ՄԵՂՔԵՐԷ ԱԶԱՏԻԼ ՇՆՈՐՀՔՈՎ
Մեծ պահքի ներկայ շրջանը ներհայեցողութեան, ինքնամփոփման եւ մանաւանդ մեղքերու իշխանութենէն շնորհքին ազդեցութեամբ ազատելու բարեպատեհ շրջան մը եւ այս իմաստով յարմարագոյն առի՛թ մըն է։
Պօղոս Առաքեալ Հռովմայեցիներու գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ալ հիմա ի՞նչ պիտի ըսենք.- մեղքերու մէջ մնա՞նք արդեօք, որ շնորհքը շատնայ։ Քաւ լիցի. մենք որ մեղքին մեռանք, ի՞նչպէս դեռ անոր մէջ կենանք։ Չէ՞ք գիտեր, թէ մենք որ Յիսուս Քրիստոսով մկրտուեցանք, Անոր մահուանը մկրտուեցանք». (ՀՌՈՄ. Զ 1-3)։ Պօղոս Առաքեալ իր այս խօսքերով հիմա քննութեան կ՚առնէ այն առարկութիւնը, որ միշտ բերուած է շնորհքով, ո՛չ թէ օրէնքի գործերով փրկուելու վարդապետութեան դէմ։
Առարկութիւնը սա է. այս վարդապետութեան համաձայն, մեղքը որչափ մեծ է, ա՛յնչափ մեծ կ՚երեւի փրկող շնորհքը։ Այս պատճառով մեղանչելու կը քաջալերուինք, որ մեր փրկութեամբ փառաւորուի Աստուծոյ շնորհքը։
Առաքեալը բոլոր զօրութեամբ կը հերքէ այս առարկութիւնը, եւ ցոյց կու տայ, թէ ճշմարիտ քրիստոնեաներ չեն կրնար մեղքի մէջ մնալ։ Անոնք «մեռած» են մեղքին, քանի որ մեռան Քրիստոսի հետ, այսինքն թէ ինչպէս որ Քրիստոս մեղքին իշխանութիւնը եւ ազդեցութիւնը մարդոց վրայէն վերցնելու համար իր կեանքը տուաւ, նո՛յնպէս քրիստոնեաներ իրենց մեղանչական կեանքը մէկդի կը դնեն եւ մեղքին իշխանութենէն եւ ազդեցութենէն կ՚ազատին։
Ուստի, քրիստոնեաներ ասիկա օրինակով մը կը դաւանին, եւ ցոյց կու տան երբ կը մկրտուին։
Քրիստոնեաներ Քրիստոսի հետ յարութիւն ալ առած են, որպէսզի Քրիստոսի նման կեանքի նորոգութեան մէջ պտըտին. (ՀՌՈՄ. Զ 1-10)։ Քրիստոնեաներ իրենց «նոր կեանք»ին մէջ իսկական կապակցութիւն մը ունին Քրիստոսի հետ, ուստի եւ կը ստիպուին մեղք չգործել, յիշելով որ մեռած են մեղքին, եւ կենդանի են Աստուծոյ մէջ Քրիստոսով։ Այս պատճառով ահաւասի՛կ, քրիստոնեան ինքզինք ստիպուած կը զգայ մեղք չգործելու եւ հեռո՛ւ ըլլալու մեղքի իշխանութենէն եւ ազդեցութենէն։
Քրիստոնեաներ մեղքին թողութիւնը ո՛չ օրէնքէն այլ շնորհքէն սպասելով, շնորհքի՛ն ծառաներն են։
«Մեղքին մեռած» ըլլալով՝ անոնք ազատ են անոր իշխանութենէն եւ ազդեցութենէն, չեն կրնար անոր ծառայելու փափաք ունենալ, ուստի եւ իրենց մարմնաւոր կարողութիւնները պիտի գործածեն իբրեւ «գործիք» ո՛չ թէ մեղքի ծառայելու, այլ սրբութեան. մերժելով մեղքին վարձքը, վարքի եւ սրտի սուրբ հնազանդութեամբ պիտի փնտռեն Աստուծոյ պարգեւը՝ որ է յաւիտենական երանութիւն իրենց Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսի ձեռքովը։
Պօղոս Առաքեալի վարդապետութեան հակառակորդները ամէն դարու մէջ պնդած են, թէ այս կը հետեւի, եթէ Առաքեալին վարդապետութիւնը շիտակ է։ Քրիստոնեաներէն ալ ոմանք ըսած են թէ՝ ի՛նչ որ ուրիշներուն համար մեղք է հաւատացեալներուն համար մեղք չէ. եւ այսպէս Քրիստոսը «մեղքի պաշտօնեայ» կ՚ընեն. (ԳԱՂ. Բ 17)։ Այսպիսիներուն խորհուրդը ահաւոր պատրա՛նք է. մեղքի մէջ ապրիլը բոլորովին հակառակ է ճշմարիտ քրիստոնեային հանգամանքներուն։
