ՍԷՐԸ՝ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ԽԱՐԻՍԽԸ

Սէրը բոլոր առաքինութիւններու, բոլոր մեծագործութիւններու, բոլոր օրէնքներու հիմը եւ խարիսխն է. ան անուշ ներդաշնակութիւնն է մարդկային կամքին, երկնային մեղեդին մարդուս խորհուրդներուն, զօրեղ զսպանակը անոնց յոյզերուն եւ զգացումներուն։ Արդարեւ, սէրը հիմն է եւ պատճառը կեանքին, քանի որ կեանքը սիրով կը սկսի եւ սիրով կը շարունակէ իր ընթացքը։

Մարդիկ սիրոյ երկնային ներշնչումներուն տակ իրարու հանդէպ «գթութեան հրեշտակներ» կը դառնան։ Վերստին ծնած «նոր մարդ»ուն սիրտը աննենգ եւ սուրբ սիրով մը միայն կը բաբախէ եւ կը ստիպէ, կը մղէ զայն սիրել՝ ո՛չ միայն իր ընկերը, այլ եւ իր հակառակորդն ալ։ Սէրը ո՛չ սահման եւ ո՛չ ալ արգելք ունի. ան անհուն կերպով կը ծաւալի, կը տարածուի եւ իր ազդեցութեան տակ կ՚առնէ մարդկային հոգիները, եւ սէրը քաջութիւն կը պահանջէ, սէրը աշխատանք եւ ջանք կը պահանջէ. մէկ խօսքով՝ սէրը գո՛րծ կը պահանջէ։

Ահա՛ այս մեծ եւ վսեմ սկզբունքը՝ քրիստոնէութիւնն էր, որ ծնաւ փառասիրութեան, անձնասիրութեան, ոճիրներու եւ ապականութիւններու մահահոտ դարերու ծոցէն։ Եղբայրութեան, համաձայնութեան, հաշտութեան եւ ճշմարիտ խաղաղութեան կեանքը Յիսուս Քրիստոսի Աստուածային կեանքովը հիւսուած «հաշտութեան ծիրանի գօտի» մը եղաւ երկիրը երկինքին հետ կապող։

Քրիստոսի հետեւողները՝ որոնք աներկիւղ մտան ամէն երկիրներու սահմաններէն ներս, եւ բարբարիկ դարերու բարքերը յեղաշրջեցին՝ փոխելով աշխարհի վիճակը եւ ինկած մարդուն ճակատագիրը, ամբողջ տրամադրութիւն եւ հոգեվիճակը։

Անոնք մէկ լեզու մը միայն գիտէին, անով խօսեցան ապառաժուտ սիրտերու եւ փշրեցին զանոնք. խօսեցան ինկած հոգիներու եւ բարձրացուցին զանոնք. ահաւասիկ, այդ լեզուն սիրոյ լեզուն էր՝ տիեզերական լեզո՛ւն։ Ան արդարեւ, Աստուծոյ լեզուն է, որ կը հասկնան անոնք միայն, որ «Սուրբ Հոգիէն ծնած» են եւ կ՚ապրին «նոր մարդ»ը։ «Աստուծոյ լեզուն». այս երկնաբարբառն է, որ կեանքին իմաստ կու տայ, քանի որ ան է կեանքին պատճառը եւ կեանքին նպատակը։

Սէրը կը նմանի արեւի. ան կը ծագի անխտիր բոլոր մարդոց վրայ՝ թէ՛ բարիներուն եւ թէ՛ չարերուն վրայ։ Սէրն ալ կը տարածուի ամէնուն վրայ, բայց ոմանք կը զգան, ոմանք չեն զգար զայն։ Եւ նոյնպէս՝ սէրը կը նմանի անձրեւի. ան կը տեղայ բոլորին վրայ, եւ ոմանք կ՚օգտուին, ոմանք չեն օգտուիր անոր բարիքներէն։ Սէրն ալ ամէնուն սրտին մէջ տեղ կը գրաւէ եւ ոմանք կը տեսնեն անոր բարիքները, ոմանք կ՚անտեսեն զայն եւ հեռու կը մնան անոր բարիքներէն։

«Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ, եւ անձրեւը կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ Այլապէս, եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել». (ՄԱՏԹ. Ե 45-46)։

Սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ողորմածութիւնը, գթածութիւնը։ Ան կը պահանջէ բարեգործութիւնը, իրերօգնութիւնը. ան բարեցակամ է, առիթ կ՚ընծայէ փոխադարձութեան, կը մնայ միշտ անշահախնդիր եւ առատաձեռն, ան բարեկամութիւն եւ հաղորդութիւն է։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս սիրոյ մասին կ՚ըսէ. «Լրումը մեր բոլոր գործերուն, սիրոյ գուրգուրանքն է։ Հոն է վախճանը։ Մենք կը վազենք զայն ընդունելու համար, մենք կը վազենք դէպի հոն, անգամ մը որ հասնինք, անոր մէջ պիտի հանգչինք»։ Ուստի, ճշմարտութեան նկատմամբ կուրացումը եւ անարդարութեան կացութիւնները կը ճնշեն բարոյական կեանքին վրայ եւ թէ՛ զօրաւորները եւ թէ՛ տկարները ընդդէմ սիրոյն մեղանչելու փորձութեան մէջ կը ձգեն։

Արդարեւ, անտեսելով սիրոյ զօրութիւնը եւ շեղելով բարոյական օրէնքէն, մարդը վնաս կը հասցնէ իր իսկ ազատութեան, ինքզինք կը կաշկանդէ, կը խզէ եղբայրութիւնը իր նմաններուն հետ եւ կ՚ընբոստանայ աստուածային ճշմարտութեան դէմ։

Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ խաղաղութիւն կը պահանջեն։ Իսկ խաղաղութիւնը, ըստ Մարգարէին. «Գործն է արդարութեան». (ԵՍ. ԼԲ 17) եւ սիրոյ արդի՛ւնքն է։ Եւ մարդ սիրոյ երանութեան կ՚առաջնորդուի յոյսին տուած թափով։ Ուրեմն, կարելի է ըսել եւ հաւատալ որ յուսալ երկինքի փառքը՝ որ Աստուծմէ խոստացուած է անոնց, որ կը սիրեն զԻնք (ՀՌՈՄ. Ը 28-30) եւ կը կատարեն Իր կամքը սիրոյ արդիւնք է։

Աստուած կը զենու սէրը հաւատացեալներուն հոգիին մէջ, որպէսզի զանոնք ատակ դարձնէ գործելու իբր Իր որդիները եւ արժանանալու յաւիտենական կեանքին։ Սէրը գրաւականն է Սուրբ Հոգիին ներկայութեան եւ ներգործութեան մարդ արարածին կարողութիւններուն մէջ։

Արդարեւ, սէրը աստուածաբանական առաքինութիւն մըն է հաւատքին եւ յոյսին հետ միասին։ Ուստի սէրը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է, որով կը սիրենք Աստուած Իրեն համար՝ ամէն բանէ վեր, եւ մեր մերձաւորը իբրեւ մեր անձը Աստուծոյ սիրոյն համար։

Յիսուս Քրիստոս սէրը կ՚ընէ «նոր պատուիրան» մը. (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34)։ Սիրելով իրենները «մինչեւ վերջ» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 1), Ան կը յայտնէ սէրը Հօր զոր կ՚ընդունի։ Սիրելով զիրար՝ աշակերտները կը հետեւին Յիսուսի սիրոյն եւ զայն կ՚ընդունին նաեւ իրենց մէջ։ Այս իսկ պատճառով Յիսուս կ՚ըսէ. «Ինչպէս Հայրը սիրեց զԻս, այնպէս ալ Ես սիրեցի ձեզ։ Մնացէ՛ք Իմ սիրոյս մէջ». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 9)։ Ես դեռ. «Ահաւասիկ Իմ պատուիրանս.- սիրեցէ՛ք զիրար ինչպէս Ես սիրեցի ձեզ». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12)։

Պտուղ Հոգիին եւ լիութիւն Օրէնքին՝ Սէրը կը պահէ Աստուծոյ եւ Իր Քրիստոսին «պատուիրանները». «Մնացէ՛ք Իմ սիրոյս մէջ։ Եթէ պահէք Իմ պատուիրաններս, պիտի մնաք Իմ սիրոյս մէջ». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 9-10), (ՄԱՏԹ. ԻԲ 40), (ՀՌՈՄ. ԺԳ 8-10)։

Չդադրինք սիրելէ՝ սէրը ամէն ինչ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 13, 2021, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021