ՏԱԹԵՒԱՑԻՆ՝ ԽԱՉԻ ՄԱՍԻՆ

Հայ միջնադարեան աստուածաբանական եւ իմաստասիրական մտքի սիւներէն մէկն է Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին։ Անոր հոգեւոր ժառանգութիւնը դարակազմիկ նշանակութիւն ունեցած է հայ աստուածաբանական եւ իմաստասիրական մտքի պատմութեան մէջ։

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1409 դեկտեմբեր 27) թողած է հսկայածաւալ մատենագրական ժառանգութիւն՝ քարոզներ, մեկնութիւններ, դաւանաբանական, իմաստասիրական աշխատասիրութիւններ։ Իր «Գիրք Հարցմանց»ը (1397) եւ «Ոսկեփորիկ»ը (1401) Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան համար իւրայատուկ նշանակութեամբ եւ կարեւորութեամբ օժտուած աշխատասիրութիւններ են՝ որոնք հանրագիտարանային արժէք եւ բնոյթ ունին։

Ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի խաչի մասին, երբ կը պատասխանէ իր «Քրիստոս ինչո՞ւ խաչով մեռաւ» հարցումին։

«Նախ՝ որովհետեւ Խաչը աւելի կը հակադրուի Ադամի մեղքին, քանզի Ադամը ոտքով գնաց եւ ձեռքը երկարեց ծառին, կերաւ պտուղը եւ եղծեց մարդկային ցեղը. այդպէս ալ մեր Տէրը ոտքով գնաց դէպի Խաչը, ձեռքը բեւեռից փայտի վրայ եւ լեղի ճաշակեց եւ ա՛յդպէս փրկեց մարդկութիւնը ամբողջ։

«Երկրորդը՝ քանի որ անարգ էր Խաչի մահը, ինչպէս Օրէնքի մէջ կ՚ըսուի.- Անիծեալ է իւրաքանչիւր ոք, որ կախուած է փայտէն։ (Բ ՕՐ. ԻԱ 23)։ Այդ պատճառով ալ Քրիստոս կախուեցաւ փայտէն, վերցուց մեր մեղքերը եւ օրհնեց մեզ։

«Երրորդ՝ Իսահակի խոյը կախուեցաւ Սաբեկի ծառէն, որ երկճիւղ էր, որ օրինակն էր Քրիստոսի ճշմարիտ Խաչին։

«Չորրորդ՝ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ.- Քրիստոս այն պատճառով Խաչ բարձրացաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ իր մահը ճանապարհ է դէպի երկինքի արքայութեան, ինչպէս Յակոբ տեսաւ սանդուխներ, որոնց գլուխը երկինք կը հասնէր, եւ Տէրը հաստատուած էր անոր վրայ։

«Եւ ուրիշ բազմաթիւ խորհուրդներ ունի ան։

«Ի՞նչ կը նշանակեն Խաչի չորս թեւերը։

«Առաջին՝ կը նշանակեն չորս բարութիւնները՝ որ Քրիստոս տուաւ մեզի։ Վերի մասը ցոյց կու տայ ԵՐԿՆՔԻ ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑՈՒԻԼը, վարինը՝ ԴԺՈԽՔԻ ԱՒԵՐՈՒՄը, աջը՝ ՇՆՈՐՀՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄը, ձախը՝ ՄԵՂՔԵՐՈՒ ԹՈՂՈՒԹԻՒՆը։

«Երկրորդ՝ կը նշանակեն չորս առաքինութիւնները, որոնք հարկ է տարածել մեր -ներքին մարդու մէջ։ Վերի մասը կը նշանակէ սէրը, վարինը՝ խոնարհութիւնը, աջը՝ հնազանդութիւնը, ձախը՝ համբերութիւնը։

«Երրորդ՝ կը նշանակէ մեր՝ դրախտէն ղրկուիլը, քանի որ աջ էինք՝ ձախ դարձանք։ Եւ (Վերն էինք եւ վար իջանք) նաեւ։

«Չորրորդ՝ կը նշանակէ մեր չորս խորհուրդները. վերին մասը՝ միշտ վերի մասին խորհիլ, ուր Քրիստոս է նստած (ԿՈՂ. Գ 2), վարինը՝ մեր կեաքի վախճանն է։ Աջը եւ ձախը դատաստանի ընտրութիւնն է. փառքը՝ աջակողմեաններուն պատիժը՝ ձախակողմեաններուն, եւ այլ բազմաթիւ խորհուրդներ ունի։