Քրիստոսով, Մովսէսով կամ Պօղոսով մկրտուիլը կը նշանակէ՝ նուիրուիլ Քրիստոսի։ Քրիստոսի մահուան մկրտուելով մեր անձերը կը նուիրենք Քրիստոսի, իբրեւ Փրկչի որ մեզ մեղքէն ազատելու համար մեռաւ, նո՛յնպէս մենք մեղքին մեռնելով կ՚ազատինք մեղքերու ազդեցութենէն. (ՓԻԼ. Գ 10)։
«Քրիստոսի հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար» (ՀՌՈՄ. Զ 4), կը նշանակէ, թէ մեր մեռնիլը մեղքին այնպիսի մահ է՝ կատարեալ մահ՝ որ կարելի է ըսել թէ «թաղուեցանք». ուստի եւ Քրիստոսի հետ մեղքին կատարելապէս մեռած եւ թաղուած, այսինքն մեղքերու ազդեցութենէն բոլորովին ազատուած ըլլալով, Քրիստոսի նման կը հասնինք յարութեան մը՝ որ կը տանի «կեանքի նորոգութեան», կամ այնպիսի կեանքի մը՝ որ մեղքերու կեանքէն բոլորովին տարբեր է։
«Մենք» բառով կ՚ակնարկուին անոնք որ չափահաս ըլլալէն ետքը մկրտուեցան, իրենց հաւատքը Քրիստոսի նկատմամբ դաւանելով, եւ զիրենք Քրիստոսի նուիրելով Անոր աշակերտները դարձան. (ԿՈՂ. Բ 12), (ԳՈՐԾՔ. Թ 18), (ԳՈՐԾՔ. Ժ 47, ԺԵ 9, ԺԶ 14-15)։ Մկրտութեամբ յայտնուած հաւատքին եւ անոր հոգեւոր նշանակութեան նայելով, մկրտութիւնը կոչուած է «նորէն ծնանելու աւազան». (ՏԻՏ. Գ 5), ըսուած է նաեւ թէ մեղքերը կը լուայ. (ԳՈՐԾՔ. ԻԲ 16, Բ 38), եւ «կ՚ապրեցնէ». (Ա ՊԵՏ. Գ 21)։
Այլ թէ մաքրելու, մեղքերու թողութիւն տալու եւ ապրեցնելու զօրութիւնը բուն իսկ մկրտութեան մէջ չէ, այլ այն բաներուն մէջ միայն, որ մկրտութեամբ ցոյց տրուած կամ նշանակուած են. կ՚ապացուցուի սա իրողութենէն, որ Քրիստոսի նախնի ճշմարիտ աշակերտները, դեռ չմկրտուած, կ՚ընդունէին Սուրբ Հոգին, մեղքերու թողութիւն կ՚առնէին եւ կը մաքրուէին։
Կ՚ապացուցուի նաեւ սա իրողութենէն, որ երբ մէկը առանց փրկարար հաւատք ունենալու կը մկրտուէր, ինչպէս Սիմոն մոգ՝ քուրմ, այնպիսի մէկուն մկրտութիւնը «անօգուտ» էր. (ԳՈՐԾՔ. Ը 13, 20-23)։
Ուստի, մկրտութիւնը հաւատքի դաւանութիւն մը, արտաքին նշան մը եւ Քրիստոսի հետ հանդիսաւոր «ուրախութիւն» մը ըլլալով, պէտք է զայն, իբրեւ շատ կարեւոր արարողութիւն մը, զգուշութեա՛մբ մատակարարել միայն այն չափահասներու, որոնք կ՚ապացուցանեն, թէ Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբը նորոգուած են սրտով եւ վարքով։
Իսկ տղոց պէտք է մկրտութիւն մատակարարել այն ատեն միայն, երբ անոնց ծնողներուն եւ կամ խնամածուներուն մէջ հաւատք եւ անձի ճշմարիտ նուիրման ոգի կայ։
Մկրտութեան ազդեցութիւնը գործածուած ջուրին քանակութենէն չէ, ոչ ալ կերպէն, որ կը գործածուի ընդհանրապէ՛ս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 10, 2021, Իսթանպուլ