ԱՂՋԿԱՆ ՁԵՌՔԻՆ ԱՒԵԼ ԿԸ ՎԱՅԵԼԷ

Ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է իր անգիր օրէնքներն ու համոզումները՝ որոշելու համար, թէ որո՞նք են տղայ մը կամ աղջիկ մը «լաւ» ու «աղէկ» փեսացու կամ հարսնացու դարձնելու եւ այդ յատկութիւններու փնտռտուքն է, որ անձ մը կը զատորոշէ ուրիշներէ: Իր ընդհանրութեան մէջ ամէ՛ն ժամանակ ունի իր որոշ սահմանուած չափանիշները, սակայն մասնակիօրէն անձէ անձ կրնան մեծ տարբերութիւններ ունենալ, որովհետեւ «լաւ»ի եւ «աղէկ»ի չափանիշը եւս յարաբերական է: Չափանիշները ընդհանրապէս անհատականէ աւելի ընտանեկան ենթահող մը կրնան ունենալ եւ անձի մը համար այդ չափանիշներու հաստատման մէջ կամայ թէ ակամայ մեծ դեր կ՚ունենայ ծնողքը, որովհետեւ որոշում կայացնելը եւս ինքնին ընտանեկան դաստիարակութեան մէկ մասը կը կազմէ եւ որոշ սահմաններ կը ստեղծէ:

Այդ ստեղծուած սահմաններն ու գծուած չափանիշներն են հաւանաբար պատճառը, որ գրեթէ մօտիկ անցեալին (ինչո՞ւ չէ, նաեւ այսօր) փեսացուի եւ հարսնացուի համոզումին եւ յօժարութեան չափ կարեւոր կը նկատուի նաեւ ընտանիքի անդամներուն տեսակէտը՝ ինչ որ մինչեւ օրս բազմաթիւ զոյգերու միութեան խախտման պատճառ կը դառնայ:

Մինչեւ որոշ ժամանակ՝ մանաւանդ անցեալին այդ չափանիշներն ու սահմանները փեսացուէն աւելի հարսնացուին կը պատկանէին, որովհետեւ փեսացուն ունէր ընտրելու կարողութիւնը՝ որմէ զուրկ էր իգական սեռի ներկայացուցիչը եւ հետեւաբար հարսնացուն պարտէր իր «բախտ»ի աղէկութեան համար համապատասխանել որոշ համոզումներու եւ չափանիշներու:

Մեր թուականէն 140 տարիներ առաջ՝ 15 սեպտեմբեր 1883 թուականին, նկատի ունենալով որ հայկական մամուլները ընդհանրապէս քաղաքական թերթի բնոյթը ունին, հրապարակ դուրս կու գայ «Ընտանիք» անունով կիսամեայ հանդէս մը, որ քաղաքականութենէ եւ ազգային հարցերէ ամբողջութեամբ հեռու մնալով կ՚ուզէ որոշ «կրթութիւն» մը տալ իգական սեռի ներկայացուցիչներուն՝ մանաւանդ ամուսնութեան եւ առողջ ընտանիք մը կազմելու վերաբերեալ: Վերոյիշեալ հանդէսը իր Ա. թիւին 9-10 էջերուն մէջ խօսելով իտէալական հարսնացու մը դառնալու չափանիշին մասին՝ հետեւեալը կը գրէ. «օրիորդ մը պէտք չէ յետս կասի իւր տան ծառայական աշխատութիւններէն. այն դեռատի աղջիկը, որ ինքզինք իշխանուհի կարծելով օրուան մեծ մասը այլեւայլ միջոցներով իւր թեթեւամտութիւնը գոհացնելով կ՚անցընէ, այնպիսին ոչ թէ ընտանեաց մը այլ մարդկային ազգի թշնամի է». այս տրամաբանութիւնն էր պատճառը, որ աղջկանց վարժարաններու մէջ գիտական դասերէն շատ աւելի առաջ եւ կարեւոր տեղ կը տրուէր տնային գործերու՝ մաքրութեան, ասեղնագործութեան եւ այլ երեւոյթներու:

