ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահքի շրջանի վեցերորդ Կիրակին կը կոչուի «Գալստեան Կիրակի»։ Արդարեւ, Հին Կտակարանին տնտեսութեան գործադրութիւնը որպէս գլխաւոր նպատակ ունէր՝ պատրաստել Քրիստոսի գալուստը՝ աշխարհի Փրկչին երկինքէն երկիր գալը, ինչ որ կ՚ենթադրէ Քրիստոսի առաջին գալուստը։ Հին Կտակարանի Գիրքերը կը վկայեն «աստուածային դաստիարակում»ին, որ հետեւանքն է Աստուծոյ փրկչական սիրոյն, որուն մէջ է թաքնուած մարդկութեան փրկութեան վսեմ խորհուրդը։

Ուստի, Աստուծոյ Որդիին աշխարհ գալը մեծղի իրադարձութիւն մը ըլլալով՝ Աստուած ուզեց զայն պատրաստել դարերու ընթացքին։ Աստուած կը ծրագրէ Քրիստոսի գալուստը՝ որ կ՚աւետէ մարգարէներու բերանով։ Իսկ հեթանոսներուն սրտերուն մէջ կ՚արթնցնէ այս «գալուստ»ին տարտամ սպասումը։ Յովհաննէս Մկրտիչ Տիրոջ անմիջական նախակարապետն է՝ որ առաքուած է Անոր ճանապարհը պատրաստելու համար։ Ան կ՚ողջունէ Քրիստոսի գալուստը եւ զԱյն կը մատնանշէ իբրեւ «Աստուծոյ Գառն»ը։

Եկեղեցին, ամէն տարի «Գալստեան ծիսակատարում»ը հանդիսակատարելով կ՚այժմէագործէ Մեսիային այս սպասումը, եւ հաւատացեալներ հաղորդուելով Փրկչին «առաջին գալուստ»ին երկար պատրաստութեան, կը վերանորոգեն իրենց վառ բաղձանքը Անոր «երկրորդ Գալստեան»։

«Եւ Հոգին եւ Հարսը կ՚ըսեն.- Եկո՛ւր։ Ով որ կը լսէ՝ թող ըսէ.- Եկո՛ւր։ Ով որ ծարաւ է՝ թող գայ, եւ ով որ կ՚ուզէ՝ թող ձրիաբար առնէ կեանքի ջուրէն» (ՅԱՅՏ. ԻԲ 17)։ Եւ այս բոլորին վկայողը կ՚ըսէ.- Այո՛, շուտով կու գամ։ Ամէն։ Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս» (ՅԱՅՏ. ԻԲ 20)։ Ուստի այս աստուածաշնը-շական վկայութեամբ կը հաստատուի Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը, որ պիտի ըլլայ «վերջին Դատաստան»ի համար։

Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը, այս իմաստով, նոյնիմաստ է «վերջին Դատաստան»ի գաղափարին հետ։

Քրիստոսի երկրորդ Գալուստին՝ վերջին Դատաստանին՝ Քրիստոսի դիմաց, որ Ճշմարտութի՛ւնն իսկ է, մերկապարանոց պիտի յայտնուի իւր մարդուն ճշմարիտ վերաբերումը Աստուծոյ հետ։ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստին՝ Վերջին Դատաստանը պիտի յայտնաբերէ իր վերջնագոյն հետեւանքներուն մէջ ինչ բարիք որ իւրաքանչիւր մարդ կատարած կամ զանց է ըրած իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին։

Այս մասին սապէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս.

«Չարերուն գործած բոլոր գէշութիւնները արձանագրուած են, եւ անոնք ասիկա կ՚անգիտանան։ Այն Օրը ուր.- Աստուած պիտի չլռէ (ՍԱՂՄ. ԽԹ 3), Ան պիտի դառնայ դէպի չարերը եւ պիտի ըսէ անոնց.- Իմ փոքրիկ աղքատներս ձեզի համար Ես երկրի վրայ դրած էի։ Ես՝ անոնց Գլուխը, Հօրս աջակողմը կը բազմէի երկինքի մէջ, իսկ երկրի վրայ Իմ անդամներս անօթի կը մնային։ Եթէ դուք Իմ անդամներուս բան տուած ըլլայիք, ձեր տուածը պիտի հասնէր մինչեւ Գլուխը։

«Ես Իմ փոքրիկ աղքատներս երկրի վրայ տեղաւորելով, զանոնք ձեր յանձնակատարները կարգեցի, որպէսզի անոնք ձեր բարի գործերը Իմ գանձանակիս հասցնեն։ Դուք անոնց ձեռքը ո՛չինչ զետեղեցիք, ասոր համար ալ Իմ մօտս ո՛չինչ ունիք»։

