ԴԺԲԱԽՏ ԿՆՈՋ ՆԱՄԱԿԸ
Ծնողներ ընդհանրապէս կ՚ուզեն իրենց զաւակները՝ մանաւանդ դուստրերը պսակել. իրենց խօսքով կ՚ուզեն «տուն-տեղ ընել» եւ այդպիսով ծնողական պարտականութիւններէն մեծագոյնը կատարած ըլլալ կը կարծեն։ Անգիր օրէնք մը կարծես ծնողք դառնալու առաջին իսկ պահէն այդ հրամայականը կը դնէ անոնց մէջ: Երիտասարդներուն մօտ «տուն-տեղ» դառնալը ինչքան ալ սիրոյ եւ զգացումներու վրայ հիմնուած ըլլայ, ծնողներուն մօտ միայն տրամաբանութեան վրայ կը հիմնուի եւ շատ անգամ առանց նկատելու, «բարիք» ընելու սիրոյն, առանց զգալու կրնան մեծագոյն վնաս պատճառողները դառնալ:
Անցեալին, ցաւ ի սիրտ, շրջապատի ըսի-ըսաւէն հեռու մնալու եւ «մարդիկ ինչ կ՚ըսեն»ը սեփական հանգստութենէն աւելի առաջնահերթ նկատողներ կամայ-ակամայ կը շարունակէին ապրիլ այդ դժբախտ ամուսանական կեանքը: Նման անձեր մինչեւ օրս կը գտնուին եւ իրենց հոգիին խորերը կը փորձեն խեղդամահ ընել ամէ՛ն զգացում եւ գլխիկոր կը շարունակեն իրենց չարաբաստիկ կեանքը:
Այսօր մեր ձեռքն է նման կնոջ մը նամակը, գրուած 92 տարիներ առաջ՝ 1931 թուականին: Նամակ՝ որ իր պարզութեան մէջ կը պարզէ ցաւը այն դժբախտներուն, որոնք կ՚ապրին կեանք մը՝ որոնց կառուցանողը իրենք չեն: Այս նամակը կարդացած ժամանակ ուշադրութեամբ դիտենք մեր շրջապատը, որովհետեւ այդտեղ եւս կրնան գտնուիլ նմաններ, որոնք կ՚ապրին ուրիշներու գծագրած կեանքով:
***
30 Նոյեմբեր 1931
Թախիծի շունչ մը, աշնան վարդերու թերթիկներուն բոյրին նման, արտածորելով ձեր տողերէն, եկաւ պարուրեց զիս. մնացի գլխահակ սպիտակ թուղթին վրայ: Աղուոր բաներ, քննոյշ բաներ, ինչո՞ւ անողորմ է անոնց կեանքը. ինչո՞ւ հոգիներ որ ազատագրուիլ կը տենչան, օղակ օղակ պողպատ շղթաներ կը կապեն զանոնք ժայռերու ամուր:
«Կալանաւոր»...: Որքա՜ն աւելի մեղքանալիք է կալանաւորը, որ ուրիշներ կը կարծեն երջանիկ, ինչ որ գռեհիկ ամբոխը կը կոչէ բարեկեցիկ կեանք. ի՜նչ տառապանքներ կան ծածկուած այդ կեանքին մէջ, որ մարդկային ընկերութեան եսասիրութիւնը կ՚անգիտանայ:
Ի՜նչ անտանելի է արդարեւ յաւերժապէս ստիպուած ըլլալ երեւիլ այնպէս՝ ինչպէս չենք: Տոկալ, հանդուրժել, ընել բաներ, որոնք կը սպաննեն մեր ամենէն փափուկ գացումները... նետել մարգարիտը խոզերուն առջեւ:
Այլ ի՜նչ օգուտ ընդվզումը:
Աննման բարեկամս, ինչ որ կը կարծէք իմ հանապազօրեայ կեանքս սխալ է. ես կ՚ապրիմ մթնոլորտի մը մէջ, որ շնչահեղձ կ՚ընէ զիս. ամէն օր բան մը կ՚ոչնչանայ հոգիիս թռիչքներէն, տարիները չէին դպած անոնց, ժամանակը խնայած էր, բայց հիմա անողոք ձեռքեր կը փետտեն զանոնք, ինչպէս որսորդին չարագործ ձեռքը կը փետտէ աղուոր թռչուններուն թեւերը, որպէսզի չկարենան թռիլ, թէեւ վիրաւոր:
Եւ երբեմն, հեռաւոր, լուսածուփ օրերը կու գան շուրջս դեգերիլ, գիշերները մանաւանդ երբ առանձին եմ, ու ես, անցելասոյզս, կու տամ ինքզինքս ողբերուն, մորմոքներուն, այն ամէն բարիքներուն, որոնք գնահատել չգիտցանք: Անկախ կեանքը մանաւանդ, առանց վաղորդայնին հոգերուն, անկախութիւն սրտի, մտքի, հոգիի, գործելու, մտածելու, երթալու, գալու:
