ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԼՈՅՍ ԱՇԽԱՐՀԸ

Գիր­քե­րը մար­դուս ա­մե­նէն հա­ւա­տա­րիմ ու ան­կեղծ բա­րե­կամ­ներն են, իսկ գրա­դա­րան­նե­րը՝ լու­սա­ւոր եւ ա­պա­հով պատս­պա­րանն է, որ հե­ռու կը պա­հէ մտքի խա­ւա­րի ա­մէն տե­սակ վնա­սա­բեր ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րէն։ Եւ այս ի­մաս­տով, ի­րա­պէ՛ս գիր­քե­րը եւ գրա­դա­րան­նե­րը «լոյս աշ­խարհ»ի մը կը վե­րա­ծեն մու­թէն ու խա­ւա­րէն տագ­նա­պած ու տուայ­տած մար­դը։ Ուս­տի պէ՛տք է գիտ­նալ այդ «լու­սա­ւոր աշ­խարհ»ին ար­ժէ­քը, քա­նի որ հոն կա՛յ լոյս եւ յոյս՝ ներ­կա­յին եւ ա­պա­գա­յին հա­մար։

Գիր­քե­րը մար­դուս ա­մե­նէն հա­ւա­տա­րիմ ու ան­ղերծ բա­րե­կամ­ներն են, ը­սինք։ Ա­յո՛, սի­րե­լի­նե՜ր, այդ­պէ՛ս է։ Զոր օ­րի­նակ, գիրք մը կը սկսինք կար­դալ, բայց մի­ջոց մը վերջ, կը ձանձ­րա­նանք, կը նե­ղուինք եւ մէկ կողմ կը թո­ղունք զայն, ինչ որ բնա­կան է եւ սո­վո­րա­կան։ Գիր­քը՝ ան­ձայն կը մնայ, եր­բեք չ՚ընդվ­զիր, չ՚ըմ­բոս­տա­նար, չի բո­ղո­քեր, հա­ւատ­րիմ՝ կ՚եր­թայ կը գրա­ւէ իր տե­ղը գրա­դա­րա­նին մէջ։ Եր­կար ժա­մա­նակ ե­րե­սը ան­գամ չենք նա­յիր, թե­րեւս կը մոռ­նանք իսկ ա­նոր գո­յու­թիւ­նը, կը հե­տաքրք­րուինք ու­րիշ գիր­քե­րու հետ, կը սի­րենք, կը կար­դանք, մեր քո­վէն չենք հե­ռաց­ներ, եւ երբ կ՚ը­նենք այս բո­լո­րը՝ մեր նա­խա­պէս ձանձ­րա­ցած ու լքած «խե՜ղճ» գիր­քը միշտ հո՛ն է՝ ուր ար­ժա­նի տե­սանք ի­րեն՝ ան­ձայն, անշ­շուկ եւ միշտ հա­ւա­տա­րի՛մ։ Եւ օր մը կը յի­շենք մեր լքած գիր­քը, կը մօ­տե­նանք ի­րեն, հո՛ն՝ ուր մե­զի կը սպա­սէ հա­ւա­տար­մօ­րէն, ան­համ­բեր եւ ան մեծ ու­րա­խու­թեամբ կու գայ մեր ձեռ­քե­րուն մէջ, կար­ծես չէ՛ լքուած նա­խա­պէս, կար­ծես չէ՛ նե­տուած մէկ կողմ, կու գայ եւ կը շա­րու­նա­կէ «լու­սա­ւո­րել» մեր խա­ւար ու մթագ­նած միտ­քը, եւ նոյ­նիսկ կը մեղ­մաց­նէ մեր սիր­տը, կը հան­դար­տեց­նէ մեր խռո­ված, վրդո­ված հո­գին։

Եւ սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, այս բո­լո­րին կէ­սը փոր­ձե­ցէք ը­նել ձեր «բա­րե­կամ» կար­ծած­նե­րէն մէ­կուն, ո՛չ գի­տակ­ցա­բար, դէպ­քե­րու բեր­մամբ մի­ջո­ցի մը հա­մար հե­ռա­ցէք ան­կէ։ Հարց­նե­լու պա­հանջ­քը իսկ չեմ զգար, թէ ի՛նչ կը պա­տա­հի։

