ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐ
Յակոբ Պարոնեան իր «Քաղաքավարութեան վնասները» հատորին մէջ կը խօսի «տան մէջ ազատ» ըլլալու մասին եւ հիւր ընդունելու սովորութեան վրայ։ «Երբ չես ուզեր հիւր ընդունիլ…». կերպով մը դէմ կ՚արտայայտուի քաղաքավարութեան չափազանցութիւններու՝ որոնք կ՚անուանէ «փորձանքներ»։
Ստորեւ կը ներկայացնենք երգիծաբանին այս հետաքրքրական պատմուածքը։
ԵՐԲ ՉԵՍ ՈՒԶԵՐ ՀԻՒՐ ԸՆԴՈՒՆԻԼ
Մարդ իր տան մէջ աւելի՞ ազատ է… Կը կարծէ՞ք…
Փորձե՛նք։
Գործէդ եկած ես, լուացուած-փոխուած եւ ընթրած, ու ընտանիքիդ հետ հանգիստ կ՚ընես։ Յանկարծ… դրան զանգը։
-Վա՜յ, արդեօք հի՞ւր է։
Նորէն՝ զանգակը…
-Ո՜վ պիտի լսէ ասոնց. մի՛ բանաք։
-Բայց պատուհանէն տեսա՜ն…
Նորէն-նորէն՝ զանգակը. յամա՛ռ են։
-Վե՛րը ընդունեցէք. ըսէ՛ք՝ պարոն Յակոբը անհանգիստ է այսօր։
Դուռը կը բացուի։
-Վե՛ր հրամմեցէք, վեր հրամմեցէք…
Հիւրերը վեր կ՚ելլեն։ Դուն ալ կը կարծես, որ փորձանքը անցուցիր։
Կէս ժամ չանցած, սենեակիդ դուռը կը բացուի, հիւրերէն մէկը ներս կը մտնէ։
-Պարոն Յակոբ։
-…
-Ձայն չկայ, կը քնանայ կոր…
Պարոն Յակոբը անշուշտ արթուն է։
-Արթնցնե՛նք…,- ու «պարոն Յակոբ» կանչելով հանդերձ՝ կը հրմշտկէ քեզ. ճարդ հատած՝ «կ՚արթննաս»…
-Դո՞ւք էք, պարոն Փօլ։
-Ես եմ… անցած ըլլայ։
-Շնորհակալ եմ։
-Տիկինը ըսաւ, որ անհանգիստ էք։
-Այո՛, շա՛տ անհանգիստ, գլխու ցաւ…
-Ես ալ ըսի՝ երթամ նայիմ անգամ մը. յետոյ չըսէ՝ այցելեր է եւ ինծի չէ եկեր…
-Շնորհակալ եմ։
-Ինչպէ՞ս եղաւ՝ գլխու ցաւ ունեցաք։
-Իրաւ՝ չեմ գիտեր… ա՛հ, չեմ կրնար կոր գլուխս բռնել։ Կ՚աղաչեմ, վեր գացէք, անհանգիստ մի՛ ըլլաք։ Քնանամ՝ կ՚անցնի։
-Չէ՜, էֆէնտիս, քնանալով չ՚անցնիր. ծոծրակիդ քիչ մը մանանեխ քսենք։ Սա մանանե՛խը բերէք…
-Չե՛մ ուզեր, բարեկամ…
-Դուն չե՛ս գիտեր։ Մանանե՛խը…
Կը բերեն. պարոն Փօլը կը քսէ «դեղ»ը։
-Քիչ մըն ալ լիմո՛ն բերէք…
-Թող մնա, ճա՛նըս…
-Լիմո՛ն… հիւանդին մտիկ չեն ըներ։
Լիմոնը կը բերեն, ճակատիդ կը քսէ։
-Րո՛մ, րո՛մ բերէք…
-Րոմը՝ ինչո՞ւ. ձգէ՛, մա՛րդ Աստուծոյ…
-Շո՛ւտ ըրէք, րոմը բերէ՛ք…
Պարոն Փօլը րոմով կը շփէ գլուխդ։
-Անցա՞ւ քիչ մը ցաւը…
-Չէ՛։
-Օղի՛ բերէք, օղի՛, շուտ…
-Չեմ ուզեր, պարոն Փօլ, ճա՛նս…
-Օղի՛… կրակին վրայ տաքցուցէ՛ք…
«Հիւանդ»ը պէտք է օղին քիթը քաշէ…
-Թեթեւցա՞ւ քիչ մը ցաւը…
-Ոչ…
-Տաք ջո՛ւր… Ոտքերսը մէ՛ջը դրէք…
- Չէ՛, ճա՜նս, հոգի՛ս…
-Պաղ ջո՛ւր… գլուխը մէջը դրէք…
