ՄԵՐՕՐԵԱՅ «ՄԱՅՐ»ԵՐԸ
Երբեւէ մօր մասին բանաստեղծութիւն լսա՞ծ էք. եթէ այո, ապա վստահ կրնաք ըլլալ որ անոնց հեղինակները հին սերունդի պատկանող ներկայացուցիչներ են՝ մեծ մասամբ յաւիտենականութեան մաս կազմողներ, որովհետեւ ներկայիս եւ ներկան յաջորդող ժամանակահատուածին դժուար թէ գրուին մօր մասին բանաստեղծութիւններ՝ մանաւանդ երբ այս աստիճան աղաւաղուած է «մայր» հասկացողութիւնը մեր իրականութենէն ներս։
Փորձեցէք համեմատել Շիրազի, Սեւակի եւ այլոց նկարագրած մայրերը մերօրեայ մայրերուն հետ եւ սարսափելի անդունդը ինքնաբերաբար պիտի յայտնուի ձեր դիմաց։ Անդունդ մը՝ որ մարդուս մտածելու կը մղէ, թէ ի՞նչ է մայրը եւ անոր դերը մեր մարդկային կեանքէն ներս։
Ամէն անգամ երբ կը տեսնեմ «նոր սերունդ»ի պատկանող մայր մը, ակամայ կը յիշեմ Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, որ ամբողջութեամբ ուրիշ է մերօրեայ ձեռքերէն։ Վերոյիշեալ բանաստեղծութեան մէջ Սեւակ իր մօր ձեռքերը որպէս «հինաւուրց ու նոր» կը ներկայացնէ եւ այդ բառերուն մէջ կ՚ուզէ զգացական մեծ աշխարհ մը սեղմել, անոնց հնութեան մէջ տեսնելով նոր զօրութիւն մը՝ ինչպէս որ էր անցեալին։ Սակայն անառարկելի իրողութիւն է, որ մերօրեայ մայրերու ձեռքերը «հինաւուրց», որովհետեւ այսօրուան մայրերը իրենց զաւակներուն չափ եւ աւելի հոգ կը տանին իրենց արտաքին գեղեցկութեան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հեռու մնալու հինաւուրց դառնալու «դժբախտութենէն», որովհետեւ անցեալին հակառակ կ՚ուզեն մնալ թարմ ու երիտասարդ եւ հակառակ տարիքին շարունակել գրաւել դիմացի սեռին հետաքրքրութիւնը։
Սեւակ իր բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ.
«Առաջնեկն է երբ որ ծնուել,
Նրա արդար կաթով սնուել»
Այսօր ցաւ ի սիրտ շա՜տ շատ են այն մայրերուն թիւը, որոնք իրենց զաւակները «արդար կաթ»ի փոխարէն յանձն կ՚առնեն արհեստական կաթով սնուցանել, որպէսզի չըլլայ յանկարծ որ իրենց կուրծքերը կորսնցնեն իրենց գրաւչութիւնը։ Նման մտածողները քիչ չեն եւ վստահ եղէք մեծապէս պիտի բազմանան, որովհետեւ մերօրեայ մայրերը իրենց գեղեցկութեամբ ու գրաւչութեամբ կը փորձեն մրցիլ իրենց հարազատ դուստրերուն հետ եւս եւ նման մօր մը համար չկայ աւելի կախարդական զգացում, քան ուրիշին աչքին փոքր երեւիլը, ինչ որ բաւարարութիւն կու տայ նման ախտով տառապող մայրերուն։ Չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, որ նոյնիսկ կան մայրեր, որոնք իրենց աղջկան սիրուհին զգլխել կը փորձեն... փաստելու համար տակաւին իրենց մէջ եղող զօրութիւնը։ Ամերիկացի շատ մը հոգեբաններ այս մասին հսկայական յօդուածներ կը հրատարակեն, այս մէկը որակելով տարիքային անհաւասարակշռութիւն։
Խօսելով մօր ձեռքերուն մասին Սեւակ կը շարունակէ.
«Երկինք պարզուած սիւն են դառել այս ձեռքերը
Որ չփլուի իր տան սիւնը»
Մերօրեայ սիւնե՜րը... տակաւին մի քանի օրեր առաջ այդ «սիւն»երէն մին հպարտութեամբ կը բարձրաձայնէր, որ հակառակ զաւակներու եւ թոռներու տէր ըլլալուն «TikTok»ի ճամբով սիրահարած է դարձեալ թոռներու տէր եղող մարդու մը եւ այդ «սիրոյն» համար յանձն առած զոհել ամէն բան...։ Մեր թուականէն 10-20 տարիներ առաջ զաւակներ սխալ ճամբայ կ՚առաջնորդուէին եւ մայրեր զանոնք փրկել կը փորձէին, սակայն այսօր պատկերը ամբողջութեամբ հակառակ դարձած է... մայրեր դարձած են աւելի անգիտակից՝ քան իրենց զաւակները։
Ծերութիւնը անցեալին որոշ պատիւ մը ունէր իր մէջ. անցեալի մեծ մայրերը հպարտ էին նաեւ իրենց ծերութեամբ, որովհետեւ կեանքը իմաստաւորողը իրենց արտաքինէն աւելի իրենց կատարած գործերն էին։
Այսօր ցաւով կը դիտեմ 45-55 տարիքներու սահմաններուն մէջ գտնուող մայրերը, որոնք համացանցի վրայ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն 20-25 երեւելու եւ տպաւորելու համար շրջապատը։
Այսօր կը տեսնեմ մեծահասակ կիներ, որոնք իրենց աչքի լոյսին պէս կը խնայեն իրենց հեռաձայնները, ուր ունին տարբեր աշխարհ ու դիմագիծ՝ հեռու ճշմարտութենէն։
Ինչպէս միշտ ցաւալին անյայտ ապագան է, որովհետեւ մայրութիւնը դուրս գալով իր ճշմարիտ պատկերէն կամաց կամաց պիտի որդեգրէ այս մէկը, որ մօր տիպարը աղաւաղել կը նշանակէ։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -122-
Օր մը բարեկամի մը տուն կը գտնուէի եւ պէտք էր համակարգիչով գործերէս մէկը ամբողջացնէի։ Բարեկամս առանց մտածելու գործածութեանս յանձնեց իր համակարգիչը, առանց նկատելու որ բաց ձգած էր իրգն գրուած նամակ մը։ Զարմացայ. նամակագիրը մեր մտերիմ բարեկամներէն մէկուն մայրն էր, որ նամակի ճամբով անմոռանալի գիշեր մը կը խոստանար...
Ո՞վ մեղադրել. բարեկա՞մս որ առիթ տուած էր իր բարեկամին մօր, թէ ոչ նոյնինքն բարեկամին մայրը... որ իր զաւակին բարեկամին «անմոռանալի գիշեր» կը խոստանար...
Դէպի ո՞ւր կ՚երթանք։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