ՆԵՐՔԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՄԲ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ

Ո­րե­ւէ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցուած ա­տեն, մա­նա­ւա՛նդ հա­ւա­քա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան ժա­մա­նակ, ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւն ու­նե­նալ, հա­մե­րաշ­խու­թեան մէջ ըլ­լալ՝ ծա­ռա­յու­թեան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ուղ­ղա­կի՛ կ՚ազ­դէ եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ա­ւե­լի՛ նպա­տա­կա­յար­մար եւ ա­ւե­լի՛ բեղմ­նա­ւոր վի­ճա­կի կը վե­րա­ծէ։ Եւ ինչ­պէս ը­սինք, ա­սի­կա, որ­քան ըն­տա­նի­քի մէջ, ըն­կե­րու­թեան մէջ, նո՛յն­քան եւ նոյ­նիսկ եր­բեմն ա­ւե­լի՛ կա­րե­ւո­րու­թիւն եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը ստա­նայ ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին։

Սա ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն է, որ մա­նա­ւանդ ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ հա­մա­խոհ եւ միա­սիրտ ան­դամ­նե­րէ կազ­մուած, նուի­րուած հո­գե­ւոր պաշ­տօ­նեա­նե­րու կազ­մած խում­բով մը շա՜տ ա­ւե­լի օգ­տա­բեր եւ ար­դիւ­նա­ւոր կ՚ըլ­լայ։

Հո­գե­ւոր պաշ­տօ­նեա­նե­րու գի­տա­կից եւ խո­րազ­գած մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­սա­րա­կաց ծա­ռա­յու­թեան՝ յար­գը, ար­ժէ­քը եւ մա­կար­դա­կը կը բարձ­րաց­նէ ծա­ռա­յու­թեան, եւ ան կը հաս­նի իր նպա­տա­կին, եւ ան ո՛չ թէ պար­տադ­րա­բար, ի պաշ­տօ­նէ կա­տա­րուած պարզ «գործ» մը, այլ՝ պա­տուա­բեր աշ­խա­տան­քի մը կը վե­րա­ծուի եւ ա­ւե­լի եւս հա­ճոյք եւ վա­յելք զգա­լու ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ։

Ար­դա­րեւ, հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան յատ­կա­նի­շը ներք­նա­պէս եւ սեր­տօ­րէն կա­պուած է Ե­կե­ղեց­ւոյ պաշ­տօ­նա­տա­րու­թեան խորհր­դե­նա­կան հան­գա­ման­քին հետ։ Ուս­տի եւ ա­ռա­քե­լու­թիւն եւ իշ­խա­նու­թիւն տուող Քրիս­տո­սէն ամ­բող­ջո­վին կա­խեալ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը իս­կա­պէ՛ս ծա­ռա­ներն են Քրիս­տո­սի, ըստ պատ­կե­րին Քրիս­տո­սի, որ մե­զի հա­մար ա­զատ կամ­քով ա­ռաւ «ծա­ռա­յի կեր­պա­րանք»ը։

Քա­նի որ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն ստանձ­նած խօսքն ու շնորհ­քը ի­րեն­ցը չէ, այլ Քրիս­տո­սին, որ զա­նոնք ի­րենց յանձ­նեց ու­րիշ­նե­րու ի նպաստ, ուս­տի ա­նոնք ի­րենք զի­րենք ա­զատ կամ­քով պի­տի ը­նեն բո­լո­րո­վին «ծա­ռա՛յ»։ Այն ան­ձը՝ զոր Մկրտու­թեամբ ինք­զինք կ՚ըն­ծա­յէ Աս­տու­ծոյ, այս­պէս կը գտնէ դեռ ա­ւե­լի սեր­տօ­րէն նուի­րուած աս­տուա­ծա­յին նուի­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան եւ ա՛լ ա­ւե­լի ըն­ծա­յուած Ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րի­քին։ Աս­տու­ծոյ նուի­րեալ այս կար­գա­վի­ճա­կով, Ե­կե­ղե­ցին կը յայտ­նէ Քրիս­տո­սը եւ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ­պէս Սուրբ Հո­գին սքան­չե­լի՜ կեր­պով կը գոր­ծէ իր մէջ։

«Ձեռ­նադ­րեալ պաշ­տօ­նա­տա­րու­թիւն»ը կը գոր­ծէ ի սպաս քա­հա­նա­յու­թեան։ Ան կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ, թէ սուրբ խոր­հուրդ­նե­րուն մէջ Քրիս­տոս Ի՛նքն է որ կը գոր­ծէ Սուրբ Հո­գիով՝ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար։

