ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻ ԴԷՄ ՀԱՅՀՈՅՈՒԹԻՒՆ
«Հայհոյութիւն» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ պղծախօսութիւն. կեղտոտ՝ լպիրշ խօսքեր ուղղել մէկու մը. անարգանք։ Իսկ նեղ առումով կը հասկցուի՝ կրօնական մոլար վարդապետութիւն, հերետիկոսական կարծիք։ Հայհոյանքին մերձիմաստ են՝ լուտանք, նախատինք, յիշոց՝ մէկու մը վատ արարքները նախատալից խօսքերով յիշել. թշնամանք, անէծք, ուշունց եւ, ընդհանրապէս հայհոյանք։
Աստուածաշունչ Մատեանի մէջ «հայհոյութիւն» կամ «հայհոյել» բառով կը հասկցուի Աստուծոյ դէմ որեւէ անարգական խօսք կամ մտածում՝ մերժում կամ ուրացում, որով պատիժի կ՚ենթարկուի ենթական եւ որուն պատիժը մա՛հ էր, ըստ Մովսիսական Օրէնքին. «Եւ այն Իսրայէլացի կնոջ որդին հայհոյեց Տէրոջը անուան եւ անիծեց։ Մովսէսին բերին զանիկա։ Անոր մօրը անունը Սողոմիթ էր, Դանի ցեղէն՝ Դաբրիին աղջիկը։ Բանտարկեցին զանիկա, մինչեւ որ Տէրոջը հրամանը յայտնուի իրեն։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.- Այն հայհոյող մարդը բանակէն դուրս հանէ եւ բոլոր լսողները ձեռքերնին անոր գլխուն վրայ թող դնեն եւ բոլոր ժողովուրդը թող քարկոծեն զանիկա։ Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. Ով որ իր Աստուածը անիծէ, իր մեղքը պիտի կրէ՛։ Տէրոջը անուան հայհոյողը անշո՛ւշտ պէտք է մեռցուի։ Բոլոր ժողովուրդը անշուշտ պէտք է քարկոծեն զանիկա. օտարական ըլլայ թէ բնիկ։ Տէրոջը անուան հայհոյողը պէ՛տք է մեռցուի» (ՂԵՒ. ԻԴ 11-16)։
Միայն Աստուծոյ Խօսքին եւ Օրէնքին եւ հաւատքին դէմ խօսիլը, զանոնք արհամարհելը կամ ծաղրելը հայհոյութիւն է, այլ՝ Աստուծոյ փառքը յափշտակելը եւ անոր գործերը մերժելը, ուրանալը եւս հայհոյութիւն է. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 8-11)։
Յիսուս բազմաթիւ անգամներ «հայհոյիչ» նկատուեցաւ, որովհետեւ կը թուէր թէ Օրէնքին դէմ կը խօսի եւ Աստուծոյ առանձնաշնորհումները կ՚իւրացնէ. (ՄԱՐԿ. Բ 5-7), (ՅՈՎՀ. Ժ 30-36), եւ այլն։
Ատեանն ալ զինք մահուան դատապարտեց՝ «հայհոյութեան յանցանք»ով. (ՄԱՐԿ. ԺԴ 60-64)։
Յիսուս աններելի՛ յայտարարեց «Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութիւնը», որ կը նշանակէ՝ գիտակից չարամտութեամբ եւ յամառօրէ՛ն մերժել եւ ուրանալ Սուրբ Հոգիին կամ Քրիստոսի գործերը ճանչնալ իբրեւ Աստուծոյ գործ. «Լա՛ւ գիտցէք, մարդիկ որքան ալ մեղք գործեն կամ հայհոյութիւն ընեն, Աստուած պիտի ներէ իրենց այդ բոլորը, բայց յաւիտեան պիտի չներէ՛ անոր՝ որ Սուրբ Հոգիին կը հայհոյէ, այսինքն՝ կը նախատէ, որովհետեւ ըրածը յաւիտենական մեղք է։ Յիսուս ասիկա ըսաւ, որովհետեւ կ՚ըսէին.- Չար ոգի կայ իր մէջ» (ՄԱՐԿ. Գ 28-30)։
Իրաւաբանական տեսակէտէ, «Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյել» կը բացատրուի՝ որպէս նախապէս ծրագրուած, գիտակցաբար գործուած յանցանք։ Արդարեւ, ծրագրուած յանցանքներ աւելի ծանր պատիժներու կ՚արժանանան։
Աններելի է նաեւ այն յանցանքը՝ որ գիտացաբար կը գործուի եւ կը մտադրուի ապա զղջալ եւ ազատիլ պատիժէ։ Այս կէտին անշուշտ զղջումը անկեղծ չ՚ըլլար։
Արդարեւ, անգիտակից կերպով կատարուած մերժումը, ուրացումը կամ հայհոյութիւնը կը ներուին անկեղծ զղջումով եւ դարձով. (Ա ՏԻՄ. Ա 13)։
Անկեղծութիւնը անհրաժե՛շտ է ամէն հարցի մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 16 2023, Իսթանպուլ