Պոլսահայ շրջանակներուն մէջ կրթուած եւ լաւ հարսնացու կարելի էր սեպուիլ ան՝ որ լաւապէս կը տիրապետէր տան գործերուն՝ մանաւանդ մաքրութեան. այս կապակցութեամբ արձակագիր եւ մտաւորական Եղիա Տէմիրճիպաշեան 1890 թուականին Օրթագիւղի երբեմնի Հռիփսիմեանց վարժարանին մրցանակաբաշխութեան հանդէսին հետեւեալ վիճելի եւ քննարկելի ճառը կը կարդայ. «Ես աղջկանց դպրոց մը մտած ատենս, է՛ն առաջին բանն, որ տեսնել կ՚ուզեմ հոն, ի՞նչ է, գուշակեցէք։ Գրքատո՞ւն։ Ոչ։ Դաշնա՞կ։ Շատ հեռու էք, առաջին բանը` կ՚ըսեմ կոր։ Կար ու ձեւի գործի՞ք։ Մօտեցաք։ Բայց իմ հարցմանս, ինձ կը թուի, պատասխանն եւ ո՛չ ոք ի հանդիսականացդ պիտի համարձակի տալ։ Ի՜նչ ստորին բան, բերան կ՚առնուի՞ միթէ, մեր աղջկանց փափուկ ձեռաց կը վայլէ՞ միթէ։ Ամենէն աւելի ա՛ն կը վայլէ` աւե՛լը՝ մաքրութեան խորհրդանշանն». աւելի առաջ երթալով Տէմիրճիպաշեան ծնողներուն կը յորդորէր իրենց աղջիկներուն սորվեցնեն եւ պարտադրե՛ն «թավան սիւփիւրկէսիով տունին էօրիւմճէկները վար առնել, չալը սիւփիւրկէսին բոպիկ ոտքին տակը դնել ու տախտակները բառըլ բառըլ փառլաթմիշ ընել»: Այլ մտաւորական մը՝ Գրիգոր Զօհրապ իր «Մեր աղջկանց վարժարանները» խորագրեալ յօդուածին մէջ նոյնիսկ հետեւեալը կ՚առաջարկէր. «Ես պիտի ուզէի - յիմար փափաք - որ պէպէք մը հագուեցնել սորվեցնէին պզտիկ աղջիկներուն»:

Անցեալի եւ ներկայի տարբերութիւնը այն էր, որ անցեալին քիչ էին զարգացած իգական սեռի ներկայացուցիչները՝ սակայն շատ էին իրենց մայրութեան պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները լաւագոյնս կատարողները, որովհետեւ տան եւ ընտանիքի մթնոլորտը կը փորձէին սրսկել անոնց մէջ: Զաւակները իրենց ինչ ըլլալը մի՛շտ ալ կը պարտին իրենց ծնողներուն՝ մանաւանդ մայրերուն փոխանցած դաստիարակութեան եւ անցեալի սերունդներուն համար այդ մաքրութեան հանդէպ բծախնդրութիւնը, տունի հանդէպ հարսնացուներուն ունեցած նախանձախնդրութիւնը ինքնին զաւակներուն դաստիարակութեան մաս կը կազմէր, որովհետեւ այդ բոլորը ինքնին իրենց մէջ ունէին որոշ կարգապահութիւն մը (discipline):

Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք անցեալի կրթական ծրագրերը, պիտի նկատենք, որ այդտեղ խելացի ու շատ բան գիտցող աշակերտներէ աւելի լաւ ու օրինակելի մայրեր ու հայրեր պատրաստելու փափաքն ու տրամաբանութիւնը կը տիրէ. տղայոց պարագային արհեստի ճամբով, աղջկանց պարագային տնային պարտաւորութիւններու ճամբով կ՚ուզէին որոշ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն մը սերմանել անոնց մէջ:

Այսօր վիճակը տարբեր է. ինչպէս միշտ, անցեալի ծայրայեղութենէն անցած ենք այլ ծայրայեղութեան մը՝ անտարբերութեան. գիտութիւնը անհրաժեշտ է՝ մանաւանդ այսօր, սակայն նոյնքան կարեւոր են շատ մը պատասխանատուութիւններու սրսկումն ու ուսուցումը. այսօր դպրոցներուն մէջ Զօհրապի առաջարկածի նման «պէպէք» հագցնել թող չսորվեցնեն, սակայն թող սորվեցնեն, թէ իր ամբողջութեան մէջ ինչ կը նշանակէ հայր կամ մայր դառնալ: Այդ նրբութիւններու ուսուցման պակասն է պատճառը տարուէ տարի մեր մէջ աճ արձանագրող ամուսնալուծութիւններուն, որովհետեւ մեր օրերուն բոլո՛րը «իշխան-իշխանուհի»ներ են. այսօր գրեթէ բոլո՛րը իրենց ժամանակը իրենց թեթեւամտութիւնը գոհացնելով կ՚անցընեն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -144-

Երկու տարի առաջ Հայաստանի մէջ ծանօթացայ արաբ ընտանիքի մը հետ, որոնց մայրը՝ 45 տարեկան կին մը մանկապարտէզ անգամ չէր յաճախած. իրենց գիւղական ըմբռնումին համաձայն, դպրոցը տղոց յատուկ մենաշնորհ մըն էր: Անոնց համոզումով՝ իգական սեռի ներկայացուցիչը պարտէր փոքր տարիքէն տան գործերով զբաղուիլ, դաշտ երթալ, կովերով, հաւերով ու անասուններով զբաղուիլ:

Այդ իսկ պատճառով 45 տարեկան կինը մինչեւ օրս իր անունը գրել եւ կամ որեւէ մէկ գրութիւն կարդալ չի գիտեր. պետական թուղթերու ժամանակ չկրցաւ ստորագրել. համոզեցինք, որ գիծ մը ընէ՝ փոխան ստորագրութեան: Նկատի ունենալով իր անուսութիւնը՝ իր զաւակներուն կրթութեան վրայ ուշադրութիւն չի դարձներ՝ այն համոզումով, որ այնպէս ինչպէս ինք, նոյնպէս անոնք կրնան աշխարհի վրայ գոյատեւել, որովհետեւ հակառակ անուսութեան, ինքզինք ամենագէտ կարծելէ ետ չէր մնար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023