ՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷ՝ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆ

Պարտութենէ՝ յաղթութիւն. այս է ահաւասիկ «կեանք»ը իր խորքովը, թէ՛ մահէն առաջ, թէ՛ մահէն յետոյ։

«Երեւոյթ»ն է մահը, կեանքն է «իրականութիւն»ը։ Եւ բնութիւնը երգի՛չն է «իրականութեան»։ Վկա՛յ՝ այս մէկ տերեւը՝ որ կանաչ էր, կենսատու, բայց այժմ դեղնած է եւ փոխուած, բայց տակաւին ժպտուն՝ իր գունափոխութեան մէջ։

Փոփոխութիւնը անխուսափելի է՝ ամէն ինչ կը փոխուի բնութեան մէջ. մէկ բան միայն չի փոխուիր, ան ալ անփոփոխութի՛ւնն է։ Մարդ, զոր օրինակ, նոյնը չէ անցեալին մէջ եւ այսօր, եւ նոյնը պիտի չըլլայ վաղն ալ։

Մահն ալ մարդուս համար «կերպարանափոխութիւն» մըն է. պարունակութեան, բովանդակութեան փոփոխութիւն մը չկա՛յ, որովհետեւ միջուկը, էականը միշտ «կեա՛նք»ն է. միայն կեղեւն է որ կը փոխուի։ Առաքեալը, այս նոյն գաղափարը կը բացատրէ, ինքնայատուկ գոյնով մը, երբ կը գրէ. «Ամէնքս ալ պիտի փոխուինք…» եւ կ՚աւելցնէ, հաւատալով թէ՝ մահկանացուին այդ փոփոխութիւնը՝ անմահութիւն հագնելուն մէջ կը կայանայ եւ ասիկա կը նշանակէ «կեանք»ի վճռականութիւնը եւ տեւականութիւնը, կամ՝ իր բառերով՝ «յաղթութի՛ւն»ը։

Մահը գեղեցիկ… ի՜նչ գեղեցիկ մահ…։ Կրնա՞յ միթէ մահը գեղեցիկ ըլլալ…։ Չէ՞ք հաւատար։ Ուրեմն նայեցէ՛ք սա կաղնիին, կամ անդին՝ բիծխիին՝ ցախազգի անտառային սա՛ շքեղ ծառին։ Ասոնք բնութեան քնարահարներն են եւ իրենց գոյներովը կ՚երգեն, կը յայտարարեն գարնան եւ ամրան՝ կեանքի գեղօնը՝ գովերգութիւնը, ձօներգը, իսկ աշնան՝ մահուան գեղօնը։

Սակայն գեղօնը ինք՝ որքա՛ն գեղեցիկ է գարնան, նոյնքան եւ գեղեցիկ է աշնան. գոյնը՝ գո՛յն է, եւ հաւասարապէս գեղեցիկ՝ ըլլա՛յ ան կանաչ, ըլլա՛յ կարմիր, ըլլա՛յ դեղին։ Ուստի, մարդ կը հիանայ սա տերեւին վրայ, մինչեւ իսկ կը նախանձի, որովհետեւ գեղեցիկ է ան երբ կը ծնի, գեղեցիկ՝ երբ կը մեռնի…

Գունափոխութիւնը հոգեփոխութիւն չէ՛. գոյնը կը փոխուի, բայց գեղեցկութիւնը կը մնայ անեղծ։

Մա՛րդ չի հաւատար, թէ «մահ»ը կրնայ այնքա՛ն գեղեցիկ ըլլալ որքան «կեանք»ը… սա դեղնած կամ կարմրած տերեւը մեզի կը սորվեցնէ այդ դասը։ Եւ համարձակութիւն կը պահանջէ ըսել՝ մահը յաճախ աւելի՛ գեղեցիկ է քան կեանքը։

