«ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ»Ը՝ 1939 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ

Յուլիս 1, 1939 թուակիր «The GOTCHNAG - An Armenian Weekly» պարբերաթերթին մէջ կը կարդանք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մասին հետեւեալ շահեկան լուրերը։ Լուրերը կը ներկայացնենք բնագիրին հաւատարիմ մնալով։ Պատմական այս տողերը կը յուսանք հետաքրքրութեամբ պիտի կարդացուին մեր շատ սիրելի՜ եւ ազնիւ ընթերցող բարեկամներուն կողմէ։

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Կիպրահայութիւնը եւ ի մասնաւորի Հաստատութեան աշակերտութիւնը բացառիկ պատեհութիւնը ունեցան վայելելու ներկայութիւնը բազմահմուտ բանասէր եւ «ՀԱՆԴԷՍ ԱՄՍՕՐԵԱՅ»ի խըմ-բագիր Հ. Ն. Ակինեանի, որ Ապրիլ 26-ին բանախօսեց Հաստատութեան հանդիսասրահին մէջ։ Ընդհ. Տնօրէն Տոքթ. Յ. Թօփճեան ներկայացուց յարգելի հիւրը որպէս գիտնական բանասէր վարդապետ մը որ եղած է Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան սիւներէն մին։

Գերյարգելի Հայրը իրեն նիւթ ընտրած ըլլալով «Հայ Պատմագրութիւնը մինչեւ Ժ. Դար, արդի գիտական ուղղութեան լոյսի տակ», թուեց իւրաքանչիւր Մատենագիրին գործերը եւ հայ մատենագրութեան մէջ անոնց ունեցած դիրքն ու կարեւորութիւնը, պարզելով նոյն ատեն իր կատարած հետազօտութեանց արդիւնքը։

***

Կիրակի, Մայիս 7-ին Հաստատութեան մէջ տօնուեցաւ Հ.Բ.Ը. Միութեան 33-րդ տարեդարձը ի ներկայութեան բազմաթիւ Նիկոսաբնակ ազգայիններու։

Հաստատութեան քայլերգէն վերջ՝ օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Ընդհ. Տնօրէն Յ. Թօփճեան՝ պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Հայկական Հարցին ընդհանուր վիճակը ԺԹ. Դարուն վերջերը, յիշեց քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւնները եւ ծանրացաւ այն պայմաններուն վրայ, որոնցմէ ծնունդ առաւ Հ.Բ.Ը. Միութիւնը՝ Գահիրէի մէջ՝ իբր անհրաժեշտ ազդակ մը Ազգապահպանութեան։

Հ.Բ.Ը. Միութեան Նիկոսիոյ Մասնաժողովին կողմէ Հաստատութեան երկսեռ աշակերտութեան ուղերձ մը ըրաւ Տ. Մ. Քրիշչեան, յորդորելով որ սիրեն Միութիւնը եւ արժանաւոր զաւակները ըլլան անոր։

Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հաստատութեան Ֆանֆարը, Նուագախումբն ու Երգչախումբը։

Աշակերտութեան կողմէ երախտագիտական ուղերձ մը կարդաց Ը. Դասարանի սաներէն Յովակիմ Փէլթէկեան։

Անգլիերէնի ուսուցիչ Մր. Տէքսըն դաշնակի վրայ ածեց երկու գեղեցիկ կտորներ։

Հանդէսը փակուեցաւ Հ.Բ.Ը. Միութեան քայլերգով եւ Անգլիական Օրհներգով եւ ներկաները ցրուեցան օրուան տօնին խորունկ տպաւորութեան տակ։

***

Մելգոնեան Հաստատութեան տարեկան ԺԴ. Նաւասարդեան Խաղերը տեղի ունեցան Կիրակի, Մայիս 21, Հաստատութեան խաղավայրին վրայ, բարձր հովանաւորութեամբ Կղզիիս Ն. Վ. Փոխ-Կուսակալ Ա. Պ. Րայթի, որ բարեհաճեցաւ իր ներկայութեամբ պատուել մարզահանդէսը եւ կատարել մրցանակաբաշխութիւնը։

Բազմաթիւ համակիրներու եւ բարեկամներու մէջ էին նաեւ Պ. Պ. Լ. Ս. Կրինինկ, Նիկոսիոյ Քամիշընըր, Ր. Ա. Կոտուին-Օսթըն, Տնօրէն Հողային Արձանագրութեան, Մ. Հ. Վ. Ֆլէմինկ, Գլխաւոր Քննիչ, Վարժարանաց եւ ուրիշներ։

Օրուան Նախագահն էր Հաստատութեան Ընդհ. Տնօրէն Տոքթ. Յ. Թօփճեան։

Մարզահանդէսը սկսաւ երկսեռ աշակերտութեան տողանցքովը, որմէ վերջ կատարուեցան զանազան մրցումներ.- վազել, արգելարշաւ, դրօշարշաւ, գունդ արձակել, սկաւառակ նետել, ցատկել, պարանաձգութիւն, հեծելարշաւ, եւն, եւն։

Մարզանքի լաւագոյն խումբը հռչակ-ւեցաւ Արհեստից Վարժարանը, որ շահեցաւ Հաստատութեան Մարզիչին կողմէ տրամադրուած բաժակը։

Բարերարին ախոյեանական բաժակը շահեցան Ճեմարանի Ը. եւ Արհեստանոցի Գ. դասարանները։

Օրուան Ախոյեան հռչակուեցաւ Արհեստից Վարժարանի սաներէն Արմենակ Աւագեան։

Հանդէսէն վերջ Ն. Վ. Փոխ-Կուսակալը ընկերակցութեամբ Տոքթ. Յ. Թօփճեանի, Պ. Արամ Գէորգեանի, իր Թիկնապահին եւ Նիկոսիոյ Քամիշընըրին, այցելեց Արհեստից Վարժարանը, ուր ցուցադրութեան սենեակը ուշի ուշով քննեց երկսեռ աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած արուեստական ծաղիկները, կարասիները, մեքենագիտական գործիքները, ասեղնագործութիւններն ու զանազան ծածկոցները։ Ն. Վսեմութիւնը շնորհաւորեց Հաստատութեան Ընդհ. Տնօրէնը, աշակերտութեան ձեռք ձգած յաջողութեան համար։

Տեղական թերթերէն անգլերէն «Էմպրոս» եւ թուրքերէն «Սէօզ» մեծ գովեստով արտայայտուեցան դպրոցին յառաջդիմութեան մասին։ «Էմպրոս» հրատարակեց նաեւ մարզահանդէսէն զանազան տեսարաններ։

ԹՂԹԱԿԻՑ

Ընդհանրապէս կը կարծուի թէ լուրեր ժամանակաւոր հանգամանք մը ունին, մինչ-դեռ անոնք ունին պատմական արժէք եւ վաւերագրական մշտնջենական հանգամանք, մանաւանդ «անցեալ»ը փոխանցելու ներկային եւ անշուշտ ապագային, որ կարե-ւոր դեր կը խաղայ ընկերային կեանքի մէջ։

«Անցեալին ակնոցով ներկան դիտել» անհրաժե՛շտ է՝ լաւ ապագայ մը պատրաստելու համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 13, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019