ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԻԵ.)
ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ
Անցեալին ծնողներու համար մեծագոյն վտանգ կը սպառնար շրջապատը, սակայն այսօր շրջապատը աւելի նուազ վտանգ կը սպառնայ՝ քան համացանցը: Անցեալին պատանիի մը շրջապատը գրեթէ յստակ էր. անոր ընկերները կա՛մ դասընկերներն էին եւ կամ դրացի հասակակիցները. առաւելագոյն պարագային մի քանի փողոց վեր ապրող տղաքը, սակայն այսօր վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր է: Մերօրեայ համացանցը անծանօթ փողոց մըն է, ուրկէ կ՚անցնին ոճրագործը, գողը, թմրամոլը, չարագործն ու բոլո՛ր անոնք՝ որոնք անվերլուծելի են:
Անցեալին կարելի էր ձեւով մը զաւակը հեռու պահել շրջապատէն, տունէն դուրս գալը չարտօնելով, այլ զբաղումներ ու խաղեր առաջարկելով, սակայն այսօր ո՛չ թէ մեր զաւակները դուրս, այլ դուրսինները մեր տուն մտած են՝ համացանցի շնորհիւ: Անծանօթներու կողքին համացանցը ունի այլ վնաս մը եւս՝ ապատեղեկատուութիւնը. նախապէս գրեցինք, որ մանուկներն ու պատանիները հետաքրքիր կ՚ըլլան եւ կ՚ուզեն ամէն բան հասկնալ. անցեալին այդ հարցերը կը տրուէր ծնողքին, սակայն այսօր համացանցը եկաւ յագեցնելու անոնց ծարաւը, տալով այնպիսի պատասխաններ որ ո՛չ միայն ճշմարտութեան հետ աղերս կրնայ չունենալ, այլ մինչեւ իսկ կրնայ ոտնակոխ ընել ծնողքին փոխանցել փորձած բոլոր կրթութիւնն ու վարքագիծը:
Յաճախ ծնողներ իրենց պատանիներուն համացանցի վրայ երկար ժամանակ անցընելը կ՚որակեն որպէս «զբաղում», սակայն իրականութեան մէջ այդ զբաղումը կրնայ սուղ գին մը ունենալ: Այդ վտանգները աւելի յստակ դարձնելու համար մի քանի իրական դէպքեր յիշենք.-
Համաշխարհային լրատուութեան հետեւողները լաւապէս գիտեն, թէ ինչպէս անցնող մի քանի տարիներու ընթացքին համացանցային խաղերու պատճառով քանի՜ քանի պատանիներ ինքնասպան եղան. 2015-2016 թուականներուն «Կապոյտ կէտ-ձուկ» անունով խաղը պատճառ դարձաւ աւելի քան 130 մանուկներու մահուան: Խօսինք մեր ժամանակներուն մասին. տակաւին մի քանի ամիսներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պատանի մը մահացաւ. ոստիկաններ անոր հեռաձայնին մէջէն յայտնաբերեցին զանազան ժապաւէններ խեղդամահ ըլլալու մասին: Այս պարագան միայն 10-14 տարեկան պատանիներուն պարագան չէ. մինչեւ անգամ 18 տարեկան պատանի-երիտասարդ մը ինքնասպան եղած էր՝ համացանցային խաղին մէջ «պարտուելուն» համար:
Միւս վտանգաւոր երեւոյթը սեռականութիւնն է. սիրահարութիւնը եւ սեռային յարաբերութիւնը պատանիները հետաքրքրող նիւթերէն մէկն է եւ ցաւ ի սիրտ, այդ հետաքրքրութեան տարիքը տարուէ տարի կը նուազի, հասնելով մինչեւ 10-11 տարեկան պատանիներու մօտ: Ցաւ ի սիրտ, շատ անգամ այդ բոլորը հետաքրքրութեան սահմաններուն մէջ չի մնար. անոնք կապ կը սկսին հաստատել իրենցմէ աւելի մեծ տարիքի անձերու հետ եւ շատ մը հարցերու պատասխանը կը փորձեն անոնցմէ ստանալ: Շատ անգամ, ցաւ ի սիրտ, խնդիրը պատասխան ստանալէն դուրս գալով այլ մակարդակ կը ստանայ: Հետեւա՞նք. դիմենք դարձեալ համաշխարհային լրատուութեան. 