ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՒՆ
Կը պատահի օր մը, որ երեք եղբայր երջանկութիւնը կը տեսնեն փոսի մը մէջ։
Եղբայրներէն մին կը մօտենայ երջանկութեան եւ դրամ կը խնդրէ անկէ։ Երջանկութիւնը կու տայ իրեն ուզած դրամը եւ ան երջանիկ կը հեռանայ…։
Միւս եղբայրը գեղեցիկ կին մը կը խնդրէ եւ անմիջապէս կը ստանայ զայն եւ ուրախութեամբ կը փախչի անոր հետ…։
Երրորդ եղբայրը, զգոյշ կերպով կը մօտենայ փոսին։
-Քեզի ի՞նչ պէտք է, կը հարցնէ երջանկութիւնը։
-Իսկ քեզի ի՞նչ պէտք է, հարցումով կը պատասխանէ տղան։
-Դուրս հանէ զիս այստեղէն, կը խնդրէ երջանկութիւնը։
Եւ երրորդ եղբայրը ձեռքը կ՚երկարէ դէպի երջանկութիւնը, զայն կը հանէ փոսէն, եւ կը հեռանայ…։
Իսկ երջանկութիւնը կը հետեւի տղուն։
Երջանկութիւնը ձրի պարգե՛ւ մըն է, եւ մարդ տեւական կը ձգտի երջանկութեան, բայց չի խորհիր, որ ան ալ կարելի է որ պահանջներ ունենայ, իր կարգին հոգածութեան առարկայ ըլլայ։ Երջանկութիւնը մարդուս ամբողջ կեանքին առաջնակարգ նպատակն է, եւ ինչպէս ամէն ինչ, անիկա ալ ձեռք ձգելու համար պէտք է գոնէ նուազագոյն ջանքը ցոյց տայ, որպէսզի արժանի ըլլայ անոր։
Երջանկութիւնը կրնայ ըլլար «փոս»ը եւ կամ լերան «գագաթ»ը, պէտք է զայն փնտռել, եւ անոր օգնել, որպէսզի հասնի մեզի, եւ երբ անգամ մը հասնի, պէտք է մարդ զայն լաւ խնամէ, այլապէս կրնայ հեռանալ դարձեալ իրմէ՝ կա՛մ փոսը, եւ կա՛մ լերան գագաթը եւ գուցէ այլեւս երբեք չվերադառնայ…
Մարդկային իղձն է երջանկութիւնը անձին։ Արդարեւ, մարդը իր բացումով դէպի ճշմարտութիւն եւ գեղեցկութիւն, իր զգացումով բարոյական բարիին, իր ազատութեամբ եւ իր խղճմտանքին ձայնով, անհունին եւ երջանկութեա՛ն իր տենչանքով, մարդը ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին։
Ի՞նչ է երջանկութիւնը։ Քանի որ «նպատակ» մըն է ան, ապա ուրեմն «իմաստ» մը ունենալու է։
Տառացիօրէն ան կը նշանակէ՝ անխառն ուրախութիւն, բարօրութիւն, երանութիւն, կատարելութի՛ւն։
Բայց երջանկութիւնը, նաեւ պայմանաւոր, յարաբերական հասկացողութիւն մը, ըմբռնում մըն է. ի՛նչ որ մէկու մը համար «երջանկութիւն» կը համարուի, ուրիշ մէկուն համար, իր աչքին «արհամարհելի» կրնայ ըլլալ։
Կը հետեւի ուրեմն, թէ «երջանկութիւն»ը բոլորովին յարաբերական զգացում մըն է։ Ուստի, կայ մարդ, որ շերտ մը հացով ինքզինք երջանիկ կը զգայ, կայ մարդ նաեւ, որ միա՛յն շերտ մը հաց ունենալուն համար ինքզինք դժբախտ, ապերջանիկ կը զգայ։ Եւ ասոր պատճառը այն է, որ երջանկութեան զգացումը աշխարհային, կամ ըսենք, մարմնի հետ կապ ունեցող զգացում մըն է. երջանիկ ըլլալու համար մարդուն մարմնական֊ֆիզիքական կողմը պէտք է գոհ եւ բաւականացած ըլլայ…։
Եւ մարդը, պատմական պայմաններու մէջ, ուր ան կը գտնուի, կը զգայ բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ հասնելու ճշմարտութեան իր իսկ իմացականութեան լոյսով։ Ճշմարտութեան հասնիլ կրնա՞յ երջանկութիւն պատճառել անխտիր բոլոր մարդոց։ Ճշմարտութեան արժէքը եւ իմաստը չգիտցող մէկու մը համար «երջանկութիւն» կրնա՞յ սեպուիլ անոր հասնիլ։ Հաւանաբար «ո՛չ» պիտի ըլլայ պատասխանը անոնց, որոնք գիտեն «ճշմարտութեան» իսկական իմաստը ե՛ւ արժէքը։
Այս ուղղութեամբ, պէտք չէ շփոթել երջանկութիւնը եւ երանութիւնը իրարու հետ։
Երանութիւնն ալ, նոյնպէս ձրի պարգեւ մըն է մարդուս։
Այս մասին Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ.
