ՆՈՐ ՄԱՐԴ՝ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԷՆ ԵՏՔ

Մարդկութիւնը կ՚անցնի նոր եւ աննախընթաց փորձառութենէ արագօրէն տարածուող քորոնաժահրի համաճարակի լոյսին տակ: Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ո՛վ է «հիւանդ զերօ»ն՝ առաջին մարդը, որ վարակուած է եւ ժահրը փոխանցած ուրիշներուն:

Աշխարհը անակնկալի բերած այս ժահրի սաստկութիւնը կը կայանայ ոչ միայն արդիւնաւէտ պատուաստ գտնելու գիտնականներու ուշացման մէջ, այլ նաեւ այն փաստին մէջ, որ ատոր հակազդելու համար ձեռնարկուած միջոցները զգալիօրէն կը տարբերին նախապէս ընդունուածէն, դիմակայելու տարբեր սուր ճգնաժամեր՝ ըլլայ ատիկա առողջապահական, քաղաքական, հասարակական կամ տնտեսական:

Կասկած չկայ, որ քորոնա համաճարակը կը փոխէ մարդկային հասարակութեան դէմքը, բայց ատիկա մեզի կը ստիպէ քանի մը կարեւոր հարցումներ ուղղել:

Արդեօք այս փոփոխութիւնը իր անդրադարձը կ՚ունենայ միայն առողջապահակա՞ն համակարգերու վրայ, թէ՞ կը տարածուի սպառման ձեւերու, արժէքային համակարգերու, քաղաքական վարչակարգերու եւ իրաւական համակարգերուն վրայ՝ ատով իսկ պատճառելով հսկայական ելեւմտատնտեսական կայսրութիւններու անկում:

Արդեօք աշխարհի մէջ տեղի ունենալիք հիմնական վերափոխումները կ՚որոշուին այն գործօնո՞վ, թէ մենք ինչպէ՛ս կը վերականգնինք այս իրավիճակի հետեւանքներէն:

Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, խնդիրը ոչ միայն քորոնային մէջ է, այլ աւելի շատ վախին, խուճապին եւ սարսափին մէջ է, զորս յառաջացուցած է այս ժահրը, եւ զորս կ՚ուժեղացնեն լրատուամիջոցները, որոնք իրավիճակը կը ներկայացնէին կարծես աշխարհի վերջն է:

Արգելք հանդիսանալով այն միջոցառումներուն, որոնց ձեռնարկած է Չինաստան, ուր յառաջացած է ժահրը, ամբողջ աշխարհի մէջ ճգնաժամը կառավարելու համար գործածուող մեթոտները գրեթէ նման են:

Որոշ չափով Չինաստան սկիզբէն կարողացաւ կրճատել ժահրի տարածումը՝ շնորհիւ իր ժողովուրդի կարգապահութեան ոգիին իր առողջական ենթակառոյցներուն, հետազօտական կեդրոններու եւ տարրալուծարաններու առատութեան, նաեւ տեղեկատուութեան աղբիւրներու հսկելու ունակութեան:

Այլ երկիրներու մեծ մասը թանկարժէք ժամանակ վատնած են առաջին պարագաներու ի յայտ գալէն ետք՝ ապաւինելով համաճարակի իրաւական եւ անվտանգութեան հսկողութեան եւ ատոր վերաբերեալ տեղեկատուութեան՝ առանց հիմնուելով գիտութեան կողմէ տրամադրուող տեղեկատուութիւնը տարածելու վրայ:

Ներկայիս ճգնաժամը միայն համաճարակը չէ, այլ աւելի հեռուն հասնող հետեւանքներն են մարդկային վերաբերմունքի վրայ: Այս հետեւանքներուն անդրադառնալը պէտք չէ սահմանափակուի ներկայի իրավիճակով սահմանափակուած ժամանակաւոր ծախսալից միջոցառումներու ձեռնարկումով, այլ պէտք է յուշէ մեզի մտածել համաճարակէն այն կողմ նորարարական միջոցառումներ եւ գործողութիւններ իրականացնելու մասին:

Միջոցառումներ, ինչպիսիք են՝ մեկուսացումներու պարտադրումը, համաճարակը կառավարելու նոր օրէնքներու ճշդումը, ելեկտրոնային ուսուցման եւ հեռահաղորդակցութեան ժամանակակից սարքերու գործածութիւնը, բոլորին համար կենսամակարդակի նուազագոյն չափի ապահովումը, վարկերու տրամադրումը, ջուրի եւ կազի օրինագիծերու եւ հարկերու վճարումէն ազատ կացուցումը, գործազուրկներուն օժանդակելը եւ համաճարակի ընթացքին անվտանգութեան միջոցառումներուն աջակցելու համար զինուորականներու օգտագործումը, որ երկիրներուն արժած են միլիառաւոր տոլարներ:

Ատոնք միջոցներ են, որոնք կրնային ներդրուիլ ենթակառոյցներու կամ այլ խոշոր նախագիծերու համար, բայց փոխարէնը այժմ օգտագործուած են մարդոց անմիջական կարիքները հոգալու:

Համաճարակը արմատապէս պիտի փոխէ ժամանակակից աշխարհը՝ պատճառելով երեք հաւանական անդրադարձներ.

Առաջին անդրադարձը

Յետագային նոր տեսութիւն կը ներգրաւուի քաղաքագիտութեան մէջ: Իրօք, կառավարման համակարգերուն մէջ աւանդական օրինականութիւնները, որոնք կը բխին քուէատուփերէն, ժառանգական օրինականութենէն կամ կրօնէն, կը սկսին անկում ապրիլ՝ տեղ բանալով նոր տեսութեան, որ կը կոչուի «նուաճումներու տեսութիւն»:

1960-ականներուն Մաօ Ցէ Թունկի Մշակութային յեղափոխութենէն ի վեր Չինաստան աշխատած է այս նոր օրինականութեան վրայ, որովհետեւ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը ինքզինք տարբերած է աշխարհի համայնավար մնացեալ կուսակցութիւններէն:

Երկրորդ անդրադարձ

Սխալ տեղեկատուութեան եւ ճիշդ տեղեկատուութեան աւանդական բախումը կը վերածուի համոզիչ տեղեկատուութեան եւ անհամոզիչ տեղեկատուութեան բախումի, որովհետեւ իրաւական զինանոցներն ու վերահսկման գործիքները այլեւս արդիւնաւէտ չեն ճիշդ տեղեկատուութեան տարածման եւ ընդհանրացման առումով:

Տեղեկատուութիւն արտադրելու եւ ատոնց տարածման ուղին ընտրելու մեթոտը կը դառնայ ատիկա համոզիչ տեղեկատուութեան վերածելու միջոց՝ անկախ ատոնց ճշմարիտ կամ կեղծ ըլլալէն:

Երրորդ անդրադարձ

Մարդոց հսկելու հոլովոյթը սմարթֆոններու միջոցով արտաքինէն կ՚անցնի ներքին վերահսկողութեան: Ասիկա նոյնպէս այն է, որ տեղի ունեցաւ Չինաստանին մէջ՝ զսպելու համար քորոնաի ապատեղեկատուութիւնը ատոր կանուխ փուլերուն եւ որպէս կանխարգելիչ միջոց պատուաստի բացակայութեան պայմաններուն մէջ:

Տան մէջ այս խելացի սարքերը (smart devices) դարձած են արդիւնաւէտ գործիքներ քաղաքացիներու արձագանգները չափելու համար, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ իրենց շրջապատին մէջ:

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՊԱԳԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդկութիւնը կ՚անցնի մարդկային յեղափոխութեան մէջէն, այն տեսակը, որ նախապէս միայն երեք անգամ տեղի ունեցած է. նախ՝ կրակը յայտնաբերելէն ետք, երկրորդ՝ երկրագործութեան գալուստով եւ երրորդ՝ ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն ետք:

Այս «չորրորդ յեղափոխութեան» ամենէն յայտնի նշանը նոր փորձագութիւններու գերակշռութիւնն է եւ հաղորդակցութեան ժամանակակից միջոցներու գերակայութիւնը, որոնք բախում յառաջացուցած են համացանցէն օգտուելու երկու հիմնական հասկացութիւններու միջեւ:

Առաջինը կարելի է բնութագրել որպէս հասարակական ընկալում մարդկային կապի հետ, մինչ երկրորդը ոչ-հասարակական ընկալում է եւ կրնայ անուանուիլ որպէս վայրի եւ անսանձ:

Մարդասիրական ընկալումը, հաւանաբար, կը յաղթէ այս հակամարտութեան մէջ, որովհետեւ մարդկային այս յեղափոխութիւնը իր հետքը կը ձգէ մեր հասարակական գոյութեան եւ հին վարքագիծին վրայ:

Ատիկա կ՚ազդէ ներկայիս արժէքային համակարգին վրայ եւ կ՚ունենայ քաղաքական ու տնտեսական հետեւանքներ:

Համաճարակին յաջորդող հանգրուանը կը տեսնէ նոր մարդ, որուն ամէնօրեայ վարքն ու մտածողութիւնը կը տարբերին այն բոլորէն, որ կար քորոնաժահրի բռնկումէն առաջ:

Քաղաքական, իրաւական եւ տնտեսական համակարգերը ստիպուած կ՚ըլլան յարմարիլ այս նոր մարդուն:

Հակառակ աշխարհի մէջ գործող անվտանգութեան միջոցներու գործադրման կարեւորութեան, կենսական է, որ ատոնք համարկուին յետհամաճարակային համապարփակ մտածողութեան:

Փաստօրէն, մենք կը յայտնուինք սերունդի մը առջեւ, որ կը տարբերի նախահամաճարակային սերունդէն:

Նկատի առնելով քորոնաժահրի ազդեցութիւնը հասարակութեան եւ պետութեան անհատական ու հաւաքական վարքագիծին վրայ, նաեւ մարդոց տեղեկատուութեան շարունակական ծարաւը, որոշումներ տալու հարցին մէջ անհրաժեշտ է ի մտի ունենալ յետհամաճարակային աշխարհը:

Քորոնա փոթորիկը պիտի անցնի, եւ մարդկութիւնը պիտի գոյատեւէ, հակառակ բազմաթիւ կեանքերու կորուստին: Մարդկութիւնը շուտով պիտի ապրի աշխարհի մը մէջ, որ շատ տարբեր է ժահրէն առաջ եղած աշխարհէն:

Այդուհանդերձ, համաճարակը յաջողութիւն պիտի ունենայ հոն, ուր 20-րդ դարու միւս շարժումները ձախողած են ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ հաստատելու եւ բոլորին համար անվտանգ միջավայր պահպանելու պայքարին մէջ:

ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԱԾ Է, ԵԹԷ ՉԿԱՐՈՂԱՆԱՅ ՅԱՐՄԱՐԻԼ ՅԵՏՔՈՐՈՆԱՅԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ

Բնագէտը կոչ կ՚ուղղէ՝ վերատեսութեան ենթարկելու սննդային սովորութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել ապագայ համաճարակը:

Մարդկութիւնը «կ՚աւարտի», եթէ մենք չկարողանանք կտրուկ փոխել մեր սնունդի համակարգը, որպէս պատասխան քորոնաժահրի համաճարակին եւ կլիմայական ճգնաժամին: Այս մասին զգուշացուց յայտնի բնագէտ, սեւակապիկներու մասնագէտ եւ բնապահպանութեան երկար տարիներու քարոզիչ Ճէյն Կուտոլ:

Ան քորոնաժահրի յառաջացման պատճառը նկատեց բնական աշխարհի գերշահագործումը, որուն իբրեւ հետեւանք անտառներ հատուած են, կենդանական աշխարհի տեսակներ անհետացած են եւ բնավայրեր քանդուած:

Կ՚ենթադրուի, թէ քորոնան անցեալ տարուան վերջաւորութեան ցատկած է անասուններէն դէպի մարդ, հաւանաբար ծագած է Չինաստանի Վուհանի միսի շուկային մէջ: «Ուժեղացուած երկրագործութիւնը նոյնպէս կը ստեղծէր անասուններու հիւանդութիւններու շտեմարան մը, որ կը թափի մարդկային հասարակութեան վրայ», ըսաւ Կուտոլ:

Ան աւելցուց. «Մենք ատիկա մեր ձեռքով ըրած ենք, անասուններու եւ շրջակայ միջավայրի նկատմամբ մեր բացարձակ անյարգալից վերաբերմունքին հետեւանքով: Վայրի անասուններու եւ անասնաբուծութեան հանդէպ մեր անյարգալից վերաբերմունքը ստեղծած է այս իրավիճակը, որուն պատճառով ալ ախտը կրցաւ արտահոսիլ եւ վարակել մարդիկը»:

Ըստ Կուտոլի, մարդիկ պէտք է շտապ հեռանան գործարանային հողագործութենէն եւ անյապաղ դադրեցնեն ոչնչացնել բնութիւնը՝ հիւանդութիւններու սպառնալիքի եւ կլիմայի քայքայման առաջքը առնելու համար: Գործարանային հողագործութիւնը կապուած է մանրէասպան նիւթերու դիմադրող միջատներու աճին: Անոնք կը սպառնան մարդու առողջութեան:

«Եթէ մենք այլ ձեւով չգործենք, մենք կ՚աւարտինք: Մենք չենք կրնար այսպէս շատ երկար շարունակել», ըսաւ բնագէտը:

Ան կոչ ուղղեց՝ մարդիկը դուրս բերելու աղքատութենէ՝ լուսարձակի տակ առնելով ատոր ուժեղ ազդեցութիւնը բնական աշխարհի վրայ, քանի որ այլընտրանք չունեցող մարդիկ, որոնք ամէն գնով կը ձգտին կերակրել իրենց ընտանիքները, գոյատեւելու համար կը կտրեն անտառներու ծառերը, իսկ քաղաքային բնակավայրերու մէջ կ՚ընտրեն ամենէն աժան ուտելիքը, ի՛նչ ալ ըլլայ ատոր արտադրութեան պատճառած վնասը, որովհետեւ անոնց այլընտրանքը քիչ է:

«Բնութեան ոչնչացման յաւելեալ պատճառ դարձան պատերազմը եւ բռնութիւնը, մեր չափազանց մեծ սպառողականութիւնը, իրեր կուտակելու մեր ձգտումը, նաեւ՝ մեր սննդականոնները: Մեծահարուստները պէտք է ճնշում բանեցնեն առաջնորդներու վրայ եւ հոգ տանին իրենց գնածին, որպէսզի խուսափին խնդիրի բարդացումէն: Մենք պէտք է դադրեցնենք գնել անոնց արտադրանքը», ըսաւ ան այն ընկերութիւններու մասին, որոնք կ՚օգտագործեն գործարանային հողագործութիւն եւ կը շահագործեն բնութիւնը:

«Մենք հասած ենք շրջադարձային պահու՝ բնական միջավայրի հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Աղէտը դիմագրաւելը կտրուկ փոփոխութիւններ կատարելու կարելիութեան միայն փոքր պատուհանն է: Այս ճգնաժամէն քաղուած դասերէն մէկը այն է, որ մենք պէտք է փոխենք մեր ձեւերը: Գիտնականները կը զգուշացնեն, որ ապագայ ճգնաժամերէն խուսափելու համար մենք պէտք է կտրուկ փոխենք մեր սննդականոնը եւ անցնինք բոյսերով հարուստ սնունդի: Յանուն անասուններու, մոլորակի եւ մեր երեխաներու առողջութեան»:

Եւրոպական Միութեան Առողջապահութեան եւ սննդամթերքի անվտանգութեան հարցերով յանձնակատար Սթելլա Քիրիաքիտես ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՚արձագանգէ մտահոգութիւններուն իր նոր սկսած երկրագործութեան եւ կենսաբազմազանութեան ռազմավարութիւններու ու Եւրոպական Կանաչ գործարքի միջոցով: Այս ռազմավարութիւնները կը դադրեցնեն ժանտասպաններու օգտագործումը եւ կը խրախուսեն կենսաբազմազանութիւնը:

«Անասնաբուծական ուժեղացած, բազմացած համակարգերը ստեղծած են սննդամթերքի առատութիւն, բայց Եւրոպայի մէջ, յամենայն դէպս, նոյնպէս կան զգալի թափօններ, իսկ երբեմն՝ անասուններու տառապանքներ», ըսաւ Սթելլա Քիրիաքիտես: Ան աւելցուց. «Այս երեւոյթները խորապէս կը մտահոգեն զիս: Այն մասերը, որոնք չեն գործեր, բարոյապէս կասկածելի են, իսկ հասարակական եւ կենսոլորտային առումներով՝ անընդունելի: Մեր քաղաքացիները աւելին կ՚ակնկալեն, եւ մենք աւելի լաւ հաւասարակշռութիւն ապահովենք՝ երկրագործական կայունութիւն եւ սնունդի մատչելիութիւն երաշխաւորելու համար»:

Քորոնաժահրի եւ բնական աշխարհի շահագործման կապերու առընչուած մտահոգութիւնը կ՚աճի: Բնապահպանական տասնութ խումբեր միացած են վայրի բնութեան առեւտուրին վերջ տալու արշաւին՝ պահանջելով արգիլել վայրի բնութեան առեւտուրը, երբ «Քսաններու» առաջնորդները հանդիպին այս նոյեմբերին:

Խումբերը կ՚ըսեն, որ նման արգելք անհրաժեշտ է վերջ տալու աւանդական բժշկութեան համար բնութեան շահագործման, տարաշխարհիկ (exotic) ընտանի անասուններու, զբօսաշրջութեան եւ այլ նպատակներով: Ներկայիս որոշ վտանգուած տեսակներու առեւտուրը արգիլուած է, բայց տակաւին շատ է: Ատիկա աշխարհին մէջ ապօրինի շրջանառութեան ամենէն մեծ ձեւերէն մէկն է՝ մարդոցմէ եւ թմրեցուցիչներէ ետք: Ըստ արշաւին, օրինական առեւտուրին արժէքը տարեկան 7-էն 23 միլիառ տոլար է:

«Քոլըր» ընկերութեան հիմնադիր Ճերեմի Քոլըր կ՚ըսէ. «Գործարանային տնտեսութիւնը թէ՛ խոցելի է համաճարակներէն, թէ՛ մեղաւոր է ատոնց ստեղծման մէջ: Ատիկա ինքնիրեն վնաս պատճառելու շրջանակն է, որ կ՚ոչնչացնէ արժէքը եւ կը վտանգէ կեանքերը: Յաջորդ համաճարակը յառաջացնելէ խուսափելու համար, միսի մթերքի ճարտարարուեստը պէտք է լուծէ սնունդի եւ աշխատողներու համար անվտանգութեան չափանիշները, խստօրէն սահմանափակէ անասուններու եւ չափազանց մեծ քանակութեամբ մանրէասպաններու օգտագործումը: Քորոնան կրնայ ըլլալ ծղօտը, որ կը կոտրէ միսի ճարտարարուեստին կռնակը»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Ապրիլ 17, 2021