ՆԱԽԱՆՁ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՅ

Անցող շաբթուան ընթացքին արաբական երկիրներէն այլազգի բարեկամ մը Հայաստան այցելեց եւ իր հետ բերաւ բարեկամ մը՝ որ առաջին անգամ Հայաստան կ՚այցելէր: Դէպի Ծաղկաձոր եւ Դիլիջան պտոյտ մը ունենալէ ետք որոշեցինք տեղ մը ճաշել: Նախքան ճաշելը առաջին անգամ Հայաստան այցելող երիտասարդը մատուցողէն ծածկոց մը խնդրեց եւ ճաշարանին մէկ անկիւնը գետին փռելով սկսաւ իր աղօթքն ու խոնարհումը ընել:

Այդտեղ է որ նախանձ մը ունեցայ. արաբ երիտասարդը առանց նկատի ունենալու ներկաները, տարօրինակ նայուածքներն ու աղմուկը, գետին փռեց սփռոցը եւ ծունկերուն վրայ իր աղօթքը ընել սկսաւ: Մինչեւ օրս շա՜տ շա՜տ քիչ հանդիպած եմ հայերու, որոնք նախքան ճաշելը իրենց երեսը խաչակնքած են եւ միայն մի քանի հոգիի հանդիպած եմ, որոնք նախքան ճաշելը «Ճաշակեսցուք» աղօթքը կ՚ըսեն:

Նախանձ ունեցայ, որովհետեւ իրականութեան մէջ մենք որպէս առաջին Քրիստոնեայ պետութիւնը ըլլալով շատ անգամ ամօթ կը նկատենք հաւատքի վերաբերեալ բան մը ընել կամ արտայայտուիլ. օրինակի համար, ամօթ կը նկատենք հանրութեան մէջ նախքան ճաշելը ոտքի ելլել եւ աղօթք մը ըսել, որովհետեւ այդ մէկը տարօրինակ կրնայ ընկալուիլ հանրութեան ու շրջապատին կողմէ. աղօթող երիտասարդ մը լաւ տպաւորութիւն ձգելու փոխարէն այսօր մեր մօտ «ուղեղային խանգարում» ունեցողի տպաւորութիւն է որ կը ձգէ, որովհետեւ անոնց համոզումով՝ միայն «գլուխը լուացուած» երիտասարդն է որ կրնայ նման բաներ ընել:

Իրենց երկիրէն բազմաթիւ հեռաւորութեան վրայ ո՛չ ոք պիտի տեսնէր երիտասարդը, երբ առանց իրենց կրօնական աղօթքը ընելու ճաշէր եւ խնդիրը ճի՛շդ այստեղ է. մենք այդ բոլորը կը կարծենք, թէ կ՚ընենք մարդոց համար, սակայն իրականութիւնը մարդոց ներկայ ըլլալ կամ չըլլալը չէ, որովհետեւ այդ բոլորը Աստուծոյ համար պէտք է ընենք, ո՛չ թէ մարդոց:

Ականատես եղած եմ, թէ ինչպէս անոնք իրենց կրօնական աւանդութիւնները կը պահեն՝ նոյնիսկ իրենց ծննդավայրէն բազմաթիւ քիլօմեթրեր հեռաւորութեան վրայ. իրենց ծոմապահութիւնը, աղօթքներն ու սովորութիւնները կենդանի պահել կը փորձեն, գիտակցելով, որ հակառակը ընելը մարդոց կողմէ քննադատութեան պիտի չարժանանայ:

Մեր մէջ այսօր պակսած է մեր կրօնին եւ ազգայնութեան հանդէպ ունեցած սէրն ու յարգանքը. այդ յարգանքին հետ միասին պակսած է նաեւ պարտաւորութեան գիտակցութիւնը. գուցէ պատճառը այն է, որ մեր կրօնը չի՛ պարտադրեր՝ ինչպէս իրենցինը:

Իրականութեան մէջ մենք յաճախ հպարտութեամբ կ՚արտայայտուինք, որ մեր կրօնը պարտադրուած կրօն մը չէ. այլազգիները կը սարսափին իրենց հաւատքի գիրքը քննութենէ անցընելէ, սակայն մենք ուրախ ու հպարտ կը զգանք, որ Քրիտոնէութիւնը առիթ կու տայ ուսումնասիրելու եւ «հասկնալ»ու:

Գուցէ մեր հաւատքը եւս «խիստ» ըլլար իրենց հաւատքին պէս, այսօր աւելի լաւ ու տարբեր վիճակ մը կ՚ունենայինք: Մեր երիտասարդները գուցէ տարբեր վիճակ մը ունենային այսօր՝ վախնալով կրօնի պարտաւորութիւններէն:

Արաբ երիտասարդին աղօթք ընելու պատճառը վա՞խն էր թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն Հայաստանի մէջ առանց աղօթքի ճաշ ուտելը ո՛չ մէկու կողմէն քննադատութեան առարկայ պիտի դառնար, սակայն հակառակ անոր ան նախընտրեց տարօրինակ նայուածքներու տակ իր կրօնական պարտաւորութիւնը ընել:

Մենք՝ բոլորս ալ մեր առանձնութեան պահերուն տարբեր անձեր ենք, որովհետեւ մենք մեր կեանքը կ՚ապրինք ուրիշները գոհացնելու համար. այսօր մեր մէջ փարիսեցիներ շա՛տ կան, որոնք մարդոց առջեւ իրենց գլուխը կը կախեն, սուրբ կը ձեւանան, սակայն իրենց առանձնութեանը մէջ կը վերածուին ուրիշ մարդերու: Մենք այսօր անկեղծ չենք ո՛չ մեր անձերուն, ո՛չ Աստուծոյ եւ ո՛չ ալ հանրութեան հանդէպ, որովհետեւ այդ անկեղծ վիճակն է, որ մարդը կը ստիպէ եւ կ՚առաջնորդէ հաւատքի ու մարդկութեան հանդէպ անկեղծութեան:

Այս ընթացքով հեռանկարը պարզ է. այլազգիներ օրէ օր կը բազմանան ու կը շատնան եւ նոյն ըմբռնումով կառչած կը մնան իրենց հաւատալիքին, մինչ մենք՝ քրիստոնեաներս օրէ օր աւելիով կը տերեւաթափուինք մեր հաւատքէն. հեռու չէ այն ապագան, ուր այլազգիներու թիւը պիտի գերազանցէ քրիստոնեաները. հեռու չէ այն ապագան, ուր Քրիստոնէութեան հաւատացողները պիտի պակսին եւ անոնք օրէ օր աւելիով աւելնան:

Այս բոլորը կրթութեան հետ կապ ունի, որովհետեւ մենք կրթութիւն ըսելով միայն խելացի ու բարի մանուկ մը կ՚ուզենք երեւակայել, մոռնալով որ կրթութիւնը իր մէջ կը ներառէ նաեւ աւանդութիւն, կրօն ու ազգասիրութիւն: Կրթութիւն բարը «բարի» կամ «խելացի» ըլլալու հետ կապ չունի. բարի մարդ մը կրնայ կրթուած մարդ մը չըլլալ, իսկ կրթուած մարդ մը՝ կրնայ բարի մարդ չըլլալ, որովհետեւ կրթութիւնը ո՛չ թէ բարութեան, այլ համոզումներու եւ ըմբռնումներու հետ աղերս ունի:

Երանի՜, թէ օր մը մենք ալ ունենաք երիտասարդներ, որոնց համար հաւատքը, ազգութիւնը աւելի առաջնահերթ է՝ քան այլ ժամանակաւոր չարժէքներ:

Երեւան

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -292-

Կարծեմ նախապէս գրած եմ, թէ Հայաստանի մէջ կը ճանչնամ այլազգի ընտանիք մը՝ որ աւելի քան երեք տարիէ ի վեր մեր հայրենիքին մէջ կ՚ապրին:

Առիթով մը անոնց հայրը որոշ գումար մը տալով խնդրեց, որ աղքատ մարդու մը տամ. պատճառը հարցուցի: Յայտնեց, թէ իրենց կրօնական սկզբունքներով ծոմապահութեան շրջան է, սակայն հիւանդ ըլլալու պատճառով պիտի չկարենայ ծոմ պահել. իրենց հաւատքին համաձայն ծոմ չպահող անձ մը պարտի օգնութիւն կատարել այլոց, հետեւաբար նախքան ծոմապահութիւնը՝ կ՚ուզէր այդ պարտաւորութիւնը կատարել:

Ճի՛շդ մեր հայերու պահեցողութեան նման...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2023