ՍԵՒՑԱՆՑ -2- ՄԱՆԿԱՊՂԾՈՒԹԻՒՆ

Բ.- ՄԱՆԿԱՊՂԾՈՒԹԻՒՆ.- Թէեւ վերջին տասնամեակին, մանաւանդ «զարգացած» երկիրներուն մէջ աճ արձանագրեց մանկապղծութիւնը, սակայն կը հաւատանք, թէ այդ մէկը նորութիւն մը չէ աշխարհի պատմութեան համար. այնպէս ինչպէս գողութիւնը, պոռնկութիւնը, ստախօսութիւնն ու սպանութիւնը գոյութիւն ունէին հազարաւոր տասնամեակներ առաջ, նոյնպէս մանկապղծութիւնը կար, կայ ու ցաւ ի սիրտ պիտի ըլլայ նաեւ յառաջիկային՝ ինչպէս միւսները:

Մանկապղծութեան գոյութիւնը կարելի է փաստել նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի խօսքերով. Տէրը խօսելով մանուկներուն մասին կ՚ըսէ. «Ով որ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէ, աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ գայթակղեցնողներուն վիզին մեծ երկնաքար անցուի եւ ծովուն խորքը ձգուի՝ ընկղմելու համար» եւ շարունակելով իր այս խօսքը կ՚աւելցնէ. «վա՜յ աշխարհին, քանի գայթակղութիւնները անպակաս են հոն»: Հիմնուելով տրամաբանութեան վրայ կ՚ըսենք, թէ այդ վայերն ու գայթակղութիւնները ուրիշ բան չեն կրնար եղած ըլլալ՝ քան մանուկներուն հանդէպ եղած պղծութիւնը:

Մանկապղծութիւնը գոյութիւն ունեցած է, սակայն անցեալին շատ անգամ այդ մէկը դիտուած է որպէս «բնական ամուսնութիւն», նկատի ունենալով որ անցեալին մեծաւ մասամբ կը պսակուէին փոքր տարիքին. Միջին Արեւելքի պատմութիւնը եթէ թերթենք, պիտի տեսնենք, թէ թագաւորներ իրենց կիները շատ անգամ ընտրած են 12-14 տարեկան պարմանուհիներէ, իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցած հսկայական տարիքային տարբերութեան հանդերձ: Օրինակ՝ 1389-1409 թուականներուն ապրած Անգլիոյ թագուհի Իզապէլ իր 6 տարեկանին դարձած է կինը Անգլիոյ Ռիչըրտ երկրորդ թագաւորին, որ այդ ժամանակ 29 տարեկան էր. (նման անտրամաբանական երեւոյթներ շատ անգամ մինչեւ օրս կը տեսնենք Ափրիկեան եւ Արաբական շարք մը երկիրներու մէջ):

Երկիրներու մէջ օրէնքներու կանոնաւոր հաստատումէ ետք, որոշ ժամանակ աշխարհը կրցաւ հաւասարակշռել ու թեթեւցնել մանկապղծութիւնն ու փոքր տարիքէն եղած ամուսնութիւնները, սակայն ներկայիս կամաց-կամաց դարձեալ սկսաւ աղաւաղուիլ ու «բնական» տեսք ստանալ այդ բոլորը:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հինգշաբթի, 25 նոյեմբեր 2021-ի «Պարտուած պայքարները» խորագրեալ գրութեան մէջ խօսեցանք, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարեկան քանի՞ պարմանուհի 18 տարեկանը չլրացուցած մայր կը դառնայ, շատ անգամ տարեկիցներու, ինչպէս նաեւ մեծահասակներու կողմէ:

Մանկապիղծները հիւանդներ են եւ այդ հիւանդութեան պատճառները կրնան տարբեր ըլլալ իրարմէ. մանկապղծութեան ազդակները կրնան ըլլալ մարմնական՝ կիրքէ առաջնորդուած, ինչպէս նաեւ հոգեկան՝ տարբեր տարբեր խնդիրներու պատճառով. օրինակ՝ տարիներ առաջ 60 տարեկանը անձ մարդ մը Թուրքիոյ մէջ զանազան աղջիկներու կողմէ մերժուելէ ետք լուծումը գտած էր դրացիին 3 տարեկան մանուկը պղծելուն մէջ, որմէ ետք սպաննած էր մանուկը: Մարդկութեան մէջ տկարին հանդէպ բռնութիւն գործադրելու երեւոյթը բնական է. կարծես բնութեան օրէնքին համաձայն պէտք է մի՛շտ տկարը յաղթուի հզօրէն. շատ անգամ այդ հոգեկան խանգարումէն տարուած մեծահասակներ կը դիմեն մանկապղծութեան, որովհետեւ կ՚ուզեն իշխել, տիրանալ անոր ամբողջ կեանքին եւ այդ մէկը շատ անգամ մարմնական կիրքի ցանկութենէն դուրս ու վեր բան մըն է, այդ իսկ պատճառով մինչեւ օրս ամենէն դժուար ուսումնասիրութիւններէն մէկն է մանկապիղծներու հոգեկան աշխարհը, որովհետեւ անոնք կրնան ունենալ մէկէ աւելի պատճառ եւ ազդակ: Հոգեբաններ կը յայտնեն, թէ մանկապղծութեան պատճառը շատ անգամ մեծահասակներուն իրենց տարեկիցներուն հանդէպ սեռային կեանքի մէջ ունեցած վախն է. անոնք կը վախնան իրենց տարեկիցներուն հետ շփումի մէջ ըլլալէ եւ հետեւաբար իրենց կիրքերուն գոհացումը կը փորձեն գտնել մանուկներուն մէջ, որոնց առջեւ աւելի նուազ վախ ու ամչկոտութիւն պիտի զգան. կայ այլ տեսակ մը, որ այդ կիրքի յագեցումը թէ՛ մեծահասակներու եւ թէ մանուկներու մօտ կը փորձէ գտնել, որ ինքնին հոգեկան խանգարումի եւ հիւանդութեան մը յստակ նշանն է:

Միայն մանկապիղծները չեն, որ հիւանդներ են. անոնց զոհերը եւս կը դառնան հիւանդներ եւ անոնցմէ շատեր մինչեւ իսկ կը դիմեն ինքնասպանութեան չդիմանալով այդ բռնութեան ամօթին: Աւելին... Ամերիկայի մէջ շատ անգամ մանուկներ մանկապղծութեան զոհ կը դառնան իրենց հայրերու կողմէ... բազմի՜ցս մեղայ...:

Մանկապղծութիւնը, մինչեւ օրս առաւելաբար տարածուած է Եւրոպական երկիրներու մէջ: Տարիներ առաջ հրապարակուած վիճակագրութիւն մը ցոյց կու տար, թէ Սպանիոյ մէջ ապրող մանուկ աղջիկներու 23 առ հարիւրըը, իսկ տղաներու 15 առ հարիւրը զոհ կը դառնան մանկապղծութեան:

Չկարծենք, թէ մեր Հայրենիքը զուրկ է այդ բոլորէն. տակաւին շաբաթներ առաջ Հայաստանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ 13 տարեկան աղջիկ մը ծննդաբերեց. լրատուական միջոցներ յայտնեցին, թէ աղջիկը հաշմանդամ է եւ մտային հի-ւանդութիւններ ունի. մանկապիղծը մեծահասակ հայ մըն էր:

Մեր կեանքին մէջ ամէն արժէք կամաց կամաց աւելիով կը սկսի աղաւաղուիլ։ Անցեալին մեծահասակներ հօր-եղբօր գուրգուրանքով կը մօտենային մանուկներուն, իսկ այսօր ամէն մարդ այդ անվստահութեան վախը կ՚ապրի: Տարիներ առաջ Ամերիկայի մէջ եկեղեցական մը քալած ժամանակ կը տեսնէ մանուկ մը, որ իր մօտ կը վազէ. կը ծռի ու կը շոյէ անոր գլուխը եւ հայրական գգուանքով կը փաթթուի մանուկին. մայրը հեռուէն տեսնելով ոստիկանութիւն կը կանչէ ու մանկապըղ-ծութեան մեղադրանքով կը բողոքէ եկեղեցականին հանդէպ:

Այս անվստահութեամբ ու անմարդկային մեր ապրելակերպով ո՞ւր պիտի հասնինք՝ չեմ գիտեր, սակայն այս «ազատամտութիւն» կոչուածին երեսէն դեր շա՜տ բաներ պիտի տեսնենք: 

(Շարունակելի)

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՏԻԳՐԱՆ ՀԱԽՈՒՄԵԱՆ
(1894-1973)

Մեր թուականէն 128 տարիներ առաջ՝ 17 յունուար 1894-ին, Երեւանի մէջ ծնած է բանաստեղծ, թատերագիր, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Տիգրան Հախումեան:

Հախումեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Պաքուի մէջ եւ ապա ընդունուած է Մոսկուայի համալսարանի իրաւաբանական եւ բանասիրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1917 թուականին: Հախումեան համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է Թիֆլիզ եւ եղած՝ «Ժողովուրդի Ձայն» եւ «Մշակ» թերթերու խմբագրական կազմի անդամ: Միաժամանակ աշխատակցած է «Մաճկալ», «Խորհրդային Հայաստան» թերթերուն, ինչպէս նաեւ «Վերելք» ամսագիրին: Տիգրան Հախումեան 1943-1948 թուականներուն դասախօսած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական կաճառին, Երեւանի Պետական համալսարանին եւ Պրուսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու կաճառին մէջ։ 1951 թուականին «Դերենիկ Դեմիրճեան դրամատուրգիան» խորագրեալ թեզի պաշտպանութեամբ՝ ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանի:

Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ, 1931-ին առաջին անգամ ըլլալով բեմադրուած է Հախումեանի «Թշուառներ» թատրերգութիւնը, որուն յաջորդած են այլ ստեղծագործութիւններ: Հեղինակ է նաեւ բանաստեղծութիւններու, որոնք առանձին հատորով լոյս տեսած են 1923 թուականին:

Հախումեան թատրերագրութեան կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ, հայերէնի վերածելով աւելի քան 100 ռուսերէն թատերական աշխատութիւններ. ինչպէս՝ Մաքսիմ Կորքիի, Անաթոլի Լունչարսքիի եւ այլ յայտնիներու:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Հախումեան արժանացած է «Պատուոյ նշան» շքանշանին, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր գործիչ կոչումին. 1943 թուականին դարձած է անդամ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան:

Հախումեան մահացած է 25 մարտ, 1973-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022