Ձեռ­նադ­րուած պաշ­տօ­նա­տա­րը այս­պէս՝ խորհր­դե­նա­կան այն զօդն է, որ ծի­սա­րար­քը կը կա­պէ, կը զօ­դէ ա­ռա­քեալ­նե­րուն խօս­քին եւ գոր­ծին եւ ա­նոնց մի­ջո­ցով, սուրբ խոր­հուրդ­նե­րուն ակ­նաղ­բիւր եւ նա­խա­հիմ ե­ղող Քրիս­տո­սի խօ­սա­ծին եւ գոր­ծա­ծին։ Ու­րեմն կը տես­նուի, որ ինչ­քան կա­րե­ւոր է ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն ծա­ռա­յա­կան գոր­ծը։ Բայց, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը. «Բո­լոր ան­դամ­նե­րը նոյն պաշ­տօ­նը չու­նին» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 4)։­

Ուս­տի ան­դամ­նե­րէն ո­մանք Աս­տուծ­մէ կո­չուած են հա­սա­րա­կու­թեան յա­տուկ ծա­ռա­յու­թեան մը հա­մար՝ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ Ե­կե­ղե­ցիին մի­ջո­ցով։ Այս ծա­ռա­յող­նե­րը ընտ­րուած, կո­չուած եւ նուի­րա­գոր­ծուած են Սուրբ Խոր­հուր­դով, ո­րուն մի­ջո­ցով Սուրբ Հո­գին զա­նոնք ա­տակ կը դարձ­նէ գոր­ծե­լու յան­ձին Քրիս­տո­սի, ի սպաս Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն։

Ձեռ­նադ­րուած պաշ­տօ­նա­տա­րը, կեր­պով մը «սրբան­կա՛ր»ն է Քրի­սոտ­սի, քա­նի որ Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին է որ Ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբ խոր­հուր­դը լիո­վին կը բա­ցա­յայտ­նուի, եւ Սուրբ Պա­տա­րա­գի խոր­հուր­դին կա­տար­ման մէջ է որ կը յայտ­նուի հո­գե­ւոր պաշ­տօ­նա­տա­րու­թիւ­նը՝ պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նայ հօր եւ ա­նոր հետ հա­ղոր­դակ­ցա­բար իր ծա­ռա­յա­կից­նե­րուն՝ սար­կա­ւագ­նե­րուն նուի­րա­կան պաշ­տօ­նա­տա­րու­թիւ­նը։

Քա­հա­նա­յու­թիւ­նը մէ՛կն է այն մի­ջոց­նե­րէն՝ ո­րոնց­մով Քրիս­տոս մշտա­պէս կը կա­ռու­ցա­նէ եւ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ Իր Ե­կե­ղե­ցին։ Ա­սոր հա­մար՝ ան փո­խան­ցուած է յա­տո՛ւկ խոր­հուր­դով մը։

Նուի­րա­պե­տու­թեան աս­տի­ճա­նին վրայ կը գտնուին նաեւ սար­կա­ւագ­նե­րը՝ ո­րոնց վրայ ձեռ­նադ­րու­թիւն կը կա­տա­րուի ո՛չ թէ ի սպաս քա­հա­նա­յա­գոր­ծու­թեան, այլ ի սպաս ծա­ռա­յու­թեան։ Սար­կա­ւա­գի ձեռ­նադ­րու­թեան մի­ջո­ցին, միա՛յն ե­պիս­կո­պո­սը ձեռ­նադ­րում կը կա­տա­րէ, այս­պէս նշա­նա­կե­լով, թէ սար­կա­ւա­գը յատ­կա­պէս կա­պուած է ե­պիս­կո­պո­սին իր «սար­կա­ւա­գա­գոր­ծու­թեան» մէջ։ (Սուրբ Իպ­պո­ղի­տոս Հռո­մա­յե­ցի)։­

Ուս­տի եւ, սար­կա­ւագ­նե­րը յա­տուկ կեր­պով կը մաս­նակ­ցին Քրիս­տո­սի ա­ռա­քե­լու­թեան եւ շնորհ­քին։ Ձեռ­նադ­րու­թեան խոր­հուր­դը ա­նոնց մէջ կը դրոշ­մէ «կնիք» մը՝ դրոշ­մա­գիր, զոր ո՛չ ոք կա­րող է ան­հե­տաց­նել եւ որ կեր­պա­րա­նա­կից կ՚ը­նէ զա­նոնք Քրիս­տո­սի, որ Ինք­զինք ը­րաւ «սար­կա­ւագ», այ­սինքն՝ բո­լո­րին ծա­ռա՛յ։ (Սուրբ Պո­ղի­կար­պոս Զմիւռ­նա­ցի)։­

