ՅԱՅՏՆԻ ԱՆՅԱՅՏՆԵՐԸ
Իր կեանքին մէջ ո՞վ գէթ մէկ անգամ անուանի եւ երեւելի դէմք մը ըլլալու ցնորքով չէ տարուած. ո՞վ չէ ուզած դառնալ հանրահռչակ՝ անգամ կարճ ժամանակուան մը համար: Այդ համբաւին ու ցնորքին համար յաճախ մարդ պատրաստ է զոհել ամէ՛ն բան, որովհետեւ հանրահռչակ ըլլալու բուռն փափաքը կը սնի անմահ ու մշտագոյ ըլլալու սաստիկ փափաքէն:
Այսօր բոլորս ի գին այդ պատրանքին պատրաստ ենք ոտնակոխել ամէ՛ն արժէք ու սրբութիւն: Դիտեցէ՛ք այսօր մերօրեայ ղեկավարներն ու մեծաւորները. բոլո՛րն ալ ազգի գործերէն աւելի զբաղուած են անձի քարոզչութեամբ (propaganda), որովհետեւ ունին այն գիտակցութիւնը, որ պաշտօնը անցողական է՝ սակայն անունը մնայուն, ո՛չինչ եթէ վատ համբաւով:
Մեր թուականէն 1665 տարիներ առաջ՝ 356 թուականին Եփեսոսի մէջ յոյն մը՝ Հերոստրատոս կը տառապի հանրահռչակ ըլլալու եւ գէթ պատմութեան մէջ անունը անմահացնելու մորմոքէն: Այդ փափաքը իրականացնելու համար գտած է մէկ միջոց. այրել Եփեսոսի Արտեմիսի տաճարը՝ յանուն ինքնասիրութեան: Քաղաքի բնակիչներ կ՚որոշեն մոռացութեան տալ Հերոստրատոսի անունը, սակայն յոյն պատմիչ Թէոպոմպոս կը յիշէ իր անունը եւ այսպիսով կ՚անմահանայ Հերոստրատոս, որուն փաստը այսօր զինք յիշել է:
Վստահ եղէք, ի սէր սնափառութեան, ազգի դաւաճանութեան գնով նոյնիսկ մեր շուրջ շա՜տ են նոր Հերոստրատոսները, որոնց մօտ դերանունը մէկն է. առաջին դէմք, եզակի... մեծատառ ԵՍ մը:
Եւ անցեալին հանրահռչակ դառնալու չափանիշը մտային կարողութեամբ, գրական վաստակով եւ կամ տարուած վաստակով կը չափուէր, այսօր այդ բոլորը փոխուած են «լայք»երով, անիրական երկրպագուներով: Հանրահռչակ դառնալը այսօր մտային մեծ կարողութիւններու չի՛ կարօտիր. հաւանաբար ոտքդ սահի ու գետին փռուիս եւ այդ դժբախտ պատահարը նկարահանուի անծանօթի մը կողմէ... յաջորդ օրն արդէն իսկ յայտնի անձնաւորութիւն մըն ես համացանցի էջերուն մէջ:
Լսած էք չէ՞ ամերիկացի դերասան Անտրէ Ուարհոլի խօսքը. «Ապագային ամէ՛ն մարդ 15 վայրկեանի համար հանրածանօթ պիտի ըլլայ»: Այդ երազով կը տարուբերինք հանրահռչակ ըլլալու եւ չըլլալու միջեւ:
***
Մինչեւ որոշ ժամանակ կը կարծէի, որ մարդու կեանքը համբաւի տեսանկիւնէ կը բաժնուի երկուքի, սակայն անցեալ օր նշմարեցի երրորդ մը՝ տարբեր հանրահռչակ ըլլալու եւ չըլլալու իրականութենէն: Անոնք են յայտնի անյայտները:
Բացատրեմ:
Անցեալ օր կը շրջէի Երեւանի փողոցները: Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ կողքին նստարաններ կային. ուզեցի քիչ մը նստիլ եւ Երեւանը վայելել: Երեւան խճողուած, բազմահարիւր մարդիկ կ՚երթեւեկեն: Ուշադրութիւնս գրաւեց արձան մը, գեղեցիկ գլխարկով, փառաւոր պեխերով ու գիրուկ այտերով: Հարիւրներ կ՚անցնին քովէն՝ գուցէ չնշմարելով անգամ արձանի մը գոյութիւնը:
