ԱՆՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

Մարդուս կեանքին մէջ, միշտ ցաւով հաստատուած է անտարակոյս անհաշտութեան եւ ատելութեան այն վատ, անընկճելի զգացումը, որ իրարու դէմ լարած է մարդիկ, բարեկամութիւններ փոխուած է հակառակութեան, ընկերութիւններ՝ մինչեւ իսկ թշնամութեա՛ն։

Այս երեւոյթին ամենէն անտեսանելի, աննշան եւ անվնաս երեւցող ախտանիշը չէ անշուշտ, շատերու, նոյնիսկ իրենց մայրենի լեզուն եւ ինքնութիւնը ուրանալու պարագան։ Բայց որքան «անվնաս» կարծուած, սակայն նոյնքան յաճախ տեսնուած պարագայ մըն է ասիկա։

Յայտնի է, թէ հասարակութեան մը հանրային կազմակերպութեան տեսակէտէն ո՛րքան աղիտաբեր է, որ զինք կազմող զանազան տարրերուն համակրութեան առանցք ըլլայ մշակութային արժէքներ, որոնց մէջ է նաեւ հաւատքը՝ խղճի ազատութի՛ւնը։ Ուստի, աւելի՛ զօրաւոր եւ քիչ մը աւելի բանաւոր պատրուակներ կարելի է գտնել՝ տարբեր մտածող եւ տարբեր հաւատալիքներու տէր անհատներու եւ հասարակութիւններու միջեւ, քանի որ անոնք ունին նուազագոյն հասարակաց կէտ մը՝ անոնք բոլորն ալ բանականութեան տէր, խորհելու կարողութեամբ օժտուած էակներ են, մէկ խօսքով՝ «մա՛րդ» են։

Արդարեւ, իրապէ՛ս դժբախտութիւն մըն է այս վերջին պարագային պակասը մարդոց մէջ։

Ըմբռնումի, հասկացողութեան եւ համոզումի լուրջ պակաս մըն է անտեսել այս մասին ամենակարեւորը՝ «մա՛րդ» ըլլալու եզրը։ Եւ քանի որ մարդ բանաւոր էակ մըն է՝ խորհող, դատող եւ որոշող, ապա ուրեմն շատ բնական է, որ անոնց մէջ մտածելու, համոզումի տարբերութիւններ գտնուին։

Բացարձակ ճշմարտութեան հասնիլ, եթէ ո՛չ անկարելի, բայց բաւական դժուար է, եւ ուրեմն մարդ պէտք է կասկածամիտ ըլլայ՝ ուրիշներու համոզումներուն ալ կարեւորութիւն ընծայէ, քանի որ յայտնի իրողութիւն է, թէ ճշմարտութիւնը՝ գաղափարներու եւ համոզումներու բախումներուն հետեւանքով է որ կը յայտնուի։

Եւ եթէ երբ սկիզբէն ի վեր հաշուի առնուէին, թէ ի՜նչեր չէ արժած մարդոց պառակտումը՝ որ յամառ եւ մոլեռանդ համոզումներով ստեղծուած է, մարդիկ պիտի նախընտրէին ըլլալ աւելի հանդուրժող, աւելի առաձգական, աւելի առարկայական եւ անշուշտ աւելի՛ արդարադատ։

Ժողովուրդի հոգիին քննութիւնը եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը կը սորվեցնեն սակայն մեզի, թէ անհաշտութեան եւ ատելութեան՝ այլամերժ զգացումը բնատուր, ինքնաբուխ զգացում մը չէ, այլ բացարձակապէ՛ս թելադրուած, ապսպրուած ստացական զգացո՛ւմ մը, որմէ մարդ կրնայ ազատ ըլլալ, եթէ գործածէ իր բանականութեան կարողութիւնը եւ անդադար ան հրաւիրուած եւ քշուած չըլլայ զինք առաջնորդող խաբէական, խաբեպատիր վատասերած  գաղափարներու կողմէ։ Իսկական ներողամտութիւնը, իսկական հանդուրժողութիւնը եւ համակրական հասկացողութիւնը, ազնիւ եւ գերազանց այս զգացումները իրենց մէջ երբեք չեն պարունակեր ատելութեան, թշնամութեան վնասակար տարրեր։ Որովհետեւ, իմաստասիրականօրէն, սպիտակի վրայ ամենափոքր սեւ բիծ մը կը ջնջէ անոր անարատ, անբիծ ճերմակութիւնը։ Ան որքան որ արտաքնապէս, տեսքով սպիտակ է, արատաւոր, աղտոտ սպիտակ է եւ զուտ սպիտակ չէ՛։ Այս կը նշանակէ, որ արտաքնապէս բարի, ներողամիտ երեւիլ չի բաւեր, այլ գործնականապէս պէտք է բարի եւ ներողամիտ ըլլալ։ Երբ մարդ կը սիրեմ կ՚ըսէ եւ սիրտը լեցուն է ատելութեամբ, երբ հաշտարար կ՚երեւի բայց ներքնապէս թշնամական զգացումներ ունի, անիկա հեռո՛ւ է սիրոյ ազնիւ զգացումէն։ Անկեղծ սէ՛րն է իսկական սէրը։