Ի մէջ այ­լոց՝ սար­կա­ւագ­նե­րը սա­տա­րե­լու են ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն եւ քա­հա­նա­նե­րուն՝ աս­տուա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րու հան­դի­սա­կա­տա­րու­մին ըն­թաց­քին եւ յատ­կա­պէ՛ս Սուրբ Պա­տա­րա­գի խոր­հուր­դին մէջ. Ա­ւե­տա­րա­նը հռչա­կեն եւ նուի­րուին բա­րե­սի­րա­կան զա­նա­զան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն։

Եւ ա­նոնք որ «իշ­խա­նու­թիւն» կը վա­րեն, պար­տա­ւո՛ր են իբ­րեւ «ծա­ռա­յու­թիւն» վա­րել զայն, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Քրիս­տոս. «Ո՛վ որ ձեր մէջ կ՚ու­զէ մե՛ծ ըլ­լալ՝ ձեր սպա­սա­ւո­րը թող ըլ­լայ» (ՄԱՏԹ. Ի 26)։ Իշ­խա­նու­թեան մը կի­րար­կու­մը բա­րո­յա­պէս չա­փուած է իր աս­տուա­ծա­յին ծա­գու­մին, իր տրա­մա­բա­նա­կան բնու­թեան եւ յատ­կա­պէս կո­չուած պաշ­տօ­նա­տա­րու­թեան ա­ռար­կա­յին հա­մե­մատ։

Ուս­տի, ո՛չ ոք կրնայ հրա­մա­յել կամ կար­գել եւ պար­տադ­րել բան մը՝ որ հա­կա­ռակ է ան­ձե­րուն ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան եւ բնա­կան օ­րէն­քին, եւ ան­շո՛ւշտ բա­նա­կա­նու­թեան, ընդ­հան­րա­պէս։

Իշ­խա­նու­թեան կի­րար­կու­մը կը ձգտի ցայ­տուն կա­ցու­ցա­նե­լու «ար­դար դա­սա­կար­գում»ը ար­ժէք­նե­րուն, դիւ­րաց­նե­լու հա­մար բո­լո­րին ա­զա­տու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կի­րար­կու­մը։ Իշ­խա­նու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նա­տու է իր իշ­խա­նու­թեան տակ գտնուող­նե­րուն կեան­քը դիւ­րա­տար ը­նե­լու գոր­ծին եւ անխ­տիր, բո­լո­րին եր­ջան­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու…։

Եւ երբ այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով կը տա­րուինք, պահ մը կը խոր­հինք մեր հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ Թագ­սիմ Սուրբ Յա­րու­թիւն Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Մենք զմեզ ո՜ր­քան եր­ջա­նիկ պէտք է հա­մա­րենք, քա­նի որ հոն մեր հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը մա­տու­ցա­նենք ի­րա­պէ՛ս գի­տա­կից, պար­տա­ճա­նաչ, խո­րա­պէս զգա­ցող՝ զգա­յուն նուի­րուած ծա­ռա­յա­կից­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Գլխա­ւո­րու­թեամբ Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեա­նի, Յա­կոբ Սրկ. Պու­լա­մա­ճեան, Ար­թուն Սրկ. Թէ­քի­րօղ­լու, Մի­սաք Կսրկ. Չա­մեա­փան, Սա­րօ Կսրկ. Այ­վազ եւ Գա­րե­գին Կսրկ. Պար­սա­մեան՝ բո­լորն ալ նուի­րուած, ան­շա­հախն­դիր՝ ծա­ղիկ­նե­րու նման ան­մեղ եւ ան­բիծ կը ծա­ռա­յեն Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ կը սպա­սար­կեն Սուրբ Սե­ղա­նին, կը պաշ­տօ­նա­վա­րեն որ­պէս ան­կեղծ եւ ծա­ռա­յա­սէր հո­գե­ւոր պաշ­տօ­նեա­ներ։ Ա­նոնց ստեղ­ծած խա­ղաղ եւ հա­մե­րաշխ մի­ջա­վայ­րը մեզ ա­ւե­լի եւս կը խրա­խու­սէ, կ՚ո­գե­ւո­րէ եւ կը քա­ջա­լե­րէ կա­տա­րե­լու մեր հո­գե­ւոր պաշ­տօ­նը եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը, որ հա­ճո՜յք կը պատ­ճա­ռէ։

Ե­րա­նի՜ մե­զի, որ ա­նոնց նման ծա­ռա­յա­կից­ներ ու­նինք մեր շուր­ջը՝ տի­պար ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ բո­լո՛րն ալ, ո­րոնք կը ստեղ­ծեն ա­ւե­լի եւս խա­ղա՜ղ մի­ջա­վայր մը Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 9, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016