«Դարձեալ՝ բազում նշանակութիւն ունի քառաթեւ խաչը. նախ կը նշանակէ Եզեկիէլի քառադէմ կառքը, եւ Տէրը անոր վրայ բազմած, այլեւ, ինչպէս ըսուեցաւ, Յակոբի սանդուխքը, եւ Տէրը անոր վրայ հաստատուած. այլեւ անոր ոտքի տակ գամուողը աղիւսաձեւ շափիւղայի (=կապոյտ եւ թանկագին քար մը) ակ է. այլեւ ամաղեկացիներու (=հզօր ժողովուրդ Ապառաժ Արաբիոյ մէջ՝ Մեռեալ եւ Կարմիր ծովերուն մէջտեղը, թերեւս իբրեւ թափառական) դէմ Մովսէսի ձեռքերուն տարածումը, այլեւ՝ Նոյեան տապանը եւ Մովսէսի տապանակը, եւ քաւութիւնը անոր վրայ. ողջակէզներու սեղան է, եւ սրբութեան սեղան. խունկերու սեղան է։ Եւ այս բոլորը քառակուսի են, որ կը նշանակեն Քրիստոսի քառաթեւ խաչը։ Եւ դարձեալ, աշխարհի չորս կողմը խաչաձեւ է, արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս եւ հարաւ։

«Նաեւ բոլոր մարմիններու տարրերը չորս սկզբունք ունին։ Խաչաձեւ է նաեւ մարդը՝ բոլոր կենդանիներու գլուխը։ Խաչաձեւ են նաեւ օդին մէջ սաւառնող թռչունները, որոնք թեւերը երկու կողմ տարածած՝ տեսական միտքը կը նշանակեն։

«Նաեւ նաւը որ ջուրի վրայ կ՚ընթանայ խաչաձեւ է. երբ քամին կը բանայ առագաստը, եւ պարզած թեւերով կը հասնի նաւահանգիստ։ Եւ այդպէս, մարդիկ երկու թեւերով կը հասնին յաւիտենական կեանքի փառքին։

«Եւ երբ խաչի մասին է խօսքը, կը յիշենք նաեւ այն եօթը խօսքերը՝ որ Քրիստոս արտասանեց Խաչի վրայ։

«Առաջինը՝ Հա՛յր, ներէ անոնց։

«Երկրորդը՝ Այսօր ինծի հետ կ՚ըլլաք դրախտի մէջ։

«Երրորդը՝ Կին, ահա քու որդին։

«Չորրորդը՝ Ծարաւ եմ։

«Հինգերորդը՝ Էլի՜, էլի՜, լա՞մա սաբաքտանի. որ կը նշանակէ.- Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս։

«Վեցերորդը՝ Քու ձեռքդ կը յանձնեմ իմ հոգին։

«Եօթներորդը՝ Ամենայն ինչ կատարուած է.

«Առաջին խօսքը կ՚ուսուցանէ մեր դէմ գործուած անիրաւութիւններուն ներել,

«Երկրորդը՝ լսել աղաչանքները, խնդրանքները,

«Երրորդը՝ պատուել ծնողները,

«Չորրորդը՝ մեր փրկութիւնը ցանկանալ,

«Հինգերորդը՝ նեղութեան պահուն առ Աստուած աղաղակել,

«Վեցերորդը՝ մեր բոլոր հոգերը Աստուծոյ վրայ դնել,

«Եօթներորդը՝ կեանքը վերջացնել պատշաճ վախճանով։

«Քրիստոս արեամբ մեռաւ, որովհետեւ Հին Ուխտը անասուններու արեամբ կը սրբուէր. իսկ Քրիստոս՝ Ճշմարտութի՛ւնը Իր արեամբ սրբեց մեզ։ Նաեւ, արեամբ հաշտեցուց մեզ Հօրը հետ։ Եւ արեամբ գնեց մեզ եւ արեամբ մեզ գրեց Կեանքի Գիրքին մէջ։ Քրիստոս արեամբ «Նոր Ուխտ» կնքեց մեզի հետ Հին Ուխտին փոխարէն։

«Քրիստոս արեամբ մեռաւ, որովհետեւ կենարար կերակուր եւ ըմպելիք տուաւ մեզի, ըստ այն խօսքի, թէ՝ Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ…։ (ՅՈՎՀ. Զ 54)»։

Արդարեւ, մե՛ծ է Խաչին խորհուրդը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 12, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018