ԿՌԻՒ ԵՒ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
«Կեանքը պայքա՛ր է», կ՚ըսուի, իրա՛ւ է, բայց մարդիկ ասիկա սխալ կը հասկնան, կը չափազանցեն խօսքին մեկնաբանութիւնը եւ կը սկսին պայքարիլ իրարու հետ եւ կը կռուին։ Կռիւը մարդկութեան սովորական ապրելակերպը եւ ընթացքը դարձած է։ Այսպէս, կռիւը սովորական եւ հաշտութիւնը, համերաշխութիւնը բացառութիւն է. ասիկա ոչ միայն ներկայիս, այլ նաեւ ամբողջ մարդկային պատմութեան, մարդկութեան անցեալին յատուկ երեւոյթ մըն է եւ աւելին՝ այնպէս կ՚երեւի, թէ ապագային ալ նոյնը պիտի շարունակուի՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը։
Թէ ի՞նչ է կռիւը։ Կռիւը, մարդուս թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքաբար իր ուզածին տիրանալու համար ուժ գործածելը եւ այս պատճառով զանազան միջոցներով ճնշել եւ բռնութիւն բանեցնելն է։
Արդարեւ, ըստ մասնագէտ հոգեբաններու, մարդուն ենթագիտակցութեան մէջ տիրապետելու, տիրանալու եւ բռնանալու զգացում մը գաղտնուած է։ Բարոյագիտական դրութիւններ, կրօնքներ կը ջանան միշտ հաշտութեան, համերաշխութեան ոգին հաստատել մարդուն մէջ, բայց ի զուր, պատմութեան ոչ մէկ շրջանին յաջողած չեն հաստատել համերաշխութեան եւ արտաքին խաղաղութեան ոգին մարդուս մէջ։ Ընկերապատմական վիճակագրութիւններ կը հաստատեն, թէ՝ ամբողջ պատմութեան ընթացքին հաշտութեան մէջ ապրուած տարիները, կռիւով եւ պատերազմներու նկատմամբ շատ կարճ են եղած։ Յայտնի մարդկային պատմութեան ընթացքին՝ 3500 տարուան մէջ միայն 230 տարին խաղաղութեան մէջ ապրուած է։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մարդկութիւնը հակամէտ է աւելի կռուելու, պատերազմելու քան հաշտութեան եւ խաղաղութեան մէջ ապրելու։ Ա՛յս է իրականութիւնը՝ մարդուն ընդհանուր բնութեան նկատմամբ։ Կարծես մարդիկ խաղաղութեան մասին կը խօսին եւ միա՛յն կը խօսին, չեն գործադրեր զայն եւ կը շարունակեն կռուիլ եւ պատերազմիլ։
Այս կռիւներուն եւ պատերազմներուն հոգեբանական պատճառը՝ տիրելու, տիրանալու եւ տիրապետելու ներքին մղումը, ոգին է։ Այս ներքին մղումը ընդոծին է՝ ընդաբոյս եւ ո՛չ ստացական։ Այս խորհրդածութեամբ՝ խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը բաղձալի եւ ցանկալի նպատակ մըն է, որուն հասնելու համար պէտք է ջանադրութիւն եւ զոհողութիւն, մանաւանդ զոհողութիւն իր իսկ «ԵՍ»էն եւ փոխանակ կռուելու մարդոց հետ, կռուիլ, պայքարիլ «ԵՍ»ին հետ։
Ուրիշի մը, գաղափար մը, տեսութիւն մը պարտադրել բռնութիւն է եւ սա ալ կռիւ մըն է, եթէ ոչ ֆիզիքական ուժով, բայց բարոյական բռնութեամբ։ Ամէն անհամաձայնութիւն կը ծնի «ԵՍ»ին՝ ուրիշի մը «ԵՍ»ին անհաշտ կեցուածքէն, ամէն մարդ «ե՛ս» կ՚ըսէ եւ քիչեր տեղի կու տան այս մասին։
Շատեր, կեանքի փորձառութեամբ կը վկայեն, որ խաղաղութիւնը տեւական չ՚ըլլար, երբ մարդիկ զիջում չունենան, տեղի չտան իրենց «ԵՍ»էն, փոխադարձ հասկացողութեամբ, հանդուրժողութեամբ եւ մանաւանդ համբերութեամբ, քանի որ «ԵՍ»ին հետ պայքարը ամենէն աւելի համբերութիւն կը պահանջէ։
