ՀԱՒԱՏԱԼ՝ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ՝ պէ՛տք է մարդ հաւատայ հասնկալու համար, եւ պէ՛տք է հասկնայ հաւատալու համար։ Արդարեւ, յաճախ խորհրդածութեան առարկայ է եղած սա, թէ՝ հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ հակասութիւն մը գոյութին ունի՞, թէ ո՛չ։

Արդարեւ, հարցը եթէ ճշմարտութեան հասնիլ է, նպատակը եթէ կեանքին իմաստը հասկնալ է, ապա ուրեմն թէ՛ հաւատքին, թէ՛ գիտութեան նպատակը մէ՛կ է, իսկ այս ալ կը նշանակէ՝ թէ իրենց միջեւ էապէս հակասութիւն գոյութիւն չունի՛։ Նոյնիսկ եթէ հաւատքը կը գերազանցէ մարդու բանականութիւնը, սակայն անոր եւ գիտութեան միջեւ հակասութիւն երբեք տեղի պիտի չունենայ, քանի որ երկուքին ալ ծագումը եւ սկզբնակէտը Աստուա՛ծ է։ Մարդուն բանականութեան եւ հաւատքին լոյս հաղորդողը Ի՛նք՝ Աստուած է։ Եւ ուրեմն, հաւատքի եւ գիտութեան նպատակը երբ մէ՛կ է, անոնց նախապատճառն ալ մէ՛կ է։ Եւ երբ արժէքի մը պատճառը եւ նպատակը մէ՛կ ըլլայ՝ անոնց իմաստն ալ նոյնը կ՚ըլլայ եւ անոնց միջեւ որեւէ հակասութիւն չի՛ գտնուիր։

Իսկ եթէ հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ տարբերութիւն մը կայ, ան ալ գործելակերպի՝ նպատակին հասնելու տարբեր ճամբաները, միջոցներն են։

Հաւատքը ճշմարտութեան կը հասնի հաստատ համոզումի ճամբով՝ կատարեալ վըս-տահութեամբ, շատ անգամ առանց քննարկութեան, ուսումնասիրութեան, իսկ գիտութեան ճամբան եւ միջոցը ուսումնասիրութիւն, քննարկութիւն եւ փորձարկութիւն է։ Ուրիշ խօսքով՝ հաւատքը կարճ ճամբով կը հասնի ճշմարտութեան, իսկ գիտութիւնը՝ աւելի երկար ճամբով։ Ուստի Պերթրանտ Ռասըլ կ՚ըսէ, թէ ճշմարիտ համարելու համար որեւէ երեւոյթ, նուազագոյն հինգ մասնագէտներ պէտք է վաւերացուցած ըլլան անոր ճշմարտութեան համապատասխանութիւնը։ Մինչդեռ հաւատքը բոլորովին ընդոծին է, անձնական ներգործութիւն մըն է, եւ հաստատ համոզումի մը արդի՛ւնք։ Եւ դարձեալ, ըստ Ռասըլի, գիտութիւնը պէտք է ծառայէ հանրային օգտին՝ բարիքին եւ շահուն։ Հաւատքին ալ նպատակը այդ չէ՞ ի վերջոյ։

Ուրիշ տարբերութիւն մըն ալ հաւատքին եւ գիտութեան միջեւ. հաւատքը անձնական-ենթակայական համոզում մըն է, իսկ գիտութիւնը՝ հասարակական-առարկայակա՛ն։ Բայց էապէս տարբերութիւն գոյութիւն չունի հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ, քանի որ պատճառը եւ նպատակը նո՛յնն է…։

Emil Boutroux (1845-1921), իր «Science et Religion dans la Philiosophie Contemporaine» ուսումնասիրական հեղինակութեան մէջ ընդարձակ եւ բազմակողմանի կերպով կ՚ուսումնասիրէ հարցը եւ կը յանգի սա եզրակացութեան, թէ՝ երկուքն ալ՝ թէ՛ հաւատքը (կամ կրօնը), եւ թէ՛ գիտութիւնը երկու արժէքներ, երկու ուժեր են, որոնք փոխադարձ օգնութեամբ ճշմարտութեան կը հասցնեն մարդը։ Ուստի երկուքը իրերամերժ արժէքներ չե՛ն, այլ՝ իրար լրացնող ո՛ւժեր։

Ուստի երբ մին միւսը անտեսէ, անկարեւոր նկատէ՝ դէպի ճշմարտութեան ճամբուն վրայ կը դժուարանայ, քանի որ կա՛ղ կը յառաջանայ։

