ԱՇԽԱՐՀԻ ԿԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ
Աստուածամօր տօնը, սիրելի՜ բարեկամներ, ամբողջ աշխարհի կանանց տօնն է։ Արդարեւ, կիներ, որոնք իրենց իրաւունքը կորսնցուցած էին դարեր առաջ եւ զանազան նեղութիւններու կ՚ենթարկուէին ու կը չարչարուէին այս կամ այն անիրաւութեան եւ անարդարութեան պատճառով եւ որոնք հաւասար չէին նկատուեր այր-մարդուն, որպէս՝ մա՛րդ, կիներ, որոնք իրաւազրկուած ու հալածական՝ կը տառապէին, քանի որ վիրաւորուած էր իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը։ Մինչդեռ ստեղծագործութեան ժամանակ այր-մարդ եւ կին-մարդ զիրար ամբողջացնող երկու արժէքներ էին՝ որոնք զիրար կը լրացնէին եւ կ՚ըլլային մա՛րդ։ Եւ քանի որ ամբողջի մը երկու մասերը կամ բաժիններն էին՝ հաւասար արժէք կը ներկայացնէին։
Քրիստոսի օգնութեամբ, Քրիստոսի քարոզութեամբ կիներ ազատագրուեցան իրենց կապանքներէն։
Արդարեւ, կորնթացիներու ուղղուած իր նամակին մէջ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Խտիր չկա՛յ, ո՛չ հրեայի, ո՛չ հեթանոսի, ո՛չ արուի եւ ո՛չ էգի միջեւ», այսինքն՝ քրիստոնէութիւնը վերահաստատեց այր-մարդու եւ կին-մարդու հաւասարութիւնը։
Կիներ՝ գիտակցելով իրենց բնական-աստուածատուր իրաւունքներուն եւ ազատութեան, իրաւացիօրէն սկսան պաշտպանել զանոնք։ Ուստի անոնք աշխատեցան սրբել ցեղային եւ սեռային ամէն խտրութիւն, որպէսզի այլեւս չենթարկուին անոնց վնասակար ազդեցութեան։
Կոյս Մարիամ՝ Աստուածածինը տիպար եւ առաջնորդ եղաւ կին-մարդու ազատութեան՝ բնատուր մարդկային իրաւունքներուն։ Բայց հետաքրքրականը այն է, որ Մարիամ Աստուածածին ազատութեան եւ իրաւունքներու պաշտպան ու տիպար եղաւ՝ կատարեալ հնազանդութեամբ, խոնարհութեամբ եւ հաւատարմութեամբ։ Ուրեմն ան ցոյց տուաւ, իր կեանքին օրինակով ապացուցանեց, որ հնազանդութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ մանաւանդ խոնարհութիւնը երբեք հակառակ չե՛ն ազատութեան եւ բնատուր մարդկային իրաւունքներու վայելումներու։ Մարդ կրնայ պաշտպանել իր իրաւունքները ե՛ւ խոնարհ ըլլալ, մարդ կրնայ հնազանդիլ օրէնքներու, կանոններու, պատուէրներու՝ բայց ազատ ու անկա՛խ ըլլալ։ Ահաւասիկ ա՛յս իրողութիւնը ցոյց տուաւ Աստուածամայրը։
Այսօր, մարդիկ, ընդհանրապէս ազատութիւնը կը կարծեն անսահման եւ անչափ կերպով կամքի գործածութիւն։ Բայց ազատ կամքն ալ ունի իր չափն ու սահմանը՝ որուն հնազանդելով է, որ կարելի կ՚ըլլայ վայելել ազատութիւնը։
Ահաւասիկ, Մարիամ գիտցաւ իր ազատութեան չափն ու սահմանը, եւ հնազանդեցաւ, խոնարհութեամբ ընդունեց Աստուածամայր ըլլալը։
Եւ Աստուածածնի «տիպար» եւ «առաջնորդ» ըլլալու պատճառը իր այս գիտակից եւ խոհեմ ընթացքն է։ Ան գիտցաւ Աստուծոյ մայր ըլլալ, տիրանալ ամենաբարձր դիրքի խոնարհութեան, համեստութեան եւ հնազանդութեան շնորհիւ, պարզ եւ չափաւոր ըլլալով։
Մարիամի առաքելութիւնը, Հին Ուխտի ամբողջ ընթացքին «նախապատրաստուեցաւ» ուրիշ սուրբ կիներու առաքելութեամբ։ Ամենէն առաջ Եւա՛ն. ան, հակառակ որ անհնազանդ գտնուեցաւ, Չարին դէ՛մ յաղթանակող զարմ մը ունենալու խոստումը ստացաւ։ Ան ստացաւ նաեւ խոստումը՝ բոլոր ապրողներուն մայրը ըլլալու։ Այս խոստումին շնորհիւ՝ Սառա յղացաւ որդի մը, հակառակ իր յառաջացած տարիքին։ Եւ հակառակ մարդոց անկնկալութիւններուն, Աստուած «Իր տուած խոստումին Իր հաւատարմութիւնը ցոյց տալու համար», ընտրեց «անզօր» եւ «տկար» նկատուածը։
