ԴԱՍԱԼԻՔ ԸԼԼԱԼ…
Շա՜տ տարիներ առաջ, երբ Հէնովըր կը գտնուէր բրիտանական թագին տակ, երիտասարդ մը զինուորագրուեցաւ հէնովըրեան պահակազօրքին եւ որոշ ժամանակ մը հաւատարմօրէն ծառայեց իր երկրին եւ թագաւորին։
Սակայն ժամանակ մը ետք ան բանակէն դասալիք եղաւ՝ կռիւէն, պայքարէն վերջ։ Թերեւս իր սիրտը նուաղեցաւ, կամ պատերազմէն ձանձրացաւ։ Պատճառը ի՛նչ որ էր, ան լքեց բանակը եւ որպէս «դասալիք», փախստական կը շրջէր։
Դասալիքութիւնը բրիտանական զինուորական օրէնքին առջեւ աններելի՛ ոճիր մըն էր։
Ինքզինք պահելու համար դասալիքը Անգլիա եկաւ, եւ քանի որ ինք կարող երաժիշտ մըն էր, երաժշտութիւնը որպէս արուեստ ձեռք առաւ։ Որոշ ժամանակ մը ետք ան ժողովրդականութիւն շահեցաւ, նաեւ յաջողութիւն եւ համբա՛ւ։ Քանի որ ինք շատ ուսումնասէր եւ գիտական հարցերով հետաքրքրուող մըն էր, իր ապագայ ժամերուն միտքը կեդրոնացուց ուսողութեան եւ աստղաբանութիւն սորվեցաւ, եւ շինեց հեռադիտակ մը իր անձնական ջանքերով։
Գիշեր մը, երբ կը զննէր երկինքը, ան նշմարեց աստղ մը, որ վստահօրէն մոլորակ մըն էր, որ նախապէս աստղագէտներ չէին նշմարած։ Իր սիրտը սկսաւ ուժգին տրոփել, որովհետեւ ան գիտէր, թէ դէպի մեծ համբաւի մը մեծ ոստում մը կը նետէր։ Ներքնապէս վստահ էր ասոր։ Դարե՜ր շարունակ աստղագէտներ միա՛յն հինգ մոլորակ գիտէին. Արուսեակը (Venus), Փայլածուն (Mercury), Երեւակը (Saturn), Լուսնթագը (Յուպիտեր. Jupiter), եւ Հրատը (Mars)։ Այդ գիշեր ան կը գիտակցէր, թէ աշխարհ գիտցաւ վեցերորդը։
Քիչ ժամանակ ետքը, ան դարձաւ աշխարհահռչակ աստղագէտը, Ուիլիըմ Հէրշըլը։ Ժողովրդական երաժիշտը հիմա դարձաւ համբաւաւոր աստղագէտ մը, նոր մոլորակ՝ Ուրանոսը (Ուրան, Uranus) երեւան հանողը։ Ոչ շատ արագ, ինչպէս եւ այս օրերուն, լուրը շուտով տարածուեցաւ բոլոր գիտական աշխարհը։ Եւ նախքան ուրիշ երկիրներէ՝ Ճորճ Գ. թագաւորէն հրաւէր ստացաւ ներկայանալու Ուինտսըրի դղեակը՝ իր առջեւ։
Թագաւորը որոշ չափով կը հետաքրքրուէր գիտական լուրերով եւ ուզեց անձամբ լսել ինք եւ իր խորհրդարանի անդամները այս սքանչելի յայտնութեան պատմութիւնը։
Սակայն բոլոր այս ժամանակը, հակառակ իր համբաւին, իր կարողութեան եւ իր ստացած պատիւներուն, Ուիլիըմ Հէրշըլ ենթարկուած էր օրէնքին՝ որպէս «դասալիք»։ Հոգ չէր թէ ինք ինչ որ էր մարդոց եւ գիտական աշխարհի առջեւ՝ արդարութեան ձեռքը իր վրայ կրնար ծանրանալ եւ պիտի բանտարկուէր, որովհետեւ ինք «փախստական» էր եւ ներում չէր ստացած եւ ազատ արձակուած։
Թագաւորը գիտէր իր պարագան, սակայն ինք չէր գիտեր, որ արքան գիտէր։ Այսպէս Հերշըլ (William Herschel, 1792-1871) եկաւ եւ ներկայացաւ թագաւորին առջեւ։ Բոլոր խորհրդարանը հոն հաւաքուած էր, երբ ան ներկայացաւ։ Արդարեւ, ինք չէր գիտեր եւ նոյնիսկ չէր երազած այն ի՛նչ որ պիտի պատահէր։
Երբ ինք յառաջացաւ, թագաւորը դիմաւորեց զինք եւ հետեւեալ խօսքերը ուղղեց իրեն. «Նախքան գիտութեան մասին խօսիլը, պզտիկ խնդիր մը կայ, որ պէտք է կարգաւորել»։ Մինչ այս խօսքերը կ՚արտայայտէր թագաւորը, թուղթ մը յանձնեց Հէրշըլին։ Ան զարմանքով եւ թէ հետաքրքրութեամբ բացաւ եւ կարդաց զայն։
Թագաւորին կողմէ դասալիքին շնորհուած անակնկալ եւ հիանալի ՆԵՐՈՒՄ մըն էր այդ։ Ինք այլեւս ազատ էր օրէնքէն՝ որ բանտարկութիւն եւ մահուան դատապարտութիւն կը նշանակէր։
Մեծ աստղագէտ Ուիլիըմ Հէրշըլի կեանքէն առնուած այս իրական եւ շատ հետաքրքրական դէպքը՝ մեզի կը խօսի եւ մասամբ կը պատկերացնէ այդ մեծ ներումին մասին՝ որ Աստուած Քրիստոսի խաչին վրայ կատարած զոհողութեան միջոցաւ շնորհեց մեղաւոր մարդկութեան՝ որ յաւիտենական մահուան դատապարտուած էր՝ աստուածային օրէնքով։
«Որով փրկութիւն ունինք մենք Իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն իր շնորհքին ճոխութեանը չափովը»։
Ծանօթագրութիւն.-
Sir John Frederick William Herschel. ծնած է 7 մարտ 1792-ին եւ մեռած՝ 11 մայիս 1871-ին։ Անգլիացի թուաբանագէտ, աստղագէտ եւ տարրագէտ։ Քոյրը՝ Caroline Lucietia Herschel (16 մարտ 1750-9 յունուար 1848) նոյնպէս աստղագէտ մը եղած է։ William Herschel ունի նաեւ իր անունով հեռադիտակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024