-Անցա՜ւ, պարոն Փօլս, անցա՜ւ…
-Հապա ի՞նչ. ինծի պարոն Փօլ կ՚ըսեն։
-Կեցի՛ր. հագուիմ ու վեր երթանք։
-Տե՞ս… աղէկ որ եկայ։
-Այո, շնորհակալ եմ…
Կը հագուիս, կ՚ելլես վեր։
-Օ՜օօ, պարոն Յակոբ, անցած ըլլայ։
-Անցա՛ծ ըլլայ, պարոն Յակոբ…
-Ինչպէ՞ս էք, պարոն Յակոբ…
-Շնորհակալ եմ։
-Այս գիշեր ձեզ անհանգիստ ըրինք։
-Ընդհակառա՛կը… գլխուս ցաւը անցաւ։
-Է՛, խօսեցէ՛ք նայինք, պարոն Յակոբ։ Ի՞նչ կայ-չկայ։
-Եւ, բարկութիւնդ կլլելով, կը խօսիս…
Հիւրերը կը նստին որքան պէտք է՝ քունդ փախցնելու եւ գլխու ցաւ տալու համար։ Եւ երբ կը մեկնին՝ կրկին, գիշերդ կ՚անցնես անկողնին մէջ տապլտկելով եւ անիծելով հիւր ու քաղաքավարութիւն…
***
Ահաւասիկ, դրուագ մը ընտանեկան-ընկերային կեանքէն՝ դիտուած Յակոբ Պարոնեանի աչքէն։ Երգիծաբանութեան վարպետի մը ներկայացուցած այս տեսարանը այսօր գրեթէ անծանօթ է շատերուս, քանի որ այսօր այլեւս, ընդհանրապէս դադրած է նման այցելութիւններ ընտանիքներու մէջ։
Հին սովորութիւններ փոխուած կամ կորսուած են, աւանդութիւններ՝ մոռցուա՛ծ։
Այսօր նման ընտանեկան յարաբերութիւններ չեն տասնուիր. ամէն մարդ զբաղած է իր գործերով, կ՚աշխատի եւ ընտանեկան այցելութիւններու կամ հիւրընկալութեան ժամանակ չեն գտներ մարդիկ։ Նոր սովորութիւնը՝ տունէն դուրս հիւրընկալութիւններ կը կատարուին ընդհանրապէս. զբօսարաններու, ճաշարաններու եւ հաւաքատեղիներու մէջ։ Հին առումով, տունը այլեւս փա՛կ է հիւրերու առջեւ, եւ ան կը պատկանի միայն տունի բնակիչներուն… եւ եթէ հիւընկալութիւն տեղի պիտի ունենայ, ատիկա «խիստ պաշտօնական» երեւոյթ մը կը ստանայ, քանի որ այլեւս այցելութիւները «ժամադրութիւն»ներով կը տրուին։ Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ նախկին մտերիմ այցելութիւններ այլեւս չեն տեսնուիր։ Մարդիկ ժամանակին կը յարմարին, ժամանակի պայմաններուն համեմատ կը վարուին։
Եւ եթէ Յակոբ Պարոնեան, մեր ժամանակներուն ապրած ըլլար, «հիւր ընդունելու-չընդունելու» մտահոգութիւն մը պիտի չունենար եւ թէ վերոյիշեալ տողերը գրելու պահանջքը պիտի չզգար…
Ժամանակներ կը փոխուին եւ իրենց հետ փոփոխութեան կ՚ենթարկեն նաեւ սովորութիւններ եւ մարդկային կեանքեր։ Բայց լա՛ւ որ Պարոնեան գրեր է այդ տողերը, ուրեմն ժողովրդական իմաստութեամբ կրկնենք. «Չկա՛յ չարիք որ չծնի բարիք…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 15, 2020, Իսթանպուլ