Վերջին Դատաստանը տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի փառքի մէջ երկրորդ գալուստով։ Ան ժամը եւ օրը միա՛յն Հայր Աստուած գիտէ. միա՛յն Ինք կը վճռէ անոր պատահումը։ Այն ատեն՝ Իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, Հայրը պիտի ըսէ Իր վերջին խօսքը ամբողջ պատմութեան մասին։ Եւ մենք պիտի իմանանք՝ հասկնանք ամբողջ արարչագործութեան եւ փրկչական ամբողջ տնտեսութեան վերջնական իմաստը, պիտի ըմբռնենք այն հրաշալի՜ ծրագիրը, այն սքանչելի՜ ուղիները՝ որոնցմով նախախնամ Հայրը ամէն բան առաջնորդեց դէպի Իր վերջնագոյն վախճանը։

Քրիստոսի երկրորդ գալուստին՝ վերջին Դատաստանը յայտնի պիտի ընէ, թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ արդարութիւնը յաղթած է Իր արարածներուն գործած բոլոր անիրաւութիւններուն եւ թէ Իր սէրը աւելի՛ հզօր է քան մահը։ Արդարեւ, վերջին Դատաստանը իրականացումն է, մարմնացումը՝ աստուածային արդարութեան եւ ճշմարտութեա՛ն։

Վերջին Դատաստանը պատգամ մըն է՝ կո՛չ մը, դարձի՝ այնքան ատեն որ Աստուած մարդոց դեռ կու տայ «յարմար ժամանակը, փրկութեան օրը» (Բ ԿՈՐՆ. Զ 2)։ Ան կը ներշնչէ Աստուծոյ սուրբ երկիւղը։ Մարդը յանձնառու կ՚ընէ ի նպաստ Աստուծոյ Թագաւորութեան Արդարութեան։

Վարջին Դատաստանը կ՚աւետէ «երանաւէտ յոյսը» (ՏԻՄ. Բ 13) Տիրոջ վերադարձին, այսինքն երկրորդ գալուստին, «որ պիտի գայ փառաւորուելու Իր սուրբերուն մէջ եւ հռչակուելու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ» (Բ ԹԵՍ. Ա 10)։

Ժամանակներու աւարտին, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի հասնի իր լրումին։ Ընդհանրական դատաստանէն ետք, «մարմի՛ն»ով եւ «հոգի՛»ով փառաւորուած արդարները յաւիտեա՛ն պիտի թագաւորեն Քրիստոսի հետ, իսկ տիեզերքը պիտի վերանորոգուի։ Այն ատեն Եկեղեցին «երկնային փառքի մէջ իր լրումին պիտի հասնի, երբ մարդուն սերտօրէն կապուած եւ մարդով իր ճակատագիրը իրագործող համայն տիեզերքը, մարդկային ցեղին հետ իր վերջնական կատարելութիւնը պիտի գտնէ Քրիստոսի մէջ»։ (Մարդկութեան եւ աշխարհի կերպարանափոխութեան այս խոր-հըրդասքօղ վերանորոգումը, Սուրբ Գիրքը կը կոչէ «Նոր երկինք եւ Նոր երկիր» (Բ ՊԵՏ. Գ 13)։

Աստուծոյ արարչագործութեան ընդհանուր ծրագրին վերջնական իրականացումը պիտի ըլլայ. «երկնային եւ երկրային ամէն ինչը բովանդակել մէկ Պետով՝ Քրիստոսով», (ԵՓՍ. Ա 10)։

Քրիստոսի երկրորդ գալստեան եւ վերջին Դատաստանին յաջորդող այս «այս նոր տիեզերքին մէջ» (ՅԱՅՏ. ԻԱ 5), որ երկնային Երուսաղէմն է, Աստուած Իր բնակութիւնը պիտի հաստատէ մարդերով։ «Ան պիտի սրբէ ամէն արցունք մարդոց աչքերէն. այնուհետեւ պիտի չըլլայ ո՛չ մահ, ո՛չ սուգ, ո՛չ ողբ, ո՛չ ցաւ, ո՛չ աշխատանք, քանի որ հին աշխարհը անցաւ» (ՅԱՅՏ. ԻԱ 4)։

Ուստի, Քրիստոսի երկրորդ գալուստով, մարդուն համար այս լրումը, մարդկային ցեղին վերջնագոյն միութիւնը պիտի հանդիսանայ, որ ուզուած է Աստուծմէ՝ արարչագործութեան սկիզբէն ի վեր, որպէս ընդհանուր ծրագիր։ Եւ այս, կերպով մը սուրբ խորհուրդն էր ուխտագնաց Եկեղեցին։ Քրիստոսով միացածները պիտի կազմեն «փրկեալներու հասարակութիւն»ը։

Յայտնութիւնը կը հաւաստէ նիւթական աշխարհին եւ մարդուն ճակատագիրներուն, որ ծրագրուած է արարչագործութեամբ, խոր համակցութիւնը։ Քանի որ արարածները անհամբեր կը սպասեն Աստուծոյ որդիներուն յայտնութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 10, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018