«ՀԱՄԼԷԹ»ԻՆ ՆԱԽԱՏԻՊԸ

Շէյքսփիրի «Համլէթ»ին նախատիպը՝ «Ամէթ» անունով սկանտինաւեան առասպելի մը հերոսն է, զոր գրի առած է դանիացի Սաքսոն Կրամադիգոս 12-րդ դարուն։ Այս առասպելը ֆրանսերէնի վերածուած է պատմագիր Պելփորենի կողմէ. իսկ William Shakespeare-ի (1564-1616թթ.) մոգական գրչին տակ, շունչ եւ կենդանութիւն ստացած է ան։

Շէյքսփիրի «Համլէթ»ը դարերէ ի վեր իր շուրջ ստեղծած է միջազգային գրականութեան մը նմոյշը։ Հիացում ստեղծած այս գործը՝ ուսումնասիրութեան եւ վիճաբանութեան առարկայ դարձած է միաժամանակ։ Ան, մարդկային ընկերութեան վրայ ազդած եւ արմատական հսկայ փոփոխութիւններու պատճառ է եղած՝ տպաւորելով հասարակութիւնները։

Արդարեւ, Շէյքսփիր, «Մաքպէթ»ը, «Օթէլլօ»ն, «Լիր արքան», «Համլէթ»ը ստեղծագործած միջոցին, անոնց իւրաքանչիւրով մարդկային խաւարատարած անսահման հոգեկան աշխարհին մէջ, մէկ մէկ նոր հանգրուաններ յայտնաբերած է։ Լոնտոնի «Blackfrias» հրապարակի խարխլած թատրոնի բեմը ելած օրը, երեք հազար տարուան դասական ողբերգութեան «կուռք»ը աքացիի հարուածով մը տապալած եւ գոյութիւն ունեցող թատրոնի աշխարհը փլցնելով՝ անոր տեղ նո՛ր մը հիմնած է։

Victor Marie Hugo (1802-1885թթ.), իրաւամբ իր հռչակաւոր «Cromwell». (1827թ.)ին մէջ, տրամայով բացուող «նոր մարդ»ու իմաստին եւ «նոր մարդկութեան» Շէյքսփիրով սկսած ըլլալուն մասին կը գրէ։ Դարձեալ V. Hugo-ի գեղեցիկ մէկ նմանութեան համաձայն. «երեք հազար տարիներէ ի վեր Տրովաթայի աւերակներուն շուրջ, քառասմբակ սուրացող Թէսփիսի (Thespis) կառքը, վերջապէս հիւսիսի այս խորիմաստ եւ մառախլապատ հերոսը կանգնեցուց»։

Արդարեւ, Շէյքսփիրի ստեղծագործութիւնները ակներեւ կը դարձնեն, թէ՝ բանաստեղծութեան, ընդհանրապէս գրականութեան եւ մշակոյթի վրայ յեղաշրջում յառաջացնելու համար, յեղափոխական հերոսներու դրուատիքը հիւսել եւ կամ յեղափոխական շարժումներու մասին գրել անհրաժեշտ չէ՛։ Շէյքսփիր, Կէօթէ եւ ուրիշներ հսկայ յեղաշրջումներ են յառաջացուցած թատրոնի եւ բանաստեղծութեան ճակատին վրայ, առանց յեղափոխութեան եւ կամ յեղաշրջումի մասին բառ մը իսկ գրելու իրենց գործերուն մէջ։

Միջանկեալ ըսենք, որ ընդհանրապէս ընդունուած է, որ արուեստի մարզին մէջ ամբողջ պատմութեան ընթացքին չորս հանճարեղ եղած է. Ludwig van Beethoven (1770-1827թթ.), Johann Wolfgang von Goethe (1749-1832թթ.), Dante Alighieri (1265-1321թթ.) եւ William Shakespeare (1564-1616թթ.)։

Բացայայտ է, թէ ժամանակի զանգուածներու ձգտումները մեծ ազդեցութիւն կը գործեն արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններուն վրայ։ Այս իմաստով, պարզ է, թէ Շէյքսփիր, ապրած ըլլալով Աւատապետական «aristocracy»ի կործանման եւ առեւտրաարդիւնաբերական խիզախ դասակարգի մը երեւան գալու շրջանին՝ կրցած է հսկայ ողբերգութիւններ. «la tragédie» արտադրել՝ ի տես այս երկու դասակարգի տխուր պայքարին։

Իր «Համլէթ»ին մէջ, Շէյսքփիր կը ներկայանայ որպէս խորիմաստ փիլիսոփայ մը՝ իր վերլուծումներով։

«Համլէթ» անունն է այն քաջ, ազնիւ եւ վրէժխնդիր արքայազնին՝ որ անհանգիստ է իր թագաւոր հօր յանկարծակի մահուան եւ թագուհի մօր, հօրեղբօր, որ այժմ թագաւոր է, Claudius-ի հետ ամուսնանալու լուրէն շանթահա՛ր։ Բարկութենէն «կատղած», խիստ կասկածոտ, եւ սակայն, իր ձգտումներուն գերիշխող միտք մը։ Այս հոգեվիճակին մէջ, ահաւասիկ, վրէժ կը պահանջէ Համլէթ. հո՛ս կը սկսի իր երկընտրանքը, տարակոյսի, վարանումի հսկայ ալիքներ կը չարչրկեն հսկայ միտքը։

«Լինել թէ՛ չլինել». «To be or not to be» այսինքն՝ ապրի՞լ թէ մեռնիլ, ո՞րն է լաւը, ո՞րն է հոգեպէս աւելի ազնիւ, հարց կու տայ Համլէթ. տեսնել անարգ բախտի պարսաքարե՞րը եւ սլաքնե՞րը, թէ զէնք վերցնել ցաւերու եւ վիշտերու անհո՜ւն ծովի մը ընդդէմ եւ դիմադրելով վերջ տալ բոլորին…

Զէնք վերցնել որո՞ւ դէմ, վերջ տալ որո՞ւն. նա՛խ թագաւորին, յետոյ բոլորին. Համլէթ հոգեբանութիւնը շատ բա՛րդ է։

Ցաւերու եւ վիշտերու անծայրածիր ծովի մը ընդդէմ զէնք վերցնելէ եւ դիմադրելով բոլորին վերջ տալէ յետոյ, Համլէթի երկընտրանքը կը վերջանայ եւ ինքն ալ կը մեռնի իր միակ սրտակից ընկերոջ Հօրաշիօ-ի թեւերուն մէջ…

Արդարեւ, կեանքը՝ երկընտրանքներու մէջ որոշո՛ւմ մը տալու ընթացք մըն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 13, 2024, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2024