ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ - Բ -
Քահանայի ընտրութեան եւ քահանայի յատկութիւններու մասին երբ օրէնքներու եւ կանոններու համաձայն կը խօսինք, կարեւոր է նաեւ օրէնքներու եւ կանոններու մեկնաբանութեան հարցը։ Արդարեւ ո՛չ մէկ օրէնք եւ ոչ մէկ կանոն միայն տառացիօրէն մեկնաբանել եւ կիրարկել կարելի չէ, այլապէս անիրաւութիւններու եւ սխալ գործադրութիւններու առիթ կը տրուի։
Օրէնք մը միայն մէկ հատուածով ալ կարդալ եւ հասկնալ ճիշդ չէ՛, այլ պէտք է օրէնքը ամբողջութեամբ՝ իմաստին եւ պատճառին ուսումնասիրութեամբը կարդալ, հասկնալ եւ մեկնաբանելէ յետոյ պէտք է կիրարկել։ Թէ ոչ՝ մէկ հատուածով, միայն տուեալ նախադասութիւնը կարդալով կարելի չէ առողջ եւ արդար արդիւնքի մը յանգիլ։
Ուրեմն երբ քահանայի ընտրութեան եւ քահանայի յատկութիւններու մասին թուեցինք օրէնք եւ կանոններ անոնք՝ վճռական կիրարկելի ըլլալու համար անհրաժեշտ է իրաւացի մեկնաբանութիւն կատարել։ Ի՞նչ կը պատահի առանց մեկնաբանութեամբ օրէնք կիրարկելու պարագային։ Այդ պարագային, սիրելինե՜ր, դատախազը՝ դատաւոր, դատաւորն ալ՝ դահիճի հանգամանք կը ստանայ։
Եւ ամէն մարդ ալ չի՛ կրնար օրէնք ու կանոն մեկնաբանել՝ առանց գոնէ նուազագոյն օրինական գիտութեան տէր ըլլալու, չըսելու համար, օրէնսգէտ, այսինքն՝ օրէնքներու հմուտ մասնագէտ, իրաւագէտ։ Արդէն, մեր ամենէն մեծ սխալը, եթէ կ՚ուզէք, պակասը ի՛նչ է գիտէ՞ք, սիրելինե՜ր. ամէն մարդ «ամէն բան» է՝ ամէն բանի մասնագէտ, ամէն նիւթի հմուտ, ամէն բանէ հասկցող եւ ամէն բանի մասին հանգամանօրէն գաղափար յայտնելու ինքզինք իրաւասու նկատող։ Մինչդեռ ամէն ոք եթէ հաւատարիմ ըլլայ իր մասնագիտութեան չափին ու սահմանին, կարծեմ ամէն մարզի մէջ սխալներու վիհ մը, քաոս մը՝ խառնակ վիճակ մը չի ստեղծուիր։ Անշուշտ մեր այս համոզումը պէտք չէ շփոթել, մեր յաճախ կրկնած ու պաշտպանած կարծիքին հետ, թէ՝ ամէն մտաւորական, հոգեւորական է, եւ ամէն հոգեւորական՝ մտաւորական։ Այդ «հոգեմտաւոր» կալուածի հետ կապ ունեցող հարց մըն է, իսկ մեր հոս ըսածը՝ գիտութեան ու փորձառութեան հարց է։ Ուստի ամէն գիտութեան եւ գիտութեան գործադրութեամբ ձեռք ձգուած փորձառութեան պէտք է յարգանք, եւ վստահութիւն միանգամայն ընծայուի, եւ փոխադարձաբար, ամէն մարզի մէջ, ամէն մարդու՝ իրարու նկատմամբ՝ մասնագիտութեանը յարգանք ցոյց տալու պարտականութիւն մը տրուած է, եւ պէ՛տք է ըստ այնմ վարուի, որպէսզի ընկերութեան մէջ ներդաշնակութիւնը կարելի ըլլայ ապահովել։ Արդարեւ «օրէնք» մը մեկնաբանել կը նշանակէ՝ օրէնքին որեւէ հատուածը հասկնալ իր խորութեանը մէջ, ուսումնասիրել գաղափարի բարձրութեանը մէջ եւ ըմբռնել իր նպատակին տարածութեանը սահմաններուն մէջ։
