ԿԵԱՆՔԸ ԼԵՑՈՒՆ ԱՊՐԻԼ
Ըստ հոգեբաններու, երջանիկ ըլլալու համար, պէ՛տք է պահը ապրիլ եւ կեանքի ամէն մէկ պահը լեցուն ապրիլ։ Արդարեւ Յիսուս ալ այս նոյն բանը կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուինք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է», (ՄԱՏԹ. Զ 34)։ Արդարեւ վաղուան մտահոգութիւնը այսօրուան հոգերուն վրայ բարդուելով մտահոգութիւններ կը կրկնապատկուին, կը կուտակուին եւ այդ պատճառով անոնց դիմադրել եւ անոնց հետ պայքարիլ կը դժուարանայ, եւ զանոնք լուծել շատ անգամ անկարելի կ՚ըլլայ։ Մինչդեռ հարցերը մէկ մէկ լուծել շատ աւելի դիւրին ճամբայ մըն է, զանոնք բաժնել, եւ ամէն օր մէկը լուծելու աշխատիլ շատ աւելի արդիւնաբեր կ՚ըլլայ…։
Ուրեմն «պահը ապրիլ»՝ կեանքին հարցերը օրերու մէջ բաժնելով լուծել, այդ կարճ եւ ազդու կերպը ընտրել, հարցերը նուազեցնել, խնդիրները «դիւրին լուծելի» ընել կը նշանակէ։ Ուրիշ խօսքով՝ խոշոր հարցերը պզտիկցնել, մասերու բաժնել անոնք դիւրատար կ՚ընէ եւ պայքարը կը դիւրացնէ։
«Կեանքը լեցուն ապրիլ»՝ կեանքը իրականութեան վերածել մեր առօրեային մէջ։ Մտացածին հոգերով կեանքը դժուարացնել, յաճախ անտանելի ընել երջանկութեան ամենամեծ արգելքն է մարդուս համար։ Ասիկա, անշուշտ դատարկախօս պատգամաբերներու շատախօսութեամբ իրականացնել կարելի չէ՛։ Պարզ բայց ազդու խօսքերով միա՛յն կարելի է «լեցուն կեանք» ապրիլ։
Արդարեւ, «կեանքը լեցուն ապրիլ» կեանքի ոճ մըն է՝ գործի եղանակ մը եւ ճամբայ մը։ Ուստի պէտք է բոլոր ուղեկորոյսները՝ իրենք զիրենք ապերջանիկ, դժբախտ եւ յուսալքուած զգացողներ դիմեն այս ճամբուն՝ որուն վերջաւորութեան պիտի հասնին երջանկութեան։
Երջանկութեան ջերմ զգացումը անբաժան մէկ տարրն է հոգեկան այն ապրումին՝ որուն մէջ դժուարութիւնները, նեղութիւնները, մտահոգութիւնները յաղթահարելու ուրախութիւնը կայ, եւ որուն հորիզոնին՝ ակնկալութիւններու, յոյսերու, նուաճումներու շողեր կը փայլին հոգիներէն ներս։ Յաղթահարելու, դիմադրելու, տոկալու համար նեղութիւններու քա՛ջ ըլլալու է մարդ։ Չէ՞ որ Յիսուս կը պատուիրէ քա՛ջ ըլլալ երբ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Կեանքին քաշողական ուժը, մարդուս մտերմութիւնը իր շուրջիններուն, իր մերձաւորներուն հետ, սերտ կապերը անոնց ամէն մէկուն հետ, անհատապէս կամ հաւաքաբար. ահա ապրումներ եւ տարրեր մարդկային հոգեկան աշխարհէն ներս, որոնց սէրը եւ կարօտը կը բանան իւրաքանչիւր անհատի ներքին մարդը «իմաստ»ին եւ «արժէք»ին։