Երբ կը խօսուի սիրոյ մասին, իրական սէրը եւ կեղծ, կարծեցեալ սէրը իրարմէ զանազանելու համար պէտք է ուշադրութիւն ընել սա երկու նախադասութիւններուն, երբ մէկը կ՚ըսէ. «Որովհետեւ կը սիրե՛մ», ասիկա ճշմարիտ եւ անկեղծ սէր է, իսկ եթէ կ՚ըսէ. «Կը սիրեմ, որովհետեւ…», ասիկա կեղծ եւ խաբէական սէր է։ Ուստի, պէտք է նկատել, թէ շատ անգամ բարոյականութիւնը իր բանաւոր սկզբունքներէն ո՛չինչ կրնայ գործնականի վերածել, երբ կը մտնէ ժողովուրդներու մէջ՝ ըլլալու համար անոնց կեանքին հոգեկան ուղեցոյցը։ Բայց բարոյականութիւնը անհրաժեշտ է ժողովուրդի ներքին եւ հանրային համերաշխութիւնը ապահովելու համար։ Խաղաղութեան գաղափարին հակազդեցական (réactionnaire) պայմաններուն գոյութեանը համար անհը-րաժեշտ է բարոյականը։ Այդ պայմաններէն մին եւ կարեւորագոյնն է՝ միշտ վա՛ռ պահել սիրոյ գաղափարը՝ անկեղծ եւ անենգ սէրը, որ աղբիւրն է ամէն բարութեան։

Մարդկային ընդհանուր պատմութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, թէ ամէն անգամ որ հասարակութեան մը տարրերը, համերաշխութեան ընդոծին զգացումէն մղուած, իրարու «տխուր պատերու վրայ»էն ձեռք կ՚երկարեն, թշնամական միտումներ կ՚ունենան իրարու հանդէպ, բարոյականութիւնը, իր գոյութեան եւ յարատեւութեան որպէս տարրական պայման, հակազդեցութիւն մը անհրաժեշտ նկատուած եւ գործադրուած է։

Հիանալի՜ փաստարկումներ են այս բոլորը, որ կարելի է հանդիպիլ կեանքի ամէն շրջանին։

Արդարեւ, կեանքի մէջ կան տաղտուկներ, որոնք ամբողջ գոյութեան մը նշանակութիւնը ուրանալ կու տան մարդուս։ Դարձեալ, կեանքի մէջ կը գտնուին վայելքներ, որոնք ամէն դառնութիւն, անհաշտութիւն մոռցնել կու տան։ Վայելքի եւ դառնութեան հակասական տպաւորութիւններուն տակ՝ մարդս լուսանկարչի ոսպնեակին պիտի նմանէր, եթէ անցեալի ըմբռնումը եւ յիշողութիւնը չունենար։

Յիշողութիւնը կենդանական բջիջին ամենէն խորհրդաւոր յատկութիւնն է։ Յիշողութիւնը, կերպով մը, կարգ մը զգացումները կանոնաւորող, ներդաշնակող երեւոյթ մըն է։ Եւ մարդ յիշողութեան կը պարտի իր էութեան ամենէն նուիրական եւ ամենէն ազնիւ զգացումը՝ սէ՛րը։ Արդէն եթէ սէր կայ, հոն ատելութիւնը, անհաշտութիւնը տեղ չունի՛։

Թշուառները գթած կ՚ըլլան վիճակակիցներու հանդէպ. արդեօք անո՞ր համար է, որ թշուառները «երբայր»ներ կ՚ըլլան, հոգեպէս մերձաւորներ, ինչպէս կ՚ըսեն, թէ թշուառութիւնը գթած կ՚ընէ մարդս։ Բայց երկու պարագաներն ալ, հաւանաբար, բո՛ւն պատճառը չեն թշուառութեան, իրարու հանդէպ գթած ըլլալուն։

Թշուառներուն, դժբախտներուն դէպի իրար ցոյց տուած գթութիւնը, որ քրիստոնէութեան մէջ «այր կնոջ լումայ»ի իրողութիւնովը նուիրագործուած է. ճի՛գ մըն է միասին մաքառելու, պայքարելու համար թշուառութեան դէմ։

Աշխարհի վրայ կան «չար»եր եւ կան նաեւ «բարի»ներ. ճիշդ ինչպէս կան պտուղներ, որոնք անուշ կ՚ըլլան եւ պտուղներ ալ՝ լեղի՛։ Եթէ կան բնածին յատկութիւններ, ինչո՞ւ համար չըլլան անձեր, որոնք բարի՛ ծնին եւ անձեր՝ որոնք չա՛ր։ Եթէ բարի կամ չար ըլլալը միշտ կամքի արդիւնք չէ, այլ բնութեան կողմէ անհատին մէջ դրուած՝ բնատուր տրամադրութիւն մը, ուրեմն, ինչո՞ւ մարդուս անէժքները չարին համար եւ օրհնութիւնները՝ հանդէպ բարի՛ին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 10, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018