ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ
Հասարակաց մտքի եւ զգացման բնական եւ բանական արդիւնքն է «հանրային կարծիք»ը։ Իր այս հանգամանքով կարեւոր ուղեցո՛յց մըն է ընկերային կեանքի մէջ տեսնուած շատ մը հարցերու լուծման եւ անել վիճակներէ դուրս գալու համար՝ հանրային կարծիքը։ Ուստի, ան կարեւոր դեր մը կը խաղայ հաւաքականութեան ուղիղ եւ շիտակ գործելու եւ նպատակայարմար ապրելու գործին մէջ։ Կերպով մը, «հանրային կարծիք»ը՝ տարբեր մտածումներու, զանազան գաղափարներու բաղադրութիւնը, զանոնք ներդաշնակող համադրութիւնն է։
Այս իմաստով, տարբեր կարծիքներու համակարծիք ըլլալու հասարակաց գետինն է «հանրային կարծիք»ը։ Ըսենք՝ բարձրագոյն կէտ մը՝ ուր մեծամասնութիւնը համակարծիք, ներդաշնակած է իր տարբեր կարծիքները։ Կարելի է հարցնել, թէ՝ հանրային կարծիքը, միշտ եւ անպայման լաւագոյն լուծո՞ւմն է, թէ կերպով մը «կացութիւնը փրկել»ու միջոց մը։ Եթէ խորհինք եւ ընդունինք, թէ մարդ միշտ ունի անհատական թերութիւններ եւ տկարութիւններ, «հանրային կարծիք»ը մեծ մասամբ զտուած է այդ տկարութիւններէն եւ թերութիւններէն՝ զիրար լրացնելով եւ զօրացնելով, բայց ի վերջոյ, քանի որ մարդկային մտքին եւ զգացումներուն մէկ արտադրութիւնն է, ապա ուրեմն ան ալ բնական է որ պիտի ունենայ թերի եւ տկար կողմեր, այլապէս ան ալ կատարեալ կարելի չէ՛ համարել։ Բայց գոնէ անձնական եւ անհատական կարծիքներու նկատմամբ աւելի ներդաշնակուած ու հակակշռուած կարծիք մըն է «հանրային կարծիք»ը, աւելի վստահութիւն ներշնչող եւ աւելի գործնակա՛ն։
Բայց հարցը սա է. «հանրային կարծիք»ը կազմող եւ զօրացնող ազդակներ որո՞նք են, ի՞նչ գործօններ պէտք է որ առողջ եւ իրապէս վստահութիւն ներշնչող «հանրային կարծիք» մը կազմուի, եւ ուղեցոյց ըլլայ ամբողջ ընկերութեան։
Ասիկա կարեւոր է, քանի որ «հանրային կարծիք»ին ուղեցոյցի դեր մը կը վերագրուի ընկերային կեանքի ամէն տեսակ զարգացման մէջ։
Դաստիարակութիւնը, անտարակոյս, անոր ամուր եւ հաստատ սիւներէն մին է։
Եւ դաստիարակութեան համընթաց՝ պէտք է նկատի ունենալ «մամուլ»ը՝ որ թերթերու եւ կամ գիրքերու հրատարակութեամբ զօրաւոր եւ ազդու ազդակ մը կը հանդիսանայ հանրային կարծիքին ստեղծման ու զարգացման, պաշտօն ունենալով միտքեր ուղղելու, հոգիներ ազնուացնելու, գաղափարներ ստեղծելու եւ ուղղելու եւ առաջնորդելու կրթական, դաստիարակչական, ուսումնական, բարոյական, տնտեսական եւ քաղաքական հարցերու մէջ։
Եւ բեմերը, ատեանները, ըլլան եկեղեցական թէ կրթական, ինչպէս նաեւ մշակութային կամ բարեգործական կազմակերպութիւններ այդ ուղղութեամբ շատ կարեւոր գործեր կատարելու կոչուած են եւ կ՚աշխատին այդ ուղղութեամբ։
Արդարեւ, դաստիարակութիւն, մամուլ, բեմ, այս բոլորը ուժեղ ազդակներ են՝ առաջնակարգ եւ լաւագոյն ազդակներ զորս կարելի է թուել։
