ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Դ.)

Մեր թուականէն 149 տարիներ առաջ՝ 1874 թուականին Յակոբ Պարոնեան կը սկսի խմբագրել «Թատրոն» գրական-երգիծական հանդէսը, որ հայերէնի կողքին լոյս կը տեսնէ նաեւ հայատառ թրքերէնով եւ թրքախառն հայերէնով:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ հայերը Պոլսոյ մէջ յայտնի էին նաեւ իրենց թատերական կարողութիւններով եւ նոյնիսկ շատ մը փաշաներ հայկական խումբեր կը հրաւիրէին իրենց առիթները ճոխացնելու համար. նոյնիսկ հրապարակային տօնախմբութիւններու ժամանակ կարեւոր տեղ կը տրուէր հայ թատերախումբերուն եւ հետեւաբար, ինչպէս նաեւ բնականաբար, հայ թատերախումբերը հայերէն ներկայացումներու կողքին կը ներկայացնէին նաեւ թրքերէն թատրերգութիւններ: Նոյնիսկ Թիֆլիզի առաջին հայ թատերախումբը հայերէնի կողքին ունեցած է թրքերէն ներկայացումներ:

Գրականութեան, թատրոնի եւ խօսակցական կեանքի մէջ թրքերէնի գոյութիւնը պարզապէս փաստն է ճշմարտութեան, որ օտարին մէջ ապրելով բնականաբար լեզուն եւ մշակոյթը պիտի ազդուի տեղական օտար լեզուէն:

Որպէսզի այդ ազդեցութիւնը յստակ ըլլայ, յիշենք այն պատմական փաստը, որ հայ մեծ երաժիշտ Կոմիտաս երբ առաջին անգամ կ՚ընդունուի Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարան, հայերէն խօսիլ չի գիտնար. Կոմիտաս Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի ողջոյնին կը պատասխանէ «ես հայերէն չեմ խօսիր» բառերով:

ԺԳ.- ԷՕԼԻՒՄ

Դարձեալ բանաստեղծութեանց եւ տաղերգութեանց յատուկ բառ մըն է էօլիւմը, որ քիչ մը աւելի զաւեշտ կը ներշնչէ գրութեան.-

Հայ բանաստեղծ Ալփասլան (բուն անունով Ալեքանդր Փանոսեան) իր «Օգսէնին նամակը» բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ. «Կ՚ըսեմ աս էօմրէն աղէկ է էօլիւմ». «էօմրէն» բառը եւս թրքերէն բառ է՝ որ կը նշանակէ կեանք:

Այս բառը կը գործածէ նաեւ մեր տխրահռչակ բանաստեղծներէն Դուրեան, ինչպէս նաեւ ուրիշներ:

Յովսէփ Մալէզեան էօլիւմ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ մահ բառը:

ԺԴ.- ԸՍԼԸԽ

Տարօրինակ է, որ ըսլըխ բառին կարելի է հանդիպիլ նոյնիսկ շատ մը բառարաններու մէջ. օրինակի համար, Երուարդ Հիւրմիզեանի «Բառագիրք յաշխարհաբարէ գրաբար» աշխատութեան մէջ կը հանդիպինք «ըսլըխ չալել» արտայայտութեան: Նոյն բառը կը տեսնենք 1769 թուականին հրատարակուած «Բառագիրք հայկական լեզուի» աշխատութեան երկրորդ հատորին մէջ:

Այս բառին բառարաններու մէջ ընդգրկումը ցոյց կու տայ այդ բառի տարածումը, հակառակ այն իրողութեան, որ հայերէն համարժէք բառը շատ դիւրին է ու նոյնքան գեղեցիկ: Յիշուած չալել բառը եւս շատ գործածուող բառերուն մաս կը կազմէ:

Թէ՛ բառարանները եւ թէ՛ Յովսէփ Մալէզեան կ՚առաջարկեն սուլել բառը:

ԺԵ.- ԸՐԷԶԻԼ

Պատմական ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ հայկական հին գիւղերը իրենց հարսանիքներու համար ունեցած են յատուկ երգեր, որ որպէս սովորութիւն ու աւանդութիւն երգած են. այդ երգերէն մէկը հետեւեալ տողերը ունի.-

«Եանտըմ Աղաւնի ըրէզիլ եղար

Օրդան մնացիր

Աղաւնի պօխչադ առիր

Ելար ու՞ր գացիր»։

Մեր նիւթին առընթեր յստակ կը տեսնենք, թէ երգի բառերուն մէջ ինչքան թրքերէն բառեր գոյութիւն ունին.- եանտըմ, օրդան, պօխչայ եւ այլն:

Յովսէփ Մալէզեան այս բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ խայտառակիլ բառը:

ԺԶ.- ԹԱԼԱՆ

Գուցէ ամենէն զարմանալին այս բառն է, որովհետեւ մինչեւ օրս մենք որպէս հայերէն կը գործածենք թալան բառը, մինչ Յովսէփ Մալէզեան  այս բառը կը դասէ թրքերէն եւ անոր դիմաց հայերէն տարբերակ մը կ՚առաջարկէ: Գրեթէ հայերէն բոլոր բառարանները իրենց մէջ ունին այս բառը:

Կարճ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ թալան բառը հայերէնի մէջ փոխառութիւն է պարսկերէն եւ թրքերէն նոյնինքն թալան բառէն: Թէեւ թալան բառի գործածութիւնը նոյնիսկ գրաբարի գործածութեան մէջ կը տեսնենք:

Յովսէփ Մալէզեան թալան բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ կողոպուտ բառը. սակայն զարմանալի է, թէ ինչո՞ւ համար «հայացուցած ենք» թալան բառը, երբ ունինք հայերէն կողոպուտ բառը՝ որ նոյն իմաստը ունի եւ ամենէն կարեւորը մաքուր հայերէն է:

•շարունակելի…

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -318-

Տարիներ առաջ, երբ առաջին անգամ Հայաստան պիտի տեղափոխուէինք, ողորմած մեծ մայրս ալ ուզեցինք մեր հետ Հայաստան բերել. սկզբնական շրջանին մերժեց եւ մերժելուն մեծագոյն պատճառը իրեն համար հետեւեալն էր. «Այս տարիքէս ետք ես նոր լեզու չեմ սորվիր»։ Հանդիպած էր մի քանի հայաստանցիներու եւ անոնց խօսակցութենէն բան հասկցած չէր, այդ իսկ պատճառով Հայաստանի մէջ գործածուող լեզուն հայերէն տարբեր բան մը ըլլալ կը կարծէր: Վերջապէս համոզեցինք եւ մեր հետ եկաւ Հայաստան, սակայն մի՛շտ մեր թարգմանութեան ճամբով կրցաւ հասկնալ իր հետ խօսողներուն: «Օղլում չեմ հասկնար կոր», ըսելով մեր օգնութիւնը կը խնդրէր, որպէսզի հայերէնէ թարգմանենք՝ հայերէնի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023