Սամուէլի մայրը՝ Աննան, Դեբորան, Հռութը, Յուղիթը եւ Եսթէրը եւ ուրիշ բազմաթիւ կիներ՝ բոլորն ալ տկար եւ անզօր…։ Մարիամ առաջին տեղը կը գրաւէ Տիրոջ այս խոնարհութեան եւ աղքատութեան խորհրդանիշներուն մէջ՝ որոնք փրկութիւնը կ՚ակնկալեն եւ զայն կ՚ընդունին վստահութեամբ Անկէ։ Խոստումին երկար սպասումէն ետք, Սիոնի գերազանց դուստրը՝ Մարիամով ժամանակները կը հասնին իրենց լրումին եւ նոր տնտեսութիւնը կը սկսի։
Եւ Կոյս Մարիամ, Փրկչին Մայրը ըլլալու համար, այսպիսի վսեմ գործին համապատասխան պարգեւներով, շնորհներով օժտուեցաւ ու ճոխացաւ Աստուծոյ կողմէ։ Ուստի Գաբրիէլ Հրեշտակ, Աւետումի պահուն կ՚ողջունէ Մարիամը իբր «շնորհքով լիացած»։ Արդարեւ, Մարիամ իր աւետուած «կոչում»ին հանդէպ իր հաւատքին եւ հաւատարմութեան ազատակամ հաւանութիւնը տալու համար, պէտք էր որ պարուրուէր Աստուծոյ շնորհքով։
Արեւելեան աւանդութեան Հայրերը, Աստուածամայրը կը կոչեն «Ամենասրբուհի», կը բարեբանեն զինք իբր զերծ՝ մեղքի ամէն արատէ, քանի որ ան շաղուած է Սուրբ Հոգիէն եւ կազմուած է իբր «նոր արարած»։
Աստուծոյ շնորհքով, Մարիամ միշտ մնաց մաքուր՝ անձնական ամէն մեղքէ իր կեանքին ամբողջ տեւողութեան։ Ուստի Եւայի անհնազանդութեան հանգոյցը լուծուեցաւ Մարիամի հնազանդութեամբ։ Ի՛նչ որ Եւա կոյսը կապած էր իր թերահաւատութեամբ, Մարիամ կոյսը քակեց իր հաւատքով։ Մարիամը Եւային հետ համեմատելով՝ Եւայով մահը եկաւ, իսկ Մարիամով՝ կեա՛նքը։ Ուստի Մարիամ եղաւ տիպար եւ առաջնորդ բոլոր կիներուն՝ իր ամբողջ կեանքով։ Միայն հաւատքը կրնայ մօտենալ Աստուծոյ Ամենազօրութեան եւ Ամենակարողութեան խորհրդաւոր ուղիներուն։ Այս հաւատքը կը պարծենայ իր տկարութիւններով՝ Քրիստոսի զօրութիւնը իրեն քաշելու համար։ Եւ ահաւասիկ, այսպիսի կատարեալ հաւատքին գերագոյն տիպա՛րն է Կոյս Մարիամը՝ որ հաւատաց, թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ», եւ կրցաւ մեծացուցանել Տէրը «քանի որ Հզօրը սքանչելիքներ ըրաւ իրեն, եւ Սուրբ է Անոր անունը»։
Մարիամ, իր իսկ օրինակով ցոյց տուաւ, թէ իրական ազատութիւնը՝ խոնարհութեան եւ հնազանդութեան մէջ է, ինչպէս իրական մեծութիւնը՝ համեստութեան, զօրութիւնը՝ տկարութեան, իրաւունքը՝ հաւատարմութեան եւ օրինապահութեան մէ՛ջ է։ Ուստի արտաքնապէս տկար երեւցող մը կրնայ ներքնապէս զօրաւոր ըլլալ։ Եւ խոնարհութիւնը երբեք տկարութիւն պէտք չէ՛ նկատուի։ Մարիամ բոլոր այս ճշմարտութիւնները իր օրինակով ցոյց տուաւ, եւ այդ իսկ պատճառով ան ճշմարիտ «տիպա՛ր» մը եղաւ բոլոր կիներու։ Այր-մարդուն բոլոր առաւելութիւններուն նկատմամբ Մարիամ ցոյց տուաւ, թէ՝ կինը օժտուած եւ ճոխացած է՝ «մայր» ըլլալու շնորհքով, որ միայն իրեն տրուած շնորհք մըն է, եւ ամենէն խորհրդաւորը։
Գալով այր-մարդու եւ կին-մարդու հաւասարութեան։ Jean Rostand կ՚ըսէ, թէ՝ ո՛չ էգը զուտ էգ է, ոչ ալ արուն՝ զուտ արու, միայն էգը քիչ մը աւելի իգական է, արուն ալ քիչ մը աւելի արական։ Եւ երբ «մարդ» էակին արարչութիւնը նկատի ունենանք, եւ երբ «կին-մարդ»ուն արարչութեան ուշադրութիւն դարձնենք, մասամբ ընդունելի է հեղինակին խօսքը։ Արդարեւ «այր-մարդ» եւ «կին-մարդ»՝ երկուքն ալ ի վերջոյ «մա՛րդ» են եւ ուրեմն բնական ու բանական է, որ իրարու ընդհանուր նկարագրէն մասեր ունենան իրենց կազմութեանը մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 11, 2016, Գնալը կղզի