Սէ­րը, բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եր­բեք «փո­խա­դար­ձու­թեան» հարց պէտք չէ՛ ըլ­լայ. բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, սէ­րը՝ ա­մէն պայ­ման­նե­րու մէջ, ա­ռանց փո­խա­դար­ձին սպա­սե­լու՝ միշտ նո՛յն դիր­քին, միշտ նո՛յն վի­ճա­կին եւ վեր­ջա­պէս, միշտ նո՛յն կե­ցուած­քին վրայ մնալ է, իս­կա­կան սէ­րը եւ ան­կեղծ բա­րե­կա­մու­թիւնն ալ այս կը պա­հան­ջէ։ Ո­մանք կա­րե­լի է որ խոր­հին եւ ը­սեն. «Դուն քե­զի ո՛չ թէ բա­րե­կամ, այլ հլու հպա­տակ, ա­մէն բա­նի գլուխ ծռող, հնա­զանդ ծա­ռայ, ա­ւե­լին՝ գե­րի՛ կը փնտռես…»։­

Ո՛չ, սի­րե­լի՜­ներ, ես իս­կա­կան «բա­րե­կամ», ան­կեղծ «սէր» կը փնտռեմ եւ ո՛չ եր­բեք հպա­տակ ծա­ռայ կամ ստրուկ։ Գիր­քէն առ­նենք օ­րի­նա­կը. գիր­քը ո՛չ ստրուկ է եւ ոչ ալ հպա­տակ, այլ՝ ա­ռանց ո­րե­ւէ ակն­կա­լու­թեան իր օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը մա­տու­ցա­նե­լու պատ­րա՛ստ «բա­րե­կամ» մը, ի՜նչ փոյթ թէ ան չի կրնար ար­տա­յայ­տել իր զգա­ցում­նե­րը, բայց իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ար­դէն ա­մէն ինչ կը բա­ցա­յայ­տէ։ Երբ հասկ­նալ ջա­նանք «գիր­քին լե­զուն», ան շատ ա­ւե­լին կ՚ը­սէ մե­զի, քան՝ մար­դը։ Գիր­քը գո­նէ յե­տին նպա­տա­կով չի գոր­ծեր՝ ան է՛, ի՛նչ որ է, եր­բեմն նե­ղա­ցու­ցիչ, եր­բեմն ձանձ­րաց­նող, բայց միշտ նոյնն է. ան­փո­փոխ՝ իր նկա­րագ­րին, իր կե­ցուած­քին, իր ան­կեղ­ծու­թեան մէջ։ Գիր­քը յա­րա­փո­փոխ չէ, ինչ­պէս՝ մար­դը, ընդ­հան­րա­պէս։

Բա­րե­կա­մու­թիւ­նը ան­կեղ­ծու­թիւն կը պա­հան­ջէ, բա­րե­կա­մու­թիւ­նը ի­րե­րօգ­նու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը պա­հան­ջէ՝ ա­մէն պայ­ման­նե­րու եւ ա­մէն պա­րա­գա­յի մէջ։ Բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եր­բեք յա­րա­բե­րա­կան, հա­մե­մա­տա­կան զգա­ցում մը պէտք չէ ըլ­լայ՝ դի­մա­ցի­նին վար­մուն­քին կամ ար­տա­յայ­տու­թեան հա­մա­ձայն։

Եր­բեմն կը լսուի. «Չբա­րե­ւեց, ու­րեմն ես ալ զայն պի­տի չբա­րե­ւեմ», եւ ընդ­հան­րա­պէս չի լսուիր. «Թե­րեւս չէ տե­սած, ու­րեմն ես զինք բա­րե­ւեմ»։ Ին­չո՞ւ։ Քա­նի որ մար­դիկ առ­հա­սա­րակ «հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն» (empathy), ի­րենք զի­րենք դի­մա­ցի­նին տեղ դնե­լու՝ ա­նոր պէս խոր­հե­լու, ա­նոր պէս զգա­լու ճկու­նու­թիւ­նը, հասկ­նա­լով վա­րուե­լու եւ շար­ժե­լու համ­բե­րու­թիւ­նը չու­նին։ Մինչ­դեռ ե­թէ գոր­ծա­ծուի «թե­րեւս» բա­ռը, ան­մի­ջա­պէս ո­րո­շում չտրուի, վճռա­կան ըլ­լա­լէ հրա­ժա­րուի՝ «թե­րեւս մեր չհասկ­ցած պատ­ճառ մը կայ», ը­սուի, վստահ եմ, շա՜տ բան պի­տի փո­խուի մեր կեան­քին մէջ։ Եւ դար­ձեալ, մար­դիկ, սո­վո­րա­բար, ա­ռանց պատ­ճառ փնտռե­լու, ա­ռանց ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ քննե­լու վճիռ կ՚ար­ձա­կեն եւ ան­մի­ջա­պէս կը դա­տա­պար­տեն «ան­մեղ»ը…։

