ՇԻՆԵԼ ԵՒ ԱՒԵՐԵԼ
Պահ մը դիտենք մեր շուրջը եւ անդրադառնանք բնութեան եւ անոր մէջ մարդուն ընդհանուր նկարագրին։ Ի՞նչ կը տեսնէք։ Բնութիւնը շարունակ կը շինէ, կ՚արտադրէ եւ կը պահէ, կը պահպանէ, հոգ կը տանի, կը խնամէ իր շինածին։ Մարդ ի՞նչ կ՚ընէ։ Մարդն ալ կը շինէ, կ՚արտադրէ, ժամանակի մը համար կը պահէ, կը պահպանէ շինածը, կը խնամէ զայն, բայց ժամանակ մը յետոյ՝ կ՚աւերէ ու կը քանդէ իր իսկ ձեռքով շինածը։ Աւելի՛ն՝ մարդ, բնութեան շինածն ալ կը քանդէ, եւ շատ աւելի ցաւալին՝ մարդս մարդը կը սպաննէ՝ դիտաւորեալ կերպով կը վնասէ իր նմանին կեանքը։
Բնութիւնը կը պահէ, մարդը կը քանդէ։
Այսպէս, մարդ կը շեղի իր կոչումէն, կը կորսնցնէ բնութեան մաս կազմելու յատկութիւնը եւ կը գործէ բոլորովին հակառակ իր կոչումին։
Բացառութիւն մըն է մարդը բնութեան մէջ, անոր ընդհանուր կանոնէն «շեղում» մը, զարտողութիւն մըն է մարդ, քանի որ կը շինէ՝ քանդե՛լու համար։
Կարելի է խորհիլ, լաւատես մտածումով մը, թէ մարդ շինածը կը քանդէ՝ աւելի լաւը, կատարեալը շինելու համար։ Բայց պէտք է նկատի ունենալ, թէ կատարելապաշտութիւնը շատ անգամ կը վնասէ լաւագոյնը. եթէ միշտ կատարեալին ձգտի մարդ, անյագ կերպով կը մերժէ ամէն բարիք, ամէն վիճակ եւ ան կ՚ապրի ապագային մէջ, երեւակայական աշխարհի մը մէջ, եւ հետզհետէ կը հեռանայ երջանկութենէն՝ որ միայն ներկային մէջ կարելի է ապրիլ։
Եւ այնպէս կը կարծենք, թէ մարդոց ընդհանուր դժբախտութիւնը կը կայանայ իրենց անյագ զգացումներուն մէջ։ Անյագ մարդը միշտ դժգոհ է, միշտ կը տրտնջայ, ներքին խաղաղութիւնը կը պակսի իրմէ եւ անշուշտ, տեւական ապերջանիկ է…։
Մինչդեռ ներկայով բաւարարուիլ, չափաւոր ըլլալ, յոյսը չչափազանցել, յոյսին ընծայած առիթը լա՛ւ տնտեսել, անկարելին եւ կարելին, երեւակայականը եւ հաւանականը լա՛ւ որոշել. ահաւասիկ երջանկութեան բանալիները՝ երջանկութեան հասնելու գաղտնիքը լուծելու միջոցները։ Եւ ընդհանուր կեանքի փորձառութիւնն ալ այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ մեզի. նպատակը լա՛ւ որոշել, եւ անկարելիին չձգտի՛լ։
Մարդուս ապրած կեանքը երկու աշխարհներու ճիշդ մէջտեղն է։ Մարդ կ՚ապրի նախ երեւակայական աշխարհի մը մէջ, յետոյ իրական աշխարհին մէջ, ահաւասիկ, այս երկու աշխարհներուն միացած կէտը, որ միջին կէտն է, ճշմարիտ, ներկայ կեա՛նքն է։ Եւ այն՝ որ կ՚անդրադառնայ այդ «միջին կէտ»ին, այն երջանկութեան հասնելու, երջանկութիւնը ապրելու ու վայելելու ատակ է։
Արդարեւ «յոյս» եզրը լաւ տնտեսել, օգտակար կերպով կանոնաւորել, նպատակայարմար ձեւով գործածել՝ կարելի է զգացումները չափաւորելով, այսինքն զգացումներու սահմանը որոշելով։ Այս ալ կարելի է գիտակցութեա՛մբ։
Ուստի գիտակցութիւնը բանաւոր միակ էակ՝ մարդուն ամենամեծ հարստութիւնն է, եւ հարստութիւնները արժէք կը ստանան, երբ անոնք նպատակայարմար կերպով գործածուին։
Միայն զգացումներով շարժիլ՝ մարդուս թէ՛ բնութեան, թէ՛ ընդհանուր նկարագրին հակառա՛կ է։
Մարդ, այս իմաստով ունի երկրորդ «միջին կէտ» մը եւս, երջանկութեան տանող ճամբուն վրայ, որ է՝ զգացումներուն ու բանականութեան միացած կէտը։ Երբ մարդ, զգացումները կրնայ հակակշռել իր բանականութեամբ, եւ փոխադարձաբար, երբ կրնայ բանականութեամբ ստացած արդիւնքները գործադրել՝ զգացումներուն հակակշռութեամբը, ահաւասիկ ան երջանկութեան ու կատարելութեան ճամբուն վրայ կարեւոր քայլեր առնելու ատա՛կ է։
Ըսինք, որ մարդ կը շինէ ու կ՚աւերէ, կը քանդէ։ Եւ դարձեալ ըսինք, որ մարդ, բնութեան մէջ՝ բնութեան օրէնքներուն մէկ բացառութիւնն է։
Եւ կարծեմ, Սէնէգա եւ Թ. Հոպս երբ կ՚ըսեն՝ թէ մարդս մարդուս գա՛յլն է. «homo homini lupus», այս կը նշանակէ, որ մեր կարծիքին մէջ շատ ալ սխալած չենք։ Եւ միակ էակն է մարդ, որ գիտակցաբա՛ր չարին կը հետեւի, չարութեան վրայ ծրագիրներ կը յղանայ, սէրը եւ ատելութիւնը կրնայ ծածկել՝ ատել սիրոյ դիմակով կամ սիրել՝ ատելութեան կեղծ երեւոյթով։ Մինչդեռ եթէ մարդ միայն շինէ՝ առանց աւերելու, առանց քանդելու, այն ժամանակ իրապէ՛ս շա՜տ երջանիկ պիտի ըլլայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 2, 2015, Իսթանպուլ