Անհատներ կը միանան եւ հաւաքականութիւն մը կը կազմեն. այս կը սկսի նախ ընտանիքով, յետոյ ընկերութիւն, ժողովուրդ եւ ժողովուրդին կազմաւորումովը՝ որոշ օրէնք եւ կանոններու մէջ ընկերային համաձայնագրութեամբ կը հաստատուի ազգը՝ որոշ նպատակներով եւ հասարակաց միտքով կառավարուելու եւ առաջնորդուելու համար կը հիմնուի պետութիւն մը եւ անոր կը փոխանցուի կարգ մը իրաւունքներ՝ որոնք անհատապէս եւ առանձին կարելի չէ գործածել։
Այսպէս կը գոյանայ պետութիւնը եւ անոր հպատակները՝ կառավարողները եւ կառավարուողները։ Եւ ինչպէս անհատներ իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ ունին եւ օրէնքի մը կը հպատակին, պետութիւններն ալ որպէս օրինական անձ, որոշ օրէնքներով կը շարժի, իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ ունի։ Եւ դարձեալ, պետութիւնն ալ ազգին շահուն ունի պահանջներ ուրիշ պետութիւններու ուղղեալ։ Այսինքն, պետութիւնն ալ պէտք է պաշտպանէ իր շահերը՝ ազգին ի նպաստ։
Ահաւասիկ, այս կերպով, արդար եւ իրաւացի շահեր պաշտպանելու համար եւս կրնան անհամաձայնութիւններ ծագիլ՝ որոնք եթէ ժամանակին չլուծուին, հարցերու եւ պատերազմներու պատճառ կրնան դառնալ։ Ասիկա շատ բնական է, քանի որ ընկերութիւն մը՝ ժողովուրդ եւ ազգ, անհատներէ, մարդէ բաղկացած է եւ նոյն նկարագիրը ունի, «ԵՍ» մը ունի եւ կ՚ուզէ իր «ԵՍ»ով միշտ տիրանալ, տիրել, տիրապետել։ Այդ բոլորը, սակայն, պարտաւոր է միջազգային օրէնքներու համաձայն կատարէ՝ մի՛շտ նպատակ ունենալով խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը…
Վերջացնելէ առաջ յիշենք Պօղոս առաքեալի խօսքերը՝ Հռովմայեցիներուն գրած նամակին մէջ. (ՀՌՈՎՄ. ԺԳ 1-7)։
«Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի, որովհետեւ չկայ իշխանութիւն մը՝ որ Աստուծմէ չըլլայ եւ այն իշխանութիւնները որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։ Ուրեմն ով որ իշխանութեան դէմ կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ եւ անոնք որ դէմ կը կենան, անձերնուն դատապարտութիւն կ՚ընդունին։ Վասնզի իշխանները չեն վախցներ, հապա՝ չա՛րը։
«Կ՚ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն, բարի՛ք գործէ եւ անկէ գովութիւն պիտի ընդունիս։ Վասնզի անիկա Աստուծոյ սպասաւորն է քեզի բարիի համար. բայց եթէ չարիք գործես՝ վախցի՛ր. քանի որ դատարկ տեղ մէջքը թուր չէ կապեր, քանզի Աստուծոյ սպասաւորն է եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ որ չարիք կը գործէ։
«Ասոր համար պէ՛տք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկութեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ։ Այս պատճառաւ է, որ տուրք ալ կու տաք. որովհետեւ Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու։
«Ուստի հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց, Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը, որո՛ւ որ վախ՝ վախնալը, որո՛ւ որ պատիւ՝ պատի՛ւը»։
Մինչ Յիսուս կը զատէ քաղաքայինը, այսինքն՝ աշխարհայինը եւ հոգեւորը, այսինքն՝ երկնայինը, երբ կ՚ըսէ.
«Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէ՛ք». (ՂՈՒԿ. Ի 25)։
Արդարեւ, մեծ հմտութիւն կը պահանջէ կարենալ զանազանել եւ ներդաշնակել, ի վերջոյ հաշտեցնել երկնայինը եւ երկրայինը, այսինքն՝ հոգեւորը եւ աշխարհայինը եւ այն ատեն է որ երջանիկ կ՚ըլլան մարդիկ եւ կ՚ապրին խաղաղութեան մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