Հայ նշանաւոր գործարար ու բարեգործ Ալեքսանդր Մանթաշեանի արձանն էր: Անցորդներէն քանի՞ հոգի կը ճանչնար զինք. քանի՞ հոգի տեղեկութիւն ունէր անոր տարած անձնուէր վաստակէն, որ աւելին կ՚արժէր քան Հերոստրատոսինն ու ուրիշներունը: Մանթաշեանը՝ որուն համար «Բազմավէպ» հանդիսարան ամսագիրը 1897-ի իր դեկտեմբերի թիւին մէջ պիտի գրէր. «Մանթաշեանի սկզբունքն է նախ իւր ազգայնոց օգնել»: Մանթաշեան՝ որ տեսնելով, թէ Կոմիտաս Վարդապետ նիւթական դժուարութեանց պատճառով դաշնամուր չունի, ամենասուղն ու լաւագոյնը կը նուիրէ: Անձ մը՝ որ Փարիզի, Թիֆլիզի, Ռուսաստանի, Երեւանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ երկիրներու մէջ եկեղեցիներ կը կանգնեցնէ: Անձ մը՝ որ մինչեւ իր կեանքին վերջը որբանոցներու հովանաւոր կը դառնայ: Անձ մը՝ որ Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանէն սկսեալ բազմաթիւ դպրոցներ եւ ուսումնարաններ կը հիմնէ: Անձ՝ որու շնորհիւ համալսարանական ուսում կը ստանան աւելի քան տասնեակ հարիւրաւոր երիտասարդներ՝ որոնք ապագային կը դառնան ազգային եւ մշակութային գործիչներ:
Մենք ամէ՛ն օր Երեւանի մէջ կ՚անցնինք հարիւրաւո՜ր յայտնի անյայտներու կողմէ, որոնց հանդէպ ապերախտներ ենք մենք: Ապերախտ ենք՝ որովհետեւ կամաց կամաց սկսած ենք մոռնալ մեր արժէքները:
Լուծո՞ւմ... ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻ՛Ր ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒԴ...:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՑՈԼԱԿ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ
(1887-1964)
Մեր թուականէն 57 տարիներ առաջ՝ 17 սեպտեմբեր 1964-ին Երեւանի մէջ մահացած է դերասան Ցոլակ Ամերիկեանը (բուն անունով՝ Գալուստ Սուլուլիկեան):
Ցոլակ ծնած է 23 սեպտեմբեր 1887-ին՝ Տրապիզոնի մէջ: Փոքր տարիքին հօրեղբօր հետ տեղափոխուած է Պաթում, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Այնուհետեւ մեկնած է Վենետիկի Մխիթարեան վարժարան՝ շարունակելու իր միջնակարգ ուսումը, սակայն երկար չմնալով վերադարձած է Պաթում, ուր սկսած է մաս կազմել սիրողական ներկայացումներու, որոնցմէ են «Արշակ Բ.», «Վարդան Մամիկոնեան», «Ղարաբաղի աստղագէտը», «Խաչագողի յիշատակարանը» եւ ուրիշներ:
Ցոլակ հակառակ նիւթական դժուարութիւններու, կրցած է մեկնիլ Փարիզ, Մարսէյլ, Յունաստան եւ Եգիպտոս, դիտելու եւ ուսումնասիրելու ժամանակի անուանի դերասաններու ներկայացումները: Օգտաշատ շրջագայութենէն ետք վերադարձած է Կովկաս եւ անդամակցած՝ Ամօ Խարազեանի թատերախումբին: Որոշ ժամանակ ետք՝ 1910 թուականին մեկնած է Էրզրում, ուր հիմնած է թատերական խումբ մը, հանդէս գալով Շիրվանզատէի «Չար ոգին», «Պատուի համար», «Նամուսը», Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները», «Պաղտասար աղբարը» եւ բազմաթիւ այլ ներկայացումներով:
Ցոլակ կարեւոր դերեր ստանձնած է, բեմակից ըլլալով Սիրանոյշի, Վահրամ Փափազեանի, Սեւումեանի եւ ժամանակուայ անուանի դերասաններուն եւ դուրս գալով Կովկասի սահմաններէն բազմաթիւ հայահոծ շրջաններու մէջ ունեցած է ներկայացումներ: Թատրոնի կողքին Ցոլակ դերեր ստանձնած է նաեւ ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ կարեւորագոյններէն են «Տժվժիկը», «Մօր սիրտը», «Ո՞ւմ է ժպտում կեանքը», «Փառքի օղակներ» եւ ուրիշներ:
Շնորհիւ իր վաստակին, 1947 թուականին արժանացած է Խոր-հըրդային Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտի կոչման:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