ԵԶՆԻԿ ԵՒ «ԵՂԾ ԱՂԱՆԴՈՑ»
Եզնիկ կը ճանչցուի ընդհանրապէս Կորիւնի եւ Խորենացիի հաղորդած տեղեկութիւններու չափով։ Եզնիկ, այս տեղեկութիւններուն համաձայն ծնած է Կողբ գիւղին մէջ, Դ. դարուն վերջին տարիներուն։ Ան, իր ծննդավայրի անունով կոչուած է «Կողբացի»։ Իր նախնական ուսումը ստացած է Վաղարշապատի մէջ։ Եզնիկ Ե. դարու ամենէն ուշագրաւ եւ ինքնատիպ մատենագիրներէն մէկը եղած է։ Լաւ թարգմանիչ մը եղած է նաեւ ան՝ տեղեակ ըլլալով յունարէնի, պարսկերէնի եւ ասորերէնի։
Եզնիկ, թարգմանիչներու առաջին փաղանգին ամենէն կարկառուն դէմքը ճանչցուած է՝ լեզուագիտութեամբ, մատենագրական բազմակողմանի հմտութեամբ։
«Եղծ Աղանդոց» մեծարժէք երկը կը կազմէ իսկական փառքը հեղինակին։ Այս աշխատասիրութեան նպատակն է՝ հերքել այն բոլոր մոլոր վարդապետութիւնները՝ որոնք մուտք կը գտնէին երկրէն ներս։ Ուստի մշակութային կո՛ւռ շարժումին առընթեր, պէտք էր պայքարիլ նաեւ այս բոլոր մոլորումներուն դէմ։
Եւ Եզնիկ Կողբացի միակ ձեռնհաս եւ պատրաստուած անձն էր այս նուիրական գործին համար։
Ուստի «Եղծ Աղանդոց»ը ջատագովական ձեռնարկ մըն է՝ պաշտպանելու համար քրիստոնէական ուղղափառ հաւատքը՝ ընդդէմ հեթանոսական հաւատալիքներու եւ առասպելներու ու աղանդաւորական մոլորական վարդապետութիւններու։
Ստորեւ «Եղծ Աղանդոց»էն հատուածներ կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի թարգմանութեամբ, հաւատարիմ մնալով ինքնատիպին։
ՄԱՐԴՈՒՆ ԲՆԱԶԴԸ.
«Եւ ոչ միայն անասուններուն մէջ կան բնազդներ, այլ նաեւ մարդոց մէջ՝ որ խօսուն են եւ իմաստուն։ Այսպէս, երբ աչքը կը խաղայ՝ բնազդումով նոր մէկը տեսնելու նշան է,- կ՚ըսեն. եւ ադոր կարեւորութիւն կու տան յաճախ։ Երբ երանքին (երանք=զիստ, ծունկէն վեր սրունքի հաստ մաս, ագոմէջ՝ երկու ազդրերու միջեւը) կամ ուրիշ անդամներու մէջ միսը խաղայ՝ ձի հեծնելու, կամ ազնիւ զգեսներ հագնելու, կամ սիրելիին պատահելու, կամ ծեծ ուտելու նշան է,- կ՚ըսեն։ Նոյնպէս, երբ ոտքը կճում (կճել=խայթել, վիրաւորել, կծել) կ՚ունենայ կամ ձեռքը, առաջինը,- կ՚ըսեն. նշան է ճամբորդութիւն ընելու, եւ երկրորդը՝ բան մը առնելու մէկէն կամ տալու մէկուն։ (Ծանօթագրութիւն.- «կճում» կարելի է հասկնալ նաեւ՝ ոտքի կամ ձեռքի վրայ զգալ խայթոցի մը պատճառած կսկիծը կամ լուռ ցաւը)։ Նմանապէս, փռնգտալը, լեզուն խածնելը, ականջին խօսիլը, կոկորդին կճելը՝ ո՛չ թէ դեւի մը կողմէ կ՚ըլլայ այլ այն բնազդէն՝ զոր արարիչը անկած է անդամներուն մէջ, որպէսզի երբ մարդ խոհեմական զգուշաւորութեան մէջ եղծանի (եղծանել=ապականել, աղաւաղել, աւրել, խանգարել, գէշ դարձնել), բնազդումով պատսպարուի։
«Եւ յօրանջելն ու ձգտիլը (=դէպի յառաջ երկարիլ), ինչպէս ոմանք կարծեցին, ո՛չ թէ դեւէն՝ այլ մարմնի մեղկութենէն եւ թուլութենէն կու գայ։ Ասոր համար ստէպ յօրանջելու եւ ձգտելու պատճառը՝ հմուտ բժիշկները մաղասի մթերուիլը (=թանձր թուքի՝ խուխի հաւաքուիլը) կը նկատեն, եւ փորձն ալ ցոյց կու տայ, վասնզի երբ մէկը ստէպ կը յօրանջէ՝ դող կու գայ ոսկորներուն վրայ, եւ սարսուռներ կը քալեն անդամներուն մէջ։
«Ոչ ալ փռնգտալը (=քիթէն բերնէն ուժգին օդ դուրս տալ) դեւէն է, այլ կամ ցուրտէն կամ ուրիշ բնազդեցութենէ մը։ Նաեւ հառաչելը (=հեծել, ա՜խ քաշել) արդիւնք է երբեմն բան մը յիշելուն, եւ երբեմն ալ կ՚ըլլայ առանց մէկը յիշելու։ Եւ թէ՝ բնազդմունք են եւ ոչ թէ դեւերէ, յայտնի է անով, որ անասուններու բնութեան մէջ ալ կը գտնուին նոյները։ Եւ հառաչելը, երբ կ՚ըլլայ առանց մէկը կամ բարի բան մը կամ վիշտ մը յիշելու՝ բնազդմունք է՝ մէկն Աստուծոյ երկիւղին տակ ամփոփելու եւ իր բնութեան տկարութիւնը ճանչցնելու անոր։ Եւ երբ յիշողութեամբ ըլլայ, արդիւնք է սիրելիի սիրոյն կամ անարժան եւ վնասակար գործելու վրայ զղջալու։ Ինչպէս երբ մէկը արթնութեան ատեն ծուլանայ, գիշերային երազներով վախէն կը կծկուի»։
ԵՐԱԶՆԵՐԸ, ՏԵՍԻԼՆԵՐԸ ԵՒ ՑՆՈՐՔՆԵՐԸ.
