ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՂՔ

Մեր նախածնողներուն «անհնազանդութեան նախընտրանք»ը պատճառ եղաւ «չար»ին գոյացման։ Արդարեւ, այս անհնազանդութեան նախընտրութեան ետին՝ կա՛յ Աստուծոյ հակադրող (ԾՆՆԴ. Գ 1-5), աստուածային պատուէրներու հակադրուող «Փորձիչին ձայնը», որ նախանձէ տարուած՝ զանոնք մահուան գիրկը գլորեց (ԻՄՏ. Բ 24)։ Աստուածաշունչ Մատեանը եւ Եկեղեցւոյ ընդհանուր Աւանդութիւնը այս էակին մէջ կը տեսնեն «անկեալ հրեշտակ» մը, կոչուած Սատանա կամ դեւ. (ՅՈՎՀ. Ը 44), (ՅԱՅՏ. ԺԲ 9)։

Արդարեւ, Եկեղեցին կ՚ուսուցանէ, թէ ան եղած է բարի հրեշտակ մը, ստեղծուած Աստուծմէ։ Ուստի, դեւը եւ միւս չար ոգիները թէեւ Աստուծմէ ստեղծուեցան բարի բնոյթով, բայց անոնք իրենք զիրենք չարացուցին։

Աստուածաշունչ Մատեանը կը խօսի այս հրեշտակներուն կողմէ գործուած «մեղք»ի մը մասին. (Բ ՊԵՏ. Բ 4)։ Այս «մեղանչում»ը կը կայանայ այս ստեղծուած ոգիներուն կատարած ազատ ընտրութեան մէջ, որով անոնք բացարձակ եւ անդառնալի կերպով «մերժեցին» Աստուած եւ Անոր Թագաւորութիւնը՝ Արքայութիւնը։

Մենք այս մերժումին եւ ըմբոստութեան նշմարը կը գտնենք մեր առաջին նախածնողներուն ուղղուած փորձիչին խօսքերուն մէջ. «Դուք պիտի ըլլաք նման Աստուծոյ» (ԾՆՆԴ. Գ 5)։ «Սատանան սկիզբէն մեղանչեց». (Ա ՅՈՎՀ. Գ 8). «ան հայրն է սուտին». (ՅՈՎՀ. 8.44)։

Հրեշտակներուն կատարած այս ընտրանքին «անդառնալիութեան» պատճառով եւ ո՛չ թէ աստուածային անհո՜ւն ողորմութեան եւ ողորմածութեան թերացումով է, որ անոնց մեղքը չի՛ կրնար ներուիլ. «Անկումէն ետք չկա՛յ զղջում անոնց համար, ինչպէս մահէն ետք մարդոց համար չկայ զղջում». (Սուրբ Յովհան Դամասկացի)։

Սուրբ Գիրքը, արդարեւ, չարաղէտ ազդեցութեան մասին անոր որ Յիսուս կը կոչէ. «սկիզբէն մարդասպան…» (ՅՈՎՀ. 8.44) եւ որ փորձեց նոյն իսկ Յիսուսը շեղեցնել Իր Հօրմէն ընդունած առաքելութենէն. (ՄԱՏԹ. Դ 1-11)։

«Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ սատանային գործերը աւերելու համար». (Ա ՅՈՎՀ. Գ 8)։ Այս գործերուն ամենածանր հետեւանքը ստապատիր հմայքը եղաւ՝ որ Աստուծոյ դէմ մարդը անհնազանդութեան մղեց։

Սատանան սոսկ արարած մըն է, հզօր՝ որովհետեւ զուտ հոգի է, սակայն կը մնայ սոսկ «արարած» մը. ան երբեք չի՛ կրնար խափանել Աստուծոյ Թագաւորութեան կերտումը։ Թէպէտ սատանան աշխարհի վրայ ատելութեամբ կը գործէ Աստուծոյ եւ Անոր Արքայութեան դէմ ի Յիսուս Քրիստոս, թէպէտ անոր գործը իւրաքանչիւր մարդուն եւ ընկերութեան՝ ըլլա՛յ հոգեւոր, ըլլա՛յ նաեւ անուղղակի ֆիզիքական մեծ վնասներ կը հասցնէ, այս չար արարքը սակայն թոյլատրուած է աստուածային նախախնամութեան կողմէ, որ հզօրապէս եւ քաղցրութեամբ կը վարէ մարդուն եւ աշխարհին պատմութիւնը։ Աստուածային թոյլտուութիւնը սատանայական գործունէութեան հանդէպ՝ մեծ խորհուրդ մըն է, բայց «գիտենք, թէ Աստուած ամէն բանի մէջ գործակից է զինք սիրողներուն բարիքին». (ՀՌՈՄ. Ը 28)։ Աստուած ստեղծեց մարդն ըստ Իր պատկերին եւ նմանութեամբ եւ հաստատեց զինք Իր բարեկամութեան մէջ։ Արդարեւ, «հոգեւոր արարած» ըլլալով՝ մարդը այս բարեկամութինը կրնայ ապրիլ միա՛յն Աստուծոյ նկատմամբ «ազատ հնազանդութեան» ձեւին տակ։

