ՓԱԹԹՈՒԿ
Վերջին տասնամեակին գրեթէ ամէ՛ն տեղ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, թէ՛ Եւրոպայի մէջ, մինչեւ իսկ Թուրքիոյ մէջ մարդիկ սկսան «գիտափորձ» անուան տակ փողոց դուրս գալ եւ ցուցանակ մը ձեռքին օտարներուն փաթթուելու առաջարկ ընել. ձեզմէ քանինե՞ր յանձն կ՚առնէին ճամբու կէսին, անծանօթի մը հետ փաթթուիլ, չեմ գիտեր, սակայն վստահ եղէք որ շա՜տ շատեր կ՚ընեն այդ մէկը, հիմնուելով հիմնական երկու պատճառներու.-
Ա.- Հետաքրքրութեան ու հոգածութեան պակաս:
Բ.- Արտայայտուելու դժուարութիւն:
Արդի գիտութիւնը կը յայտնէ, թէ մարդու մէջ գոյութիւն ունի «օքսիտոցին» անունով կազմութիւն մը, որ կարելի է կոչել նաեւ «ողջագուրումի հորմոն»։ Երբ անձի մը հետ փաթթուինք, այդ հորմոնի բջիջները աճ կ՚արձանագրէ եւ այդ մէկը կ՚օգնէ երջանկութեան զգացումի զարգացման եւ ներքին ճնշուածութեան պակասութեան: Տակաւին գիտական ուսումնասիրութիւններ կը պարզեն, որ նորածին մանուկի մօտ նոյնիսկ փաթթուկը դրական ազդեցութիւն մը ունի. Չինաստանի Թոհօ համալսարանի գիտնականներ մանուկի սիրտի զարկերու հիման վրայ ուսումնասիրած են փաթթուկին ազդեցութիւնը. անոնք կը յայտնեն, թէ շատ մը մանուկներ իրենց լալը կը դադրեցնեն մօր կամ հարազատի մը կողմէ տրուած փաթթուկէ մը ետք, որովհետեւ այդ մէկը դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ անոնց ներաշխարհին մէջ:
Այս բոլոր բարիքներուն դիմաց ինչո՞ւ համար փաթթուիլ օտարին եւ ոչ հարազատի մը:
Դժբախտաբար, շատ մը ընտանիքներու մէջ ինչքան ալ սէրն ու կապուածութիւնը գոյութիւն ունենայ, շատ անգամ «քեզ կը սիրեմ» ըսելն ու փաթթուիլը դժուար ըլլալ կը թուի: Եթէ ուսումնասիրենք մեր շրջապատը՝ պիտի տեսնենք, որ շատեր շա՜տ դիւրութեամբ կը փաթթուին իրենց հօր, մօր, քրոջ կամ եղբօր ու առանց կաշկանդուելու «քեզ շատ կը սիրեմ» կրնան ըսել. ուրիշներ սիրելով հանդերձ կրնան «քաշուիլ» եւ կամ ամօթ զգալ այդ մէկը ընելէ. վստահաբար այդ մէկը չսիրելու նշան մը չէ, այլ կապուած է շատ անգամ բնաւորութեան, շատ անգամ դաստիարակութեան եւ անձի ներաշխարհին հետ: Այս երկրորդ խումբին պատկանող անձերը ստեղծուած «հեռաւորութեան» պատճառով շատ անգամ իրենց հարազատներու կողմէ իր անձին հանդէպ հետաքրքրութեան ու հոգածութեան պակաս կը զգան. անոնք այն մտածումը կ՚ունենան, որ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ առանձին կը պայքարին:
Նման անձեր, մանաւանդ եթէ ամուսնացած չեն ու սիրուհի չունին, այլ խօսքով երկար ժամանակ փաթթուկի կարօտ կը մնան, ինքնաբերաբար ներքին ճնշուածութիւն մը կ՚ունենան, որովհետեւ երջանկութեան հորմոնը կը նուազի ու ներքին ճնշուածութիւն մը սկիզբ կ՚առնէ:
Բացայայտ է, որ նման դժուարութեամբ տառապողները աւելի տղամարդիկ են քան կանայք, որովհետեւ կինը շատ անգամ ազատութեամբ կ՚արտայայտուի իր ցաւերուն եւ դժուարութիւններուն մասին, մինչ տղամարդը կը նախընտրէ պահել ու թաքցնել այդ մէկը. իգական սեռի պատկանող մը աւելի դիւրութեամբ կրնայ փաթթուկ խնդրել իր քրոջմէն, մօրմէն կամ հարազատներէն, քան տղամարդ մը, որ կը փորձէ իր զգացումներն ու վիշտերը իր անձին մէջ ամփոփել:
Այս նկարագիրը մարդը կ՚առաջնորդէ արտայայտուելու դժուարութեան: Օրինակ՝ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց իր «Հիմա յիշում եմ բոլոր...» բանաստեղծութեան մէջ անցեալի հանդէպ կարօտ մը կը զգայ, անձկութիւն ու տխրութիւն մը. ան ներաշխարհն ու այդ յիշատակները հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ. «մտորում են ու լռում, քո՜ւն են փնտռում ու անդորր - օրերս հին ու անցած»: Այս քունն ու անդոյրը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ այդ զգացումները լռութեան մէջ խեղդելը:
Եթէ ուսումնասիրենք մեր բանաստեղծները, պիտի տեսնենք, թէ անոնք մեծաւ մասամբ արտայայտուելու դժուարութենէն տառապողներ եղած են, որոնք նախընտրած են իրենց վիշտերը մարդու փոխարէն յանձնել թուղթին եւ այդ ապրումներու նոյնութիւնն է, որ մեզ սիրել կու տայ բանաստեղծութիւն մը: Այդ լռութեան լաւագոյն վերնագիրներէն մէկը Գրիգոր Զօհրապի «Լուռ ցաւեր»ն են, ուր մարդիկ կը տառապին լռութեան մէջ:
Իր ցաւերուն եւ վիշտերուն մասին խօսողի եւ չխօսողի տարբերութիւնը միայն փաթթուելու մէջ չէ որ ազդեցութիւն կ՚ունենայ. այդ մէկը կարելի է տեսնել գրեթէ ամէ՛ն բանի մէջ, սկսեալ նախասիրութիւններէն, նախընտրած ու լսած երգերէն ու կարդացած գիրքերէն:
Շիրվանզատէ իր «Նամուս»ը գրութեան մէջ կը յիշէ Մարիամ պաճը մը, որուն համար կ՚ըսէ. «Մարիամ պաճը, տեսնելով իւր ամուսնոյն կենդանի ըլլալը, չի կրցաւ զսպել իր ուրախութիւնը եւ ուզեց վազել ու փաթթուիլ Հայրապետի վիզին, բայց յանկարծ մտաբերեց որ փողոցին մէջն է...»:
Եթէ անցեալին ամօթ մըն էր այդ մէկը, այսօր պարզ ու սովորական երեւոյթ մըն է փողոցին մէջ փաթթուիլը. երջանիկ է ա՛յն մարդիկը, որոնք անկաշկանդ ու ազատակամ կրնան փաթթուիլ իրենց հարազատներուն ու սիրելիներուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳՐԻԳՈՐ ՂԱՓԱՆՑԵԱՆ
(1887-1957)
Մեր թուականէն 135 տարիներ առաջ՝ 17 փետրուար 1887-ին Աշտարակի մէջ ծնած է լեզուաբան, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, ակադեմիկոս եւ Խորհրդային Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Գրիգոր Ղափանցեան:
Գրիգոր Ղափանցեան հայրն է նկարչուհի եւ արուեստագէտ Արփենիկ Ղափանցեանի: Ան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար մեկնած է Փեթերսպուրկ, ուր աշակերտած է վրացի հայագէտ ու լեզուաբան Նիկողայոս Մառին. 1913 թուականին աւարտելէ ետք իր համալսարանական ուսումը վերադարձած է Հայրենիք եւ պաշտօն ստանձնած՝ Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն ներս: Տարի մը ետք՝ 1914-ին մասնակցած է Նիկողայոս Մառի պեղումներուն, միաժամանակ գրելով «Լեզուաբանական դիսցիպլինաներ եւ լեզու» աշխատութիւնը:
Ղափանցեան 1921 թուականին Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս ստանձնած է Լեզուաբանութեան ամպիոնի ղեկավարի պաշտօնը, որ վարած է 33 տարի՝ մինչեւ 1954 թուականը. եղած է Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի հիմնադիրներէն եւ 1950-1956 թուականներուն վարած՝ անոր լեզուի բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը: Ղափանցեան զբաղուած է գիտական, լեզուական եւ մանկավարժական գործունէութեամբ. լաւապէս տիրապետած է խեթերէն, ուրատուերէն եւ պալայերէն լեզուներուն եւ ուսումնասիրած է հայերէն լեզուի եւ խեթերէնի կապն ու նմանութիւնները: Գրած է բազմաթիւ յօդուածներ ու տեսական լեզուաբանութեան, հայերէն լեզուի զարգացման պատմութեան, հայ ժողովուրդի սկզբնաղբիւրներուն եւ անոր հնագոյն լեզուամտածողութեան մասին:
Ղափանցեան 1939 թուականին հրատարակած է իր «Ընդհանուր լեզուաբանութիւն» աշխատութիւնը, որուն յաջորդած են «Ուրարտուի պատմութիւնը», «Լեզուական ընդհանուր տարրեր ուրարտական եւ խեթական լեզուներու միջեւ», «Հայաստանի տեղանուններու պատմական եւ լեզուաբանական նշանակութիւնը», «Հայաստան՝ հայերու բնօրրան» եւ այլ աշխատութիւններ:
Ի յիշատակ Ղափանցեանի, 1987 թուականին Գրիգոր Ղափանցեանի անունով կոչուած է Աշտարակի 4-րդ դպրոցը, ուր կը գործէ լեզուաբանին նուիրուած թանգարան: Անոր արձանը տեղադրուած է Երեւանի Պետական համալսարանի կենդրոնական մասնաշէնքի նախասրահին մէջ:
Հայագէտը մահացած է 3 մայիս 1957-ին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