Օրէնքին տրամադրութիւններուն պատճառը, պատրաստութեան հանգրուանները լաւ գիտնալու է, որպէսզի անոր նպատակը գիտցուի, ապա թէ ոչ՝ անիրաւութիւններ, իրաւական սխալներ, իրաւազրկումը անխուսափելի կը դառնայ եւ կը վնասուին անհատներ ու ամբողջ ընկերութիւնը։ Ուստի զգուշանալ պէտք է հաստատ գիտութեան վրայ չհիմնուած մեկնաբանութիւն կատարելէ եւ այդ մասին յաւակնոտ ու ինքնահաւան ըլլալէ։ Բայց դժբախտաբար մարդիկ կը գործեն այդ սխալը յաճախ…։
Ուստի, ամէն բանէ առաջ, օրէնքի մեկնաբանութեան մարզին մէջ պէտք է ներկայացուի պատճառաբանութիւնը։ Եթէ կ՚ուզէք հոս յիշենք աւետարանական անշեղ ու անայլայլելի սկզբունքը օրէնքի գործադրութեան մասին. «օրէնքը մարդուն համար է, եւ ո՛չ թէ՝ մարդը օրէնքին համար»։ Եւ այս սկզբունքը կը պարտաւորէ՝ որ օրէնքը միշտ մեկնաբանուի մարդուն ի նպաստ, մարդուն օգտին ու շահուն համար։ Եւ ո՛չ մէկ օրէնք կարելի է գործադրել մարդկային արժանապատուութեան եւ մարդուն օգտին հակառակ։
Կարճ եւ հատու խօսքով. օրէնքը պէտք է ծառայեցնել մարդուն օգտին, մարդուն բարոյական շահուն եւ երջանկութեան իրականացման։ Օրէնքի գործադրութեան մէջ ո՛չ թէ խստութիւն, այլ՝ մարդուն նկատմամբ կարեկցութիւն, գութ եւ մանաւանդ սէր կարենալ ցոյց տալն է կարեւորը։ Որեւէ օրէնքի բառ առ բառ կիրարկումը երբեք օգուտ չ՚ապահովեր մարդուն, ընդհակառակը կը շեղի իր նպատակէն եւ վերջապէս վնաս կը հասցնէ անոր եւ կը խաթարուի, կը քայքայուի ընկերային ընդհանուր ներդաշնակութիւնը՝ եւ խաղաղութիւնը։
Արդարեւ Աստուծոյ Խօսքը՝ Սիրոյ Խօսքն է, ապա ուրեմն՝ Աստուծոյ Խօսքը չի լուծեր Օրէնքը, այլ զայն իր լրումին կը հասցնէ, աստուածապէս անոր տալով իր վերջնական մեկնաբանութիւնը։ Եւ քանի որ Աստուած Սէ՛ր է, ուրեմն ամէն օրէնքի մեկնաբանութիւն ըլլալու է սիրոյ ի նպաստ, սիրոյ մասնակցութեամբ եւ սիրոյ մէջ։
Օրէնքի մեկնաբանութեան ատեն կարեւոր է անոր «դաստիարակչական» եւ «օրինակ ըլլալ»ու հանգամանքը։ Օրէնքին պէտք է տրուի ուղեցոյց ըլլալու՝ բացատրագրական եւ եթէ կարելի է ըսել, դեղատոմս մըն իսկ ըլլալու հանգամանքը, քանի որ ան ամէն բանէ առաջ՝ սրբագրիչ հանգամանք մը ունի։ Օրէնքը դարման մը, աւելի ճիշդ՝ կանխազգուշական եւ կանխարգելիչ դեր մը կատարէ մարդկային անհատական եւ ընկերային կեանքին մէջ։
