դէպքերուն, որոնք կա՛մ որպէս ամօթ եւ կա՛մ որպէս պատի՛ւ անջնջելիօրէն պիտի գրուին պատմութեան անկողմնակալ էջերուն մէջ։

Ամօթի պարագային ապագայ պատմաբանն ու աշակերտը պիտի քննադատէ նաե՛ւ մեզ՝ այս բոլորը անտարբերութեամբ դիտողներս, իսկ պատիւի պարագային յաղթանակի ներշնչման աղբիւր պիտի դառնանք՝ ինչպիսին է Վարդանանցն ու այլ մարտեր՝ որոնց միջով յաղթութեամբ անցած ենք։ Յաճախ քաղաքականութիւնը «ներքին համաձայնութիւն» կ՚որակենք, մոռնալով որ ներկայ ժամանակներու կողքին ապագան եւս կը խաթարենք, որովհետեւ ներկայի որոշումները հիմքն են ապագային՝ որ այս ընթացքով կրնայ այնքան ալ փայլուն չըլլալ։

Հայ ժողովուրդը այսօր ո՛չ թէ քաղաքական, այլ կենաց ու մահու կռիւ է որ կը մղէ։ Աւելի քան 600 տարի ստրկութենէ ազատուած մեր ժողովուրդը կամաց կամաց ինքզինք դարձեալ կ՚առաջնորդէ ստրկութեան՝ մոռնալով որ դարեր շարունակ մեր նախահայրերը երազած են տեսնել ա՛յն ազատութիւնը, որ մենք այսօր զոհ կը դարձնենք ոմանց շահերուն։

Յաճախ ազատութիւնը զոհ կը դարձնենք գոյութիւն չունեցող «խաղաղութիւն» կոչուածին համար, մոռնալով որ օտարին լուծին տակ խաղաղութենէն առաջ ստրկութիւն կը ծնի եւ դարաւոր ստրկութենէ ետք դարձեալ ստրկութեան երթալ ուրիշ 600 տարի մը եւս դժբախտանալ կը նշանակէ։

Այս բոլորը կը գրենք, որպէսզի յստակ ըլլայ որ հայ ժողովուրդին վիզին դրուած սուրը ո՛չ կուսակցական եւ ո՛չ ալ աթոռի կռիւի կը նմանի, որովհետեւ այդ հարուածը ո՛չ ՔՊ կուսակցութեան, ո՛չ Դաշնակցութեան ոչ ալ այլոց կը պատկանի։ Նման հարուած մը հարուած է նաեւ մեր ապագայ սերունդներուն, որոնք ակամայ ենթակայ պիտի ըլլան մեր այսօրուան որոշումներուն լոյսին տակ ստեղծուած հայրենիքի մը գոյութեան։

Ներկայ կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ խաղաղութեան համար պատրաստ է ամէ՛ն տեսակ զոհողութիւններու, մոռնալով որ ցայսօր կնքուած խաղաղութեան բոլոր դաշինքներն ու պայմանագրերը պարզապէս ժամանակաւոր ընթացք մըն են՝ հիմնուած շահերու վրայ, որոնց կորուստէն ետք դարձեալ ո՛չ խաղաղութիւն եւ ո՛չ պայմանագիր կը մնայ։

Յաճախ «խաղաղութեան» կողմնակիցները կը կարծեն, որ մենք դէմ ենք խաղաղութեան։ Խաղաղութեան թշնամի չենք, սակայն կը գիտակցինք նաեւ, որ թուղթով կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել, որովհետեւ խաղաղութիւնը շահելու կողքին պէտք է նաեւ պարտադրել։ «Խաղաղութեան» մունետիկները պէտք է գիտակցին, որ այս մէկը առաջին խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի չըլլայ մեր եւ մեր հակառակորդին միջեւ։ Մեր «խաղաղութեան» մունետիկները կ՚ապրին այն երազով, որ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումէն ետք սէր-միութեան մթնոլորտ մը ծնունդ պիտի առնէ մեր եւ հակառակորդին միջեւ, որոնք մեր բազմահազար զաւակները կոտորելէ ետք պիտի գան Երեւան՝ ամառնային արձակուրդ մը ունենալու, մինչ իրենցմէ քիչ մը անդին մատղաշ հերոսներ անվերադարձ պիտի մնան թաղուած։ Խաղաղութիւն կարելի է հաստատել հոն՝ ուր կայ վէճ ու կռիւ, սակայն հոն ուր արիւն կայ… դժուար թէ խաղաղութիւն հաստատուի։

Պէտք է գիտակցիլ, որ նման խաղաղութեան հաստատման մէջ երկու հաւասար կողմեր գոյութիւն չեն կրնար ունենալ եւ երկու-երեք օրուան այս յարձակումները այդ անհաւասարութեան հաստատման պայքարն է, որովհետեւ ուժեղ կողմը պիտի որոշէ իսկ տկարը պիտի համակերպի ու «ստրկութեան» այս գործընթացը պիտի կոչուի «խաղաղութեան պայմանագիր»։

Քաղաքականութիւնը անտառի օրէնքով կ՚առաջնորդուի եւ անկասկած վերջաւորութեան մեծն է որ պիտի յաղթէ։ Այսօրուան խաղաղութեան պայմանագիրը նման է եղնիկին ու առիւծին միջեւ գոյացած հաշտութեան՝ որ երաշխաւորուած է առիւծին կուշտ ըլլալով, իսկ մէյ մը որ անօթենայ… տեսէ՛ք դուք խաղաղութիւնը։

Դարեր շարունակ այս անհաւասարութեան վերացման համար կռուեցան մեր նախահայրերը, որպէսզի առիւծին դիմաց որպէս առիւծ նստին համաձայնութեան սեղան, գիտակցելով որ որպէս ոչխար ու եղնիկ յայնտուիլը կամայ թէ ակամայ զոհ դառնալ կը նշանակէ։

Վստահ եղէք որ ոչ մէկ պայմանագիր յաւիտենական խաղաղութիւն պիտի չապահովէ. բոլորն ալ պիտի ըլլան պայմանական ու ժամանակաւոր։ Այդ իստ պատճառով ստրկութեան պայմանագիր չենք ուզեր։ Յստակ է ուզուածը՝ ազատութիւն կա՛մ մահ, որովհետեւ ստրկութիւնը ինքնին մահ է թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ սերունդներուն համար։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -46-

Աշակերտութեան տարիներուն Հայոց Պատմութեան դասի ժամանակ սերտեցինք հայերու եւ թուրքերու միջեւ ստորագրուած «Ալեքսանդրապոլի պայմանագիր»ը։

Երբեւէ փորձա՞ծ էք կարդալ պայմանագիրի յօդուածները. բառացիօրէն հայութեան պարտութեան հռչակագիրն է՝ ամբողջութեամբ ի շահ թուրք պետութեան։

Նոր կնքուած պայմանագիրը պիտի չտարբերի «Ալեքսանդրապոլի պայմանագիր» պայմանագիրէն, այն տարբերութեամբ որ վերջինը պիտի կրէ կեղծ «խաղաղութիւն» անունը։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2022