ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍԸ
Մարդկութեան խռովեալ վիճակին եւ ապերջանկութեան հիմնական պատճառը, ընդհանրապէս վստահութեան պակասն է։ Մարդիկ, ներկայ ժամանակներուս երջանիկ չեն զգար իրենք զիրենք, քանի որ վստահութեան կորուստ մը կ՚ապրին, ո՛չ միայն մարդ մարդու նկատմամբ, այլ՝ Աստուծոյ վրայ։ Եւ երբ մարդ կորսնցնէ իր վստահութիւնը, ապա ուրեմն երջանկութիւնն ալ կը կորսնցնէ, ապրելու, կեանքը վայելելու փափաքն ալ իր տեղը կը թողու յուսալքութեան, եւ մարդս կը մատնուի ամլութեան, անշարժութեան։
Արդարեւ «վստահութիւն կորսնցնել» կը նշանակէ՝ անօգուտ զգալ ամէն ինչ, մանաւանդ կեանքը, որ շնորհ մըն է, ինքնին առի՛թ մը երջանիկ ըլլալու, հաճոյք զգալու իր շուրջը գտնուող ամէն բանէ՝ Բնութենէն, մերձաւորներէն, իր նմաններէն, եւ հպարտ զգալ ինքզինք՝ որ անդամ է այդ բոլորին՝ մասնակից եւ գործակի՛ց։
Սիրելի բարեկամներ, ի՞նչ կը խորհիք այս վստահութեան կորուստին եւ կամ պակասին մասին։ Ի՞նչ է պատճառը։
Մարդ, երբ որեւէ «արժէք»ի մը հաւատայ, եւ եթէ իր հաւատքին մէջ անկեղծ է, ապա ուրեմն պէտք է ապրի իր հաւատքին համաձայն։ Մարդուս հաւատք ընծայած «արժէք»ը կրնայ ըլլալ սկզբունք մը, գաղափար մը, ապրելակերպ մը, նպատակ մը, իր համոզումով՝ «անձ» մը, նոյնիսկ, երեւակայական գոյութիւն մը, երբ իր համոզումին, իր դաւանանքին մէջ անկեղծ է, պէտք է ապրի այնպէս՝ ինչպէս որ իր հաւատացած արժէքը կը պահանջէ։ Հաւատալ եւ ըստ իր հաւատքին չապրիլ, չգործել՝ ինքնախաբէութիւն է, ինչ որ ընդունելի չէ որեւէ կերպով։
Արտաքնապէս հաւատալ եւ ներքնապէս ուրանալ կամ մերժել որեւէ արժէք՝ երկերեսութիւն է, պատրանք եւ խաբէութի՛ւն։ Ուրեմն մարդ չի կրնար կատարեալ ըլլալ առանց «ներքին»ին եւ «արտաքին»ին ներդաշնակութեան։ Մարդ երբ կատարեալ է, երջանի՛կ է։ Կատարեալ ըլլալու համար պէ՛տք է, որ «ներքին»ը եւ «արտաքին»ը համընթաց ըլլան եւ իրար չհակասեն որեւէ կերպով։
Ընդհանուր առումով «հաւատք»ը երբե՛ք ձեւակերպութիւն չէ, այլ՝ ապրում մը, ապրելակե՛րպ մը։ Եւ որքան վնաս կը պատճառեն իրենց պատկանած ընկերութեան՝ որոնք հաւատալ կը ձեւացնեն եւ ներքնապէս կ՚ուրանան եւ նոյնիսկ ե՛ւ դժբախտաբար կը ծաղրեն իրենց կեղծ հաւատքը։ Իրական հաւատքը այն է՝ ուր գաղափարը, խօսքը եւ գործը միասին կ՚ընթանան, իրար չեն հակասեր եւ Յիսուսի խօսքով՝ «այո»ն այո՛ է եւ «ոչ»ը ո՛չ, միշտ։ Յարափոփոխ բնաւորութիւն ունեցողներ, անկայուն նկարագրի տէր եղողներ, դժբախտաբար «անվստահելի անձեր» են, որոնք յարգ ու պատիւ չեն կրնար ունենալ իրենց շուրջիններուն նկատմամբ եւ ընդհանրապէս ամբողջ ընկերութեան մէջ։ «Վստահելի անձ» ըլլալու համար պայման է՝ հաստատամիտ եւ անայլայլելի ըլլալ՝ կամքի տէր, անյողդողդ ըլլալ։