... Եսասէ՜ր, կը խօսիմ սրտիս ցաւերուն վրայ. թերեւս անոր համար որ անզօր կը զգամ ինքզինքս ձերինները ամոքելու: Ամոքե՞լ. նոյնը չէ՞ գրեթէ միասին տառապիլը գրեթէ նոյն նեղութիւններով, նոյն ճնշումներով կաշկանդուած զգալը, թէ ճակատագրի ընկեր մը կայ, որ քեզ կ՚ըմբռնէ:
***
Յուսահատութիւնը իր բոլոր երեսակներով կը տեսնենք աշնանային թառամած վարդի եւ պողպատ շղթաներով կապուած ըլլալու նմանութեանց, ինչպէս նաեւ «կալանաւոր», «շնչահեղձ կեանք» եւ այլ յորջորջումներուն մէջ:
Նամակին մէջ յստակ է, որ նամակագիրը այս բոլորը կ՚ապրի իր հոգւոյն խորերը, սակայն արտաքին կեանքի մէջ կը շարունակէ կեղծ ժպիտ մը ուրուագծել դէմքին: Դժբախտ կնոջ մօտ կը տեսնենք «բանտարկեալ»ի մը հոգեբանութիւնը՝ որ կարօտը ունի անցեալի ազատութեան ու անհոգ օրերուն:
Այդ կեանքի ահաւորութիւնը աւելիով կարելի է հասկնալ, երբ կինը միւս կողմը «որսորդ» կը կոչէ՝ որ կոտրած ըլլալով իր թեւերը արգելք կը հանդիսանայ իր ազատ ճախրումին: Սակայն կնոջ մօտ յոյս չի նշմարուիր. այդ շղթաները կոտրելու եւ որսորդին ձեռքէն ձերբազատուելու ո՛չ մէկ փափաք կրնանք տեսնել անոր նամակին մէջ եւ այդ դժբախտութեան պատճառը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ շրջապատի հանդէպ եղած զգուշաւորութիւնը:
Ինչքա՜ն ահաւոր կեանք մը եղած պիտի ըլլայ շրջապատի սիրոյն «շնչահեղձ» կեանք մը ապրիլը եւ աւելին՝ զգալ հոգիի թռիչքներուն անհետանալը հոգեկան ի՜նչ մեծ դժբախտութիւն պատճառած պիտի ըլլար դժբախտ կնոջ:
Նամակագիրը վերոյիշեալ բոլոր ցաւերը իր սիրտին մէջ հեռացաւ այս աշխարհէն, սակայն մինչեւ օրս նոյն ցաւերով ապրողները շա՜տ շատ են՝ նոյնիսկ մեր հայկական շրջանակներէն ներս: Իսկական բանտարկեալէ մը աւելի դժբախտ է ան՝ որ առանց բանտի, առանց շղթաներու բանտարկեալի մը կեանքը կ՚ապրի՝ իր չակերտեալ ազատութիւնովը հանդերձ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -171-
Օր մը երիտասարդ աղջնակ մը ուզեց իր վիշտերը կիսուիլ. սիրած էր տղայ մը, սակայն ընտանիքը ամէն ձեւով արգելք հանդիսացած էր:
Սակայն ընտանիքը չէր բաւարարուած այդ սէրը արգիլելով. համոզած էր, որ ընկերութեան մէջ լաւ երեւոյթ չէ աղջկան մը համար ամուրի մնալը, հետեւաբար պէտք էր անպայման ամուսնանար եւ այդ անձը պէտք է որ ըլլար մէկը՝ որ համապատասխանէր ո՛չ թէ իր, այլ ընտանիքին գծագրած չափանիշներուն: Աղջիկը յուսահատ էր եւ գիտէր, որ օր մը անպայմանօրէն պիտի ամուսնանայ անձի մը հետ՝ զոր ընտանիքը ընտրած էր:
Այդպէս ալ եղաւ. աղջիկը իր մէջ խեղդելով սէրը՝ որ տակաւին կը սիրէ, պարզապէս «մարդիկ ամօթ չնկատեն» ըսելով պսակուեցաւ ընտանիքին կողմէ յարմար նկատուած թեկնածուի մը հետ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024