ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Հեքիաթները, զրոյցներն ու առասպելները ճշմարիտ են թէ ոչ՝ մեր այսօրուան նիւթը չէ, սակայն պարզ է, որ անոնք գրուելու եւ թուղթ լեցնելու սիրոյն գրուածքներ չեն: Թէեւ շատ անգամ անհաւատալի ու չափազանցուած, անոնք գրուած են փոխանցելու գաղափար մը, որ աւելի՛ կարեւոր է քան ճշմարտութեան ստուգումը:
Վստահաբար բոլորս ալ լսած ենք Փաւտոս Բիւզանդի գիրքի «Հայոց պատմութեան» ԾԴ գլխուն մէջ գրի առած Պարսից Շապուհ Բ. արքայի եւ Հայոց Արշակ Բ. թագաւորի միջադէպը. զրոյցի համաձայն, գուշակներն ու խորհրդականները կարծիք կը յայտնեն Պարսից արքային հայկական հող բերել տալ եւ գերի ինկած Արշակ թագաւորը խօսեցնել նախ պարսկական հողի վրայ։ Անոնց խորհուրդով եթէ թագաւորը պարսկական հողին ու հայկական հողին վրայ նոյն բաները ըսէ, կարելի է վստահիլ ու ազատ արձակել, իսկ եթէ հակառակը պատահի պատմիչի բառերով «գիտասջիր` զի որ օր հասանէ յերկիրն Հայոց, զնոյն ձայն ածէ ընդ քեզ, եւ զնոյն պատերազմ նորոգէ ընդ քեզ, զնոյն ճակատս եւ զնոյն թշնամութիւն յուզէ»:
Պատմագիրին համաձայն պարսկական հողին վրայ Շապուհ թագաւոր հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ ըմբոստացար իմ դէմ. Արշակ զղջալով իր կատարածին կ՚ըսէ. «Մեղայ քեզ եւ յանցեայ» եւ կ՚ընդունի իր մեղաւորութիւնը՝ ներողամտութիւն հայցելով պարսից թագաւորէն: Երբ հայոց հողին վրայ կը հասնին, թագաւորը կ՚երկրորդէ իր հարցը, Արշակ թագաւոր զայրանալով կը կոչէ. «Ի բաց կաց յինէն, ծառայ չարագործ» ու կը յիշէ իր նախահայրերուն վրէժը. երբ պարսից հողին վրայ կ՚երթար դարձեալ կը զղջար իր ըսածներուն համար...:
Իրականութեան մէջ գեղեցիկ, սակայն նոյնքան ալ հակասութիւններով լեցուն զրոյց մըն է Փաւստոսի անմահացուցած այս դրուագը:
Այս դրուագին դիմաց կ՚արժէ հարցնել. Ազգասիրութեան համար հողը պայմա՞ն է...: Կասկածէ վեր է, որ հայրենասիրութիւնը արտաքին երեւոյթէ մը աւելի ներքին զգացողութիւն ու ապրում է, հետեւաբար կ՚արժէ հարց տալ, թէ հողը կապ ունի՞ հայրենասէր դառնալու համար: Եթէ պատասխանը այո պիտի ըլլայ, շատ ինքնավստահ կրնանք ըսել, որ այսօր աշխարհի երեսին օտարութեան մէջ ապրող սփիւռքահայերու մէջ շա՛տ աւելի հայրենասէր անձեր կրնան գոյութիւն ունենալ՝ քան հայրենիքի մէջ: Եթէ հայրենասիրութիւնը հողով պէտք է երաշխաւորել, պէտք է նկատի ունենալ, որ պոլսահայ գրողներու մեծ մասը երբեք չտեսան ու ոտք չդրին այն Հայաստանի հողին՝ որուն համար կեանք մը ամբողջ զոհեցին ու նահատակուեցան:
Արդ, եթէ հողը պայման չէ հայրենասիրութեան, ինչո՞ւ համար է այս զրոյցը: Այս զրոյցի ամբողջ նպատակը կարելի է ամփոփել մէկ բառի մէջ՝ դիւանագիտութիւն: Նոյն այդ դիւանագիտութիւնը խաղացին Վարդան Մամիկոնեան եւ իր նախարարները, երբ երկերեսանց համաձայնեցան ընդունիլ կռապաշտութիւնը, սակայն Հայաստան վերադառնալով պատերազմ յայտարարեցին թշնամիի դէմ: Տասնամեակներ առաջ, ինչպէս նաեւ այսօր հայ ազգը չի՛ կրցաւ վարպետ դիւանագիտութիւն մը ունենալ իր եւ իր դրացի երկիրներու, ինչպէս նաեւ օտար պետութիւններու միջեւ:
Արշակ թագաւորի պարսից հողի վրայ ունեցած դրսեւորումը պէտք չէ վերագրել ազգուրացութեան. մեր ազգը տակաւին ազգուրացութեան ու դիւանագիտութեան տարբերութիւնը ճանչցած ու հասկցած չէ: Ամիսներ առաջ երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը Հայոց ցեղասպանութեան մասին ակնարկ կատարեց, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը արժանաւորապէս խաղաղութեան ու համերաշխութեան կոչերով հանդէս եկաւ. շատեր այդ կոչերը անտեղի նկատելով «ազգուրացութեան» վերագրեցին այդ մէկը, չհասկնալով որ այդտեղ հայոց եկեղեցին ու գաղութը ա՛յն է, ինչ որ է Արշակ Բ. թագաւորը պարսից հողին վրայ, որ պարտի «մեղայ»ներով ընթացք տալ իր կեանքին ու գոյութեան:
Պարսից հողին վրայ Արշակին լեզուն էր միայն մեղայ կարդացողը, ո՛չ հոգին. ազգուրացութիւն է երբ հոգին եւս ձայնակցի այդ մեղաներուն: Շատեր Արշակ թագաւորի այդ արարքը կը վերագրեն անվստահութեան՝ յայտնելով այն կարծիքը, որ պէտք է անվախ ըլլալ ու պարսկական հողին վրայ եւս ըսել այն, ինչ որ պիտի ըսուէր հայկական հողին վրայ: Պէտք է յստակ ըլլայ, որ անվախներէն աւելի դիւանագէտներն են, որ յաջողած են փրկել ազգի մը եւ պետութեան մը ապագան եւ դիւանագէտ ըլլալը դիւրին բան մը չէ, որովհետեւ դիւանագէտ ըլլալու համար նախ պէտք է լաւապէս ինքզինք ճանչնալ ու հաւասարակշռուած գիտնալ ո՛ւր, ի՛նչ պէտք է ըսել ու խօսիլ:
Գրիգոր Զօհրապ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ խօսելով քաղաքականութեան ու պատերազմներու մասին՝ կը գրէ. «Այս բոլորին եզրակացութիւնը սա եղաւ. երբ Խրիմի պատերազմին օսմանեան դիւանագէտները յաջողեր էին ֆրանսական, անգլիական եւ իտալական ոյժերը օսմանեան շահերուն ե՛ւ պատերազմին ե՛ւ Թուրքիոյ գոյութեանը ծառայեցնել»: Ամէն պատերազմ չէ՛ որ յաղթող ու պարտուող կողմ կ՚ունենայ. շատ անգամ ճատրակի խաղի նման կրնայ վերջ գտնել հաւասարութեամբ:
Այսօր, ամէ՛ն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր կարիքը ունինք դիւանագէտներու, որոնք ո՛չ թէ անձնական, այլ ազգային շահերով առաջնորդուին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳԱԼՈՒՍՏ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ
(1869-1906)
Մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ 17 մարտ 1906-ին Պոլսոյ մէջ մահացած է հրապարակախօս, գրող եւ խմբագիր Գալուստ Անդրէասեան:
Անդրէասեան ծնած է 1 յունուար 1869-ին, Մուշի մէջ: Կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի հայոց միացեալ ընկերութեան կենդրոնական վարժարանէն ներս: Ուսումը աւարտելէ ետք տեղափոխուած է Պոլիս եւ սկսած է աշխատակցիլ 1852-1908 թուականներուն Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Մասիս» թերթին մէջ. 1898 թուականէն սկսեալ եղած է 1882-1908 թուականներուն Պոլիսի մէջ լոյս տեսնող «Բիւրակն» շաբաթաթերթին:
Անդրէասեան որոշ ժամանակ աշխատակցած է նաեւ «Հայրենիք», «Բիւզանդիոն» եւ «Արեւելք» թերթերուն: Անդրէասեանի աշխատութիւններէն յայտնի է «Ճամբուն երկայնքը» խորագրով աշխատութիւնները, ուր գեղեցիկ կերպով ներկայացուցած է գիւղական կեանքը: Իր յօդուածներուն ու գրութիւններուն համար Անդրէասեան օգտագործած է Նուրհան գրչանունը: Ստեղծագործելու կողքին Անդրէասեան զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ. հայերէնի թարգմանած է անգլիացի բնագէտ Թոմաս Հեքսիլիի «Գիտական զրոյցներ» աշխատութիւնը, որուն ազդեցութեան տակ գրած եւ հրատարակած է «Գիտութիւններու վրայ ժողովրդական դասեր» աշխատութիւնը: Որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Պոլսոյ Էսաեան վարժարանէն ներս. 1898 թուականին նշանակուած է Յովհանեան վարժարանի տնօրէն: Կեանքի վերջին տարիներուն ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է նաեւ Մուշի Մխիթարեան վարժարանէն ներս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024