ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԵՒ ՀԵՌԱՏԵՍ

«Իմաստութիւն» եւ «հեռատեսութիւն» մասնայատկութիւններ են, որ կը կատարելագործեն մարդս, եւ կ՚աւելցնեն անոր հմտութիւնը։ Արդարեւ, իմաստուն եւ հեռատես է այն անձը՝ որ կեանքին իր սեփական գործերէն, աշխատանքէն եւ զբօսանքի, հաճոյքի ժամերէն զատ կը մտածէ, կը հետաքրքրուի նաեւ ուրիշ արարքներու մասին՝ որոնք իր ծերութեան օրերուն «պահեստի դրամագլուխ»ի մը դերը պիտի կատարեն։ Իմաստութիւն է եւ հեռատեսութիւն՝ տեսնել նաեւ ապագան, եւ ապրիլ ըստ այնմ։

Մարդ, ինչ տարիք ալ որ ունենայ, երբ ետ նայի իր անցեալին վրայ, մանաւանդ ծերութեան շրջաններուն, հրճուանքով պէտք է տեսնէ, թէ իր կեանքը լոկ մսխում մը չէ՛ եղած, այլ ունեցած է արժէ՛ք մը եւ բարոյական հարստութիւն մը՝ որ անխառն գոհունակութեան մշտահոս աղբիւր մըն է իրեն համար։

Երջանիկ է այն մարդը, որ երբ ետ նայի իր ապրած տարիներուն, հոն չի՛ հանդիպիր որեւէ արարքի՝ որուն մասին զղջացած է, այլ ամբողջ կեանքը լեցուն է գոհունակութեամբ, օգտակարութեամբ եւ իմաստութեամբ։ Անշուշտ կրնան պատահիլ պահեր, որոնք ձախողանք պատճառած են մարդուն, բայց այդ պահերը որքան հազուադէպ ըլլան, ան այնքան երջանիկ պէտք է զգայ ինքզինք, քանի որ իր կեանքը մեծ մասամբ օգտակար եւ նպաստաւոր է անցուցած։ Բացարձակ կատարելութիւն եթէ նոյնիսկ չիրականանայ, կատարելութեան մօտեցումն ալ կ՚երջանկացնէ մարդս։ Ջանալ, աշխատիլ կատարեալ ըլլալու՝ ահաւասիկ ա՛յն ինչ որ կը սպասուի իմաստուն մարդէ մը։

Արդարեւ, հաճոյքներու եւ զուարճութիւններու բուռն տրամադրութեան հակառակ՝ իր պարտականութիւնը եւ դերը կատարած ըլլալու գիտակցութիւնը, իր քսակէն, ժամանակէն, խորհուրդներէն եւ պատեհութիւններէն ուրիշներու ալ բաժին հանած եւ զանոնք մասնակից ըրած ըլլալու իր սովորութիւնը մարդուս անիմանալի՛ գոհունակութիւն մը կը պատճառէ։ Մանաւանդ, ներքին պայքարներու, փորձութիւններու ատեն իր լաւագոյն «Ես»ին տարած յաղթանակները զօրաւոր յենակներ են՝ որոնց կրնայ կռթնիլ մարդ կատարեալ ապահովութեամբ եւ հպարտութեամբ երբ կեանքի արեւը հետզհետէ հորիզոնին կը մօտենայ։

Տարիքոտ մէկը երբ կ՚ապրի միջավայրի մը մէջ՝ ուր երիտասարդներ, դեռահաս պատանիներ կը գտնուին եւ յաճախ անոնց գեղեցիկ եւ առոյգ կեանքը իր առջեւն է, ամէն ժամ, ամէն օր իրենց հետ է. կեանքեր՝ որ «կեանքը ճանչնալ»ու, կեանքը ապրելու, կեանքի պայքարին վարժուելու պատրաստութեանը մէջ՝ ուսման եւ գիտութեան անեզր հորիզոններուն տեսիլքով յափշտակուած են։ Կեանքեր՝ որ սէրերու, փառքերու, վայելքներու եւ երջանկութիւններու երա՜զներով հմայուած եւ տարուած են։ Կեանքեր՝ որոնք զօրութեան, կարողութեան, խայտանքի, թարմութեան, հաճոյքի եւ հրճուանքի իրենց յորդորին մէջ՝ կեանքին արտօսրին՝ արցունքին, խորշոմներուն եւ սպիտակ մազերուն գոյութեան երբեք չեն ուզեր հաւատալ ինքնախաբօրէն։