25 յունիս 2023 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պարմանուհի մը ինքնասպան կը դառնայ, համացանցի մէջ տարածուած իր մերկ նկարներուն պատճառով: Նման դժբախտ պատահարներ կը տեսնենք նաեւ տղաներու պարագային. դժբախտ պատկեր է, սակայն վիճակագրութիւններու համաձայն տարեկան աւելի քան 21 միլիոն անչափահաս պարմանուհիներ յղի կը դառնան եւ անոնց մեծամասնութիւնը կը յղիանան համացանցի ճամբով ծանօթացած «անծանօթ»ներու կողմէ: Տակաւին ամիս մը առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Օքլահոմա քաղաքին մէջ 12 տարեկան մանուկ-պատանի մը 27 տարեկան իր «սիրած»ին կողմէ յղիանալով մանուկ մը լոյս աշխարհ բերաւ: Ցաւ ի սիրտ, նման դէպքեր կը պատահին նոյնիսկ 10-11 տարեկան մանուկներու պարագային:
Յաճախ ծնողներ կը հպարտանան, որ իրենց պատանին «վարպետօրէն» կը գործածէ համացանցը։ Մերօրեայ ծնողները այնքան ալ կարելի չէ այպանել, որովհետեւ անոնք այնքան ալ չկրցան հասկնալ համացանցին ինչ ըլլալը, սակայն յոյս ունինք, որ ապագայ սերունդներու պարագային ծնողներ աւելի գիտակից գտնուին, լաւապէս ճանչնալով եւ հասկը-նալով համացանցին ինչ ըլլալէն։ Մեծահասակ հայրերու եւ մայրերու համար համացանցը ծանօթներու հետ հաղորդակցելու միջոց կրնայ թուիլ, սակայն նոր սերունդը՝ որ մայր ու հայր պիտի դառնայ, լաւապէս պիտի յաջողի հասկնալ համացանցին ինչ ըլլալը:
Երրորդ վտանգաւոր բաժինը համացանցի մէջ գտնուող «յայտնի»ները որպէս տիպար ընդունիլն է. անոնք կրնան որպէս տիպար ընդունիլ անբարոյական անձ մը եւ անոր կողմէ կատարուած բոլոր անբարոյութիւնները ընդօրինակէ:
Անոնք կրնան հաւատքի եւ կեանքի այլ արժէքներու մասին սխալ տեղեկութիւն ստանալ եւ շատ մը ծնողքին կողմէ ցանուած արժէքներ փոխարինեն օտարինով:
Իրականութեան մէջ այս մէկը եւս դաստիարակութեան մաս պէտք է կազմէ. ծնողքը ի՛նք պիտի սորվեցնէ իր զաւակին, որպէսզի համացանցի վրայ անձնական տուեալներ, անյարմար նկարներ չտարածէ:
Նախորդ մեր յօդուածով խօսեցանք գաղտնիութեան եւ վստահութեան մասին. համացանցի օգտագործման մէջ շատ կարեւոր է նկատի ունենալ վերոյիշեալ երկուքը. անոնք համացանցի մէջ պիտի ունենան իրենց գաղտնի եւ սեփական անկիւնը, սակայն ծնողքը պէտք է ըլլայ միշտ արթուն եւ հսկող, վերլուծէ իր զաւակին զգացումները, ապրումները, շարժուձեւերը եւ առանց վստահութեան սահմանները անցնելու միշտ արթուն պահակ դառնայ իր զաւակին համար:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Ինչո՞ւ համար ոմանք սպիտակամորթ, իսկ ուրիշներ սեւամորթ կը ծնին:
Պատասխան.- Մարդու մորթի գոյնը կ՚որոշուի անոր մարմնին մէջ գոյութիւն ունեցող մելանինի (melanin) շնորհիւ: Մելանինի երկու տեսակ գոյութիւն ունի. Էումելանին (eumelanin), որ սեւ կամ շագանակագոյն է, իսկ միւսը ֆէոմելանին (pheomelanin), որ կարմիր կամ դեղին է:
Մարդկանց մաշկի գոյնի փոփոխութիւնը պայմանաւորուած է տարածաշրջանով. օրինակի համար, այն երկիրներու բնակիչներ, ուր արեւի ճառագայթները աւելի ազդու են, ինչպէս՝ Ափրիկէն, կ՚ունենան աւելի բարձր մելանին, ինչ որ պաշտպան կը հանդիսանայ մորթը արեւի ճառագայթներէն պաշտպանելու:
Գիտական այս փաստերու կողքին ծագումնաբանական ժառանգութիւնը կ՚որոշէ մաշկի գոյնը: Այնպէս ինչպէս երկու սպիտակամորթի ամուսնութեամբ սպիտակամորթ, նոյնպէս ալ երկու սեւամորթի ամուսնութեամբ սեւամորթ զաւակ կը ծնի:
Կարեւոր է ճանչնալ եւ յարգել մարդկային բազմազանութիւնը, հասկնալով գոյներու տարբերութիւնը կենսաբանական տարբերութիւն չունի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024