Ո՞վ է, ուրեմն այն «Անձ»ը՝ որ անայլայլելի է, մշտնջենական, հաստատամիտ եւ մանաւանդ հաւատարի՛մ. ո՞վ կրնայ ըլլալ այդ «Իմաստուն» անձնաւորութիւնը՝ եթէ ոչ Աստուա՛ծ, որ ամէն բանի ստեղծիչն է՝ սիրով եւ իմաստութեամբ։
Աստուած՝ որ ամենակատարեա՛լն է, ամէն արժէքի լրումը եւ վախճանը, Ան է որ կը ստեղծէ իմաստութեամբ, եւ դարձեալ Ա՛ն է որ սիրով ու գութով կը խնամէ իր արարածը, ապա ուրեմն, մարդ եթէ Անոր պիտի չվստահի, որո՞ւ պիտի վստահի։ Եւ վստահութեան մասին ամէն սխալ որոշում՝ պատճառ կ՚ըլլայ յուսախաբութեան ե՛ւ ապերջանկութեան։
Ահաւասիկ, ա՛յս պատճառով է որ մարդ պէտք է լա՛ւ որոշէ ան՝ որուն պէտք է վստահի, որպէսզի յուսախաբ չըլլայ, չյուսալքուի եւ ապերջանիկ չըլլայ։ Ընկեր, նոյնիսկ ազգական եւ արենակից, մերձաւոր, ընտանիքի անդամ, եղբայր եւ «բարեկամ» կարծուած մէկը, օր մը կրնայ յուսախաբ ընել, անհաւատարիմ գտնուիլ իր «բարեկամութեան» ներշնչած վստահելիութեան… եւ ի՜նչ ցաւ է այդ զգացումը՝ երբ մարդ յուսախաբ կ՚ըլլայ իր ամենէն շատ վստահած անձէն՝ դժբախտութիւն, ապերջանկութիւն եւ յուսալքութիւն։ Եւ մարդիկ ընդհանրապէս կը դիմաւորուին նման անակնկալ վատութիւններու։ «Վատութիւն»՝ քանի որ մէկը յուսախաբ ընել, մէկու մը դժբախտութեան եւ ապերջանկութեան պատճառ ըլլալ՝ «վատութի՛ւն» է, որուն համար կարելի չէ գտնել ուրիշ յարմար բառ մը…։
Յիսուս կ՚ըսէ. «Գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։ Եւ այս խօսքին համաձայն, անոնք որ ուրիշներուն դժբախտութեան, ապերջանկութեան պատճառ կ՚ըլլան՝ մեղաւոր են. վա՜յ այն մարդոց։
Ուրեմն ուրիշը յուսախաբութեան մատնել մեղապարտ կ՚ընէ մարդս, ուստի պէտք է զգուշանալ ուրիշը ապերջանիկ ընելէ՝ երջանկութեան արգելք ըլլալէ։ Քանի որ մէկու մը հաւատքը՝ վստահութիւնը շահագործել, այդ հաւատքին եւ վստահութեան նկատմամբ անհաւատարիմ գտնուիլ՝ հակառակ է մարդուս ստեղծագործութեամբ ստացած կոչումին, ներհակ է մարդկային արժանապատուութեան եւ վերջապէս, ուրացում է մարդկային բարձր արժանաւորութիւնը եւ կոչումը՝ իրերօգնութեան պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։
Եւ բոլոր այս անհաւատարմութիւններուն մէջ՝ ինչպէ՞ս չվստահիլ մեծ «Հաւատարիմ»ին՝ Աստուծոյ, որ երկնաւոր Հայրն է բոլորիս, եւ Արարիչը ու Նախախնամը։ Ան է որ երբե՛ք չի լքեր իրեն վստահածները, Ան հաւատարիմ է իր պատուիրաններուն, թէ պէ՛տք է սիրել զիրար, օգնել, կարեկցիլ՝ ուրիշներուն ցաւին ու դժբախտութեան մասնակցիլ, վիշտերուն վշտակցիլ, եթէ դըժ-բախտ են, կարելին գտնել՝ զանոնք երջանկացնելու համար, ընել այն՝ ի՛նչ որ մարդ կ՚ուզէ որ ուրիշները ընեն իրեն…։
Յուսախաբութիւնը երջանկութեան ամենամեծ արգե՛լքն է եւ յուսախաբութիւն է՝ վստահութեան կորո՛ւստը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/24/2024
- 12/24/2024