Եւ որքան դժուար եւ անիմաստ կը թուի՝ երիտասարդութեան տարիներուն երեւակայել ծերութիւնը՝ կարծես անիրական, անկարելի՛ բան։

Բայց երբ ժամանակը կը սահի ու կ՚երթայ՝ անխուսափելի՛ է ծերութեան շրջանը՝ բնութեան օրէ՛նքն է որ կը գործադրուի՝ անխտիր եւ առանց բացառութեան, ամէն ապրող էակի համար։

Արդարեւ, այն որ կեանքը կ՚ապրի, կերպով մը դատապարտուած է ապրիլ ծերութեան շրջանը։ Իսկ այդ շրջանը կարենալ ապրիլ, կարենալ հասնիլ այդ շրջանին, արդէն մեծ բարեպատեհութիւն է, քանի որ կը գտնուին դժբախտներ, որոնք ծերութեան շրջանը իսկ ապրելու առիթը չեն ունենար…։

Արդեօք, անոնք որ չեն հասնիր մինչեւ ծերութեան, միշտ երիտասարդ կը մնա՞ն, թէ պարզապէս մխիթարանքի փորձ մը պէտք է համարել այսպիսի մտածում մը, յայտնի չէ՛։

Սակայն, իսկապէս անկարելի է երիտասարդի մը համար երեւակայել, խորհիլ ծերութեան մասին, քանի որ ան կ՚ապրի միայն ներկան, եւ ո՛չ գաղափար, եւ ոչ ալ փորձառութիւն ունի ապագայի մասին։ Ուստի, երիտասարդներ ունին այն թեթեւ հոգիները, որ գործի, աշխատանքի ժամերուն մէջ իսկ կը յորդին ծիծաղելով, ժպտելով, երգերով եւ ճռուողիւններով։

Ամէն մարդ, մանաւանդ տարիքոտներ, չըսելու համար «ծերեր», կ՚ունենան այդ անդրադարձումը, եւ կը յիշեն իրենց երիտասարդութեան շրջանի հոգիի այդ թեթեւութիւնները, անցած եւ աներեւութացած կեանքի «գարուն» են այն վարդասփիւռ ճամբաները, եւ ահաւասիկ, ներկայիս, ապրուած տարիներու ծանրութիւնը, ճնշումը եւ փորձառութիւնը կը կրեն եւ կը տանին իրենց ուժասպառ եւ կքած, տկար ուսերուն վրայ, եւ կը փորձուին գոչել երիտասարդներուն, հոգ չէ՛ թէ պատանեկան անփորձութիւնը ծիծաղով եւ անտարբերութեամբ միայն ունկնդրէ փորձառութեան ձայնին.

«Ձեր աշխատանքի լրջութենէն բացին ներհանեցէ՛ք, ձեր ներքին հոգեկան կռիւներէն, պայքարներէն յաղթանակներ ապահովեցէ՛ք, ձեր կեանքի կորովէն, գեղեցկութենէն, բարութենէն եւ հարստութենէն -պահեստի գումար- մը մէկ կողմ դրէ՛ք, ձեր յուսախաբութիւններէն, ձեր ցաւերէն եւ վիշտերէն զօրութիւն ամբարեցէ՛ք, ձեր սրտին բարութիւններէն եւ ազնուութիւններէն պաշար հաւաքեցէ՛ք։ Այս բոլորը վաղը ձեր թանկագին -դրամագլուխ-ը պիտի կազմեն, որուն վրայ պիտի ուզէք նայիլ գոհունակութեամբ եւ հրճուանքով, եւ երբ ձեր ալ -նշենին ծաղկի-, ձեր մայրամուտի արեւը ձեր կեանքին արշալոյսին հմայքը եւ շքեղութիւնը պիտի ունենայ»։

Որովհետեւ, ժամանակը անդիմադրելի հոսա՛նք մըն է, զոր անկարող է կասեցնել ո՛չ գիտութիւնը, ո՛չ գիւտերը, ո՛չ հարստութիւն, ո՛չ գանձեր, ո՛չ հնարքներ եւ ո՛չ իսկ մարդկային միտք։ Ուստի ամէն ուժ ստիպուած է խոնարհիլ անոր առջեւ, եւ թարմութիւն, գեղեցկութիւն, իրողութիւն եւ զօրութիւն անպայմա՛ն պիտի ազդուին անոր մոգական հպումէն։

Ուստի ըլլալու է իմաստուն եւ հեռատես, անակնկալի հետ չդիմաւորուելու համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 6, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017