Եւ բոլոր աստուածային կանոն եւ օրէնքներ ամբողջութիւնն են սիրոյ եւ գութի։ Եւ Աստուած ա՜յնքան սիրեց մարդը՝ որ անոր փրկութեան համար տուաւ նոյնիսկ Իր միածին Որդին։
Ուրեմն, գոնէ եկեղեցական օրէնքներու գործադրութեան մէջ՝ օրէնքը մեկնաբանուի այս աստուածային-աւետարանական սկզբունքի հիման վրայ։ Եկեղեցական օրէնքներու գործադրութեան եւ կիրարկութեան ատեն այս ուղղութեամբ պէտք է մեկնաբանուին անոնք՝ միշտ ի նպաստ եւ օգտակարութիւն մը ստեղծելու մարդուն՝ զոր Աստ-ւած ա՜յնքան կը սիրէ։
Մեկնաբանութեան ընթացքին նկատի ունենալու է միշտ դարմանել, սրբագրել սխալը, այն ի՜նչ որ վնասակար է մարդուն։ Ուստի բարեացակամութիւնը, անկեղծութիւնը, մարդասիրական զգացումը անհրաժեշտ է եկեղեցական օրէնքի մը մեկնաբանութեան մէջ։ «Խիստ» ըլլալու կանխակալութեամբ օրէնքը մեկնաբանել եւ գործադրել միայն վնաս կը պատճառէ մարդուն, «մարդ»ուն՝ որ Աստուծոյ ամեմասիրելի՛ արարածն է։ Ուստի օրէնքի մեկնաբանութիւնը պէտք է մարդուն նորոգութեան, վերակազմութեան, վերաշինութեան, վերակենդանութեան ծառայէ, եւ ո՛չ թէ անոր անկման եւ բոլորովին ոչնչացման, յուսալքման, կեանքէն դասալիք ըլլալու…։
Օրէնքի մեկնաբանութեան եւ կիրարկութեան ժամանակ՝ բծախնդիր ըլլալ, չի՛ նշանակեր նաեւ խստապահանջ ըլլալ, նախապաշարումով եւ կանխակալութեամբ մեկնաբանել օրէնքը՝ միայն ու միայն վնաս կը պատճառէ ենթակային։
Օրէնքը մեկնաբանելու համար պէտք է օրէնքին պատրաստութեան պատճառը, օրէնսդիրին այդ օրէնքով հետապնդած բուն նպատակը հասկնալ, գիտնալ, այսինքն տուեալ օրէնքին «իմաստ»ը ըմբռնել։ Առանց խորը թափանցելու, թեթեւ եւ մակերեսային նայուածքով կարելի չէ առողջ ու նպատակայարմար մեկնաբանութիւն ընել եւ գործադրել օրէնքը։
Պէտք է զօրաւոր փաստարկութիւններ գոյութիւն ունենան օրէնք մը կիրարկելու համար անձի մը։ «Օրէնքը ա՛յսպէս կը գրէ», ըսելով օրէնք կիրարկել, գործադրել արդար գործ չէ, այլ դիւրին եւ կարճ ճամբով, առանց միտք յոգնեցնելու, մեքենաբար, կոյրզկուրայն որոշում տալ կը նշանակէ, ի՛նչ որ ծուլութիւն է եւ հոգեւոր իմաստով՝ մե՛ղք։ Իրաւ ու արդար իրաւագէտ մը երբեք այսպէս չի վարուիր։
Օրէնքի մեկնաբանութեան մէջ երբեք տեղ չունի՛ յուլացում, անտարբերութիւն, ալարկոտութիւն, քանի որ օրէնքը մարդուն երջանկութեան եւ ընկերային համերաշխութեան հաստատման համար է եւ հոն խնդրոյ առարկայ է մարդը իր իրաւունքով եւ արժանապատուութեա՛մբ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 22, 2015, Իսթանպուլ