ԽԱՉԻՆ ՏԱԿ ԱՆԱՐԵՒ ԿԵՑՈՂ ԱՂՋԻԿԸ

Մարդիկ ի սկզբանէ՞ դերասան կը ծնին, թէ ոչ ժամանակի ընթացքին դերասան կը դառնան... իսկ եթէ ի ծնէ չէ, մենք ի՞նչ գործ ունինք համաշխարհային այս բեմին վրայ՝ որ կեանք կը կոչուի. ո՞վ տուած է այս դերերը եւ պարտադրած, որ մեր ինքնութիւնը քօղարկենք այս դիմակներուն տակ. թատերագի՞րն է դերասանը դժբախտացնողը. դե՞րն է դժբախտ, թէ դերասանը: Լաւ դերասաններ դառնալու համար յատուկ ուսման հետեւելու կարիքը չունինք, որովհետեւ կեանքը ինքնին մարդուն կը սորվեցնէ դերասան ըլլալ. կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս խնդալ, ինչպէ՛ս լալ, ինչպէ՛ս ցաւիլ եւ վերջապէս ինչպէ՛ս ներկայացնել մեզի հասած բաժինը՝ զոր կարելի չէ փոխել: Դերերը այլազան են. մին ամէ՛ն օր պիտի լայ ու սգայ, միւսը առաջինին հակառակ խնդայ եւ վայելէ. մին ցաւողի, իսկ ուրիշ մը ցաւցնողի դերը պիտի ստանձնէ: Մին պիտի ապրի, իսկ միւսը՝ մեռնի. մին հակառակ բազմաթիւ զոհողութիւններուն աննշմար ձեւով պիտի հեռանայ բեմէն, իսկ ուրիշ մը ծափահարութիւններ պիտի ընդունի՝ գուցէ անարժանաբար: Ո՞վ է այս չափանիշներու հեղինակը, ո՞վ է դերերը բաժնողը եւ ինչի՞ հիման վրայ:

Մեր դերասանական դասընթացքը սկիզբ կ՚առնէ մեր լոյս աշխարհ եկած օրը։ Նկատենք թէ ոչ, մարդիկ մի՛շտ կը սորվեցնեն, թէ այդ բեմին վրայ ինչպէ՞ս պէտք է խօսիլ, ինչպէ՞ս քալել ու անուղղակիօրէն բազմաթիւ «ինչպէս»ներ մեր մէջ տեղ կը գտնեն՝ նոյնիսկ շատ անգամ առանց «ինչու»ներու: Այդտեղ «ինչու»ներ գոյութիւն չունին. գոյութիւն ունին դիմակներ՝ որոնք կ՚արդարացնեն «ինչու»ի բացակայութիւնը. այդ բեմին վրայ դիմակի ներկայութիւնը անհրաժեշտ է, որ բախումն է մեր ես-ին ու դերակատարութեան եւ մեր ամբողջ կեանքը պայքար մըն է, մեր իսկական եսը հաշտեցնելու համար այդ դիմակներուն հետ: Վստահաբար ամէ՛ն մարդ տեղ մը կ՚ուզէ ազատիլ այդ դիմակներէն, բուռն փափաքը կ՚ունենայ զայն պատռելու, սակայն այդ մէկը գործնականէն աւելի կը դառնայ վերացական: Շատ անգամ տրուած դերերը կրնան շատ դժուար ըլլալ, սակայն մարդուն տրուած է յաղթահարել այդ դժուարութիւնները եւ ամէն գնով բեմ բարձրանալ՝ նոյնիսկ քննադատուելու գնով: Ու մարդ պահ մը կը տատամսի. այդ դերերը կը կատարէ՞, թէ կ՚ապրի անոնց հետ. վերջապէս ինչո՞ւ յաճախակի դիմակ կը փոխէ եւ հիներուն տեղ նորերը կը սկսի գործածել:

Այս դերերը պատճառ կ՚ըլլան, որպէսզի մեր մէջ խեղդենք ճշմարտութիւնները. ապրինք այնպէս՝ ինչպէս մարդիկ կ՚ուզեն մեզ տեսնել՝ դերի մէջ յաղթուած:

Այս բոլորին մասին աւելիով սկսայ մտածել, երբ հին մամուլի մէջ կարդացի Զարուհի Գանթարճեան անծանօթ գրողի մը կողմէ գրուած «Կարօտդ» խորագրեալ գրութիւնը. գեղարուեստական գրութիւն մը չէ, ո՛չ ալ յօդուած մը. պարզ ու անկեղծ զգացումներու ճշմարիտ արտայայտութիւն մըն է: Այսօր, ներկայ աշխարհի թատրերգութեան համաձայն մենք սովոր ենք խեղդել մեր զգացումները, քօղարկել մեր ապրումները, սակայն մեր թուականէն 101 տարիներ առաջ օրիորդի մը կողմէ գրուած այս զգացումները հայելին են, որ մարդ անցեալին աւելի հաշտ էր իր ապրումներուն ու զգացումներուն հետ՝ քան այսօր:

Աղջնակը իր զգացումներուն հետ անկեղծանալով կը գրէ. «Խցիկիս մէջ, ուր թախիծը սիրոյս հետ գլուխ գլխի կը հծծէ խորունկ, մինակ եմ միշտ... ու սիրտս ցմահ տարագիր՝ հին յուշերուն կ՚ունկընդէ»: Կեանքի թատրերգութիւնը մի՛շտ ալ ունեցած է իր դժբախտները եւ մինչեւ օրս ունի, սակայն այդ դժբախտները իրենց իսկութիւնը քօղարկել ուզելով չե՛ն բարձրաձայնած իրենց դժբախտութիւնները եւ ահաւասիկ հայ աղջնակ մը, որ քաջութիւնը կ՚ունենայ այդ մէկը ընելու: Գրելով իր ապրումները, կը շարունակէ. «Կարօտդ ամէն օր, քեզ կը բերէ մօտս երազի մը դիւթանքով». գուցէ նման ապրումներ մեր օրերուն մարդոց կողմէ ծաղրի առարկայ եւ կամ տկարութեան երեւոյթ որպէս նկատուի, սակայն տկար թուացող այս աղջնակը իրականութեան մէջ ինչքա՜ն զօրաւոր է, որ ուժն ու քաջութիւնը կ՚ունենայ առերեսուելու իր ապրումներուն հետ՝ անվախօրէն զանոնք տողերուն յանձնել յաջողելով:

«Զո՜ւր, փորձեր եմ մոռնալ քեզ ու պահել սիրտս թափուր, չէի խորհեր թէ կախարդանքիդ հանգոյցները փշրել փորձելով, կը փշրէի սիրտս ալ միասին...: Հեռացայ քեզմէ... ուզեցի մոռնալ քեզ եւ ամէն բան, բայց ի զո՜ւր, դուն միշտ կը մնաս անբաժան մտքէս ու հոգիէս»: Վստահաբար այս տողերը գրուած են վիշտի խոր ապրումներու ընթացքին, սակայն ինչքա՜ն քաջ անձնաւորութիւն մը եղած պիտի ըլլայ Զարուհի Գանթարճեան, որ իր ապրումներուն հետ հաշտ, առանց ամօթ նկատելու իր յոյզերը յանձնած է հրատարակութեան. եւ ճիշդն ալ այդ չէ՞ արդեօք. ամօթը այդ զգացումները չեն, որովհետեւ անոնք մարդկային են եւ շատ անգամ մարդու կամքէն անկախ ձեւով կը յառաջանան. ամօթը անոնց է՝ որ նման ապրումները ծաղրի առարկայ կը վերածեն, մոռնալով, որ սէրը, կարօտը մարդկային ամենէն սուրբ ապրումներուն մաս կը կազմէ:

Ինչքա՜ն տպաւորիչ են Զարուհիի տողերը. «մենաստանի կոյսի մը պէս կարօտիդ սեւ խաչին տակ անարեւ կանթեղօրէն կը սպասեմ...»: Բախտաւոր են անոնք, որոնք այդ ապրումներուն արժէքը գիտեն, իսկ երանելի անոնք՝ որոնք քաջութիւնը կ՚ունենան իրենց հոգիի խորերէն եկող այդ աղաղակը բարձրաձայնել:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Սեփական անձը վնասելու գնով ուրիշին պէ՞տք է նուիրուիլ:

Պատասխան. Ուրիշներու համար անձնազոհ ըլլալը գովելի է, սակայն սեփական բարեկեցութեան հաշւոյն ուրիշներու ուրախութիւնը առաջնահերթ նկատելը կրնայ վրդովմունք եւ ինքնագնահատականի պակաս ստեղծել: Կարեւոր է գտնել հաւասարակշռութիւն մը, ուր կարելի է նուիրուիլ ուրիշի համար՝ առանց սեփական անձը վնասելու: Ինքնազոհութիւնը պէտք է ունենայ նաեւ սեփական անձի հանդէպ յարգանք, պահպանելով նաեւ սեփական բարեկեցութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2024