«Հոն պիտի հանգչինք եւ տեսնենք։ Պիտի ունենանք եւ սիրենք, պիտի սիրենք եւ գովաբանենք։ Ահաւասիկ ինչ պիտի ըլլայ մեր անվախճան վախճանը։ Մենք ուրիշ ի՞նչ վախճան ունինք, եթէ ոչ հասնիլ արքայութեան, որ վախճան պիտի չունենայ»։
Երանութիւնը մարդս «մասնակից կ՚ընէ աստուածային բնութեան». (Բ ՊԵՏՐ. Ա 4), եւ յաւիտենական Կեանքին։ Անով մարդը կը մտնէ Քրիստոսի փառքին եւ Ս. Երրորդութեան կեանքին վայելքին մէջ։ Այսպիսի երանութիւն մը կը գերազանցէ երջանկութիւնը, իմացականութիւնը եւ սոսկական մարդկային բոլոր ուժերը։ Ան կը բխի Աստուծոյ ձրի մէկ պարգեւէն։ Այս պատճառով, «երանութիւն»ը կը կոչուի գերբնական, ինչպէս շնորհքը՝ որ տրամադիր կ՚ընէ մարդը մտնելու աստուածային ուրախութեան մէջ։ Եւ այդ «ուրախութիւնը» նման չէ՛ աշխարհային երջանկութեան։
Նոր Կտակարանի մէջ կը յիշուի եւ կը գործածուի բազմաթիւ բառեր, ասացուածքներ յատկանշելու համար այն երանութիւնը՝ որուն կը կոչէ Աստուած, մարդը։ «Երանի՜ սրտով սուրբերուն, որովհետեւ անոնք պիտի տեսնեն Աստուած». (ՄԱՏԹ. Ե 8), (Ա ՅՈՎՀ. Գ 2), (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 12)։ Ուստի «երանութիւն»ը՝ մուտքն է Աստուծոյ ուրախութեան մէջ. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 21-23) եւ մուտքը Աստուծոյ հանգիստին մէջ. (ԵԲՐ. Դ 7-11)։
Ուստի, Կեանքի տանող Քրիստոսի ճանապարհին համար. (ՄԱՏԹ. Է 14) կարեւոր եւ անհրաժե՛շտ է կրօնուսուցումը երանութիւններուն, որովհետեւ Քրիստոսի ճանապարհին համառօտութիւնը՝ երանութիւններն են, միա՛կ ուղին՝ դէպի յաւիտենական երջանկութիւնը, որուն կը տենչայ մարդուն հոգին։ Այլապէս, ներհակ ճանապարհը «կը տանի կորուստի». (ՄԱՏԹ. Է 13), (Բ ՕՐՆ. Լ 15-20), կորուստի եւ ապերջանկութեան, դժբախտութեան…։
Աստուած յաւիտենական երանութիւն է. անմահական կեանք եւ անշիջանելի լո՛յս։ Աստուած Սէ՛ր է, Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, եւ Աստուած կ՚ուժէ ամենայն յօժարութեամբ եւ ազատակամօրէն հաղորդել Իր երանաւէտ կեանքին փառքը։ Ահաւասիկ, ա՛յս է «հաճութեան ծրագիրը». (ԵՓՍ. Ա 9), զոր Ան յղացաւ արարչագործութենէն առաջ իր սիրելի Որդիին մէջ. «կանխաւ նախասահմանելով մեզ որդեգրութեան Անոր մէջ». (ԵՓՍ. Ա 5), այսինքն. «ըլլալու կերպարանակից Իր Որդիին պատկերին». (ՀՌՈՄ. Ը 29) շնորհիւ «որդեգրութեան Հոգիին». (ՀՌՈՄ. Ը 28)։
Այս ԾՐԱԳԻՐը շնորհք մըն է «տրուած բոլոր ժամանակներէ առաջ». (Բ ՏԻՄ. Ա 9)։ Ան կը ծաւալի, կը տարածուի ամբողջ արարչագործութեան վրայ, իսկ անկումէն ետք՝ փրկութեան ամբողջ պատմութեան վրայ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին առաքելութիւններուն մէջ՝ զորս կը շարունակէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Այս «ծրագիր»ը կը բխի անմիջորդ Սուրբ Երրորդութեան Սէրէն։ Ուստի ամբողջ աստուածային տնտեսութիւնը աստուածային Երեք Անձերու՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հասարակաց գործն է։ Աշխարհային ժամանակաւոր երջանկութիւններ մարդկային կեանքի մէջ միշտ կը պատահին, եւ նոյնիսկ կը ծաւալին կեանքին բաւական մեծ մասին մէջ, եւ սակայն այդ երջանկութիւնը մարդս չի տանիր երանութեան, քանի որ անոնք կը մնան աշխարհի վրայ, որ սահմանափակուած են մարդկային երկրային կեանքին մէջ։
Ճշմարիտ երջանկութիւնը երկնային երջանկութիւնն է, որ «երանութիւն» է՝ մնայուն եւ տեւակա՛ն։ Ուստի ճշմարիտ երջանկութեան բաղձանքը կ՚ազատագրէ մարդը այս աշխարհի ինչքերուն անչափ փարումէն եւ զայն կը կատարելագործէ Աստուծոյ տեսութեան եւ երանութեան մէջ։
«Աստուած տեսնելու խոստումը կը գերազանցէ ամէն երանութիւն։ Աստուածաշունչին լեզուով, տեսնելը՝ ունենա՛լ է։ Աստուած տեսնողը, արդէն ընդունած է ամէն բարիք, զոր կարելի է պատկերացնել», կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի։
Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, ո՞րն է նախընտրելին ըստ ձեր կարծիքին. երկրային երջանկութի՞ւնը, թէ երկնային երանութի՜ւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 15 2022, Իսթանպուլ