Եւ երբ Սուրբ Օգոստինոսի խօսքը՝ թէ. «Հաւատա՛ հասկնալու համար, հասկցի՛ր հաւատալու համար», որքան մեծ արժէք կը ստանայ՝ բացատրելու համար հաւատքի եւ գիտութեան համագործակցութիւնը, ուր իրենց ուժերը միացնելով, «հասարակաց ուժ» մը կը ստեղծեն՝ որուն միջոցով կարելի կ՚ըլլայ հասնիլ ճշմարտութեան եւ ըմբռնել կեանքին իմա՛ստը։

Այս պատճառով իսկ, կարեւոր են հաւատքին բանաձեւերը, քանի որ անոնք հասարակաց լեզուի մը միջոցով՝ հնարաւոր կը դարձնեն հաւատքի ճշմարտութիւնները արտայայտել, հասկնալ, իւրացնել, հոգւոյն մէջ կենդանացնել եւ ապրիլ, ապա զանոնք իր նմաններուն հետ միատեղ ապրի՛լ։

«Հաւատքը անձնակա՛ն ներգործութիւն է եւ ընդոծին» ըսինք, քանի որ ան մարդուն՝ բանաւոր էակին «պատասխա՛ն»ն է Ինքզինք մարդուն յայտնող Աստուծոյ։ Ուրեմն, կը հետեւի, թէ հաւատք եւ ճշմարտութիւն փոխադարձ ներգործութիւն մը ունին, որուն կեդրոնը կը գտնուի մա՛րդը։ Եւ գիտութիւնն ալ նոյն դիրքը ունի ճշմարտութեան նկատմամբ, եւ ուրեմն թէ՛ հաւատք, եւ թէ՛ գիտութեան համար հասարակաց կէտ մըն է ճշմարտութիւնը, որ կը միացնէ՝ համագործակից կը դարձնէ այս երկու ուժերը՝ հաւատքը եւ գիտութիւնը, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն ի նպաստ մարդուն երջանկութեան եւ հոգեւոր ու մտային կատարելութեան։

Արդարեւ, Սուրբ Հոգիին շնորհքով մարդուս մէջ հաւատքը կը կանխուի՝ կը ծնի եւ կը սնանի։

Եւ քանի որ մարդ բանաւոր էակ մըն է, միտք ունի՝ կը խորհի, կը դատէ, կը պատճառաբանէ, կ՚որոշէ եւ իր իսկ «ճակատագիրը»ը կը ծրագրէ, ուրեմն իրաւունքն է ուսումնասիրել, պատճառաբանել եւ գիտնա՛լ։ Ի՛նչ որ կ՚իրականանայ գիտութեան շնորհիւ։ Ուստի հաւատքը եւ գիտութիւնը ունին հասարակաց «լեզու» մը՝ թէ՛ իրենց միջեւ, եւ թէ՛ իրարու նկատմամբ։ Եկեղեցին թէեւ տարբեր լեզուի, մշակոյթի եւ սովորութիւններու պատկանող անձերէ բաղկացած է, սակայն ան միաձայնաբար կը դաւանի «միայատուկ հաւատք»ը, զոր ան նոյն Տիրոջմէ է ստացած եւ իրեն ալ փոխանցուած է առաքելական աւանդութեան միայատուկ ճամբով։

Գիտութիւնն ալ նոյն բնական ծագումը չունի՞։ Ի վերջոյ գիտութիւնն ալ մարդկային հետաքրքրութեան, սորվելու եւ գիտնալու բնազդին արդիւնք չէ՞ ծագած։ Այս իմաստով գիտութիւնն ալ մարդուս մէջ բնածին չէ՞։

Ուրեմն հաւատք եւ գիտութիւն՝ ծագումով նո՛յնն են, եւ եթէ նմանցնել պէտք է՝ նոյն ծնողէն ծնած «եղբայր»ներ են։ Հաւատքը մէ՛կ Աստուած կը դաւանի եւ կը ճանչնայ մէ՛կ ճշմարտութիւն։ Եւ գիտութիւնն ալ մէ՛կ ճշմարտութիւն ունի, մէ՛կ նպատակ, որուն հասնելու համար գործածած միջոցները եւ ճամբաները միայն կը տարբերին հաւատքէն։ Մարդ մէ՛կ սիրտ, մէ՛կ հոգի, եւ մէ՛կ միտք ունի, եւ այդ նո՛յն սիրտը, նո՛յն հոգին եւ նո՛յն միտքն է, որ կ՚առաջնորդէ զԻնք իր նպատակին՝ ճշմարտութեան եւ կեանքի իմա՛ստին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 14, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017