«Եւ երազները ունին այլ եւ այլ պատճառներ։ Կայ պարագայ, որ երբ մարդ բերնով բան մը կը խօսի, նոյն բանով միտքը կը զբաղի նաեւ, երբ մարմինը կը հանգստանայ եւ կը քնանայ. կայ պարագայ ալ, որ բանի մը վրայ չի մտածեր, եւ սակայն կը տեսնէ երազին մէջ։ Եւ ասոր պատճառներն ալ երկու են։
«Կամ հաստատուն բան մը տեսնել, որպէս թէ հայելիի մը մէջէն, եւ ո՛չ թէ յայտ յանդիման ճշմարտութեամբ,- Աստուծոյ շնորհներուն ազդեցութեամբ՝ մարդը լաւութեան յորդորելու համար. այսպէս՝ Յովսէփ եւ Դանիէլ մեծամեծ իրողութիւններու մասին տեսիլներ ունեցան։
«Մէկ ալ հակառակորդէն-դեւէն. որովհետեւ ան անմարմին է, ինչպէս մարդուն շունչը անմարմին է, ուստի տեսակ տեսակ կերպարանքներ կը պատկերացնէ աչքի առջեւ, երբեմն կիներու՝ ցանկութեան գրգռելու համար, եւ երբեմն ահագին գազաններու եւ սողուններու՝ զարհուրեցնելու համար. ինչպէս Յոբն ալ կ՚ըսէ.- Երազներով կը զարհուրեցնես զիս (ՅՈԲ. Է 14)։ Եւ շատ անգամ կնոջ կերպարանք առնելով՝ կը խաբէ մարդիկ երազի մէջ, եւ երբեմն ալ այրական կերպարանքի տակ մտնելով՝ կիները կը հրապուրէ։
«Ոչ թէ արուական եւ իգական անդամներ ունին անոնք, այլ ցանկութեան ամանը խախտացնելով՝ արութիւնը դուրս թափել կու տան։ Եւ երբ մարդուն մէջ մտած՝ արուական կամ իգական ձայն կը ձեւացնէ, պէտք չէ հաւատալ, թէ արութիւն կամ իգութիւն ունի ան, ոչ ալ կարելի է հաւատալ, երբ ան ցոյց տայ, թէ կը վախնայ գաւազանէ եւ սուրէ. վասնզի անոր գաւազանը Աստուծոյ սա՛ստն է եւ սուրբերուն շնորհքը՝ զոր սուրբ Հոգիէն կ՚ընդունին։
«Կամ արթնութեան եւ կամ քաղցրաքուն հանգիստի միջոցին ցոյց կու տայ, թէ գաւազանէ եւ սուրէ կը վախնայ, որպէսզի մարդիկ ադոր ապաւինելով՝ ծուլացնէ զանոնք խնդրելու Աստուծմէ օգնութիւն։ Եւ Տէրն իսկ կը յայտնէ, թէ՝ Այդպիսի ոգի մը աղօթքով ու ծոմապահութեամբ կարելի է հանել (ՄԱՐԿ. Թ 28)։
«Եւ մարդուս բոլոր թուլանալն ու ցնորիլը ոչ թէ դեւէն է, այլ կա՛մ մաղձէն, կա՛մ մաղասէն, կա՛մ ուղեղին մեծնալէն, կ՛ամ ստամոքսի խանգարումէն, կա՛մ որովայնի պնդութենէն, որոնք մինչեւ անգամ պատճառ կ՚ըլլան փրփրելու եւ աչքը դարձմշտկելու»։
ՉԱՐԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ.
«Եւ եթէ ախտերը, հիւանդութիւնները, տարաժամ մահերը եւ մա՛հն ինքնին չար արարիչէ մը եղած կարծեն, եթէ հաւատային աստուածային օրէնքներուն՝ այդ օրէնքները կու տային պատասխան։ Բայց որովհետեւ անոնք չար արարչին կը վերագրեն այսպիսի անհարթութիւններ, հարցնենք մենք ալ անոնց.- բարիին եւ չարին արարիչներէն ո՞ր մէկը միւսէն զօրաւոր է։
«Եթէ ըսեն, թէ բարիին արարիչն է զօրաւոր՝ կը ստեն. վասնզի նա, եթէ չարի արարիչէն աւելի զօրաւոր եղած ըլլար, թոյլ չէ՛ր տար, որ ան վնաս հասցնէր իր բարի արարածներուն. նոյն իսկ տեղ ալ պէտք չէր տար անոր իր վայրերուն մէջ։
«Վասնզի եթէ կարող մէկն եղած ըլլար՝ անկից հեռու տեղ մը կ՚ունենար իրեն համար, եւ ապա կը ստեղծէր արարածներ ինչպէս որ կարող էր…»։
- Պատեհ առիթներով պիտի շարունակենք ներկայացնել «Եղծ Աղանդոց»էն հատուածներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 14, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024