Եւ կեանքի ամէն մէկ պահը «իմաստ»ով եւ «արժէք»ով ապրիլ՝ գեղեցկագոյն կողմն է կեանք կոչուած ընթացքին։ Ինքնաճանաչութեան առիթ մըն է «պահ»ը՝ մտասեւեռումի, ինքնապրկումի վռճական պահ մը, որ երբ խոր գիտակցութեամբ ապրուի՝ իր անջինջ դրոշմը կը թողու ամբողջ կեանքի տարածքին եւ ներքին բովանդակութեան՝ ներաշխարհային կեանքին վրայ, ինչպէս նկարի մը խորքի գոյնը, որուն վրայ կը ձեւաւորուին ամբողջ մանրամասնութիւնները եւ կը կազմեն նկարին գեղարուեստական արժէքը։
Ահաւասիկ, «պահ»ը իր խորունկ իմաստին մէջ ապրելու կարեւորութիւնը եւ մինչեւ իսկ անհրաժեշտութիւնը։ Մարդ, միտքը կեդրոնացնելով, կամ ըսենք, սեւեռելով կարգ մը հիմնական գաղափարներու վրայ, կրնայ «պահ»ը ապրիլ իր իսկական արժէքին եւ իմաստին համեմատ։
Արդարեւ «պահը իր խորունկ իմաստին մէջ ապրիլ» իր մէջ ունի մարդուս քալելիք կեանքի ճամբուն վրայ լոյս ցանելու ո՛ւժը։
Պարզ եւ կտրուկ խօսքով, մարդ պէտք է ապրի «այսօր»ը՝ զայն պահերու վերածելով, եւ «վաղուան օրուան հոգ»ը թողու վաղուան, վաղուանը չփոխադրէ այսօրուան, վաղուան երեւակայական, մտացածին, չիրականացած հոգերով չլեցնէ, չխճողէ այսօրուան կեանքը, ինչ որ կը նշանակէ երեւակայական, անիրական հոգերով, այսինքն մտահոգութիւններով դժուարացնել ներկայ՝ այսօրուան հոգերը, անլուծելի դարձնել զանոնք։
Ուստի, ինչպէս ըսինք, հոգերը՝ անոնց վրայ ուրիշ հոգեր կուտակելով, բարդելով աւելի եւս կը մեծնան, որոնց հետ պայքարիլ հետզհետէ կը դժուարանայ։ Ուրեմն մարդ պէտք չէ՛ ինքն իրեն ըսէ. «ի՞նչ պիտի ընեմ…», այլ՝ «ի՞նչ ընեմ…»։ Եւ քաջ ըլլալու համար պէտք է ներկայ նեղութիւն մը, հոգ մը ըլլայ, թէ ոչ՝ երեւակայական հոգի մը հանդէպ քաջ ըլլալ որեւէ արժէք չի ներկայացներ, քանի որ քաջութիւնը տեսանելի, իրական նեղութեան մը դէմ կարելի է գործադրել եւ օգտագործել։
Արդարեւ, Յիսուսի անսուտ եւ ստոյգ խօսքով՝ աշխարհի վրայ նեղութիւններ՝ հոգեր միշտ պիտի ըլլան, եւ դարձեալ Յիսուսի խօսքով, այդ նեղութիւնները եւ հոգերը պէտք է օրուան մէջ ապրուի եւ վաղուան նեղութիւնը եւ հոգը վաղուան ձգուի, քանի որ վաղուան հոգը այսօրուան հոգը չէ, եւ վաղուան հոգը՝ վաղը ինք կը խորհի։ Մարդ չի գիտեր, որ վաղը ի՞նչ պիտի պատահի, ի՞նչ բան պիտի ներկայանայ։ Ուրեմն, այսօրուանը հոգալով, այսօրուան հոգը վաղուան չփոխանցելու աշխատելով կարելի է միայն վաղուան հոգերը նուազեցնել։ Արդարեւ, ժողովրդական իմաստութիւնը իրաւացիօրէն ըսած է. «այսօրուան գործը վաղուան մի՛ թողուր»։
Ուրեմն, իմաստութի՛ւն է հոգերը, նեղութիւնները բաժնել՝ օրէ օր անոնք լուծելու աշխատիլ՝ փոխանակ վաղուանը միացնելով այսօրուան։ Անշուշտ ուրիշ հարց մըն ալ անցեալի հոգերուն այսօրուան եւ յետոյ վաղուան փոխանցելն է, որ կը բարդէ եւ կը դժուարացնէ զանոնք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 10, 2018, Իսթանպուլ