Եւ սակայն պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, որ ասոնք ինքնին հրաշագործ զօրութիւններ եւ ազդակներ չեն, մանաւանդ ամէն մէկը առանձինն։
Այս ազդակները, այո՛, կարեւոր միջոցներ կամ գործիքներ են լոկ, որոնց արդիւնաւորութիւնը կախում ունի զանոնք գործածող ձեռքերէն…։
Որեւէ գործիք ինքնին անշարժ է, ամուլ է, անգործ է՝ եթէ անոր ետեւը մարդ մը չկայ, զայն գործող, շարժող ձեռք մը գոյութիւն չունի, աշխատող մը կը բացակայի՛։ Այս ուղղութեամբ, ամենէն օգտակար համարուած գործիքն իսկ անճարակ գործաւորի մը, աշխատողի մը ձեռքը կրնայ անօգուտ եւ մինչեւ իսկ վնասարար միջոց մը հանդիսանալ։ Զոր օրինակ, մկրատը ձեւիչ, օգտակար գործիք մըն է, բայց զայն սխալ գործածող մը անիկա կրնայ վերածել վիրաւորիչ, վնասակար գործիքի մը, քանի որ ան կը գործէ իր երկու սուր մասերով։ Ուրեմն որեւէ կազմած, գործիք ինքնին օգտակար կամ վնասակար չէ, այլ զայն գործածող ձեռքը՝ մարդն է որ զայն օգտակար կամ վնասակար կերպով կը գործածէ եւ անոր ըստ այնմ հանգամանք մը կու տայ։
Արդարեւ, եթէ դաստիարակի պաշտօն ունեցող անձը մասնագէտ մը ըլլայ չափագիտութեան՝ ուսողութեան կամ լեզուագիտութեան, եւ սակայն անվստահելի՛ է նկարագրով եւ թեթեւաբարոյ, երբ հրապարակագրին կամ հեղինակին գրիչը կը շարժի անձնական շահու զսպանակով միայն, եւ երբ բեմերը կամ ատեանները գեղեցիկ եւ իմաստալից խօսքերու թատր հանդիսանալով հանդերձ հոն խօսողներու կեանքը խոտոր կը համեմատի իրենց քարոզած կամ ատենախօսած փայլուն, շինարար եւ խոստմնալից խօսքերուն հետ, այն ատեն այս կարեւոր գործիքները իրենցմէ ակնկալուած օգտակարութիւնը եւ բարիքը չեն կրնար յառաջ բերել։
Գործիքը զայն գործածողին նկարագրին եւ գաղափարականին հետ համերաշխ ըլլալու է։
Ուստի, դաստիարակ եւ դաստիարակութիւն, հրապարակագիր եւ հրապարակագրութիւն, հոգեւորական եւ հոգեւոր ծառայութիւն, քարոզիչ եւ քարոզ, ատենախօս եւ ատենախօսութիւն՝ խորհուրդով, խօսքով, նպատակով եւ գործքով իրարու հետ համաձայն եւ համապատասխան ապրելու են՝ ըլլալո՛ւ այնպէս՝ ինչպէս որ են, գործելու են այնպէս՝ ինչպէս որ կը խօսին եւ խօսելու են այնպէս՝ ինչպէս որ կը խորհին, մէկ խօսքով՝ ներքինը եւ արտաքինը իրարու համապատասխան ըլլալու են, անկեղծ եւ ամէն յետին նպատակէ հեռո՛ւ, աննենգամի՛տ եւ թափանցիկ։
Գործիքին եւ զայն գործածողին նկարագրին համաձայնութիւնն է որ վստահութիւն կը ներշնչէ եւ կը նպաստէ առողջ հանրային կարծիքի մը կազմութեան։
Ուստի, կեանքի մէջ ի՛նչ որ «օրինակելի» է, օրինակելի կեանք մըն է մէկուն համար, ծիծաղելի եւ մինչեւ իսկ տարօրինակ ու անբնական է ուրիշի մը համար։ Կարծիքներու համաձայնութիւնը իրապէ՛ս դըժ-ւար բան մըն է մարդուս համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 12, 2017, Իսթանպուլ