Եւ ը­սինք, որ գրա­դա­րան­նե­րը լու­սա­ւոր եւ ա­պա­հով պատս­պա­րան­ներ են։

Երբ խոր­հիք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, թէ այս­քան ա­նի­րա­ւու­թիւն­ներ, այս­քան ա­նար­դա­րու­թիւն­ներ կը պա­տա­հին ձեր շուր­ջը, չէ՞ք փնտռեր «պատս­պա­րան» մը, գո­նէ մի­ջոց մը հե­ռա­նա­լու հա­մար այդ խա­ւար աշ­խար­հէն, այդ ժխո­րէ՛ն։

Այս իսկ պատ­ճա­ռով կ՚ը­սենք, թէ գիր­քը «հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­կամ» եւ գրա­դա­րա­նը «ա­պա­հով ա­պաս­տան» մըն է մու­թէն ու ժխո­րէն այ­լայ­լած, խռո­ված մար­դուն հա­մար…։

Եւ ան­շուշտ այս տրուպ գրիչն ալ ու­նի գրա­դա­րան մը՝ իր չա­փին հա­մե­մատ։ Ան կ՚ու­րա­խա­նայ եւ ա­ւե­լի եւս ինք­զինք ա­պա­հով կը զգայ երբ նոր գիր­քով մը՝ նոր «բա­րե­կամ»ով մը, նոր «լոյս»ով մը լու­սա­ւո­րուի եւ ճո­խա­նայ իր հա­մեստ գրա­դար­ա­նը։

Ա­հա­ւա­սիկ այս տրուպ գրի­չին հա­մեստ գրա­դա­րա­նը՝ որ­պէս «ա­պաս­տան», ա­ւե­լի եւս ամ­րա­ցաւ բա­րե­կա­մի մը՝ իր հե­ղի­նա­կած գիր­քո­վը՝ «Թրքե­րէ­նէ հա­յե­րէն ա­սու­թիւն­նե­րու այժ­մէա­կան բա­ռա­րան»ով։

Ար­դա­րեւ, գրա­դա­րան­նե­րու մէջ յա­տուկ տեղ մը կը գրա­ւեն բա­ռա­րան­նե­րը։ Բա­ռա­րան­նե­րը «ոս­կի բա­նա­լի»ներն են գրա­դա­րա­նի բո­լոր միւս գիր­քե­րուն։ Ուս­տի եւ ե­թէ կար­դա­ցուած գիր­քի մը մէջ, բա՛ռ մը իսկ ան­հասկ­նա­լի ըլ­լայ, կար­դա­ցո­ղին օգ­տա­կար չի կրնար ըլ­լալ, գո­նէ պա­կաս կը մնայ օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը գիր­քին։

Ու­րեմն բա­ռա­րան­նե­րը ի­րա­պէ՛ս «ոս­կի բա­նա­լի»ներ են, եւ ե­թէ մէ­կը ա­ռանց բա­ռա­րա­նի կր կար­դայ կամ կը գրէ, ես իմ հա­շուոյս ը­սեմ, ան­պայ­մա՛ն «պա­կաս» մը կը մնայ կար­դա­ցուա­ծին կամ գրուա­ծին մէջ։

Այս ի­մաս­տով՝ գիր­քը մար­դուն ա­մե­նէն հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­կա՛մն է, իսկ բա­ռա­րա­նը՝ ըն­թեր­ցո­ղին ան­բա­ժան ըն­կե­րը, որ ա­ռանց ա­նոր ըն­կե­րակ­ցու­թեան՝ գիր­քին բա­րե­կա­մու­թիւ­նը լիա­կա­տար չ՚ըլ­լար, ան­կա­տար կը մնայ։

Սի­րե­լի Ե­դուարդ Գո­վա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը ո՛ր­քան գնա­հա­տե­լի է, որ ըն­թեր­ցող­նե­րու վստա­հե­լի «ըն­կե՛ր» մը նուի­րեց…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 12, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016