Հաւատքով խօսելով, մա՛հն ալ կեանք է, եւ կեանքէ աւելի՛ կեանք, որովհետեւ մահուամբ կեանքը չի վերջանար, հապա՝ կեանքին էութենէն կը մաղուին, կը նետուին այն բոլոր տարրերը. թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեկան, որոնք մեր երկրաւոր կեանքին մէջ մահ կը ներմուծեն։ Մահը կեա՛նք է՝ նուազականութեամբ. կեանք է նուազ՝ տառապանքով, նուազ՝ մեղքով, նուազ՝ ցաւով, նուազ՝ վիշտով եւ յուսախաբութեա՛մբ։ Որովհետեւ մահը ճշմարտութի՛ւնն է, չէ՞ որ մարդ կը ծնի՝ մեռնելու համար. կա՞յ այս իրականութեան որեւէ բացառութիւն, ուրեմն ան ճշմարտութի՛ւն է, բացարձակ ճշմարտութիւն առանց որեւէ բացառութեան։

Թէեւ մարդ կը ծնի՝ մեռնելու համար, բայց ան չ՚ապրիր մեռնելու համար. կ՚ապրի՝ ապրելո՛ւ համար…։ Ա՜խ, որքա՛ն գեղեցիկ է կեանքը՝ որ մահով կու գայ. աւելի գեղեցիկ՝ գեղեցկութեամբ մը որ աշխարհ ամբողջ չի կրնար տալ իր ամբողջ պարունակութեամբ։

Աշունը իր խոստումը ունի տերեւին համար, որ է գոյներու կերպարանափոխութիւն մը «metamorphosis»։

Գեղեցիկը՝ նորէ՛ն եւ միշտ գեղեցիկ է, ի՛նչ կերպով, ի՛նչ գոյնով ալ որ զգեստաւորուած ըլլայ։ Օրինա՞կ։ Ահաւասի՛կ տերեւը օրինակ. պարզ եւ հաստատ օրինակ։ Ամէն տեղ կարելի է տեսնել տերեւը, նոյնիսկ այն տեղեր՝ ուր ծառեր այլեւս նօսրացած են…

Տերեւը ամէն տեղ է։

Տերեւին կոչումն է գեղեցիկ մնալ՝ իր կեանքին բոլոր պայմաններուն տակ եւ շրջաններուն մէջ։

Ծառեր, թուփեր եւ տերեւներ կը կազմեն հանգոյցներ՝ զորս ո՛չ ոք կրնայ քակել։ Անմեղուկ նրբին թել մը իր դրացի մատղաշ ծառին կը փաթթուի, եւ կամ հասակաւոր ծաղկետունկի մը, եւ քանի մը շաբթուան մէջ թելը կը ստանայ պարանի մը զօրութիւնը, որ օձի մը պէս կը պրկէ իր բարեմիտ եւ ակամայ հիւրընկալը, մինչեւ որ շնչահեղձ չորնայ եւ մեռնի ան։ Ասիկա սովորական երեւոյթ մըն է։

Մարդկային վարդենիներ կրնան փճանալ, բայց այն հողը՝ որ Աստուծոյ հոգիովը ոռոգուած է՝ իր վարդենիները պիտի հասցնէ, մէկին տեղ՝ տասը, եւ հարիւր։

Աստուած բարի ուժերուն կողմն է եւ ուստի ոչ մէկ ատեն յաղթականն է հանգուցողը, թունաւորողը, հապա վարդը, տերեւը՝ բարին, Աստուա՛ծ։

Թաւշեայ կանաչ խոտը՝ որ մանկան մը նման անկարող է իր կուսական գեղեցկութիւնը պաշտպանելու, բազմատեսակ թշնամիներու ոտնձգութիւններու եւ շահատակութիւններու ենթակայ է։

Չարերու դէմ պաշտպանութեան զէնք է սէ՛րը. եւ պարտութիւնը կը դառնայ յաղթութեա՛ն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 15 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2023