Ազատ հնազանդութեան արտայայտութիւնն է բարիին եւ չարին գիտութեան ծառէն ճաշակելու մարդուն վրայ դրուած արգելքը. «որովհետեւ այն օրը որ ուտես անկէ, պիտի մեռնիս». (ԾՆՆԴ. Բ 17)։ Այս «բարիին եւ չարին գիտութեան ծառը». (ԾՆՆԴ. Բ 17) խորհրդանշականօրէն կը յիշեցնէ անանցանելի սահմանը՝ զոր մարդը իբր արարած պարտի ազատօրէ՛ն ընդունիլ եւ վստահութեամբ յարգել։

Մարդը կախում ունի Արարիչէն, ան ենթակայ է արարչութեան օրէնքներուն ե՛ւ Աստուծոյ ընդհանուր ծրագրին ե՛ւ բարոյական կանոններուն՝ որոնք կը կանոնաւորեն ազատութեան գործածութիւնը։

Արդարեւ, հոն՝ ուր ազատութիւն կայ, հոն կայ թոյլտուութիւն, ազատութեան սահմաններուն մէջ։ Ահաւասիկ, այս ազատութեան սահմաններուն մէջ՝ որ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մաս կը կազմէ, մարդը փորձուելով սատանայէն, ձգեց որ իր սրտին մէջ մեռնի իր Արարչին հանդէպ վստահութիւնը (ԾՆՆԴ. Գ 1-11) եւ իր ազատութիւնը չարաշահելով՝ «անհնազանդ եղաւ» Աստուծոյ պատուիրանին։ Ահաւասիկ, ասոր մէջ է, որ կայացաւ մարդուն գործած առաջին մեղքը. (ՀՌՈՄ. Ե 19)։ Այնուհետեւ ամէն մեղք պիտի ըլլայ Աստուծոյ դէմ անհնազանդութիւն մը եւ Անոր բարութեան, ողորմածութեան, գթածութեան եւ սիրոյն հանդէպ վստահութեան թերացում մը։ Այս մեղքով՝ մարդը ինքզինք Աստուծոյ գերադասեց եւ ասով իսկ՝ արհամարհեց Աստուած, ինքզինք նախընտրելով Աստուծոյ, արարածային իր վիճակին պահանջքներուն եւ հետեւաբար իր իսկ բարիքին։

Սրբութեան մէջ, աւելի լա՛ւ է ըսել. Սրբութեան վիճակին մէջ կացուցուած մարդը սահմանուած էր Աստուծմէ լիովին «աստուածանալու» փառքին մէջ։ Սատանայէն խաբուած՝ ան ուզեց «ըլլալ նման Աստուծոյ». (ԾՆՆԴ. Գ 5), սակայն առանց Աստուծոյ, ըլլալ Աստուծմէ առաջ եւ ո՛չ ըստ Աստուծոյ (Սուրբ Մաքսիմոս Խոստովանող)։

Եւ վերջապէս, ազատութեան շահագործումով՝ արարչութեան հետ ներդաշնակութիւնը կը խզուի, տեսանելի արարչութիւնը մարդուն հանդէպ կը դառնայ «օտար» եւ մանաւանդ «թշնամի». (ԾՆՆԴ. Գ 17,19)։

Մարդուն միջոցով եւ պատճառով արարչութիւնը կ՚ենթարկուի ապականութեան. (ՀՌՈՄ. Ը 20)։ Ի վերջոյ, անհնազանդութեան պարագային մարդուն բացայայտօրէն զգուշացուած հետեւանքը կ՚իրականանայ (ԾՆՆԴ. Բ 17). մարդը կը դառնայ հող՝ որմէ կազմուած էր. (ԾՆՆԴ. Գ 19)։

Եւ մահը մուտք կը գործէ մարդուն պատմութեան մէջ. (ԾՆՆԴ. Գ 19)։ Այս առաջին մեղքէն ետք «մեղքերու իսկական արշաւ» մը կ՚ողողէ աշխարհը։

Աստուածաշունչ Մատեանը եւ Եկեղեցւոյ Աւանդութիւնը անդադար կը յիշեցնեն մեղքին ե՛ւ չարին ներկայութիւնը եւ ընդհանրականութիւնը մարդուն պատմութեան մէջ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 16, 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2022